Լիբանան Եւ Հայաստան. Երկու Անորոշ Վիճակ
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ հանգրուանը պիտի իրականանա՞յ, թէ՞ ոչ: Միացեալ Նահանգներ լաւատես տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, կը դիմեն խանգարիչ արարքի մը (Իրանի ծովային պաշարման) եւ կը սկսին գործածել ծայրայեղօրէն սպառնալից խօսելաձեւ: Լաւատեսական տեղեկութիւնները եթէ արդիւնք են Իրանի կողմէ կատարուած զիջումներու, ինչո՞ւ յանկարծակի կը փոխուին դրական նախատեսութիւնները, եւ կը հեռանայ համաձայնութեան կարելիութիւնը: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ...




















