Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Նոյեմբեր 16, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ի՞նչ Պէտք Է Գիտնալ Երկաթի Թունաւորման Մասին
– Ինչո՞ւ Առաջնորդներ Չեն Գիտակցիր, Որ Սխալ Են
(Բոլորն Ալ Կը Սխալին, Բայց Բարձր Պաշտօններու Վրայ Եղողները` Աւելի)

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ի՞նչ Պէտք Է Գիտնալ
Երկաթի Թունաւորման Մասին

Երկաթի թունաւորումը կը յառաջանայ, երբ մարմնի մէջ աւելորդ քանակով երկաթ կը կուտակուի: Այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ բնական ձեւով կամ պատահական:

Մեծ քանակով երկաթ ունենալը թունաւոր կրնայ ըլլալ ժամանակի ընթացքին եւ կրնայ մահուան պատճառ դառնալ: Երկաթով թունաւորումը միշտ բժշկական շտապ օգնութիւն կ՛ենթադրէ եւ վտանգաւոր է յատկապէս երեխաներու համար:

Ի՞նչ է երկաթի թունաւորումը

Երկաթը կարեւոր է մարմնի կենսաբանական համակարգերու մեծ մասին համար, յատկապէս` արեան: Միսը եւ որոշ բանջարեղէններ երկաթ կը պարունակեն, եւ ան հասանելի է առանց դեղատոմսի եւ վերահսկողութեան:

Երկաթի թունաւորումը կրնայ յառաջանալ.

  • Չափազանց երկաթի դեղահատեր առնելով,
  • Մեծահասակներու չափաբաժին (dose) առնող երեխայի մօտ,
  • Արեան բազմաթիւ փոխներարկումներով:

Աւելորդ երկաթը կրնայ ստամոքսին մէջ մնալ նոյնիսկ փսխումէ մը ետք:

Երկաթի չափազանցութիւնը կրնայ գրգռել ստամոքսը եւ մարսողական համակարգը` երբեմն նոյնիսկ արիւնահոսութիւն յառաջացնելով: Մեծ դեղաչափ ստանալէ ետք, քանի մը ժամուան ընթացքին մարմնի բջիջները կրնան թունաւորուիլ եւ անոնց քիմիական փոխազդեցութիւնները (chemical reactions) ազդուիլ:

Օրերու ընթացքին անհատը լեարդի վնաս կրնայ ունենալ, եւ վերականգնումէն շաբաթներ անց սկզբնական գրգռման եւ երկաթի բարձր դեղաչափի պատճառով սպիներ կրնան յառաջանալ ստամոքսի, մարսողական համակարգի եւ լեարդի մէջ:

Պատճառները

Երկաթի թունաւորման քանի մը պատճառ կայ, որոնցմէ են` չափազանց դեղաչափը (overdose), երկաթի գերբեռնուածութիւնը (overload) եւ ծինական նախատրամադրուածութիւնը:

Չափազանց դեղաչափ

Երկաթի սուր (acute) թունաւորութիւնը սովորաբար պէտք եղած չափէն աւելի մեծ դեղաչափի հետեւանք է:

Դէպքերուն մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ 5 տարեկանէ փոքր երեխաներու մօտ, որոնք պատահաբար կը ստանան երկաթի յաւելումներ (supplements) կամ մեծահասակներու համար նախատեսուած բազմակենսանիւթեր (multivitamins):

Երկաթի գերբեռնուածութիւն

Երկաթի գերբեռնուածութիւնը յայտնի է նաեւ որպէս երկաթի երկարատեւ (քրոնիք) թունաւորում: Անոր պատճառներէն են.

  • Արեան կրկնակի փոխներարկում` սակաւարիւնութեան (անեմիայի) բուժման համար,
  • Յաւելումներու չափէն աւելի երկաթով բուժում,
  • Լեարդի հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են երկարատեւ լեարդաբորբի C տեսակը կամ ալքոհոլ մոլութիւնը:

Ծինական պատճառներ

Երկաթի գերբեռնուածութիւնը կրնայ բնականօրէն պատահիլ ծինական որոշակի հիւանդութիւններու պատճառով: Օրինակներէն մէկը ժառանգական հեմոքրոմաթոզն է, ծինական կարգավիճակ մը, որ կը յանգի սննդեղէններ, երկաթի մեծաքանակ ներծծման (absorption):

Ախտանիշներն ու փուլերը

Երկաթի թունաւորումը սովորաբար ախտանիշներ կը յառաջացնէ մեծ դեղաչափ ստանալէ ետք` 6 ժամուան ընթացքին եւ կրնայ ազդել մարմնի տարբեր մասերու վրայ, որոնցմէ են.

  • Շնչուղիներն ու թոքերը,
  • Ստամոքսն ու աղիքները,
  • Սիրտն ու արիւնը,
  • Լեարդը,
  • Մորթը,
  • Ջղային համակարգը:

Երկաթի թունաւորման ախտանիշներու ընթացքը սովորաբար կը բաժանուի հինգ փուլերու.

1-ին փուլ (0-6 ժամ).- Ախտանիշները կը ներառեն` փսխում, արեան փսխում, փորհարութիւն, փորի ցաւ, դիւրագրգռութիւն եւ թմրութիւն: Լուրջ պարագաներուն կարելի է, որ տեղի ունենան` արագ շնչառութիւն, արագ սրտի բաբախում, մահաքուն (coma), գիտակցութեան կորուստ, նոպաներ եւ արեան ցած ճնշում:

2-րդ փուլ (6-48 ժամ).- Ախտանիշները եւ ընդհանուր վիճակը կրնան բարելաւուիլ:

3-րդ փուլ (12-48 ժամ).- Ախտանիշները կրնան ներառել` արեան շատ ցած ճնշում (ցնցակաթուած) (shock), տաքութիւն, արիւնահոսութիւն, դեղնախտ, լեարդի գործառոյթի անկում, արեան շրջանառութեան մէջ թթուի աւելցուք (acidosis) եւ նոպաներ:

4-րդ փուլ (2-5 օր).- Ախտանիշները կրնան ներառել` լեարդի գործառոյթի անկում, արիւնահոսութիւն, արեան լերդացման (clotting) խանգարումներ, շնչառական խնդիրներ եւ նոյնիսկ մահ: Արեան շաքարի նուազումը կրնայ յառաջանալ շփոթութեան, ուժաթափութեան կամ մահաթմբիրի հետ մէկտեղ:

5-րդ փուլ (2-5 շաբաթ).- Ստամոքսը կամ աղիքները կրնան սպիանալ: Սպիացումը կրնայ յառաջացնել որովայնի արգելափակումներ, պրկումներ, ցաւ եւ փսխում: Աւելի ուշ կարելի է լեարդի ծանր վնաս ունենալ:

Ախտաճանաչում

Կանուխ ախտորոշումը եւ բուժումը կարեւոր են: Արեան եւ մէզի քննութիւնները ներառեալ երկաթի մակարդակը ստուգելու քննութիւնները, կրնան վստահելի չըլլալ ախտորոշման համար, եթէ անոնք անյապաղ չկատարուին:

Ախտորոշման ընթացքին կարեւոր է, որ մարդիկ տեղեկացնեն բժիշկը իրենց առած բոլոր դեղերուն եւ յաւելումներուն մասին: Այդ մասին ամբողջական բացայայտումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ որոշ յաւելումներ, ինչպէս` Սէ.  կենսանիւթը, կրնան աւելցնել երկաթի ներծծումը մարմնին մէջ:

Եթէ դեղաչափի չափազանցում ըլլայ դեղահատերով, ապա երկաթի թունաւորում յառաջացնող այդ դեղահատերը երբեմն կարելի է տեսնել ստամոքսի կամ աղիքներու շողանկարներուն (X-ray) մէջ:

Բարդութիւններ

Երկաթի թունաւորումը կրնայ յանգիլ լուրջ, նոյնիսկ կեանքի սպառնացող բարդութիւններու: Երկաթի գերբեռնուածութեան պատճառով մահուան հիմնական պատճառներն են լեարդի եւ սրտի անբաւարարութիւնը:

Եթէ երկաթի թունաւորումը յառաջացնէ լեարդի լուրջ վնաս, այդ մէկը կրնայ յանգիլ ծանր շաքարախտի: Շաքարախտը կրնայ յանգիլ` մարմնի շաքարի անբնական մակարդակի, յաճախակի միզելու, յաւելեալ ծարաւի եւ քաղցի, յոգնածութեան, մշուշոտ տեսողութեան, ձեռքերու կամ ոտքերու թմրութեան եւ վէրքերու դանդաղ ապաքինման:

Սրտի անբաւարարութիւնը կրնայ յանգիլ` ոտքերու ուռեցման, շնչառութեան եւ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան, յոգնածութեան, արագ կամ անկանոն սիրտի բաբախումի եւ սրտխառնուքի:

Բուժում

Երկաթի սուր թունաւորման բուժման առաջին փուլը կը ներառէ մարմնի, շնչառութեան եւ արեան ճնշման կայունացում:

Կախեալ թունաւորման մակարդակէն` բուժումը կրնայ ներառել մաքրող բուժումներ, ինչպիսիք են բոլոր աղիքներու ոռոգումը եւ հանքախլման (chelation) բուժումը: Այս մաքրող միջոցներու գաղափարը կարելի եղածին չափ արագ ազատիլն է աւելորդ երկաթէն եւ նուազեցնել անոր թունաւոր ազդեցութիւնը մարմնի վրայ:

Աղիքներու ամբողջական ոռոգում

Այս գործարկումը արագօրէն դուրս կը բերէ աւելորդ երկաթը ստամոքսի եւ աղիքներու ճամբով: Անհատը կա՛մ յատուկ լուծոյթ մը կը խմէ, կա՛մ քիթի ճամբով` խողովակի մը միջոցով կ՛առնէ այդ մէկը: Շողանկարները կրնան յայտնաբերել դեղահատերը եւ կարելի է հետեւիլ անոնց, երբ անոնք շարժին մարսողական համակարգին մէջ:

Հանքախլման բուժում

Այս բուժումը նաեւ կրնայ ազատել մարմինը թոյներէ, իտէալականը` նախքան անոնց տեւական վնաս հասցնելը: Քիմիական լուծոյթը կը ներարկուի արեան մէջ եւ կը կապուի աւելորդ թունաւոր հանքանիւթերու հետ` զանոնք հեռացնելով մարմնէն, մէզի միջոցով:

Նշանակալից ախտանիշներով կամ արեան մէջ երկաթի բարձր մակարդակով մարդիկ կրնան հիւանդանոցային կարգի անցնիլ: Որոշ մարդոց համար կրնայ պահանջուիլ շնչառութեան աջակցութիւն կամ նոյնիսկ սրտի զննում (monitoring):

Երկաթի թունաւորման հականիւթը Տիֆերօքսամինն (deferoxamine) է:

Աղբիւր` «Մետիքըլ Նիուզ Թուտէյ»

Ինչո՞ւ Առաջնորդներ
Չեն Գիտակցիր, Որ Սխալ Են

(Բոլորն Ալ Կը Սխալին, Բայց Բարձր Պաշտօններու Վրայ Եղողները` Աւելի)

Բանալի կէտեր

  • Առաջնորդներ յաճախ կ՛ամրացնեն իրենք զիրենք պատրանքալից ինքնավստահութեամբ:
  • Այդ մէկը ընողները միայն ղեկավարները չեն, մենք բոլորս աւելի կը կարծենք, քան կը գիտակցինք:
  • Մեր շրջանակը կ՛իտէալականացնէ յաղթանակը. բան մը, որ աւելի կ՛ուժեղացնէ այս սխալ ոճը:

Ղեկավարներու համար դիւրին չէ ընդունիլ, որ սխալած են: Անոնց համար նոյնիսկ աւելի դժուար է խոստովանի՛լ, որ սխալած են: Ահա թէ ինչո՛ւ շատ մը առաջնորդներ կ՛որդեգրեն «երբեք ներողութիւն չխնդրելու» մտածելակերպը. փոխանակ ընդունելու, որ սխալած են եւ իրենց կորուստները կարելի եղածին չափ նուազեցնելու, անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց զէնքերուն:

Որպէս մշակոյթի խորհրդատու (cultural consultant)` ես յաճախ կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս առաջնորդներ կ՛ամրացնեն իրենք զիրենք պատրանքալից ինքնավստահութեամբ մը: Անոնք կը կարծեն, որ յանցանք չընդունիլը իրենց աւելի ուժեղ կը դարձնէ:

Սխալիլը հիւանդութիւն չէ

Մենք հոգեբանօրէն հակուած ենք հաւատալու, որ ճիշդ ենք, նոյնիսկ եթէ փաստերն ապացուցեն հակառակը: Մենք կը սիրենք ճիշդ ըլլալ: Այնուամենայնիւ, մեր կեանքը լի է պատրանքներով, յիշողութեան տկարութեամբ եւ անտրամաբանական համոզումներով: Համոզուածութիւնը, որ «մենք իրաւացի ենք», մեզ սխալելու կը տանի:

«Սխալներու կուրութիւնը» հասկացողութիւն մըն է, որ առաջին անգամ տրուած է Քաթրին Շուլցի կողմէ: Ան կը կարծէ, թէ մենք ներքին ազդանշան չունինք գիտնալու, որ բանի մը մէջ սխալած ենք, քանի դեռ շատ ուշ չէ: Ան իր «Սխալ ըլլալ» գիրքին մէջ կը բացատրէ, որ այս պատրանքալից ինքնավստահութիւնը ունի երեք փուլեր:

Նախ` մենք կը սխալինք, բայց դեռ չենք գիտակցիր այդ մէկուն. մենք չենք կրնար կրկնակի ստուգել (double-check) փաստերը, այնքան ատեն որ կ՛ենթադրենք, որ ճիշդ ենք: Երկրորդ` երբ մենք վերջապէս կը հասկնանք, որ սխալ ենք, մենք զմեզ յարձակման ենթարկուած կը զգանք: Ի վերջոյ, մենք կը շարունակենք ժխտել եւ կը խորանանք անոր մէջ. չենք ուզեր այլոց դիմաց ընդունիլ, որ սխալած ենք:

Այս մոլորութիւնը աւելի կը զօրանայ, եթէ դուք զօրաւոր դիրքի վրայ կը գտնուիք:

Կազմակերպչական հոգեբան Թաշա Էյրիխ յօրինած է. «Գլխաւոր տնօրէնի հիւանդութիւն» (CEO’s Disease) արտայայտութիւնը` անդրադառնալով այս վիճակին: Այդ մէկը տկար ինքնագիտակցութեան հետեւանք է: Եւ որպէս արդիւնք` կամաց-կամաց կը սկսիք աւելի քիչ անկեղծ արձագանգներ ստանալ: Ձեր գործընկերները կը վախնան չհամաձայնելէ ձեզի հետ եւ կը սկսին զտել իրենց ըսելիքներն ու կարծիքները:

Այդ մէկը միայն ղեկավարները չեն, մենք բոլորս աւելի կը կարծենք, քան կը գիտակցինք: Դոկտոր Էյրիխի կատարած հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդոց 95 տոկոսը կը հաւատայ, որ ինք գիտակից է, բայց իրականին մէջ միայն 10-15 տոկոսն է: Կարեւոր չէ, որ դուք հերթաբար անհատական հանդիպումներ կ՛ունենաք ձեր ընկերութեան անդամներուն հետ: Յաճախ այդ մէկը հաշուի չ՛առնուիր:

Որպէս մշակոյթ` մենք կ՛ընտրենք «չափէն աւելի ինքնավստահ» առաջնորդները, քան զանոնք, որոնք գիտակից են, խոցելի եւ խոնարհ:

Սխալը ընդունիլը շատերու համար թուլութեան նշան է:

Շատ մը ընկերութիւններու առաջնորդներ նարսիսական (Narcissist) յատկութիւններ կը ցուցաբերեն: Օրեկոնի պետական համալսարանի ուսումնասիրութեան համաձայն,  նարսիսականները դասեր չեն քաղեր իրենց սխալներէն, որովհետեւ կը կարծեն, թէ իրենք սխալներ չեն գործեր: Անոնք ո՛չ խորհուրդներ կ՛ընդունին այլ մարդոցմէ, ո՛չ ալ կը վստահին ուրիշներու կարծիքներուն: Նարսիսականութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է իշխանութիւն ունենալու հետ: Ինչպէս կը բացատրեն հետազօտողները, «Նարսիսականներն աւելի շատ այդպէս կը վարուին, որովհետեւ կը կարծեն, որ իրենք աւելի լաւ են, քան միւսները»:

Մեր հասարակութիւնը կ՛իտէալականացնէ յաղթանակն ու հաստատակամութիւնը. բան մը, որ աւելի կը հաստատէ «չսխալելու» այս անընդունելի ոճը: Ահա թէ ինչո՛ւ առաջնորդներ յաճախ կու տան որոշումներ` հիմնաւորուած իրենց ժողովրդականութեան վրայ, այլ ոչ թէ` ապացոյցներու: Այնուամենայնիւ, արդիւնաւէտ առաջնորդները ճշմարտութիւնը կը գերադասեն իրենց հեղինակութենէն: Անոնք գիտեն, որ յաղթելը կը պահանջէ իրենց կորուստներու վերջ տալը:

Ընդունեցէք, որ սխալ էք, նուազեցուցէք ձեր կորուստները

Մեծ տարբերութիւն կայ յանձնուելուն եւ հրաժարման ճի՛շդ ժամանակը գիտակցելուն միջեւ:

«The Psychology of Sunk Cost» գիրքին մէջ փրոֆէսօր Հալ Ռիչըրտ Արքես կը խօսի այն ծուղակին մասին, որուն մէջ մեզմէ շատերը կ՛իյնան: Որքան շատ գումար, ժամանակ կամ ջանք թափենք, այնքան աւելի փափաք կ՛ունենանք շարունակելու ներդրումներ կատարել ծրագրի մը մէջ: Այս վարքագծի հոգեբանական արդարացումը հիմնուած է «պարտուողի չնմանուելու ցանկութեան վրայ»:

Յամառութիւնը յաճախ պատասխանատուութիւն կը դառնայ ղեկավարներու համար: Անոնք կ՛իյնան «ծախսերու» ծուղակը: Անոնք չեն ուզեր թափել գործի մէջ ներդրուած ամբողջ գումարն ու ժամանակը: Վատ որոշումին փարած` անոնք կը շարունակեն աւելցնել իրենց կորուստները:

Ահա թէ ի՛նչ կրնաք ընել, որպէսզի չիյնաք ծախսերու ծուղակը.

Գիտցէք ձեր սեփական սահմանափակումները. մարտահրաւէր ուղղեցէք դուք ձեզի` ձեր մասին ձեր ենթադրութիւններուն դէմ յանդիման կանգնելու: Դուք ձեզի հարցուցէք. «Իսկ եթէ՞ ես սխալ եմ»: Նախքան փորձէք ցոյց տալ, որ դուք ճիշդ էք, ուրիշներուն տուէք կասկածի առիթ: Իր երկրին մէջ ամենայաջողակ ընկերութիւններէն մէկը` 7-Eleven Japan-ը, ստեղծած է անընդհատ զննող հարցումներ տալու մշակոյթ:

Կիսուեցէք ձեր սխալները անդամներուն հետ, ձեւակերպեցէք ձեր ճիշդ վարքագիծը` կիսելով ձեր վերջին սխալները խումբին հետ: Կազմակերպեցէք ամսական հերթականութեամբ հանդիպում մը, ուր բոլորը կրնան կիսուիլ իրենց սխալները եւ անոնցմէ սորվածները: Եղէք առաջինը, որ կը կիսուի, որպէսզի խրախոյս դառնայ միւսներուն նոյնը ընելու: Հնդկական ինքնաշարժներ արտադրող Tata Group-ի գործադիր տնօրէն Նաթարաժան Չանտրասեքարան կը հաւատայ, որ սխալները ոսկիի հանքեր են, եւ մրցանակ ստեղծած է ձախողութենէն դաս սորվելու գաղափարը քաջալերելու համար:

Աւելի յաճախ ըսէք «Չեմ գիտեր». չկայ աւելի ուժեղ ուղերձ, քան` իմացական խոնարհութիւնը: Առաջնորդներ կը կարծեն, թէ իրենց հեղինակութիւնը կախուած է ամէն հարցումի պատասխան ունենալէ: Յաջող առաջնորդները ճիշդ հարցադրումները կ՛ընեն եւ առիթ կու տան իրենց խումբերուն` լուծումներ գտնելու: Պէտք չունիս ամէն ինչ գիտնալու:

«Ի՞նչը կը յաջողի: Ի՞նչը չի յաջողիր». եթէ հարցնէք, թէ ի՛նչ սխալ կ՛ընէք, մարդիկ կրնան չափազանց վախնալ անկեղծօրէն պատասխանելու: Եթէ խնդրէք իրենցմէ ըսել, թէ ի՛նչը ճիշդ կ՛ընէք, պարզապէս շոյող խօսքեր կը ստանաք: Խնդրեցէք երկուքը միաժամանակ: Խնդրեցէք ձեր խումբէն կարծիք յայտնել, թէ ի՛նչը կը յաջողի ցայսօր եւ ի՛նչը ոչ. այս գործելաձեւը կ՛օգտագործուէր Սթիւ Ճոպսի կողմէ:

Նուազեցուցէք ձեր կորուստները. լաւ դրամը վատի ետեւ ներդրելու փոխարէն` պատրաստ եղէք ընթացքը փոխելու: Ահաւոր ծախսերը վճռորոշ դեր կը խաղան որոշումներ տալու գործընթացին մէջ: Մի մտահոգուիք ձեր հեղինակութեամբ: Աւելի լաւ է ռիսքի դիմել` թոյլ երեւելու, բայց ճիշդ ըլլալու, քան` ուժեղ եւ սխալ երեւելու համար:

Անվախ ղեկավարները ճիշդ ընտրութիւն կը կատարեն, նոյնիսկ եթէ «սուղ» արժէ այդ մէկն իրենց համար:

ԿՈՒՍԹԱՒՕ ՌԱԶԵԹԹԻ

Աղբիւր` «Սայքոլոճի Թուտէյ»

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 15 Նոյեմբեր 2021)

Յաջորդը

«Ինչքան Կայ Հայրենիքում Ապրելու Կամքը, Մենք Կը Լինենք Արցախի Կողքին». Ռ. Ճանպազեան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?