ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Փոքր տարիքէս միշտ ներկայ եղած եմ ու մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տարբեր նախաձեռնութիւններու` Քեսապի, Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ: Այդ սուրբ օրը մինչեւ եօթանասուն տարիներ առաջ ընդունուած էր իբրեւ սուգի օր: Ազգովին կը սգայինք, կը ցաւէինք, մինչ մեր սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները աղերսագիրներ կը ներկայացնէին աշխարհի մեծ պետութիւններուն կամ միջազգային կազմակերպութիւններուն… սակայն` ապարդիւն: Ու այդպէս ընթացաւ, մինչեւ որ այդ սգատօնը վերածուեցաւ պահանջատիրութեան ու հատուցման օրուան:
Շուտով պահանջատիրութիւնը ունեցաւ նաեւ իր վճռական գոյնը:
Ցարդ կը յիշեմ, որ 1965-ին, Քեսապի Ազգային գերեզմանատան գագաթին (մեր տան դիմաց) կառուցուեցաւ Ապրիլեան ոգեկոչման յուշարձանը, որուն կեդրոնը կը բարձրանար շաղախաշէն կերոն մը, որ կը մխար` ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնց հինգ հազարը քեսապցի հայորդիներ էին:
Քեսապի մէջ սովորութիւն դարձած էր Վարդանանքի տօնակատարութիւնը կատարել Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Ապրիլեան նահատակներուն ոգեկոչումը` Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ սգակիր ժողովուրդը հետիոտն կը բարձրանար եկեղեցւոյ մօտակայ Ազգային գերեզմանատունը, ուր յուշարձանին շուրջ-բոլորը կը բարձրանար աղօթք եւ կը կատարուէր հոգեհանգիստ ի յիշատակ նահատակներուն:
Աւելի ուշ` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, յուշակոթողը վերանորոգուեցաւ եւ ստացաւ նոր տեսք:
Ի դէպ, Սուրիոյ երիտասարդական միութեան կազմաւորումէն ի վեր, ամէն տարի, ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ՍԵՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի կ՛ունենայ հսկում` ի յիշատակ Ապրիլեան նահատակներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ պաշտօնապէս ճանաչումէն ի վեր, անցնող հնգամեակին տեղի ունեցած ոգեկոչումներուն եկեղեցւոյ մէջ մասնակից կը դառնար նաեւ Քեսապի պետական աւագանին` ընկերակցելով ժողովուրդի քայլերթին` դէպի եկեղեցւոյ մօտ գտնուող յուշակոթողը` Քեսապի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ:
Երբ աւարտեցի Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց վարժարանի (նախակրթարան էր այն ատեն) ընթացքն ու մեկնեցայ Լիբանան` Պէյրութ, ուսումս շարունակելու, այնտեղ մասնակից դարձայ 1975-ին տեղի ունեցող 60-ամեակի նախաձեռնութիւններուն, որոնք երբեք չեն խամրած յիշողութեանս մէջ:
Այսպէս, ոգեկոչումներուն ամէնէն տպաւորիչ արտայայտութիւնը եղաւ ժողովրդային քայլարշաւը` պաստառներ բարձրացուցած, Պուրճ Համուտի մարզադաշտէն մինչեւ Պէյրութի կեդրոնը` Նահատակաց հրապարակը (կարծեմ թէ 6 մայիս 1975-ին):
Կը յիշեմ նաեւ Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանին (Պէյրութ, Մեքսիք փողոց` Հայկազեան համալսարանին կից) շրջափակին մէջ կայացած աշակերտական, ուսանողական եւ միութենական հաւաքը` Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ: Ապա ներկաներս ուղղուեցանք դէպի Համրայի շրջան ու նստացոյց կատարեցինք ցեղասպանին պետական ներկայացուցչական գրասենեակներուն դիմաց:
1976-ին, արդէն հարկադրաբար լքած էի Լիբանանը եւ ուսման համար մեկնած Հալէպ, ուր ոգեկոչումները տեղի կ՛ունենային եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հալէպի շարժապատկերի մեծագոյն սրահին (Cine Ugarit) մէջ: Իսկ վերջերս ՍԵՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենար ջահերթ, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի (Նոր Գիւղ) բակէն դէպի Ազգային գերեզմանատուն, որուն մատրան մէջ եւս կը կատարուէին աղօթք ու հոգեհանգիստ:
***
Սակայն այսօր` 2026-ին, աշխարհը արդէն նման չէր երէկուան աշխարհին: Ան դարձած է քաոս ու «Բաբելոն», մանաւանդ` քաղաքական աշխարհը:
Տագնապներ, պատերազմներ կ՛ալեկոծեն մարդկութիւնը: Միջազգային որոշումներու դրժում, ուրացում ու խախտում… գիտակցաբար ուրացում: Մանաւանդ ցեղասպանութիւններու ուրացում, նաեւ` նորանոր ցեղասպանութիւններ ու սպանդներ:
Աւելի ահռելին` Հայոց ցեղասպանութեան դրժումի, մոռացումի ու անտեսումի նախաքայլեր` նոյնինքն Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, վասն երեւակայածին ու փարատոքսային խաղաղութեան մը, որուն հետապնդողներն իսկ չեն հաւատար անոր:
Միւս կողմէ, երկրագունդին տիրելու, ուժանիւթի, թանկարժէք հանածոներու տիրանալու համար կոյր ու արիւնարբու արշաւը տակնուվրայ ըրած է արդէն աշխարհը, մանաւանդ` մեծապետական ռազմաքաղաքական վերնախաւը:
Նոյն այդ մեծապետական աշխարհը արդէն թշնամացած է հայութեան: Վկայ` Արցախի կորուստն ու հայաթափումը, որուն դիմաց աշխարհը կոյր ու խուլ մնացած էր, նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող ու դատապարտող երկիրներ: Միւս կողմէ, այլ փոքր ազգերու ու երկիրներու տրորում ու տարագրութիւն…
Իսկ ի՞նչ պատկեր կը պարզէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Վերը մատնանշեցինք արդէն Հայաստանի իշխանութիւններուն կեցուածքն ու յայտնի եւ անյայտ մտածումներն ու քայլերը, հակառակ հայրենի ժողովուրդի զանգուածին, որուն համար անժամանցելի է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հատուցման պահանջը: Այսօր պերճախօս արտայայտութիւն է բիւրաւոր հայորդիներու երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը (որուն շինութիւնը սկսաւ 50-ամեակէն անմիջապէս ետք` 1966-1967, խորհրդային իշխանութիւններուն օրով), ինչպէս նաեւ ապրիլ 23-ին երիտասարդական մարդաշատ ջահերթը:
Սակայն սփիւռքի իրավիճակը այնքան ալ մխիթարական չի թուիր:
Արդէն սփիւռքահայութիւնը տագնապներուն պատճառով մեծաւ մասամբ հեռացած է հայկական բռնագրաւուած հողերուն մօտակայ երկիրներէն (Սուրիա, Իրաք, Իրան եւ Լիբանան):
Նոր սերունդը յետսփիւռքեան 5-րդն է, որ յաճախ կորսնցուցած է իր մայրենի լեզուն եւ հեռացած հայկական ինքնութենէն: Անոր վրայ ազդած են իւրաքանչիւր երկրի ընկերային-տնտեսական իրավիճակները, թէեւ տակաւին կը յամենայ այնպիսի զանգուած մը, որ տէր կը կանգնի իր հայկական ինքնութեան, պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:
***
Վերոյիշեալ հպանցիկ իսկ պատկերը մեզ թերեւս ստիպէ` ի տես այդ իրավիճակներուն, մտահոգուելու, գոնէ մտածելու եւ հարց տալու.
– Ապրիլ 24… 2026… Դէպի ո՞ւր:
Քեսապ




