Մտքի, Խղճի Ու Հոգիի Խոստովանանք (Քնար Աբրահամեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
1991-ի մութ ու ցուրտ գիշերներ.. Հայրենիքի կանչը ահազանգ էր քեզի համար: «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է, թող գայ» ըսի՛ր ու շատ չանցած` վեհ գաղափարը գործի վերածեցիր: Բազմանդամ ընտանիք, աշխատանք, լայն շրջանակ, հանգիստ կեանք` բոլորը ետիդ թողած` շտապեցիր պարտականութիւնդ ի կատար ածելու: Զինուած` անգլերէն լեզուի բարձր իմացութեամբ, համբերութիւնը, համեստութիւնն ու հեզութիւնը միջոց որդեգրելով` գրաւեցիր աշակերտներուդ սիրտերն...




















