ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

– Ես աչազուրկին աղջիկ չեմ տար. անկարելի է…
– Հայրի՛կ, ես Կարապետին համակրեցայ ու սիրեցի եւ յօժար եմ անոր հետ ամուսնանալու: Այո՛, ան աչազուրկ է, բայց ես կը կարծեմ, թէ սիրելու համար աչքեր պէտք չեն. սիրտը բաւարար է:
Ես Սոնիկն եմ, աչազուրկ Կարապետ Պեքճիճեանին եւ բարեհամբոյր Լուիզա Կիտցինեանին դուստրը: Կը հաւատամ, որ մօրս պնդումը` հօրս հետ ամուսնանալու, աստուածային միջնորդութեան արդիւնք էր: Վկայ` մեր խաղաղ ու համերաշխ ընտանեկան բոյնը, որ Աստուծոյ մնայուն ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ օժտուած էր:
Մեր տան խինդն ու անդորրը մեր դրացուհիին` Թամամ նէնէին, հետաքրքրութիւնը եւ «նախանձը» հրահրած էին: Օր մը ան դիմեց հօրս` ըսելով. «Կարապե՛տ, ձեր գաղտնիքը ի՞նչ է. դուք տան մէջ հինգ հոգի էք, եւ ոչ մէկ օր վէճի կամ կռիւի աղմուկ լսած եմ, իսկ մեր տան մէջ երկու հոգի կ՛ապրինք ու անընդհատ կը կռուինք, եւ մեր ձայնը աշխարհը կ՛առնէ»:
Հայրս ինծի համար աշխարհի ամէնէն սիրելի ու թանկագին էակն էր: Գլուխս անոր կուրծքին վրայ հանգչեցնելը եւ անոր գուրգուրոտ մատներուն շոյանքը զգալը անբացատրելի հաճոյք էր: Երգն ու նուագը հօրս անբաժանելի ընկերներն էին: Ան իր ջութակին վրայ կը սահեցնէր աղեղը եւ քաղցրահնչիւն նուագներով ու երգերով կը լեցնէր մեր տան մթնոլորտը: Անոր դէմքին արտայայտութիւնները, յօնքերուն ու կոպերուն ելեւէջները զմայլանքով կը դիտէի` զգալով անոր փակ աչքերուն ետին գտնուող լուսաւոր ու բարի աշխարհը:
Հայրս ի ծնէ կոյր չէր: Ան կը պատմէր, թէ իր ծննդավայրին` Պէհէսնիլի գեղեցիկ բնութեան մէջ երջանիկ մանկութիւն մը վայելած էր: Գոյնզգոյն ծաղիկներ հաւաքելը շատ կը սիրէր եւ իր շապիկին ամէն մէկ կոճակ-օղակին մէջ ծաղիկ մը կ՛ամրացնէր, ապա կը փութար տուն եւ իր հաւաքած ծաղիկները կը նուիրէր իր թանկագին մօրը: Հօրս երջանկութիւնը ողբերգութեան կը վերածուի, երբ 1915-ին, ութ տարեկան հասակին, տեղահանութեան արհաւիրքին մէջ ան կը կորսնցէ իր ընտանիքին անդամները եւ միս-մինակ ու անտէր մնալով` կը յայտնուի բազմաթիւ որբերու խումբին մէջ:
Լիբանանի Ղազիր գիւղին որբանոցը կը դառնայ հօրս երկրորդ «տունը»: Որբանոցին պայմանները խղճալի էին… Հայրս յաճախ իր անօթութիւնը յագեցուցած էր շրջանի անտառներուն խոտերը ուտելով: Հիւանդութիւններ կը հարուածեն ու կը տարածուին որբանոցին մէջ, խեղճ որբուկներէն շատեր, անոնց կարգին` նաեւ հայրս, կը կորսնցնեն իրենց աչքին, կամ զոյգ աչքերուն լոյսը, ուրիշներ` իրենց լսողութիւնը, ոմանք ալ կը դառնան անշարժ ու հաշմանդամ:
Հայրս, հակառակ իր ապրած դժբախտութիւններուն, երբեք կեանքին ու ճակատագիրին դէմ չէր դառնացած: Ընդհակառակը, զարմանալիօրէն գոհունակ, բարի, դրական հայեցողութեամբ, աշխատասէր ու կենսուրախ մարդ մըն էր: Ես չեմ յիշեր անոր գանգատիլը կամ տրտնջալը: Ան նոյնիսկ մեզմէ գաղտնի պահած էր Ցեղասպանութեան օրերուն իր տեսածն ու ապրածը, որպէսզի չխռովին մեր մանուկ հոգիները: Միայն ճաշի սեղանին վրայ անոր կատարած կարգ մը նշումներն ու խրատները կ՛արտայայտէին անոր ապրած քաղցն ու զրկանքը:
– Զաւակնե՛րս, ճաշի տեսակէն չդժգոհի՛ք, հացին որակէն չգանգատի՛ք. մի՛շտ Աստուծոյ փառք տուէք եւ ձեր մօր եփածը սիրով ճաշակեցէք: Ես շատ յաճախ հացի կարօտ մնացած եւ անտառի խոտերով սնանած ու ողջ մնացած եմ:
Հայրս ճաշ թափելու գաղափարը չէր հանդուրժեր: Ան մեզի տաքուկ ու կարմիր հացի նկանակները կու տար, մինչ ինքը մնացած ճաշն ու օթեկ հացի չոր կտորները կ՛ուտէր: Ան չէր թոյլատրեր, որ առանց աղօթքի մեր ճաշը սկսէինք: Հօրս համար ճաշասեղանը սուրբ էր եւ Աստուծոյ պարգեւը:
Հայրս Ղազիրի որբանոցին մէջ կը սորվի փսիաթի (խսիր) թելերով կողովներ ու տնային կահոյք հիւսելը: Սա կոյրերու յատուկ արհեստ մըն էր, որուն միջոցով անոնք կ՛ունենային աշխատանք եւ ապրուստ: Ղազիրի որբանոցէն ետք հայրս` ինքնավստահ իր արհեստով եւ տուն պահելու հնարաւորութեամբ, կը փոխադրուի Պէյրութի Սիս թաղամասը: Կ՛ամուսնանայ գորովագութ մօրս` Լուիզային հետ եւ Աստուծոյ շնորհքով Պէքճիճեան ամոլը կը բախտաւորուի երեք զաւակներով` մանչ մը եւ երկու դուստր:
Կեանքիս ամէնէն քաղցր փուլը կը սեպեմ այն ժամանակաշրջանը, երբ հայրս կ՛աշխատէր մեր տան մօտակայ կուրանոցին մէջ: Ամէն առտու ժամը վեցուկէսին մայրս կ՛ընկերակցէր անոր մինչեւ կուրանոց, իսկ կէսօրին իմ պարտականութիւնս էր հօրս ընկերակցիլ մինչեւ մեր տունը: Ես կը նախընտրէի նախաճաշելէս անմիջապէս ետք երթալ կուրանոց եւ հոն գտնուող ծերերուն ու կոյրերուն` հօրս հոգեքոյրերուն եւ հոգեղբայրներուն հետ ժամանակ անցընելը: Հոն տիրող մթնոլորտը ե՛ւ խորհրդաւոր ե՛ւ սիրելի էր ինծի համար: Հաճոյքով կ՛ունկնդրէի տօնական օրերուն հնչող` կատարումները կոյրերու երգչախումբին, որուն մէջ հայրս կը յատկանշուէր իր քաղցր թենոր ձայնով ու ջութակի նուագով: Զիս շատ տպաւորած էին` «Ծափ զարկ աշխարհ», «Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր» եւ «Կիլիկիա» երգերը: Կը սիրէի կուրանոցին ճաշի կանչող պղնձեայ զանգակը հնչեցնելը, ապա ծերերուն ու կոյրերուն հետ ճաշի նստիլը եւ տիկին Կիւլիզարին ու անոր աղջկան պատրաստածները ճաշակելը:
Կուրանոցին բակին մէջ կար յասմիկի ծառ մը, որուն թափած ծաղիկները կը հաւաքէի եւ ասեղ- դերձանին ամրացնելով` հոտաւէտ վզնոցներ կը պատրաստէի «հօրաքոյրներուս» համար: Շատ կ՛ուրախանայի, երբ անոնց խորշոմած դէմքերուն վրայ ժպիտ կը տեսնէի: Ժպիտը այդ օրերուն հազուադէպ երեւոյթ էր, իսկ իմ պատանի հոգիիս համար` լաւագոյն վարձատրութիւնը:
Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկով կը դիտեմ հօրս ու անոր մեծ ընտանիքին անդամները, կ՛անդրադառնամ, թէ կուրութիւնը անոնց միակ ցաւը չէր: Հետագային իմացայ, որ անոնք նաեւ վերապրողներ էին ու «ճաշակած» մեր պատմութեան յոռեգոյն իրականութիւնը` ականատես դառնալով Ցեղասպանութեան դառնագոյն պատկերներուն, հատելով տեղահանութեան սահմռկեցուցիչ ճանապարհները, յաղթահարելով յետեղեռնեան համաճարակներն ու ողջ մնալու գրաւականը, դիմագրաւելով նոր աշխարհներուն անհամար մարտահրաւէրները…
Գոհունակութիւն կ՛ապրիմ, երբ կը յիշեմ ջերմ կապս, յարգանքս ու հոգածութիւնս մեր վերապրող կոյրերուն ու ծերերուն հանդէպ: Հաւանաբար մօրս ծիներէն ժառանգած եմ այդ յատկութիւնը: Կը խոնարհիմ անուշիկ մօրս յիշատակին, վերյիշելով անոր բարի խօսքը. «Հա՛յր, սիրելու համար աչքեր պէտք չեն, սիրտը բաւարար է»:


