ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
«Ամենասիրելի գերապայծառ հա՛յր իմ,
… Խեղճ Գեր. Պաթմանեանին համար լսած ըլլալու էք, որ քիւրտերը գիշեր ատեն սենեակը մտնելով` պալթայով կտոր-կտոր ըրեր են: Յիրաւի շատ եւ շատ ցաւացի այս լրոյ, ինչ խեղճ եւ ողորմելի վիճակ է մեր Հայաստանու վիճակը, մինչեւ ցերբ…»:
Ն. Ո.
Իգնատիոս Քհնյ.Մալոյեան
յԱղեքսանդրիա
1899 յունիս 27
Փոքր Հայքի տարածքին եւ հետագային Սեբաստիոյ նահանգին մէջ ընդգրկուած Եւդոկիան` Թոխաթը, հայ առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու համար տարանցիկ շուկայ էր, անոնց աշխատանքի արդիւնաբերութիւնը երկրէն դուրս արտահանուելով կը վաճառուէր եւրոպական երկիրներու մէջ: Այս առնչութեամբ կան այլազան փաստեր, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը Եւդոկիոյ հայոց մեծ պարծանք` ազգային բարերար Աղա Սամուէլ Մկրտիչ Մուրատ ազնուական պարոնն է, որ իր հօր հետ վաճառականութեամբ զբաղելով Հունգարիա կ՛երթայ, ապա կը հանդիպի Վենետիկի Ս. Ղազարու վանքը. մեկնած իր ազգասիրական մղումներէն, կ՛որոշէ Եւդոկիոյ մէջ դպրոց մը հիմնել: Սակայն այս երազանքը կ՛իրականացնէ Հնդկաստան երթալով դրամատէր դառնալէ ետք` 1815-ին: Ան Մխիթարեան միաբանութեան զգալի գումար մը կտակելով` մտադրած դպրոցը կառուցել կու տայ:
19-րդ դարու վերջերը Եւդոկիան ունէր մօտ 50.000 բնակչութիւն, որոնցմէ 30.000-ը հայեր էին եւ կ՛ապրէին մեկուսի: Եւդոկիան` Թոխաթը, տուած է մեծ թիւով ազգային գործիչներ:
Հոն ծնած եւ ստեղծագործած են հայ մշակոյթի եւ գիտութեան շարք մը ականաւոր դէմքեր, ինչպէս` տպագրիչ Աբգար Թոխաթցին, տաղասացներ Մինաս Թոխաթցի, Թաթոս Թոխաթցի, Ստեփանոս Թոխաթցի, Խաչատուր, Ղազար եւ Յակոբ Թոխաթցիներ եւ այլք: Եւդոկիոյ բարեյիշատակ Մատթէոս վրդ. Գարագաշեան, որ Մխիթար աբբահօր ատենադպիրն էր, քաջահմուտ աստուածաբան, հայկաբան, պատմաբան եւ լեզուաբան էր:
19-րդ դարուն Եւդոկիոյ մէջ կողք-կողքի, համերաշխօրէն կ՛ապրէին հայկական երեք յարանուանութիւնները, որոնք ունէին ինը եկեղեցիներ, եօթը առաքելական` Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ քաղաքի գլխաւոր հայկական եկեղեցիներէն մէկը նկատուած է, Ս. Կարապետ եկեղեցին յայտնի եղած է իր կրօնական եւ մշակութային նշանակութեամբ, Ս. Գէորգ, Ս. Առաքելոց, Ս. Յակոբ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիները: Իսկ կաթողիկէները` Ս. Խաչ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները: Աւետարանականները եւս ունեցած են իրենց եկեղեցին: Գործած են Ս. Յովակիմ-Աննայի վանքը եւ այլ սրբատեղիներ: Այլ եկեղեցիներ եւս եղած են Թոխաթի հայաբնակ թաղամասերուն եւ գիւղերուն մէջ, ինչպէս`
– Էնտիզ գիւղի Ս. Փրկիչ եկեղեցին
– Վարազ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցին,
– Պիսքինճիք գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցին
– Չիֆթլիք գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցին
– Պոլուս գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:
Գործած է հինգ վարժարան`
– Ազգային
– Ս. Երրորդութիւն-Ներսիսեան
– Ոսկեան
– Վարդանեան:
Երեք մանկապարտէզ-մանկամսուր, նաեւ թատերական խմբակներ:
1883-ին լոյս տեսած է «Երախայրիք» ամսագիրը: 1910-ին «Իրիս» հանդէսը: 1915-ին «Դարբնոց» շաբաթաթերթը: 1910-ին Պոյաճեան Յակոբ, իսկ 1914-ին Թեռմիրեան Տիգրան հիմնած են երկու տպարաններ:
Տխրահռչակ 1398 թուականին Եւդոկիան գրաւուած է օսմանցիներուն կողմէ:
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, ինչպէս հայկական միւս բնակավայրերուն մէջ, նոյնպէս ալ Եւդոկիոյ տարածքին թուրքերը հայերու նկատմամբ կործանարար քաղաքականութիւն վարելով` պատճառ դարձան, որ սոյն հայաբնակ վայրը իր երբեմնի հմայքը եւ աշխուժութիւնը կորսնցնէ, մանաւանդ որ Եւդոկիան տակաւին միջին դարերէն եղած էր հայ գրչութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը:
Այնտեղ հետզհետէ սաստկացած եւ անհանդուրժելի տարողութեան հասած թուրք-քրտական բռնութիւններն ու բրտութիւնները յանգեցան շրջանի ամայացման:
Ս. Իգնատիոս Մալոյեան յուզմունքով կը վկայէ սահմռկեցուցիչ դէպքի մը մասին, որ կատարուած է 1899-ին, Եւդոկիոյ մէջ` Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան վաստակաշատ անդամներէն` ողբացեալ Յարութիւն վրդ.Պաթմանեանի հետ:
Զմմառու Պատրիարքական կղերի լուսահոգի նահատակ միաբան Յարութիւն վրդ.Պաթմանեան ծնած է Եւդոկիա, 1813-ին: 20 փետրուար 1834-ին մուտք գործած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարանը: 26 օգոստոս 1838-ին, Տիրամօր Վերափոխման տօնին յաջորդող կիրակին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է` ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս Զ. Ճերանեան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, պահելով աւազանի անունը` Յարութիւն: Վաղեմի սովորութեանց համաձայն, առաջին քանի մը տարիները ծառայած է մայրավանքին մէջ: 1840-էն 1849-ը իր ծննդավայրի` Եւդոկիոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը ստանձնած է: 1849-էն 1851 գործուղուած է Պաղտատ` իբրեւ փոխժողովրդապետ: 1851-ի օգոստոսին Զմմառու վարչութեան հրաւէրով ժամանած է մայրավանք եւ մասնակցած` Հայ կաթողիկէ վերանորոգ պատրիարքութեան առաջին օրէնսդրական սիւնհոդոսին: 1851-էն 1856 անցուցած է մայրավանքին մէջ: 1856-ին` Այնթապ: 1860-ին Մարաշ (Գերմանիկ) կ՛երթայ Աբէլեան Պետրոս արքեպիսկոպոսին օգնելու: 1868-ին` դարձեալ Այնթապ: 1886-ին` Պոլիս: 1897-ին` արդէն պատկառելի ծերունի մը, վերադարձած է իր ծննդավայր Եւդոկիա, ուր զինք կը սպասէր եղերական վախճան մը:
27 յունիս 1899 թուակիր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նամակին մէջ, զոր յղած է իր մեծաւոր` Անդրէաս ծ. վրդ. Աղեքսանդրեանին, ան կը տեղեկացնէ, թէ` «խեղճ Գեր. Պաթմանեանին համար լսած ըլլալու էք, որ քիւրտերը գիշեր ատեն սենեակը մտնելով` պալթայով կտոր-կտոր ըրեր են: Յիրաւի շատ եւ շատ ցաւացի այս լրոյ, ինչ խեղճ եւ ողորմելի վիճակ է մեր Հայաստանու վիճակը, մինչեւ ցերբ…»:
Յանուն հաւատի եւ հայրենեաց նահատակութիւնը ուղեկիցը եղած է հայուն իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Ան այն լուսեպսակն է, որ զարդարած է եւ կը զարդարէ հայ տեսակի անկոտրում կամքը, որով Տէր Աստուած օժտած է զինք: Պիտի գան այն պայծառ եւ լուսաւոր օրերը, երբ մեր մարտիրոս ազգը իր բիւր նահատակներով հաշիւ պիտի պահանջէ իրեն դէմ կատարուած անմարդկային անիրաւութիւններուն համար:
Լուսաւոր է մեր ուղին եւ լուսաւոր ալ պիտի մնայ յաւիտեան:
Զմմառ







