ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ծունկի եկէք բազկատարած
Աղօթեցէք ճանչցէք Աստուած,
Բայց ոչ այդ ձեր Աստուածը, զոր
Դուք պաշտեցիք սուրով, թուրով,
Մանուկները յօշոտելով
Հայ մայրերուն հէգ, կարեվէր,
Արիւնարբու ո՛վ ճիւաղներ.
Խմեցիք հայ արիւնը մեր
Գանկերու մէջ արիւնահեղ
Արբեցուցիք Աստուածը ձեր
Ու յագեցաք թուրք գազաններ,
Բաժնեցիք խեղճ հայրը զաւկէն,
Ինչպէս սիրտը իր վանդակէն,
Քոյրը սրտցաւ` որբ եղբայրէն,
Ակնակապիճ մ`ինչպէս աչքէն,
Մայրը գրկած նորածինէն,
Ինչպէս ազգ մը հայրենիքէն:
Այդ Աստուածը, զոր դուք ճանչցաք,
Կրակներու մէջ դիւական
Ու կանչեցիք` «Ալլա՜հ,Ալլա՜հ»
Ձեր զազրաբան լեզուով կարկառ,
Ես ամէն ժամ, ամէն վայրկեան,
Մտքով, հոգւով յար կ՛ուրանամ,
Կը հաւատամ այն Աստուծոյ
Որ կը դիտէ արտասուաթոր,
Կը տառապի ան վշտաբեկ
Երբ ձեզ տեսնէ անհաւատներ,
Կը լսէք խուլ ականջներով,
Կը հայիք կոյր ձեր աչքերով,
Մինչեւ այսօր դեռ կ՛ուրանաք`
Ջարդ ու թալան, հայ նահատակ:


