Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվարական Քրոնիկ. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Շռնդալից Վերադարձը

Նոյեմբեր 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26-ին տեղի ունեցան Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի (Պունտըսթակ) հերթական ընտրութիւնները, որոնք յատկանշուեցան տեղւոյն Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան շռնդալից յաղթանակով: Կուսակցութիւնը, ձայներու 25,7 առ հարիւր համեմատութեամբ, արձանագրեց իր ամենաբարձր արդիւնքը 2005 թուականէն ի վեր, իսկ 2002 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անիկա դարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարանական մեծագոյն կուսակցութիւնը: Իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն դաշինքը արձանագրեց իր ամենավատ արդիւնքը` ձայներուն 24,1 առ հարիւր համեմատութեամբ, ինչ որ բաւական զգալի նահանջ մը ցոյց կու տայ 2017-ի ընտրութիւններուն արձանագրուած 32,9 առ հարիւր արդիւնքէն: Իսկ «Դաշինք 90-Կանաչներ» կուսակցութիւնը արձանագրեց պատմութեան մէջ իր ամէնէն լաւ արդիւնքը` 14,8 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Ինչպէ՞ս Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կրցաւ արձանագրել բոլոր առումներով բարացուցական այս յաղթանակը եւ շրջել վերջին տասնեակ մը տարիներուն ընտրական պարտութիւններով յատկանշուած իր հասարակական պատկերը: Նախ վարչապետ Անկելա Մերքել, որ 2005 թուականէն անընդմէջ կը վարէ այդ պաշտօնը, Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այս ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չէր առաջադրած իբրեւ գործող վարչապետ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն դաշինքը ընտրութիւններուն մասնակցի ոչ տիրական եւ անփորձ ղեկավարութեամբ մը: Մինչ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ ընտրութիւններուն իբրեւ առաջին դէմք դարձեալ հանդէս եկաւ նոր անունով` յանձին Օլաֆ Շոլցի, իր նախընտրական քարոզարշաւին իւրայատուկ ուժականութիւն հաղորդած էր: Տակաւին ընտրութիւններէն չորս ամիս առաջ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այսպիսի յաղթանակ մը կ՛արձանագրէ: Նախընտրական բոլոր հարցախոյզերը ձայներու միայն 14-15 առ հարիւրի համեմատութիւն մը կը նախատեսէին յօգուտ անոր:

Տարիներու ընթացքին Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հետզհետէ բաւական հեռացած էր իր աշխատաւոր եւ միջին դասակարգերը ներկայացնող ընտրական խարիսխներէն: Այն օրէն, երբ չորս ամիս առաջ Օլաֆ Շոլց իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց մասնակցելու վարչապետի պաշտօնին համար մրցակցութեան, պատկերը ամբողջութեամբ փոխուած է, եւ կուսակցութիւնը կրցած է վերատիրանալ նախորդ տարիներուն իր կորսնցուցած աշխատաւոր ընտրախաւի մէկ մասին, որ նախորդ ժամանակաշրջանին յուսախաբ դառնալով Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութենէն` յարած էր ծայրայեղ աջակողմեան եւ ամբոխավար «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան: Ընկերվար-ժողովրդավարական յաջողութեան մասամբ նպաստեցին նաեւ գերմանացի ժողովուրդի սրտին խօսող նախընտրական կարգախօսները, օրինակ` «Ընկերային քաղաքականութիւն` քեզի՛ համար», «Յարգա՛նք քեզի»: Կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին եւ անոր շուրջ ծաւալած առցանց բանավէճերուն մէջ շեշտուած էր այն հիմնական գաղափարը, որ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ Օլաֆ Շոլցը «ապագային համար ծրագիր» ունին եւ գիտեն ինչպէ՛ս վերատիրանալ ամբոխավարներուն ձեռք ձգած ձայներուն: Ուրեմն «Յարգանք», «Արժանապատուութիւն», «Ապագայ» եւ «Գերիշխան Եւրոպա» այն հիմնական եզրերն էին, որոնք կը յատկանշէին ընկերվար-ժողովրդավարական նախընտրական ծրագիրը` թէ՛ պարզ ժողովուրդը յուզող ընկերային հարցերը լուծելու մասով, թէ՛ ալ եւրոպական քաղաքականութեան մասով:

