ԹԱԼԹՈՍ
Երանի՜, թէ ապրիլ 24-ը սովորական օր մը ըլլար, սկսէր լուսաբացին ու աւարտէր մայրամուտով:
Սակայն, դժբախտաբար, լռութեան մէջ զիլ ձայն մըն է ան, որ կը հասնի մեր ոսկորներուն:
Մութ զնտանին մէջ մշտահոս ջուրի կաթիլն է, որ կը խանգարէ խաղաղութիւնը:
Ապրիլ 24-ը մեր պարանոցներուն արտաւազդեան շղթայ է, որմէ փախուստ չկայ:
Մեր յիշողութեան ու ենթագիտակցութեան խորքերուն մէջ խարազանող ճշմարտութիւն է, որմէ խուսափում չկայ:
* * *
Ամէն ինչ տժգոյն է ու արիւնահամ…
Կ՛ուզես դուրս գալ այս քաոսային մտածումներէն ու բան մը փոխելու միտումով կը նայիս պատէն կախուած տխուր ժամացոյցին… ո՜հ, ելք չկայ, ժամը արդէն 19:15 է:
Կոմիտասի զանգակատան ղօղանջն է…
Որբացած մանուկներու աղերսանքը…
Անապատի աւազներուն հոսած քրտինքը…
Հակառակ արիւնին` մթնոլորտը ապականած չէ, միւռոն կը բուրէ…
Մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնն է… սրբութիւն կը բուրէ:
* * *
111 տարի ետք մենք կը կանգնինք ոչ միայն հսկայական կորուստներու առջեւ, այլեւ` կիսատ մնացած կեանքերու, չարտասանուած անուններու եւ լռութեան մատնուած ճակատագիրներու դիմաց:
Ապրիլ 24-ը միայն պատմական թուական մը չէ. ան խիղճի փորձաքար մըն է, որ կը ստիպէ մեզ զգալ այն ցաւը, որ ոչ միայն մերն է, այլեւ` մարդկութեան ընդհանրական ամօթը:
111 երկար տարիներ անցած են, բայց թիւերը չեն չափեր այն կորուստը, որուն անունն է Ցեղասպանութիւն, որ կարծես թէ երէկ էր: Թիւերը թանձր են, մինչդեռ մեր յիշողութիւնը` թարմ, շնչող, եւ միշտ` անտանելի:
Այս անիծեալ տարելիցին, աւելի քան երբեք, պէտք է խուսափիլ այն սովորական բառերէն, որոնք տարիներու ընթացքին մաշած են մեր շրթներուն վրայ:
Որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը միայն վաւերական եղելութիւն մը չէ, այլ` շարունակուող ներկայութիւն մը մեր առօրեային մէջ, որ գերին է արխիւներու, մեր լռութիւններուն, մեր վախերուն, մեր անբացատրելի անտարբերութեան ու երբեմն ալ` անարդար խոնարհութեան:
Մեր ժառանգը հարուստ մշակոյթ ու պատմագրութիւն չէր միայն:
Մենք ժառանգեցինք ցաւ ու վէրք, նաեւ` կիսատ մնացած կեանքի պատմութիւններ:
Ամէն հայ ընտանիք իր մէջ կը կրէ պատմութիւն մը, թերի պատմութիւն մը, որ կիսատ մնացած է օսմանեան ոճիրները ճշգրիտ բնութագրելու բառերու չգոյութեան պաճառով: Ցաւը աւելի մեծ եղած է, քան ինք` լեզուն:
111-ամեակը մեզի կը պարտադրէ նոր ձեւով մտածել:
Յիշելը այլեւս բաւարար չէ: Յիշողութիւնը, եթէ չփոխակերպուի գիտակցութեան ու կամքի, կը վերածուի բնազդի, իսկ կրկնութիւնը` դանայեան տակառի:
Մեր պայքարը պէտք է ձերբազատել ծիսական դարձած յիշատակութենէն եւ վերածել ներքին եղափոխման, որովհետեւ մեծագոյն վտանգը մոռացութիւնը չէ, այլ ընտելանալն է պարտադրուած իրականութեան հետ:
Ապրիլ 24-ը նաեւ հայելի մըն է ինքնաքննութեան: Կը ստիպէ մեզ նայիլ ու հարցադրել մեր հարազատ ես-ին, թէ`
Կը ճանչնա՞նք մենք զմեզ…
Հպա՞րտ ենք մեր ազգութեամբ…
