Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննահանջ Պայքարը Կը Շարունակուի

April 24, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՍԻԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ

21-րդ դարու հասարակութիւնը, հակառակ իր ապրած անցեալի պատմութեան դառն  փորձառութիւններուն, կը թուի, թէ ո՛չ իսկ մէկ քայլով դէպի յառաջ իրագործում մը կատարած է:

Յանցագործութիւններու նկատմամբ անտարբեր կեցուածք որդեգրած ըլլալով` մարդկութիւնը նահանջի ընթացք մը բռնած է. այսօր ականատես կը դառնանք` կործանարար բնոյթ կրող հակամարտութիւններու, պետականօրէն կազմակերպուած ջարդերու, սովամահութեան, հալածանքներու եւ տեղահանութիւններու: Անմարդկային այս ջարդերը կազմակերպողները դատապարտումի չենթարկելով, ամբողջ աշխարհի յառաջադէմ կարծուած երկիրներուն ղեկավարները, իրենց կրաւորական կեցուածքին համար, մեղսակից կը նկատուին այս չարիքին իրականացման:

Աշխարհի արդարատենչութեան ձգտումը կարծես ջլատման եզրին հասած է` անցեալի պատմութեան խոտոր ընթացքին չհակազդելով, եւ միաժամանակ անկարողութեան մատնուած` կապ չհաստատելով այսօրուան սարսափելի պատահարներուն եւ անցեալին անպատիժ մնացած գործողութիւններուն միջեւ: Այսօր այնպիսի վիճակ մը կը տիրէ, որ գուցէ այպանելի արարք մը դատապարտուի խիստ զայրոյթով կամ արդարացուի ամէնէն հանգիստ արտայայտութիւններով` նայած յանցագործին եւ  զոհին ինքնութեան:

Ընտրովի դասակարգուած մարդկութիւնը եղած է այս դարու ամէնէն ցաւալի եւ հիասթափեցնող երեւոյթներէն մէկը: Հետեւաբար այս անբարենպաստ  պայմաններէն մեկնելով` կը տեսնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով Արցախը հայաթափուած է, Հայաստանի ապագան վտանգուած է, իսկ հայ ժողովուրդը` պառակտուած եւ յուսալքուած: Արցախի անկումը պարզապէս տարածքային կորուստ մը չէր, ան քանդեց Հայաստանի անվտանգութեան համակարգին ողնաշարը եւ ինքնիշխանութիւնը:

Այս փուլին հայ ժողովուրդին մէջ խորացած է անվստահութիւնը` թէ՛ իր սեփական ուժերուն եւ թէ՛ քաղաքական վերնախաւին նկատմամբ, եւ դժբախտաբար հիասթափութիւնը թոյլ չի տար տեսնելու յաղթանակի կամ արդարութեան ճանապարհի նշոյլը: Յուսալքութեան, անտարբերութեան կամ անձնատուութեան յանձնուած ըլլալով` այս թոյլ հոգեվիճակը հայրենիքը անդառնալի կորուստի կրնայ մատնել:

Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են 39 երկիրներ: Սակայն Թուրքիան մինչեւ այսօր կը մերժէ ընդունիլ իր արիւնալի անցեալը` հատուցման պարտաւորութենէն խուսափելով, եւ հակառակ այս բոլոր իրադարձութիւններուն` Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները գործի լծուած են մեր պարծանքը հանդիսացող ազգային հիմնական արժէքները արհամարհելու… եւ դահիճը մեզի ներկայացնելու իբրեւ զոհ:

Այս պատճառով իսկ հայասպանութեան ողբերգական իրադարձութիւններուն նկատմամբ  աշխարհը հետզհետէ անտարբեր կը գտնուի. սակայն պէտք չէ ընկրկիլ այս այպանելի երեւոյթին դիմաց:

Արդ, ապրիլ 24-ը պէտք է դառնայ մեր արժանապատուութեան, միասնականութեան, հաւատքի, հաւաքական կամքի եւ սեփական ուժի մշտանորոգ աղբիւրը. ուստի նորահաս սերունդներուն պէտք է ջամբել վառ հայրենասիրութիւն եւ անկոտրում հաւատք, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց նախորդներուն արդար պահանջատիրութիւնը:

Սփիւռք եւ հայրենիք պէտք է առաջնորդուին մէկ եւ միեւնոյն տեսլականով եւ քաղաքական յստակ դիրքորոշումով:

Մենք` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներս, ականատես եղած ենք Արցախի սպանդներուն եւ այժմ կը շարունակենք ականատես ըլլալ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող արհաւիրքներուն: Այս երեւոյթը փաստ մըն է, որ Հայ դատը միայն ազգային գերխնդիր մը չէ, այլ նաեւ` համամարդկային արդարութեան ձգտումին յարաճուն պայքարը. տրուած ըլլալով, որ աշխարհը կը շարունակէ զոհերը զատորոշել ըստ քաղաքական շահերու, հետեւաբար ցեղասպանութեան արհաւիրքը պիտի շարունակէ մնալ սպառնալիք` ամբողջ մարդկութեան համար:

Մեր պահանջատիրական պայքարը կը կայանայ ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումին, այլեւ ներկայ ժամանակներու այլասերումին եւ անտարբերութեան կասեցումին մէջ:

Ուրեմն նախազգուշութեան ահազանգ հնչեցնենք եւ յարատեւ պայքարի ուխտի հրաւիրենք մեր երիտասարդութիւնը:

Ժամն է ազգային բարձր գիտակցութեամբ ընդառաջելու այս կոչին եւ գործի լծուելու` վերստին ազգովին աղէտ մը չապրելու համար:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 111-Ամեայ Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Պահանջատէր Մնանք` Արդար Հատուցման Տեսլականով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.