ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Առնուազն այդպէ՛ս պէտք է որ ըլլայ: Թէ` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, կը բացատրեմ…
Այնճար, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբ, 1966, Ամառ:
Այդ օր Պէյրութէն կուսակցական անձնաւորութիւն մը եկած էր` ժամանակակից հայ երիտասարդի պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու մասին դասախօսելու: Թէեւ իր խօսքը առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շուրջ կը դառնար, սակայն ընթացքին ան պարբերաբար կը կրկնէր ու խօսքը ուղղելով մեզի` կ՛ըսէր. «Մեր յոյսը դո՛ւք էք, դո՛ւք էք մեր ապագան» ու շեշտը կը դնէր «Առողջ ու գիտակից երիտասարդութեան» վրայ:
Երբ պատանիները ցրուեցան, վարչութեան անդամներն ու քանի մը ընկերներ (Սեպուհ Սգայեան, Վարուժան Փանոսեան, Յակոբ Կեպէշեան, Նորայր եւ Սերոբ Շերպէթճեան եղբայրներ, Պետիկ Ինճէեան, Յովհ. Մաճարեան եւ այլն), տեղաւորուեցանք գրադարանը (որուն պատասխանատուն էի այդ օրերուն) ու սկսանք քննարկել օրուան դասախօսին պատգամը, եւ ոչ միայն տարբեր կարծիքներ ու մեկնաբանութիւններ արտայայտուեցան, այլ նոյնիսկ վէճ յառաջացաւ մէր մէջ: Սակայն մէկ հարցի շուրջ բոլորս համաձայն էինք, որ մենք ոչ թէ պէտք է սպասենք ապագային, որպէսզի որոշում տալու եւ գործելու իրաւունք ձեռք բերենք, այլ մենք` իբրեւ «Առողջ ու գիտակից երիտասարդներ», պէտք է `«Ներկան ըլլանք եւ ոչ թէ ապագան»:
Այս դէպքը յիշեցի, որովհետեւ անցնող ամրան, երբ եղբօրս` Պետիկի (Պետրոս Հերեան) աշակերտական շրջանին գրած բանաստեղծութիւնները կ՛որոնէի Այնճարի Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի հրատարակած «Մուսա Լեռ» պարբերագիրքին մէջ, որպէսզի յանձնեմ զանոնք հայրենի գրականագէտներ` Դաւիթ Սարգսեանին, Լուսիա Մեհրապեանին եւ Սուրէն Աբրահամեանին (որոնք հետաքրքրուած էին Պետրոս Հերեանի սկզբնական շրջանի բանաստեղծութիւններով), յանկարծ աչքիս զարկաւ «Եղեռնի» տպաւորութեան տակ իմ գրած մէկ շարադրութիւնս, ուր դրսեւորուած տեսայ ոչ միայն իմ, այլ առհասարակ իմ սերունդիս գնահատանքն ու կեցուածքը` «Եղեռն»-ի նման ահաւոր ոճիրներու եւ անարդարութիւններու հանդէպ, այլ նաեւ անուղղակիօրէն կը բացատրուէր, թէ ինչո՛ւ այդ օրերուն մենք` երիտասարդներս, կ՛ուզէինք «Ներկան ըլլալ եւ ոչ թէ ապագան»: Տարիներ ետք կարգ մը կուսակցական ղեկավարներ պարբերաբար շեշտեցին, որ «Երիտասարդութիւնը մեր ներկան պէտք է ըլլայ»: Նոյնիսկ Արամ վեհափառը առիթով մը յանդգնութիւնն ու իմաստութիւնը ունեցաւ յայտարարելու, որ` «Երիտասարդութիւնը մեր ներկան է»:
Որպէսզի ճիշդ հասկնանք զիրար, Հայոց ցեղասպանութեան տպաւորութեան տակ գրուած եւ «Ո՞ւր ես…» խորագրուած այս «Յուշագրութիւնը» ամբողջութեամբ կ՛արտագրեմ ստորեւ, վրիպակային որոշ ճշգրտութիւններով եւ առանց սակայն իմաստային որեւէ փոփոխութեան:
Կիրակի, 23 Ապրիլ 1967:
Գիշեր էր, երբ տուն վերադարձայ:
Անկողին մտայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերուն յիշատակով, միտքս պղտոր, հոգիս դատարկ, սիրտս տխուր:
* * *
Կը յառաջանամ խումբին հետ, չեմ գիտեր` ո՛ւր: Գարունը կը ծաղկի
Մեղմ հովը իրեն հետ
Միտքս կը տանի
Լուսադէմ է, կարաւանը կ՛երթայ:
Քալեցի, քալեցի,
Տէր Զօրը բարեւեցի.
