Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած Դերը Լիբանանի Մէջ

Նոյեմբեր 15, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Պէյրութի հրաւէրով վաղը Լիբանան կը հասնի  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Այցելութիւնը, ոեւէ  բարձրաստիճան պաշտօնատարի այցելութեան նման, ուշագրաւ է նաեւ երկրին դէմ կիրարկուող պաշարումը նկատի ունենալով:

Լիբանանը կը գտնուի կուտակուող ճգնաժամերու երկարատեւ փուլի մէջ եւ փաստօրէն կ՛ենթարկուի տնտեսաքաղաքական պաշարումի:

Օտարերկրեայ պաշտօնատարներու այցելութիւնները, եթէ նոյնիսկ կայանան, ապա կ՛ունենան պայմանական բնոյթ, երբեմն նոյնիսկ ժամկէտներ ներփակող դիւանագիտական սպառնալիքներով յատկանշուող փոխանցումներով:

Անգարայի առած քայլը տարբեր է միջազգային ընտանիքին որդեգրած կեցուածքէն: Քայլը այս պարագային պատահական բառեզր չէ. չի բացառուիր, որ Անգարան  ինքնաառաջադրուած ըլլայ Պէյրութ ուղարկելու իր նախարարը: Քաղաքական գործընթացներուն մէջ ինքնահրաւիրումը կրնայ հրաւէրի տեսք ունենալ, երբ Լիբանանի կառավարութեան կը փոխանցուին համապատասխան ազդանշանները:

Նոր չէ, որ լիբանանեան մեծ դռներէն մուտք կը փորձէ գործել Անգարան: Իսրայէլեան պատերազմը լիարժէք օգտագործել թէ՛ խաղաղապահ առաքելութեան մաս կազմելով, թէ՛ մարդասիրական, կրթական, մշակութային, ազգագրական բնոյթի ծրագիրներ իրականացնելով` հարաւէն հիւսիս, անցնելով Պէյրութէն Անգարան հովանաւորեց թուրքմեն ազգաբնակչութիւնը, քաղաքացիութիւն շնորհեց Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղներուն, հաստատեց լրատու գործակալութիւն, ուսանողներ հաւաքագրեց եւ լիբանանեան տարբեր համալսարաններու համար թրքագիտութեան դասախօսներ գործուղեց: Յայտնուեցան Թուրքիոյ շահերուն բացայայտ սպասարկող տեսքով լիբանանեան, ըստ էութեան թրքական արտադրանք հանդիսացող կազմակերպութիւններ, որոնք ցոյցերով, խուլիկանութեամբ եւ փողոցային դրսեւորումներով պարզեցին Թուրքիոյ դրօշը եւ վանկարկեցին անոր նախագահին անունը:

Անգարայի ներթափանցումը կաթիլային կշռոյթներով էր: Եւ պէտք է արձանագրել, որ այսօր ձեւաւորուած է այն ենթահողը, որ Անգարային թոյլ կու տայ յայտարարելու, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի թրքական համայնք` նկատի ունենալով Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացածներու նկատառելի թիւը:

Կը թուէր, որ Փարիզի պարագայական աշխուժութիւնը լիբանանեան հանգոյցները լուծելու առումով կը հակակշռէ Անգարայի ներգրաւման թափը, յատկապէս նկատի ունենալով Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Անգարա-Փարիզ սուր մրցակցութիւնը եւ շահերու ուղղակի բախումը: Որքան մագլցողական էր Ֆրանսայի ցուցաբերած վճռակամութիւնը, այնքան նաեւ արագ` անոր նահանջը:

Կայ նաեւ ներիսլամական աշխարհին մէջ կարեւոր մրցակիցը` Սէուտական Արաբիան: Այստեղ արդէն հանգամանքները բոլորովին ուրիշ բնոյթ ունին: Անգարան երկու ուղղութեամբ փորձեց տարածել իր ազդեցութիւնը համաարաբական աշխարհին մէջ: Հակաիսրայէլեան գործողութիւններ ցուցադրելով Էրտողանը խաղաց ազգային թելին վրայ, իսկ իսլամականութեան հակաարեւմտեան շեշտադրումներով խաղարկումը թիրախաւորեց համաիսլամական համախմբումը: Իսլամական աշխարհի երկրորդ բեւեռ դառնալու յաւակնութիւնը առաջին հերթին հարուածեց Ռիատի շահերը: Մրցակցութեան աւելի նեղ դրուածքը ուղղակի սիւննի զանգուածներուն վրայ հովանաւորչութեան պայքարն էր:

Լիբանանը պայքարի այդ ընդհանուր դաշտին մէկ հատուածն է: Ռիատը սակայն այստեղ ունի յստակ գերակայութիւն: Հիմա կը փոխուին պայմանները: Սէուտական Արաբիան ո՛չ միայն դիւանագիտական տագնապ կը ստեղծէ Պէյրութի հետ, այլեւ ցուցադրաբար կը հրաժարի Լիբանանի հետ իր ունեցած տնտեսական կապերէն եւ կը յորդորէ Ծոցի երկիրները իր օրինակին հետեւելու:

Ճիշդ այս պահուն է, որ կը ստեղծուին Պէյրութի եւ Անգարայի համատեղ շահերու անմիջական երեւոյթները: Պէյրութը պէտք ունի աջակից պետութեան եւ Ռիատին ուղերձ կը յղէ, որ իր հեռանալուն պարագային Լիբանանը պարտադրաբար այլընտրանքային ուժեր կ՛որոնէ: Իսկ Անգարան պատրաստ է սիրայօժար լեցնելու այդ պարապը եւ հանդիսանալու այլընտրանքը:

Թուրքիան սակայն չունի այն շռայլութիւնը անարգել եւ ազատօրէն խաղալու լիբանանեան դաշտին մէջ: Միջազգային մակարդակով որեւէ երկրի չ՛արտօնուիր բեկումնային տեսքով ճեղքել պաշարումը: Կ՛արտօնուի իրականացնել սահմանափակ աջակցութեան գործողութիւններ: Իրանեան վառելանիւթը ամէնէն վառ օրինակն է այս վարկածին: Ինչ ծաւալ եւ բնոյթ ալ ունենայ Անգարայի աջակցութիւնը, պէտք է ենթադրել, որ ստացած է արգելակող կողմերու թոյլտուութիւնը:

Լիբանան կը փորձէ կառչիլ թրքական փրկօղակին: Թուրքիան կը բեմադրէ փրկօղակ հանդիսանալու դերը: Այս դերի ստանձնման մէջ պէտք է դիտարկել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը: Եւ Անգարային չի շնորհուիր միջազգային ընտանիքի պարտադրած պաշարումի ճեղքումի առանձնաշնորհումը:

«Ա.»

Նախորդը

Շուշիի Մօտ Ազրպէյճանցի Զինուորներու Սադրիչ Գործողութիւններուն Ի Պատասխան Ստեփանակերտի Բնակիչը Ձեռնառումբ Նետած Է Անցակէտին Վրայ

Յաջորդը

Իրանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այսօր Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Սեպտեմբեր 25, 2023
Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման  Աշխատանքը Սկսաւ. Տարհանուած Արցախցիներու  Առաջին Խումբերը Հասան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Աշխատանքը Սկսաւ. Տարհանուած Արցախցիներու Առաջին Խումբերը Հասան Հայաստան

Սեպտեմբեր 25, 2023
Ազգային Կոմիտէն Չորրորդ Օրն Ըլլալով  Բազմամարդ Հանրահաւաք Կայացուց
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Կոմիտէն Չորրորդ Օրն Ըլլալով Բազմամարդ Հանրահաւաք Կայացուց

Սեպտեմբեր 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In