Յօդուածներ

Հաղորդագրութիւն

Պահանջատիրութիւնը Կարիք Ունի Յեղափոխութեան

 ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ Սաստիկ հարուածներ ստացաւ հայութիւնը վերջին տասը տարիներուն: Ամէնէն ծանր հարուածները եղան Հայաստան-Ազրպէյճան երկրորդ պատերազմը եւ արցախահայութեան տեղահանութիւնը: Ասոր միացան Միջին Արեւելքի սանձարձակ քաոսը եւ մայր գաղութներու աստիճանական պարպումը: Այս բոլորը խորացուցին սփիւռքի մէջ վաղուց սկսած նահանջը: Թուլացան դպրոցական, եկեղեցական ու կուսակցական կառոյցները, եւ հասունցաւ սփիւռքի շարունակականութեան դէմ վտանգը: Յաջորդական այս «ապտակներ»-ը ոչ միայն նիւթապէս ու հոգեպէս մաշեցուցին արդէն պանդխտութեամբ...

Պահանջատէր Մնանք` Արդար Հատուցման Տեսլականով

Պահանջատէր Մնանք` Արդար Հատուցման Տեսլականով

 ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ 24 ապրիլ 1915: Թուական մը, որ ո՛չ միայն կը յիշենք, այլեւ խորապէս կը զգանք: Ամէն տարի այս օրը, հայութեան հոգին կը վառի կրակի մը պէս, որ ո՛չ կը մարի, ո՛չ ալ կը լռէ: Այս թուականին պատահածը Հայոց պատմութեան այն դէպքերէն է, որ մեզի կը յիշեցնէ ոչ միայն մեր ժողովուրդին կրած անսահման տառապանքը, այլեւ` անոր կամքն ու յարատեւ պայքարը:...

Աննահանջ Պայքարը Կը Շարունակուի

Աննահանջ Պայքարը Կը Շարունակուի

ԿԱՍԻԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ 21-րդ դարու հասարակութիւնը, հակառակ իր ապրած անցեալի պատմութեան դառն  փորձառութիւններուն, կը թուի, թէ ո՛չ իսկ մէկ քայլով դէպի յառաջ իրագործում մը կատարած է: Յանցագործութիւններու նկատմամբ անտարբեր կեցուածք որդեգրած ըլլալով` մարդկութիւնը նահանջի ընթացք մը բռնած է. այսօր ականատես կը դառնանք` կործանարար բնոյթ կրող հակամարտութիւններու, պետականօրէն կազմակերպուած ջարդերու, սովամահութեան, հալածանքներու եւ տեղահանութիւններու: Անմարդկային այս ջարդերը կազմակերպողները դատապարտումի չենթարկելով, ամբողջ աշխարհի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 111-Ամեայ Ցեղասպանութիւնը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Ժամանակին կար ժողովրդական խօսք մը, որ կ՛ըսէր, թէ երբ դատի մը 100 տարին անցնի, այլեւս այդ դատը իր իրաւացիութիւնը կը կորսնցնէ: Սակայն այս գաղափարը` թէ՛ իբրեւ ժողովրդական խօսք, թէ՛ ալ իբրեւ կանոնական օրէնք, անկարելի է, որ իր իրաւացիութիւնը կորսնցնէ, քանի տակաւին այդ դատը ունի իր իրաւունքը պահանջողը եւ անոր տէր կանգնողը: Այսօր, 111 տարի ետք, հայը ամէնուր...

Պատանիին Էջը

Պատանիին Էջը

«Նեմեսիս»-ը Վերականգնեց Մեր Արժանապատուութիւնը «Նեմեսիս» գործողութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ փոխեց հայ ժողովուրդին ներքին զգացումը: Եթէ մինչ այդ շատերուն մէջ կար անարդարութեան, լռութեան ու կոտրած ըլլալու զգացումը, ապա անկէ ետք յառաջ եկաւ այն միտքը, որ` եթէ աշխարհը չ՛արձագանգեր, մենք ինքներս կրնանք ձայն ունենալ: Անիկա կարեւոր էր նաեւ, որովհետեւ ցոյց տուաւ, որ յիշողութիւնը միայն անցեալը յիշել չէ, այլ նաեւ դիրքորոշում ունենալ է:...

Արարատ Լերան, Հայկական Դրօշակին Եւ Ազգային Խորհրդանշաններուն Խորախորհուրդ Պատգամը

Արարատ Լերան, Հայկական Դրօշակին Եւ Ազգային Խորհրդանշաններուն Խորախորհուրդ Պատգամը

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Արարատ լեռը` հայոց հայրենիքի սիրտը, ազգային խորհրդանիշն ու հայկական ինքնութեան մաս Բարեկամ ընտանիքի մը երկու երիտասարդ զաւակները, տղայ եւ աղջիկ, վերջերս սա սեղմ նախադասութեամբ խանդավառեցին զիս. «Մենք Արարատ լեռ ելած ենք»: Իսկ քանի մը օր առաջ ձեռքս անցաւ Պէպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ - մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» գիրքը (Պէյրութ, 2012), որուն մէջ կարդացի «Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին» վերնագիրը կրող...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծունկի Եկէք Բազկատարած

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ծունկի եկէք բազկատարած Աղօթեցէք ճանչցէք Աստուած, Բայց ոչ այդ ձեր Աստուածը, զոր Դուք պաշտեցիք սուրով, թուրով, Մանուկները յօշոտելով Հայ մայրերուն հէգ, կարեվէր, Արիւնարբու ո՛վ ճիւաղներ. Խմեցիք հայ արիւնը մեր Գանկերու մէջ արիւնահեղ Արբեցուցիք Աստուածը ձեր Ու յագեցաք թուրք գազաններ, Բաժնեցիք խեղճ հայրը զաւկէն, Ինչպէս սիրտը իր վանդակէն, Քոյրը սրտցաւ` որբ եղբայրէն, Ակնակապիճ մ`ինչպէս աչքէն, Մայրը գրկած նորածինէն, Ինչպէս...

Սիրոյ Եւ Ողորմութեան Վկան` Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսը  (Վախճանման 65-Ամեակին Առիթով)

Սիրոյ Եւ Ողորմութեան Վկան` Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսը (Վախճանման 65-Ամեակին Առիթով)

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Ցեղասպաննուած, բայց չանէացած ազգի բեկորներու ստուար զանգուածը ծնողազուրկ դառնալով` աքսորական եւ տարագիր,  պանդխտութեան ցուպը ձեռին ուղեկորոյս` դէպի անորոշ վայրեր ուղեւորուեցան: Այնուամենայնիւ չվհատեցան, քանզի հայու անկոտրում կամքը եւ անդրդուելի ազգային նկարագիրն ու խառնուածքը անգամ մը եւս բարունակութիւն ցուցաբերելով` վերընձիւղուեցան, սակայն այս անգամ վտարանդի մէջ: Աշխարհի չորս...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Ապրիլ 24… Դէպի Ո՞ւր

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Փոքր տարիքէս միշտ ներկայ եղած եմ ու մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տարբեր նախաձեռնութիւններու` Քեսապի, Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ: Այդ սուրբ օրը մինչեւ եօթանասուն տարիներ առաջ ընդունուած էր իբրեւ սուգի օր: Ազգովին կը սգայինք, կը ցաւէինք, մինչ մեր սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները աղերսագիրներ կը ներկայացնէին աշխարհի մեծ պետութիւններուն կամ միջազգային կազմակերպութիւններուն... սակայն` ապարդիւն: Ու այդպէս ընթացաւ, մինչեւ որ...

Մեր Դատը Մեր Ապրելու, Գոյատեւելու Պայքարն Է

Մեր Դատը Մեր Ապրելու, Գոյատեւելու Պայքարն Է

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Գիշերը որ ժամին էլ արթնանայի, մեծ մօրս` Մեծիկիս, արթուն նստած կը տեսնէի: Առաւօտեան կ'ասէի. - Մեծիկ, այս գիշեր էլ չքնեցիր: Պատասխանը միշտ նոյնն էր. - Իմ տեսածները չեն թողնում քնեմ, եաւրը՛մ: Երբ աչքերս փակեմ, այդ զարհուրելի պատկերների շարանը կու գայ, կը փաթթուի իր աղեկտուր կանչերով ու չ՛երթար: Սեբաստացի Մեծիկս` Մարիցա Աստուրեանը,  30 հոգուց բաղկացած գերդաստանից միայն...

Կոյր Սէրը

Կոյր Սէրը

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կարապետ Պեքճիճեանի ընտանիքը - Ես աչազուրկին աղջիկ չեմ տար. անկարելի է... - Հայրի՛կ, ես Կարապետին համակրեցայ ու սիրեցի եւ յօժար եմ անոր հետ ամուսնանալու: Այո՛, ան աչազուրկ է, բայց ես կը կարծեմ, թէ սիրելու համար աչքեր պէտք չեն. սիրտը բաւարար է: Ես Սոնիկն եմ, աչազուրկ Կարապետ Պեքճիճեանին եւ բարեհամբոյր Լուիզա Կիտցինեանին դուստրը: Կը հաւատամ, որ մօրս պնդումը` հօրս...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

… Եւ «Քեռի Թորոսը» (?). Երիտասարդութիւնը Մեր Ներկան Է…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Առնուազն այդպէ՛ս պէտք է որ ըլլայ: Թէ` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, կը բացատրեմ... Այնճար, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբ, 1966, Ամառ: Այդ օր Պէյրութէն կուսակցական անձնաւորութիւն մը եկած էր` ժամանակակից հայ երիտասարդի պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու մասին դասախօսելու: Թէեւ իր խօսքը առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շուրջ կը դառնար, սակայն ընթացքին ան պարբերաբար կը կրկնէր ու խօսքը ուղղելով մեզի` կ՛ըսէր. «Մեր...

Արեան Կանչը

Արեան Կանչը

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ Յովհաննէս Գարապաշեան (Ահմետ) 1960-ական թուականներու սկիզբը) Ահմետ` ժայռի մը յենած, դիմացի լերան կողերէն կախուած հսկայ ապառաժները կը դիտէր:  Արեւու կիզիչ ճառագայթներէն խանձուած դէմքն ու քրտնաթոր ճակատը շատ բան կը յայտնէին անոր առօրեայ տքնաջան աշխատանքին մասին: Ամէն առտու, աքաղաղի ձայնին հետ, ան գոմէն դուրս կը հանէր ոչխարի հօտը եւ երկար ժամեր կ՛արշաւէր լեռներու ու ձորերու միջեւ: Կէսօրին  կը հանգչէր...

Ժամը 19:15

Ժամը 19:15

ԹԱԼԹՈՍ Երանի՜, թէ ապրիլ 24-ը սովորական օր մը ըլլար, սկսէր լուսաբացին ու աւարտէր  մայրամուտով: Սակայն, դժբախտաբար, լռութեան մէջ զիլ ձայն մըն է ան, որ կը հասնի մեր ոսկորներուն: Մութ զնտանին մէջ մշտահոս ջուրի կաթիլն է, որ կը խանգարէ խաղաղութիւնը: Ապրիլ 24-ը մեր պարանոցներուն արտաւազդեան շղթայ է, որմէ փախուստ չկայ: Մեր յիշողութեան ու ենթագիտակցութեան խորքերուն մէջ խարազանող ճշմարտութիւն է, որմէ խուսափում...

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Վկայութիւնը Թուրք Եւ Քիւրտ Հրոսակներու Ոճիրին Մասին

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Վկայութիւնը Թուրք Եւ Քիւրտ Հրոսակներու Ոճիրին Մասին

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ «Ամենասիրելի գերապայծառ հա՛յր իմ, ... Խեղճ Գեր. Պաթմանեանին համար լսած ըլլալու էք, որ քիւրտերը գիշեր ատեն սենեակը մտնելով` պալթայով կտոր-կտոր ըրեր են: Յիրաւի շատ եւ շատ ցաւացի այս լրոյ, ինչ խեղճ եւ ողորմելի վիճակ է մեր Հայաստանու վիճակը, մինչեւ ցերբ...»: Ն. Ո. Իգնատիոս Քհնյ.Մալոյեան յԱղեքսանդրիա 1899 յունիս 27 Փոքր Հայքի տարածքին եւ հետագային Սեբաստիոյ նահանգին մէջ ընդգրկուած Եւդոկիան`...

Փարիզի Մէջ.  « Միասին՝ Լիբանանի Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ Համախմբման Եւ Յանձնառութեան Ոգիով

Փարիզի Մէջ. « Միասին՝ Լիբանանի Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ Համախմբման Եւ Յանձնառութեան Ոգիով

Ուրբաթ, 17 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Միասին՝ Լիբանանի Համար» (Together for Lebanon) խորագիրով բարեսիրական ձեռնարկը: Ան համախմբեց լիբանանցի համալսարանականներ, ուսանողներ եւ տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ՝ մէկ միասնական նպատակով՝ աջակցիլ Լիբանանին եւ անոր կարիքաւոր զաւակներուն։ Լիբանանցի համալսարանականներու եւ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Ալեքսանտր Պուտագեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, յատկապէս այն պահուն,...

«Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստ Եւ Յուշ Հանդիպում

«Ազդակ»-ի Պատմութեան Մէջ Էջեր Հեղինակած Սարգիս Մահսէրէճեան*

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Հաւաքուած ենք ի յարգանքս յիշատակին անձի մը, որ այսօր արժանաւորապէս առաջին աթոռներուն վրայ նստած պէտք էր ըլլար, պէտք էր իր ամօթխած աչքերով, բարի ժպիտով եւ համեստ պահուածքով հետեւէր իր իսկ կենդանութեան իրեն նուիրուած երախտագիտութեան ձեռնարկի մը: Իսկ ես, այս խօսքը արտասանած պահուս իսկ, հաւանաբար` գրած ատենս ալ, պիտի մտածէի, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար ընկեր Սարգիսին տպաւորութիւնը, ի՞նչ քաջալերական...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախի Հարցը` Օրակարգում

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախի Հարցը` Օրակարգում

Արցախի հարցը շարունակւում է համահայկական ազգային ուժերով միջազգային օրակարգում պահուել: Ապրիլի 11-12-ը Փարիզում կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը կարեւոր մեկնակէտ էր այս առումով: Աշխարհի տարբեր երկրներից ժամանած 150 պատուիրակների թւում էր նաեւ Արցախի ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ԱՀ իշխանութիւններն, Արցախի հայաթափումից ի վեր, առաջին անգամ հնարաւորութիւն ունեցան ներկայացնելու Արցախի ժողովրդի հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութեան հարցերը: Խորհրդաժողովին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի...

«Ազդակ»-ի Անխոնջ Ընթերցողը.  Հայկանուշ Աւագեան-Փեհլիվանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

«Ազդակ»-ի Անխոնջ Ընթերցողը. Հայկանուշ Աւագեան-Փեհլիվանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՆԱՐՕՏ ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ - Նարօ՛տ, բոլոր «Ազդակ»-ները կարդացի ու վերջացուցի, կարդալիք թերթ չունիմ, Արէնը այս շաբաթ պիտի գա՞յ, ըսէ իրեն, որ թերթերը չմոռնայ, հետը բերէ,- ըսաւ Հայկանուշ մեծ մամաս իր մահէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ: Ժպտադէմ, աշխուժ, հիւրասէր, վայելուչ եւ գեղեցիկ մեծ մամաս, ածականներն ու մակդիրները քիչ են նկարագրելու համար քեզ: Անակնկալ էր մահդ, որ զուգադիպեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին` մարտ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Միացեալ Նահանգներ Արեւմտեան Թեմի Բարերար Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան 7 ապրիլին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան թեմի բարերար, շքանշանակիր տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանի եւ այս առիթով հիւրին յանձնեց հայրապետական կոնդակի օրինակը, որ շնորհուած էր «Կիլիկեան իշխան» շքանշանի ստացման առիթով: Սրբազան հայրը նաեւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրի այս տարեշրջանի...

Page 37 of 1110 1 … 36 37 38 … 1,110

Արխիւներ