Բարեւս չառաւ
Եաթաղան ցոյց տուաւ:
Մահուան վախը ուժգնօրէն կը հարուածէ զիս:
Ողբն ու կականը ոխով կը լեցնեն հոգիս:
Երկիրը ցնցուեցաւ,
Արիւնախառն աւազը
Երկինք բարձրացաւ:
Նոյն արիւնով բիւրաւորներ` նորածինէն մինչեւ ծերը, հայօրէն կանգնած` կը կանչէին մահը: Հաւատքով կը մօտենային գազաններու, որոնց սխալմամբ մարդու ձեւ տրուեր էր, եւ որոնք կը փորձէին հայու արիւնով յագեցնել անապատ մը:
Մասնակցեցայ չարչարուողներուն եւ տառապեալներուն վշտին ու սրտաճմլիկ աղաղակներուն:
Խառնիճաղանճին ձայնը խարոյկի մը պէս կը ճարճատէր, եւ ծուխի պէս թեւեր առած` կը բարձրանար դէպի երկինք:
Երբ դառն բացագանչութեամբ կը փնտռէի արդարութիւնը, որ կորսուած էր, երկու ջղաձիգ բազուկներ երկարեցան աչքիս եւ ամուր մը սեղմեցին կոկորդս, նման` գունաւոր օձերու, զորս կեանքիս մէջ պիտի չուզէի տեսնել… երբե՛ք:
Արթնցայ:
Աչքս բաց դիտեցի շրջապատս, մեր տան մէջ էի, մե՛ր տան… բայց սա դիմացի պատը ինչո՞ւ սեւ է, ո՞վ սեւցուց զայն, մանաւանդ որ հայելին կախուած էր անկէ: Սե՜ւ, ինչո՞ւ:
Շտկուեցայ ու նստայ անկողնիս մէջ: Պաղ հով մը խուժեց պատուհանին անցքերէն ու սառեցուց մարմինս, կարծես ջուրը ինկած էի, բայց ես տունէն չելայ. հոգ չէ, քրտներ էի:
Պատի սեւութեան մէջ ուրուագիծներ տեսնուեցան, ոմանց դէմքը ծանօթ էր ինծի: Լսելի ձայնով թոթովեցի` Գրիգոր Զոհրապ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ… ու չճանչցայ միւսները: Անոնք զանազան ձեւերով իրողութիւններ կը բացատրէին իրարու… թէեւ չէի լսեր անոնց խօսքերը, սակայն համոզուած էի, որ իմաստալից, թանկարժէք էին: Աւա՜ղ, չէի լսեր:
Աչքերս յառած պատին` մարմինս կը սարսռար, ակռաներս նոյն ներդաշնակութեամբ կը կափկափէին, հոգիս յուզումով ու զարհուրանքով լեցուն` կը մնայի անշարժ: Սիրտս էր միակ շարժողը, որուն զարկերը կը թնդացնէին ականջիս թմբուկները: Անոնց աչքերէն կը հասկնայի, թէ մեծ կորուստ մը ունէին եւ կը պահանջէին լրիւ շահուած տեսնել զայն:
Կամացուկ մը գլուխս դարձուցի: Կը զգայի, թէ պաղը կը թափանցէր մարմնէս ներս:
Աչքերս վերցուցի ու…
Ահա այս անգամ ճերմակ պատին վրայ` Անդրանիկներ, Համազասպներ ու Թեհլիրեաններ: Ուշադրութիւնս գրաւեց Թեհլիրեանի ոտքերուն տակ Թալէաթը, որուն երախէն հասկցայ, որ կ՛ըսէր. «Բայց դուք դեռ հայրենիք չունիք»:
– Ունի՛նք…,- պոռացի ու անոր գլուխը ճզմուեցաւ Թեհլիրեանի կրունկին տակ:
– Ի՞նչ ունինք…,- ըսաւ եղբայրս, որ ձայնէս արթնցած էր:
– Ոչինչ…,- ըսի ու զղջացի: Ո՞վ ըսաւ, թէ ոչինչ ունինք:
Ջիղերս պրկուեցան, շնչառութիւնս արագացաւ, հագուստս մարմնիս փակած էր:
Աչքերս փակ պրպտեցի պատմութեան էջերը, ապրեցայ փառքերու մէջ, սակայն մտքէս չելաւ Ապրիլեան Մեծ եղեռնը: Ու վերադարձայ մեր օրերուն…
Հիմա Կարմիր ջարդը փոխուեր է ճերմակի, որ կը կատարուի անտեսանելի սուրով մը, եւ յիշեցի Թալէաթի խօսքը` «Բայց դուք դեռ հայրենիք չունիք»:
Միտքս պղտորեցաւ, եւ կոպերս ծանրացան:
Արդի ժամանակներէն կրկին վերադարձայ դէպի ետ, մինչեւ քարէ դարերը ու արդարութիւնը գտայ: Ամայութեան մէջ ան կը քալէր հանդարտ ու յամրաքայլ:
Մազերը տուած հովի քմայքին, հագած նուրբ ու ճերմակ շրջազգեստ` վրան կապած կարմիր գօտի ու մէջքին սուր:
Ուշ գիշեր էր:
Լիալուսինը ջահի պէս կախուած էր երկնակամարէն: Աստղերը աչուկ կ՛ընէին իրեն ու կը ժպտէին, կը ժպտէր ինք եւս…
Չար էր ան, սիրուն եւ ուրախ: Զեփիւռի թաւշային մատներու հպումին տակ մարմինը կը հրճուէր, քղանցքները կը ծփային սպիտակ մեծ թիթեռի մը պէս…
Բայց յանկարծ երկինքը պատռեցաւ: Լոյսէ գունդ մը կայծակի արագութեամբ կ՛իջնէր` կրակէ շանթեր արձակելով ետին. վազեց ան… վազեց ու ճանկեց այդ լոյսը:
Խոցուած սիրտ մըն էր, որմէ արիւն կը կաթկթէր: Բացուեցաւ ու արդարութիւնը կարդաց.
– Հաւատք, յոյս, պատիւ, աշխատանք, պայքար, կեանք, յեղափոխութիւն, խաբէութիւն, ազատութիւն, ազգութիւն ու… բայց` ո՛չ արդարութիւն:
Գունատեցաւ ան, մկանները պրկեց, ակռաները սեղմեց ու առանց ետին նայելու` ջղաձիգ քայլերով հեռացաւ:
Հոս, ամպերը արթնցան, որոտացին ու ձիւնը սառեցուց արդարութեան ճամբան:
Հոն, արեւը իր պորտին վրայ կանգնեցաւ ու խայթող շանթեր արձակելով` չորցուց արդարութեան ճամբան:
– Ո՜վ մարդիկ, ո՞ւր է արդարութիւնը, կա՞յ արդարութիւն: Եթէ կայ, վստահ եղէք, որ մե՛նք կը գտնենք զայն…
ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Ժ. դասարան
«Մուսա Լեռ» պարբերագիրք, Ե. տարի, թիւ 1(9)

Այն ատեն այդպէս էր, այսօր ուրի՜շ է: Քառասուն տարիներ անցած են, ես երէց եմ արդէն, եւ շատ բան փոխուած է թէ՛ իմ մէջս եւ թէ՛ առհասարակ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այնուամենայնիւ, երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած համոզումս թէեւ փոխուած չէ, սակայն կայ նուրբ հարց մը, որ կարիք ունի բացատրութեան:

Հիմա ալ կը հաւատամ, թէ` «Երիտասարդութիւնը պէտք է, որ մեր ներկան ըլլայ», որովհետեւ երիտասարդութիւնը ազգային այն ներուժն է, որ յաճախ կրցած է փոխել կեանքի ընթացքը, պատմութեան անիւն ու նոյնի՛սկ աշխարհագրութիւնը:

Սակայն հոս պահ մը կանգ առնենք ու մէջբերենք մեր դիւցազներգութեան մեծագոյն «դասը», որ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի այս հարցին: Չորս սերունդ ներկայացնող «Սասնայ Ծռերու» գլխաւոր հերոսները, բոլորն ալ ոչ թէ երիտասարդներ, այլ նոյնի՛սկ պատանեկան տարիներուն կը սկսին պաշտպանել իրենց ժողովուրդի ազգային ու մարդկային իրաւունքները, ազատագրել, շէնացնել ու բարգաւաճացնել իրենց հայրենիքն ու օգնել նաեւ ուրիշներուն: Սակայն անոնք իրենց կողքին իբրեւ օգնական եւ խորհրդատու` ունէին կեանքի յորձանուտին մէջ թրծուած այլ դիւցազուն մը` Քեռի Թորոսը, որ ի սկիզբանէ` հայ ազգի ծննդոցէն մինչեւ վերջ, ի յայտ կու գայ իբրեւ «առողջ ու գիտակից» երէցներու ներկայացուցիչ, որ ո՛չ կը մեծնայ, ո՛չ կը ծերանայ եւ ո՛չ ալ կը մահանայ… Չես գիտեր` ինչո՛ւ Քեռի Թորոսի մասին գրեթէ չի խօսուիր, հակառակ անոր որ ան ամէնէն դրական ու ամէնէն ուսանելի կերպարն է մեր դիւցազներգութեան մէջ:
Պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, որ այն բոլոր երիտասարդները, որոնք իրենց կողքին չեն ունեցած առողջ եւ գիտակից քեռի թորոսներ կամ օգտուած` կեանքի փորձառութեան վրայ հիմնուած երէցներու իմաստութիւններէն, ձեռք բերելով հանդերձ մեծ յաղթանակներ ու շօշափելի նուաճումներ, անոնք երիտասարդ տարիքներուն կործանուած են, առանց կարենալ շարունակելու իրենց առաքելութիւնն ու իրագործելու` իրենց բոլոր նպատակները: Այնպէս, ինչպէս հին եգիպտացիներու Նեֆերթիթին եւ Կղէոպատրան, հին յոյներու Ալեքսանդր Մակեդոնացին, արաբներու Փալմիրայի Զենուպիա թագուհին եւ կամ թէկուզ` ֆրանսացիներու Ժան տ՛Արքը: Իսկ անոնք, որոնք իրենց կողքին ունեցած են քեռի թորոսներ կամ օգտուած են կեանքի փորձառութեան վրայ հիմնուած անոնց ձեռք բերած իմաստութիւններէն, անոնք կրցած են շարունակել իրենց առաքելութիւնն ու իրագործել իրենց նպատակները եւ իշխած են երկար տարիներ ու յաճախ` բնական մահով մահացած: Այնպէս, ինչպէս հին եգիպտացիներու Հաչեպսութ փարաւոնուհին, չիներու Ցին Չի Հուանկ առաջին կայսրը, հռոմէացիներու Օգդաւիանոս մեծագոյն կայսրը (Օգոստոս) եւ կամ թէկուզ` թուրքերու Մեհմետ Բ. սուլթանը…

Այսօր աշխարհը քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային գետնի վրայ ճակատագրականօրէն խառնաշփոթ եռեւեփումի մէջ է… կեանքը տագնապալից է ու ապագան` անորոշ: Ինչպէս ուրիշներու, այնպէս ալ ոտնահարուած են նաեւ մեր ազգային ու մարդկային իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը: Խիստ վտանգուած են մեր ոգեղէն արժէքներն ու ազգային ինքնութիւնը: Գոյատեւման պայքարը թէեւ կը շարունակուի, սակայն տիրող պայմաններն ու հնարաւորութիւնները, ըլլան անոնք միջազգային, ազգային թէ հայրենական, աննպաստ են մեզի համար ու թերի: Այս բոլորին առընթեր, եթէ մենք մտահոգ ենք մեր ազգային ճակատագիրով, ապա անյապաղ պէտք ունինք մեր առողջ ու գիտակից երիտասարդութեան ներուժին, անոր թարմ ու շինիչ ստեղծագործ մտքին ու գաղափարներուն, յատկապէս` «յանդգնութեան», որպէսզի որոշում տալու եւ գործելու իրաւունք ունենան ներկայի մէջ` իրենց կողքին ունենալով սակայն Քեռի Թորոսի նման երէցներ…
Վերջացնելէ առաջ կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ժամանակակից արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վրայ: Վերջին տասնամեակներուն աշխարհը փոխող, կեանքի ընթացքը ուղղորդող եւ յաղթանակներու աւարտը որոշող մեծագոյն ուժի` ԱԲ-ի վրայ, որուն մեծագոյն ռահվիրաները, գրեթէ բոլորն ալ երիտասարդներ եղան, ինչպէս` «Ամազոնի» հիմնադիր Ճեֆ Պեզոսը, «Ափըլ»-ի հիմնադիր Սթիւ Ճոպսը, «Ալի Պապա»-ի հիմնադիր Ճեք Մանը, «Թեսլա»-ի հիմնադիր Էլոն Մասքը, «Մայքրոսոֆթ»-ի հիմնադիր Պիլ Կէյթսը, «Ֆէյսպուք»-ի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկը եւ այլն:
Այո՛, կը կրկնենք, որ` «Երիտասարդութիւնը մեր ներկան պէտք է որ ըլլայ եւ ոչ թէ ապագան»:
Երեւան, 2026, ապրիլ







