ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2000 թուականի աշնան էր, որ առաջին անգամ այցելեցի Լիբանանի հարաւային շրջաններ։
1990-էն ի վեր Լիբանանի հարաւը ինծի նման շատերուն համար դարձած էր ուշադրութեան կեդրոն։
Այդ օրերուն էր, որ Հըզպալլա կուսակցութիւնը, որ այն ժամանակ ճանչցուած էր «Իսլամական դիմադրութիւն» անունով, իր արմատները դեռ նոր կը նետէր հողին մէջ։
Ապրելով քրիստոնէական շրջաններուն մէջ, մեզի համար մեծ հաշուով հասկնալի չէր, թէ ինչ կը կատարուի Իսրայէլի (արաբական շեշտադրումով՝ գրաւեալ Պաղեստինի) հիւսիսային սահմաններուն։
Միայն գիտէինք, լսած էինք պաղեստինեան դիմադրութեան մասին, եւ մեր շրջապատին մէջ քիչ չէին անոնք, որոնք ատելով կʹատէին պաղեստինցիները` ըսելով, որ երկրին մէջ եղած ամէն ինչի, մանաւանդ 1975-ին ծագած պատերազմէն ասդին պատասխանատուութիւնը կը կրէին իրենք՝ պաղեստինցիները։
Մինչեւ օրս ալ Պաղեստինեան ազատագրական կազմակերպութեան (ՊԱԿ-PLO) հիմնադիր Եասէր Արաֆաթին արտասանած խօսքերը այն մասին, որ «Երուսաղէմի ճամբան կ’անցնի Ճիւնի»-էն (չիմացողներուն համար Ճիւնին ծովափնեայ քրիստոնէական քաղաք է) ձեւով մը դարձած էր դրօշակ եւ ատելութեան աղբիւր քրիստոնեայ աջակողմեաններուն կողմէ՝ առ պաղեստինցիները։
Այս բոլորին մէջ կար նաեւ հարաւային շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներուն իսրայէլացիներու հետ համագործակցելու փաստը, որուն հիմքով ալ այս անգամ երկրի ձախակողմեան ուժերը, բոլորուած պաղեստինցիներուն շուրջ, իրենց ատելութեան հիմք կու տային` յայտարարելով, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները անհնար է հաշտուիլ Լիբանանին մահ ու աւեր բերող իսրայէլացիներուն հետ։
Այդ փուլերը ես աղօտ կը յիշեմ, սակայն շատ լաւ ամրագրուած է մօտս այն փուլը, երբ դիմադրութեան մարտիկներ` ապշեցնող գործողութիւններ կատարելով, կամաց-կամաց երկրին մէջ նոր մակարդակի կը բարձրացնէին դիմադրողի այն կերպարը, որ պաղեստինցիներուն պատճառով տարբեր առումներով աղճատուած էր։
Դիմադրող մարտիկը ոչ միայն հաւատացեալ իսլամ էր (մեծ հաշուով շիի), այլ նաեւ ազնիւ էր, հեռու էր Լիբանանի ներքաղաքական խլրտումներէն ու ցեխերէն ու նաեւ իրեն համար բարձրագոյն արժէք էր ըլլալ նուիրեալ ու պայքարիլ յանուն Երուսաղէմի դատին։
Այս գաղափարներէն շատ շատերը ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դառնային քրիստոնեայ խաւերուն շատ շատերուն կողմէ, թէեւ՝ Լիբանան ընթացք առած «Նահտա»-ի շարժումներուն (լիբանանեան եւ հետեւաբար արաբական զարթօնքի դարաշրջան կամ փուլ) առաջնորդները կու գային քրիստոնէական շրջանակներէն։
Նոյն առաջնորդութիւնը յատկապէս կ’արտայայտուէր Լիբանանի քաղաքական շարժումներու եւ կուսակցութեան հիմնադրութեան օրերուն։
Օրինակ ո՞վ կրնար ուրանալ Անթուն Սաատէի ներդրումը, որուն հիմնած Ղովմի կուսակցութիւնը վեր կը հանէր ոչ միայն ընկերային հաւասարութեան, արդարութեան խնդիրները, այլ, աւելի հեռուն երթալով, սկիզբ մը կը դնէր արեւելքի ժողովուրդներու եւ փոքրամասնութիւններու պայքարի նոր փուլին։
Զինեալ պայքարի, յեղափոխական գաղափարներու ու հայկական շրջանները պաշտպանելու բովէն անցած լիբանանահայ երիտասարդութեան մեծ տոկոսին համար հարաւի մէջ եղած ֆետայական գործողութիւնները հոգեհարազատ էին։
Իրենց բնոյթով, այդ մարտիկներու նուիրուածութեան չափով ու նաեւ այդ դատի մաքրութեան աստիճանով։
Ճիշդ է, որ Էշրեֆիէ, Պուրճ Համուտ կամ Սին էլ Ֆիլ ապրող հայութիւնը իր մաշկին վրայ չէր զգացած ցաւը հարաւի ժողովուրդին, որ ծանր հարուածներ կրած ու մեծ փորձութիւններէ անցած էր, սակայն լռելեան համակրանք մը կը գոյանար այդ ժամանակներէն։
Անշուշտ այդ կապի զօրացման մէջ երեւելի էր Դաշնակցութեան դերը, որ բարձր կը գնահատէր Դիմադրութեան գործը ու նաեւ ինքնիրեն կը մերէր Լիբանանը բոլոր օտար ուժերէն զերծ ու անկախ երկիր մը տեսնելու ընդհանուր տարազումին մէջ։
Անշուշտ այս բոլորը տեղի կ’ունենային փուլ առ փուլ եւ շնորհիւ Դիմադրութեան մարտիկներու անձնազոհութեան ու գործին, նոյնիսկ Լիբանանէն դուրս կը ստեղծուէր այդ վիճակը արժեւորող եւ Դիմադրութեան գաղափարը էական դարձնող նոր միջավայր մը։
Էականը Լիբանանը ազատագրելն էր։
Ու 1990 թուականէն սկսեալ Դիմադրութեան հանդէպ սէր չունեցող հատուածներ անգամ յաճախ ակամայ կ’ողջունէին Դիմադրութեան մարտիկներուն գործողութիւնները։
Հարիւրաւոր գործողութիւններ, ռմբահարումներ, գրոհներ եւ թակարդներ Դիմադրութիւնը կը դարձնէին աւելի ուժեղ, ամբողջական եւ գաղափարանուէր։
Նոյն այդ մարտիկներու դէմքերուն, ինծի նման շատ-շատեր կ’ուզէին տեսնել հայկական զինեալ պայքարի տարբեր փուլերուն իրենց կամքն ու ոգին պարտադրած քաջորդիներուն օրհնուած դէմքերը։
Եւ ի զուր չէր նաեւ, որ 2000 թուականին հրապարակուած «Կանայի հարսանիք» բանաստեղծութեանս մէջ ես նկատած էի, որ այդ նուիրեալներու դէմքերուն գաղափարի ամենամաքուր շեշտերը կան։
Տեղ մը բոլոր մակարդակի ազատագրական պայքարները կը միանան եւ ի զուր տեղ չէ ըսուած, որ անիրաւուած ժողովուրդները, հարստահարուած, բռնագաղթի ենթարկուած, իրենց զաւակները հողին տուած ժողովուրդները` կը միանան յանուն գաղափարի մաքրութեան։
Ամէն պարագայի այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն փաստ կը դառնար այն իրողութիւնը, որ Իսրայէլ ստիպուած, այոʹ, ստիպուած կ’ըլլար հեռացնել իր զօրքերը Լիբանանէն (2000-ին)։
Ու այդ թուականէն ետք էր, որ Լիբանանը կը մտնէր բոլորովին նոր փուլ մը, որ կը շարունակուի ցայսօր։
Հըզպալլայի ունեցած խրոխտ կեցուածքը, անոր մարտիկներուն արիութիւնը տեղ մը կը դառնային մեծ արգելք, որ Թէլ Աւիւ վերատեսութեան ենթարկէ Լիբանանի հանդէպ իր մօտեցումները ու տասը մտածէ եւ միայն մէկը գործէ։
Շրջանային մեծ տրոփներուն եւ ձեւով մըն ալ «Արաբական գարնան» մահաբեր զեփիւռներուն իբրեւ հետեւանք Իսրայէլ դարանակալ կերպով այս անգամ 2006-ին կը ներխուժէր Լիբանան, նպատակ ունենալով հիմնապէս «մաքրագործել» Հըզպալլան։
Այդ ծրագիրն ալ ջուրը կ’իյնար ու աւերիչ պատերազմէն հարուած ստացած, բայց այդ հարուածներէն ա՛լ աւելի զօրեղ դարձած Հըզպալլան կը մտէր շրջանային մեծ ոլորտի գործընթացներուն մէջ, այս անգամ իբրեւ իր կամքը պարտադրող ուժ եւ ներկայութիւն։
