ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ժամանակին կար ժողովրդական խօսք մը, որ կ՛ըսէր, թէ երբ դատի մը 100 տարին անցնի, այլեւս այդ դատը իր իրաւացիութիւնը կը կորսնցնէ: Սակայն այս գաղափարը` թէ՛ իբրեւ ժողովրդական խօսք, թէ՛ ալ իբրեւ կանոնական օրէնք, անկարելի է, որ իր իրաւացիութիւնը կորսնցնէ, քանի տակաւին այդ դատը ունի իր իրաւունքը պահանջողը եւ անոր տէր կանգնողը:
Այսօր, 111 տարի ետք, հայը ամէնուր տէր կը կանգնի իր նախահայրերու դատին եւ անոր արդար լուծման իրաւունքին: Անկասկած կան փոքր համեմատութեամբ հայեր, որոնք այս կամ այն պատճառներով հրաժարած են իրենց արդար իրաւունքէն, իսկ ուրիշներ` հակաքարոզչութեան ազդեցութեան տակ, առանց նախապայմանի կամ արդար դատի լուծման, կը ձգտին զիջիլ թշնամիին:
Ինչպէ՞ս կարելի է 1,5 միլիոն սրբադասուած հայ նահատակներու թափած արեան գինը չպահանջել Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդներէն: Ինչպէ՞ս կարելի է հրաժարիլ մեր նախահայրերու կորսնցուցած հողերէն: Ինչպէ՞ս կարելի է հրաժարիլ վնասուց հատուցման պահանջէն:
Հրեայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր վնասուց հատուցում կը ստանայ Գերմանիոյ կառավարութենէն եւ միաժամանակ կրցած է զարգացնել բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններ Ողջակիզումը ծրագրած եւ իրականացուցած մարդոց ժառանգորդներուն հետ: Հայուն ոչ մէկ բան կը պակսի, որպէսզի ինք ալ հասնի իր արդար դատի լուծման:
Այն, ինչ որ կը պակսի, միասնականութիւնն է, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ազգային շահերու շուրջ համախմբումը: Կը պակսին հեռատես քաղաքականութիւնը եւ ազգային ռազմավարութիւնը: Կը պակսին տնտեսական եւ գաղափարական նոր հիմքերու մշակումն ու ամրապնդումը:
Անկարելի բան չկայ, բայց նաեւ անհրաժեշտ է յաւելեալ համբերութիւն, որպէսզի քաղաքական յարմար փոփոխութիւններուն ժամանակ կարենանք օգտուիլ առիթներէն` ի շահ մեր դատին արդար լուծման:
Փա՛ռք Հայ դատի աշխարհատարած յանձնախումբերուն, որոնք տարիներ շարունակ անխոնջ աշխատանք տարած են այս ուղղութեամբ: Փա՛ռք Հայ եկեղեցւոյ, որ միշտ իր դերակատարութիւնը ունեցած է` կանգնելով այս սուրբ դատին կողքին: Փա՛ռք սփիւռքին, որ սերունդներ դաստիարակած է եւ պիտի շարունակէ դաստիարակել Հայ դատին տէր կանգնելու եւ մեր նախահայրերուն պարտքը կրելու ոգիով: Փա՛ռք մեր նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Հայ դատի միջազգային ճանաչումը եւ լուծումը ապահովելու համար:
Թէեւ Հայ դատը տակաւին վերջնական լուծում չէ գտած, բայց օրը պիտի գայ, եւ մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին:
Ոտքի՛ կանգնինք եւ արմատախիլ ընենք բոլոր այն երեւոյթները, որոնք կը սպառնան մեր ազգին: Ոտքի՛ կանգնինք եւ պայքարինք` առանց յուսահատելու:
Նորանոր սերունդներ պիտի շարունակեն այս պայքարը` մինչեւ յաղթանակ:


