Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Մասին (1)

Նոյեմբեր 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Նորերս լրահոսի նիւթ դարձաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կապուած գայթակղութիւն մը, որ ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Պարզապէս հանրութիւնը կ՛իմանայ միա՛յն բացայայտուածը, կատարուածէն ետք,  եթէ անշուշտ պատրիարքարանի նեղ վերնախաւը, ո՞վ գիտէ` ի՛նչ պատճառով, չկարենայ ծածուկ պահել պատահարը: Այս վերջինը անոնցմէ էր, լուրը հանրայնացաւ, ապա պատրիարքարանէն «պատասխանատու» ներկայացուցիչ մը, իբրեւ բացատրական ու արդարացում, երկարաշունչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց գրեթէ ոչինչ  ըսելու համար, բացի ասպարէզ կարդալէ անոնց, որոնք, ըստ հաղորդագրութեան, իբր թէ նախանձախնդրութեամբ Երուսաղէմի հարստութիւնը ազգի հարստութիւն կը սեպեն, բայց եւ այնպէս, եթէ անոնք անկեղծ ըլլային իրենց նախանձախնդրութեան մէջ, ապա ուրեմն վանքի ծախսերուն հոգն ալ իրենցը կը նկատէին… եւ այլն, եւ այլն:

Չգիտցողներուն համար` հետեւեալն է գայթակղութիւնը: Սիոնի վրայ վանքին պատկանող շուրջ 10.000 քառակուսի մեթր հողատարածք մը կայ (դժուար գտանելի տարածք` Երուսաղէմի մէջ), ուր ամէնէն թանկն ու անգտանելին հողակտոր ըսուածն է: Ըսենք նաեւ, որ Յորդանանի եւ Պաղեստինի խստագոյնս պատժելի օրէնքով հրեաներուն հող-տուն վաճառելը դաւաճանութիւն կը համարուի:

Պատրիարքարանի վերնախաւը, գաղտնաբար եւ ոտնակոխելով նոյնիսկ ներքին-միաբանական կանոնակարգը, պանդոկաշինութեան համար աւստրալիացի գործարարի մը 99 տարիներու համար վարձակալութեան տուած է այդ հողաշերտը, որուն 7000 քառ. մեթրին վրայ պիտի կառուցուի եօթնաստղանի հիւրանոց մը: Մինչ պատրիարքարանի ներքին կանոնագրութիւնը որեւէ  վարձակալական պայմանագրի համար առաւելագոյնը 49 տարի սահմանած է եւ այդ ալ` օրակարգը միաբանական ընդհ. ժողովին դրուելէ ու անոր  հաւանութիւնը ստանալէ ետք միայն: Տակաւին յստակ ալ չէ, թէ վարձակալական համաձայնագիրը 99 տարի ետք վերանորոգելի պայմանո՞վ է, թէ՞ ոչ:  Վերանորոգելի կը նշանակէ… մշտական: (Հաւանաբար գործարարը հրեայ է, այլապէս Իսրայէլի սպասարկութեանց համար  դժուար մարսելի պիտի ըլլար օտարազգիի մը (գրեթէ) սեփականատիրութիւնը այդ հողաշերտին, այն ալ` Սիոնի վրայ):

Գայթակղութեան հանրայնացումէն ետք միաբանութենէն 12 միաբաններ անակնկալի եկած` յայտարարութիւն մը ստորագրեցին, իրենց անտեղեակութիւնն ու ընդվզումը արտայայտեցին կատարուած անօրինական գործարքին դէմ եւ պահանջեցին անոր չեղարկումը… Տեսնենք` այդ 12 միաբանները իրենց կեցուածքին մէջ հաստատ պիտի մնա՞ն, թէ՞ ոչ: Երանի թէ կարենան դիմանալ հաւանական ճնշումներու, խոստումներու, շանթաժներու…

Ինչո՞ւ շարունակուող այս գայթակղութիւնները, որոնք այլեւս չեն զարմացներ…

Նուիրապետական մեր չորս աթոռներու մէջ միա՛կն է Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, որ կը շարունակէ շեղած ու զարտուղութեան մէջ մնալ Հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ ու ինքնատիպ նկարագրէն: Այսինքն զերծ է ան որեւէ հակակշիռէ: Կարճ` հոգեւոր ու վարչական առումով փակ կղերապետութիւն է: Մեր եկեղեցիին ԱԶԳԱՅԻՆ ըլլալու նկարագիրը կը շեշտուի այն հանգամանքով, որ կաթողիկոսի-պատրիարքի եւ առաջնորդի թէ՛ ընտրական գործընթացներուն, թէ՛ համայնքային վարչարարական, կալուածներու մատակարարման, կրթական եւ այլ մարզերու աշխատանքներու ծրագրումին, տնօրինման ու գործնականացման մասնակից են նաեւ ազգայիններ, աշխարհականներ: Առանց այդ մասնակցութեան` չենք կարծեր, որ արդարացուած պիտի ըլլար մեր եկեղեցիին տրուած ԱԶԳԱՅԻՆ  կոչումը, յատկանիշը:

Այնքան ատեն որ պատրիարքարանի թանգարանին ու կալուածներուն վերահսկողութիւնն ու տնօրինումը կը մնան վանական վերնախաւի երկու-երեք աստիճանաւորներու մենաշնորհը, մենք  պիտի շարունակենք լսել միա՛յն  բացայայտուած  գայթակղութիւններու մասին, ու… պիտի չզարմանանք: Բայց պիտի չլսենք ծածուկ-գաղտնի սայթաքումները:

Հայկական Երուսաղէմի կղերապետութեան մասին  ի՞նչ դիրք ու ըսելիք ունին նուիրապետական միւս աթոռները: Ի՞նչ ըսելիք ու ընելիք ունի յատկապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ ի հոգեւորս մեծաւորն է, որ կը ձգտի ըլլալ նաեւ բոլորին վերակացուն:

Շարունակութիւնը` յաջորդիւ:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

Յաջորդը

Հայրենասիրութիւնը Սահման Չունի… Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Նուիրուած Նահատակ Հերոս Գէորգ Հաճեանի

RelatedPosts

Never Again!
Անդրադարձ

Never Again!

Սեպտեմբեր 30, 2023
Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն
Անդրադարձ

Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն

Սեպտեմբեր 30, 2023
Տեսակէտ.  Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի  Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը.  Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը. Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In