Անշուշտ անընդունելի պիտի ըլլար այդ մակարդակի ներկայութիւնը արեւմտեան պլոքին համար ու այդ պատճառով է, որ այսօր Լիբանանը կ’ապրի իր պատմութեան ամենածանր ժամանակները։
Այս բոլորը անշուշտ կարելի է աւելի ծաւալուն կերպով վերլուծել, սակայն եթէ արդար ըլլանք մեզի համար ալ անուրանալի է, որ Հըզպալլան իր դիմադրական ոգիով եւ գործով կարողացաւ այնպիսի արարքներ գործել, որ իսրայէլեան մարտունակ համարուած բանակի հոգեբանութիւնն անգամ կրեց մեծ փոփոխութիւններ։
Հըզպալլան մնաց նոյնը, հաւատաց իր կամքի ուժին, իր ռազմիկին եւ կարողացաւ ստեղծել համակարգ։
Իսրայէլ չմնաց նոյնը, անոր բանակը զիջեցաւ եւ հրաժարեցաւ յարձակողական ոգիէն, իսկ քաղաքական ղեկավարութիւնը ընդգծեց արաբական երկիրներուն հետ «լեզու գտնելու» նոր մեթոտներ, որպէսզի դարանակալ կերպով պաշարէ իր գոյութեան դէմ պայքարող ուժերը` գլխաւորութեամբ Իրանի եւ անոր հաւատարիմ արբանեակներուն։
Այս բոլորը նշելէ ետք ու գալով մեզի, յստակ կը դառնայ, որ այսօր յետպատերազմեան Հայաստանին համար հարկաւոր է ստեղծել նոր ընթացակարգեր։
Յստակ է նաեւ, որ իր յաղթանակով գինովցած Ալիեւ, նոյնիսկ եթէ ինչ որ տեղ զսպուի Մոսկուայի կողմէ, պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել օգտուելու մեր թոյլ վիճակէն ու միջանցք ունենալու անուան տակ, փորձէ աւելիով մեզ նեղ կացութեան մատնել։
Հողեր առնելով, զոհեր պատճառելով, նուաստացնելով (մանաւանդ հայ զինուորը նուաստացնելու երեւոյթը, որ ցաւօք նոյնպէս կը կատարուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ), Պաքու պիտի շահարկէ։
Ու այս բոլորին դիմաց հայ ժողովուրդը ունի մէկ ճանապարհ, որ դիմադրութեան ճանապարհն է։
Դիմադրութիւն, որուն շուրջ պարտաւոր է ստեղծել ներազգային ամբողջական համախոհութիւն եւ այդ համախոհութեան առաջատարը պիտի ըլլայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը։ Ոչ միայն իր դերի պատմականութեան համար, այլ նաեւ ունեցած ներուժով եւ գաղափարական աւիւնով։
Արցախի մասին խօսելով հարկ է նշել, որ այնտեղ առկայ դրութիւնը բոլորովին տարբեր է ու հոն է դարձեալ, որ հայութիւնը պարտաւոր է ամենախոր յարաբերութիւնները մշակել ռուսական կողմին հետ, որ այսօր միակ երաշխաւորն է Արցախի անվտանգութեան եւ պահպանութեան։
Իսկ դիմադրութեան ձեւերուն, մեթոտններուն, ելակէտներուն եւ գործի անցնելու դրուագներուն մասին կարելի է գրել այլ առիթով։
Հայը այսօր այլ ճանապարհ չունի, բանակը պիտի շարունակէ իր գործը կատարել, իսկ բանակի կողքին ձեռք-ձեռքի յառաջ պիտի գան հայկական արձակազէն խումբերը, որոնք պիտի կատարեն պատժիչ այնպիսի գործողութիւններ, ոչ միայն մեր վրէժը լուծելու այլ նաեւ վնասելու ատրպեճանական բանակի յարձակողական գաղափարներու վրայ հիմնուած մեծ համակարգը։
Այլ ճանապարհ չունի հայութիւնը։
Այլապէս այս արիւնահոսութիւնը կրնայ հիմնապէս իր հայ բնակիչներէն դատարկել Սիւնիքը, որն իր հերթին մահացու հարուած պիտի դառնայ ողջ Հայաստանին։