Զուտ ընտրական արդիւնքներուն առումով խորհրդարանական այս ընտրութիւններուն Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կրցաւ ձայներ խլել նախ «Ձախեր» արմատական ձախակողմեան կուսակցութենէն, որուն նախապէս ի նպաստ սկսած էին քուէարկել ընկերվար-ժողովրդավարներէն հիասթափուածներ, իսկ ներկայիս «Ձախեր»-ուն ժողովրդականութիւնը յիսուն տոկոսով անկում կրած է, անոնք հազիւ խորհրդարան կրցան մուտք գործել: Երկրորդ կուսակցութիւնը, որմէ ձայներ կրցան խլել ընկերվար-ժողովրդավարները, այդ ալ ծայրայեղ աջակողմեան եւ ամբոխավար «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնն է, որ նախապէս տիրական ներկայութիւն էր նախկին համայնավարական Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, իսկ ներկայիս այդ շրջանին մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ տիրական են ընկերվար-ժողովրդավարները: Իսկ երրորդ քաղաքական ուժը, որմէ ձայներ խլուեցան, իշխող կառավարական պահպանողական դաշինքն էր` վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ:

Քաղաքական մեկնաբան Զաքըրի Պասու «Աքսիոս» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ սեպտեմբեր 28-ին կը գրէ, որ ընկերվար-ժողովրդավարներու յաղթանակը կրնայ քաղաքականապէս ցնցել ամբողջ եւրոպական ցամաքամասը, որովհետեւ այս յաջողութիւնը կրնայ Գերմանիոյ մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը դէպի ձախ թեքել` Մերքելի ղեկավարած պահպանողական դաշինքին աւելի քան 16-ամեայ իշխանութենէն ետք: Ընկերվար-ժողովրդավարներուն վերադարձը նաեւ աւելի յաւակնոտ Եւրոպական Միութեան մը հիմերը կրնայ դնել: Քաղաքական եւ գաղափարական ուղղուածութեան փոփոխութեան մակարդակին վրայ, Գերմանիան շատ հաւանաբար միանայ ընտանիքին եւրոպական այն երկիրներուն, որոնք արդէն իսկ կը ղեկավարուին ընկերվարական, յառաջդիմական կամ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու կողմէ, ինչպէս` Նորվեկիան, Շուէտը, Ֆինլանտան, Դանիան, Սպանիան եւ Փորթուգալը: Այս վեց երկիրներէն հինգին մէջ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւնները իշխանութեան հասած են վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին: Իսկ վերջերս ալ ժողովրդային համակրութիւնը չափաւոր ձախ գաղափարներուն եւ քաղաքականութիւններուն նկատմամբ աւելի եւս շեշտուեցաւ «Քորոնա»-ի համավարակին գծով որդեգրուած ընկերային-տնտեսական կեցուածքներուն շնորհիւ:

Ինչ ալ ըլլայ սակայն, Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը չի կրնար առանձին իշխող կառավարութիւն կազմել եւ կարիքը ունի կրտսեր գործընկերներու` քոալիսիոն կառավարութիւն կազմելու համար անոնց հետ: Խորհրդարանական ընտրութիւններէն տասը օր ետք կանաչները եւ գործարարներուն կողմնակից ազատականները համաձայնութիւն գոյացուցին արտակարգ բանակցութիւններու սկսելու ընկերվար-ժողովրդավարներուն հետ` կազմելու համար երեք քաղաքական ուժերէն բաղկացած համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութիւն մը: Քաղաքական մեկնաբաններուն կողմէ այս համախմբական դաշինքը կ՛որակուի իբրեւ «կարմիր, կանաչ, դեղին» դաշինք` իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ներկայացուցած գոյնով:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. «Պաքուի Անվտանգութիւնը Մեզի Համար Թել Աւիւի Անվտանգութեան Չափ Կարեւոր Է», Կ՛ըսէ Ուզի Արատ

Յաջորդը

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

RelatedPosts

Անկախութեան Տօնի Նախօրեակին Արցախեան Չորրորդ Պատերա՞զմ
Անդրադարձ

Անկախութեան Տօնի Նախօրեակին Արցախեան Չորրորդ Պատերա՞զմ

Սեպտեմբեր 21, 2023
Տեսակէտ.  Մէկ Ազգ, Քանի Մը Ժողովուրդ
Անդրադարձ

Անկախութենէ Հրաժարո՞ւմ

Սեպտեմբեր 21, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Լուռ Են Հայոց Սրբազան Լեռները (21 Սեպտեմբեր 1991)

Սեպտեմբեր 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In