Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Դասալքութիւնը

Յունուար 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Եթէ հայրենիքի գոյավիճակը վտանգի մատնուած չըլլար, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը կարելի էր ընդունիլ ըմբռնումով եւ անցնիլ: Բնական պայմաններու տակ, մեկնելով ողջախոհութենէ եւ քաղաքական պատշաճութենէ, կարելի էր շնորհակալութիւն յայտնել նախագահին` հայրենիքին ու ազգին մատուցած իր ծառայութեան համար ու անցնիլ:

Ցաւալիօրէն հայրենիքի պայմանները բնական չեն: Ողբալիօրէն անոր գոյութեան կը սպառնան մռայլ օրեր եւ դաժան զարգացումներ: Այս կացութեան մէջ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թերեւս միակ ապաւէնն է` պատուար կանգնելու ընդդէմ Հայաստանը այս անկումային ճակատագրին առաջնորդող մենատիրութիւն հաստատած երկրի գործադիր իշխանութեան եւ օրէնսդիր մարմինին:

Պիղատոսեան յատկութեամբ նախագահ Սարգսեան կը լուայ իր ձեռքերը եւ կը մեկնի: Ան փախուստ կու տայ իր պատասխանատուութենէն եւ կը փորձէ բացառել իր հաշուետուութիւնը, որ ինք պարտական է ու պիտի մնայ պարտական հայրենիքին եւ սփիւռքին:

Պրն. Սարգսեան հանգիստ սրտով ու հանդարտ խղճով կը լքէ իր պաշտօնը այն պահուն, երբ իր նախագահած երկիրը աստիճանաբար կը քանդուի արտաքին թշնամի ուժերու հարուածներով, ազգը փուլ կու գայ երկրի ներքին ուժերու դաւադրութեամբ: Ան կը մեկնի մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու անէացման վտանգի խոր գիտակցութեամբ:

Թափող ջուրի ո՛չ մէկ կաթիլ կ՛ընդունի, որ ի՛նքն է պատասխանատու պատահած ջրհեղեղին: Բայց մեր երկիրը ողողող ջրհեղեղին մէջ պրն. Սարգսեան կաթիլ մը չէր, այլ իր ստանձնած պաշտօնի բերումով ան ջրվէժ մըն էր:

Երկրի ղեկավարութեան մէջ ջրհեղեղէն ետք առաջնորդին ինքնակամ հեռացումը երկչոտութեան մեծագոյն ապացոյցն է: Պրն. Սարգսեանի պարագային երկչոտութիւն վերագրելը թերեւս մեղմագոյն մեղադրանքն է, որ, ինչպէս իր պաշտօնավարութեան անցնող չորս տարիները կը վկայեն, ան սիրով պիտի ընդունի: Բայց պրն. Սարգսեանի հրաժարականը ներկայ պայմաններու տակ շատ աւելին է, քան` լոկ երկչոտութիւն: Անոր հրաժարականը աղաղակող դասալքութիւն է:

Անշուշտ, ինչպէս իր հրաժարականի բացատրութեամբ կը փորձէ ապացուցել, ան ինքզինք կը նկատէ անմեղ եւ ամբողջ մեղքը կը բարդէ Հայաստանի սահմանադրութեան եւ անկէ բխող պետական կառոյցին վրայ:

Պրն. Սարգսեան հրաժարելու իր որոշումը կ’արդարացնէ այն հիմամբ, որ սահմանադրութիւնը սահմանափակած է իր հեղինակութիւնը, իր ձեռքերը կապուած են, եւ ինք ազդու գործ կատարելու կարողութենէ զրկուած է: Ի զուր ինքնարդարացում մըն է այս երեմիականը, որովհետեւ սահմանադրութիւնը հանրապետութեան նախագահին կը տրամադրէ անչափելի հեղինակութիւն եւ լիազօրութիւններ` հակակշռելու կամ խափանելու կառավարական որոշումներ ու սանձարձակութիւններ` ներքին թէ արտաքին բնագաւառներու մէջ:

Նախագահ Սարգսեան ի՛նք անտեսեց եւ ջլատեց սահմանադրութեամբ նախագահին տրամադրուած հեղինակութեան եւ ուժի կռուանները: Յետադարձ ակնարկով այսօր որքա՜ն ակներեւ է իր կրաւորականութիւնը` սահմանադրական իրաւասութիւններուն նկատմամբ:

Եւ այսպէս, պրն. Սարգսեան կը հեռանայ: Կը հեռանայ այնպիսի պահու մը, երբ իր ներկայութեամբ ու աւելի նախաձեռնող նախանձախնդրութեամբ պէտք էր հեղինակութեան կորիզը դառնար հաւաքականօրէն մեզի սպառնացող վտանգներուն:

Իբրեւ բազմակողմանի գիտելիքներու տէր մարդ` պրն. Սարգսեան վստահաբար գիտէ հռոմէացի քաղաքական գործիչ Մարքուս Թուլիուս Կիկերոնի երկու հազար տարի առաջ հնչեցուցած ահազանգը, որ` «Ազգ մը կրնայ դիմանալ իր տխմար, նոյնիսկ փառասէր առաջնորդներուն: Բայց ան չի կրնար դիմանալ ներքին դաւաճանութեան: Որովհետեւ դաւաճանը չի ներկայանար իբրեւ դաւաճան, այլ ան կը խօսի իր զոհերուն լեզուով եւ կը դիմէ մարդոց սրտին խորքը պահուած ստոր զգացումներուն: Ան կը փճացնէ ազգի ոգին: Ան կը գործէ գիշերուան մթութեան մէջ գաղտնօրէն եւ թաքուն` քանդելու համար երկրին հիմերը: Ան կը վարակէ քաղաքական մարմինը, որպէսզի ազգը այլեւս չկարենայ տոկալ»:

Այս գիտակցութեամբ, պրն. Սարգսեանի կամովի հեռացումը կարելի է բացատրել միայն դասալքութեամբ:

Դասալքութեան ահաւորութիւնը կը կայանայ այն գիտակցութեան մէջ, որ մեր հաւաքական իրաւունքները անէացնողները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ իրենց օտարածին առաքելութեան: Նախագահ Սարգսեան քաջատեղեակ է այդ առաքելութեան նպատակներուն.

ա) Մասնատուած ու փոքրացած Արցախի Հանրապետութեան վերջնական միաձուլում Ազրպէյճանի տարածքին մէջ,

բ) Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագծի վերջնական ճանաչում (սահմանագիծ մը, որ իրաւականօրէն չէ հաստատուած եւ պէտք չէ հաստատուի, այնքան ատեն որ Թուրքիա ապօրինաբար բռնագրաւած կը պահէ հայութեան հայրենական տարածքները` սահմանին միւս կողը),

գ) Հրաժարում Սեւրի դաշնագրէն,

դ) Իրաւականօրէն մերժում Ուիլսընի իրաւարար վճիռին,

ե) Սփիւռքը հայրենիքէն օտարացնելու աւելի խորացում,

զ) Հայ դատը դարձնել իմաստազուրկ եւ ժամանակավրէպ,

է) Շարունակել հետապնդումը հայրենի ժողովուրդի ապազգայնացման:

Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող այս հեռանկարներով կը հեռանայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Կը հեռանայ սովորական ճամբորդի նման, բայց` դասալիքի ցուպը ձեռին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հարաւը, Մեր Սահմանները Եւ… Միակ Ճամբան

Յաջորդը

Որպէս Անսպառ Աղբիւր Ներշնչման…

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?