Ի՞նչ կ՛ընենք իբրեւ հայ…
Եթէ անկեղծ ըլլանք մեր անձերուն հետ, ապա հարցումներու շարանը երկար է, ու անոնց պատասխանները` խղճի հարց…
Ցեղասպանութիւն բառը: Ծանր է բառին բուն իմաստով, եւ քրէական այս ոճիրին ի տես` ի՞նչ ըրինք մենք այս 111 տարիներուն: Կրցա՞նք արդեօք մեր կորուստը վերածել ստեղծագործ ուժի, թէ՞ մնացինք անցեալի գերին` անցեալով հպարտացող:
Թուրքը մեզ միայն չսպաննեց, այլ փորձեց սահմանել մեր ապագան, ուստի լուրջ հարց է, եթէ մենք այսօր կ՛ապրինք անոր գծած թէական սահմանումներուն մէջ:
Այս հարցադրումներուն լրջութեան կշիռը մեզ կը յանգեցնէ այն եզրակացութեան, որ արդարութեան բողոքը միայն արտաքին աշխարհին ուղղուած ճիչ մը չէ: Ան նաեւ ներքին պահանջ մըն է` ուղղուած մեզի: Արդարութիւն` մեր լեզուին նկատմամբ, որ կը շիջի:
Արդարութիւն` մեր մշակոյթին նկատմամբ, որ հետզհետէ կը նօսրանայ:
Արդարութիւն` մեր պատմութեան նկատմամբ, որ կը պարզեցուի, կը թեթեւցուի, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ:
111 տարիներ անց մեր մեծագոյն պատասխանատուութիւնը թերեւս այն է, որ չթողունք, որ մեր ողբերգութիւնը թանգարանային իր դառնայ:
Երբ յիշենք, պէտք է նաեւ ստեղծենք: Երբ յիշեցնենք, պէտք է նաեւ կառուցենք:
Երբ պահանջենք, պէտք է նաեւ վերաիմաստաւորենք մեր գոյութիւնը:
Որովհետեւ Ցեղասպանութեան իսկական յաղթահարումը չի կայանար միայն ճանաչման մէջ, այլ` պայքարի:
Պայքարիլ` մոռացութեան դէմ:
Պայքարիլ` մակերեսայնութեան դէմ: Պայքարիլ` այն ամէն ինչի դէմ, որ կը փորձէ մեզ պահել անցեալին մէջ:
Հոս է մեր գրաւը. չճահճանալ ու շարունակել մեր երթն աստուածատուր:
Ի վերջոյ, ապրիլ 24-ը օրացոյցին մէջ փակուող օր մը չէ:
Աւելի բարդ բան մըն է:
Ան ժամանակէն դուրս մնացած շունչ մըն է, որ կը շրջի մեր մէջ` անտեսանելի, բայց` անժխտելի:
Մենք չենք յիշեր զայն իբրեւ մտածում միայն, այլ կը կրենք` իբրեւ կնիք անջնջելի, ուր լռութիւնը ունի իր լեզուն, իսկ բացակայութիւնը` իր ներկայութիւնը:
Եթէ փորձենք ազատիլ անկէ, կը կորսնցնենք մենք զմեզ: Եթէ փակուինք անոր մէջ, կը կորսնցնենք մեր ապագան:
Ահա մեր բարակ սահմանը` քալել յիշողութեան ու կեանքին միջեւ, առանց ընկղմելու որեւէ մէկուն մէջ:
Եւ գուցէ ճշմարտութիւնը հոն է, որ քիչերը կը գիտակցին, թէ մենք զոհերու ժառանգորդները չենք միայն, այլ նաեւ` անոնց կիսատ մնացած երազները ամբողջացնողները:
Մեր պարտականութիւնը միայն պահանջելը չէ, այլ նաեւ` ապացուցելը, որ կեանքը, մահէն անցնելով, կրնայ շարունակուիլ ոչ թէ իբրեւ վէրք, այլ` իբրեւ կամք:
Ապրիլ 24-ը կոչ է` վերաձեւելու մեր գոյութիւնը այնպէս, որ ոչ մէկ կորսուած անուն մնայ անիմաստ եւ ոչ մէկ լռութիւն` անպատասխան:
Եւ թերեւս ամէնէն խոր պատասխանը, որ կրնանք տալ պատմութեան, ոչ թէ մեր աղաղակն է, այլ մեր գոյութիւնը`
կանգուն, գիտակից եւ անզիջող:
Որովհետեւ, վերջապէս,
մենք ոչ միայն անցեալի վկաներն ենք,
այլ` ապագայի պարտաւոր կերտիչները:


