ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդի Երիտասարդական Միութեան Ջահերթին Առիթով՝ Երիտասարդութեան Ուխտը, Որ Անխախտ Կը Մնայ
24 ապրիլին ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ջահերթ, որ խորհրդանիշն է հայ երիտասարդի անկոտրում կամքին` պատմական այս ծանրագոյն օրերուն: Միութիւնը իր կազմակերպած երթի ընթացքին հաստատեց. «Մինչ Հայաստանի ներկայ ապազգային իշխանութիւնը իր զիջողական ու կործանարար քաղաքականութեամբ ազգը դէպի անկում կը տանի, սփիւռքի երիտասարդութիւնը կը մնայ հայութեան արթուն պահակը: Ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս հայրենի պաշտօնեաներ կը շտապեն դատապարտել ցեղասպանութիւն գործած երկրի...



















