Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեծն Բրիտանիոյ Յապաղումը

Նոյեմբեր 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայկական հարցը պարզ եւ որոշ կը դառնար, եթէ մէկ կողմ ձգուէր քաղաքականութիւնը եւ մարդկային տարրական իրաւունքները յարգուէին, ու Եւրոպան լոկ ցանկար վերջ դնել այդ խայտառակութեան»

ՃԷՅՄՍ ՊՐԱՅՍ (1838-1922,
բրիտանացի իրաւագէտ եւ պատմաբան)

Մեծն Բրիտանիան միշտ ալ, իր նիւթական եւ քաղաքական հաշիւները նկատի ունենալով (մեր բառարանին մէջ անոր տուած ենք «մութ» որակումը), աւանդականօրէն համակրանք ցոյց չէ տուած Հայաստանին եւ հետեւողականօրէն արհամարհած է Հայ դատը: Նորագոյն ցայտուն օրինակը դրսեւորուեցաւ տարի մը առաջ, 44-օրեայ պատերազմի օրերուն` անոր որդեգրած դիրքորոշումներով, մինչեւ իսկ` ՄԱԿ-էն ներս: Այլ ցուցանիշներ էին, պատերազմի նախօրեակին, ազերիներու կազմակերպած հաւաքներն ու ցոյցերը Լոնտոնի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, որոնք պարզ ու պատահական դէպքեր չէին:

Համեմատած եւրոպական այլ երկիրներու` Մեծն Բրիտանիոյ մէջ շատ աւելի մեծ ներկայութիւն են ազերիները, որոնք մեծ թիւերով կը հասնին հոն` բարձրագոյն ուսում ստանալու համար:

Եզակի եւ արտակարգ տիպար մըն է Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամներէն պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, որ Արցախի առաջին պատերազմի օրերէն ի վեր աննահանջ կերպով կանգնած է հայութեան կողքին եւ կը պայքարի ի նպաստ Արցախին: Արցախի վերջին պատերազմի տաք օրերուն ալ ան շարունակ պայքարեցաւ ի նպաստ հայութեան, մինչեւ իսկ նամակ մը յղեց Լոնտոնի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին` հաստատելով, որ Ստալին 1921-ին գործած էր պատմական սխալ մը` 95 առ հարիւր հայկական բնակչութեամբ Արցախը իբրեւ «ինքնավար շրջան» Ազրպէյճանին յանձնելով: Դեռ, քայլ մըն ալ անդին երթալով, Քոքս շեշտած էր, որ Հայաստանի իրաւունքն է վերատիրանալ Նախիջեւանին:

Քոքսի համար հաշիւները Պաքուի քարիւղի գործարաններու եւ «Պրիթիշ փեթրոլիոմ»-ի ներդրումներու սահմաններէն անդին կ՛անցնին: Իր կարծիքով, Ազրպէյճանի համար պատուաւոր այլընտրանք մը պիտի ըլլայ Արցախին` իբրեւ հայկական հող ճանչցուելու իրաւունքը եւ Նախիջեւանին Հայաստանի վերադարձին ընդունուիլը:

Քոքսէն շատ առաջ բրիտանական շահադիտական ալիքին դէմ պայքարող հայասէր եւ արդարասէր տիպար մըն էր հանրահռչակ գործիչ Ճէյմս Պրայսը, որ մօտէն հետեւած է եւ վկայած` թուրք-օսմանեան պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին բնաջնջումը պաշտօնապէս ծրագրելու գործընթացի մասին:

Ան քաջատեղեակ էր կովկասեան բարձրաւանդակի պատմութեան եւ լաւապէս կ’արժեւորէր Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղն ու դրական դերակատարութիւնը:

9 նոյեմբեր 2021-ին Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի առաջին ընթերցումը, որ անցաւ առանց առարկութեան, արդիւնքն է տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբի ժրաջան աշխատանքին, որ լաւապէս պատրաստած է նախնական օրինագիծը:

1915-1923 թուականներուն գործադրուած ջարդերը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ որակելու կողքին, շեշտուած է, որ պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչել տարեկան հերթականութեամբ, նաեւ պահանջ դրուած է հետապնդել մարդկային իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներն ու պատերազմական յանցագործութիւնները:

Պահպանողական խորհրդարանական Թիմ Լաֆթըն ներկայացուց այս օրինագիծը` շեշտելով, որ անպայման պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով պէտք է ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հոս տեղին է նշել, որ պահպանողականները ներկայիս մեծամասնութիւն են եւ ունին գործադիրին ղեկը:

Յաջորդ ընթերցումը պիտի կատարուի 18 մարտ 2022-ին: Եթէ առարկութիւններ եւ խոչընդոտներ չստեղծուին, բանաձեւը ստորին պալատէն պիտի փոխանցուի վերին` Լորտերու պալատ, առ ի քննարկում: Սակայն, մինչ այդ, Անգարա եւ Պաքու վստահաբար պիտի փորձեն ոգի ի բռին պայքարիլ եւ հակադարձել, որպէսզի արդարութեան ձայնը խեղդուի:

Էրտողան եւ իր հլու կամակատարը` Ալիեւ, պէտք է յիշեն, որ 1915-ին նոյնինքն Պրայս Լորտերու պալատին մէջ բեմ բարձրանալով, պատմութիւն կերտեց` մերկացնելով հայութիւնը բնաջնջելու Թուրքիոյ ոճրային արարքը:

Այդ ելոյթին արդիւնքն էր այլ երիտասարդ պատմաբանի մը` Առնոլտ Թոյնպիի հետ գործակցութեամբ Պրայսի պատրաստած մանրամասն տեղեկագիրը` «Կապոյտ գիրք»-ը, որուն ընթերցումը այսօր նո՛յնքան այժմէական է, որքան` աւելի քան հարիւր տարի առաջ:

Թուրքիոյ ճնշումներուն երկար ատեն տեղի տալէ ետք, ճիշդ երկու տարի առաջ, այս օրերուն, Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր իշխանութիւնները` Ներկայացուցիչներու տունն ու ծերակոյտը, ի վերջոյ անսացին ճշմարտութեան ձայնին եւ պաշտօնապէս ճանչցան Ցեղասպանութիւնը: Այդ իրագործումն ալ արդիւնք էր Հայ դատի նուիրեալներու հետեւողական եւ անխոնջ աշխատանքին: Բրիտանիոյ ժողովուրդին ներկայացուցիչները վաղը պարտուած պիտի չըլլան` պաշտօնապէս ճանչնալով Ցեղասպանութիւնը, այլ պիտի միանան Արդարութեան յաղթանակ բերողներու այն փաղանգին, որ կազմաւորուելու սկսած էր Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն, Հարաւային Ամերիկայէն, ու այսօր արդէն ներգրաւած է աշխարհի բոլոր հզօրներն ու բազմաթիւ արդարատենչ պետութիւններ:

Աւելորդ է մատնացոյց ընել այս ու նման քայլերուն յարակցութիւնը մեր Դատի միւս կիզակէտին` Արցախի հետ, կիզակէտ, որ վտանգաւոր արձագանգներ կը գտնէ Հայաստանի հարաւին ու սահմանամերձ այլ գօտիներու մէջ: Աւելորդ է նաեւ կրկնել, որ իրաւունքի հաստատումն ու կենսագործումը երկինքէն ինկող պարգեւներ չեն, այլ կրնան իրականանալ բազմաճիւղ պայքարով, հետեւողական եւ աննահանջ ԳՈՐԾ-ով, բայց երբեք` անիմաստ զիջումներով ու պարտուողականութեամբ:

Պոսթըն

Նախորդը

Հայրենասիրութիւնը Սահման Չունի… Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Նուիրուած Նահատակ Հերոս Գէորգ Հաճեանի

Յաջորդը

Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ

Սեպտեմբեր 25, 2023
Ամէն Տարի Այս Օրերուն…
Անդրադարձ

Կամայական Պատմաշինութիւն Եւ Միջազգային Վատութիւն

Սեպտեմբեր 25, 2023
«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Յուշարձանը (ԻԲ.). «Լռե՞լ, Թէ՞ Չլռել…»

Սեպտեմբեր 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In