Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Բանակին` Սիրոյ Ու «Մեղադրանքի» Խօսքեր (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայրենիքի պաշտպանութիւնը մասնագիտութիւն չէ, այլ հայրենի հողին ու զաւակներու պաշտպանութեան համար տարուող ամէնօրեայ առաքելութիւն է, առանց որուն խաղաղութեամբ ապրելու կենսակերպը անհնար կ՛ըլլայ:

Յովհաննէս Դանիէլեան (Հայոց բանակի սպայ)
(ԶԻՆՈՒԺ – 18.12.2021)

 

Սովոր է յիշատակի այս թուականին սպիտակ թուղթին յանձնել այնպիսի մտածումներ, որոնք միայն փառք ու պատիւ կը բերեն յոբելեարին`հայոց բանակին, որուն վերստեղծման 30-ամեակն է այս տարի:

Ի դէպ, քաջ հաւատացողն ենք, որ հայոց բանակի ծնունդը կ՛երթայ մինչեւ ՆՔ 4-րդ հազարամեակ, երբ հայրենի հողին պաշտպանութիւնն ու զոհաբերումը սոսկ խօսքեր չեն եղած, այլ գիտակցական մակարդակի պատուաբեր արտայայտութիւն:

Ըսել ուզուածը այն է, որ հայ ժողովուրդը վաղուց անտի հաւատացած է իր մտքին ու բազուկին, աւելի՛ն. իբրեւ արիական ցեղային առանձնայատկութիւն հայը միշտ ալ պատրաստ է եղած նետուելու պայքարի դաշտ, պաշտպանելու իր տեսակը, գոյնն ու որակը, բայց մանաւանդ` հաւաքական արժանապատուութիւնը:

Մէկ խօսքով` եթէ երբեք հայութիւնը դարերու ընթացքին ինքզինք կոփած ու խորապէս արմատաւորած է հայրենի հողին, հասնելով ազգի մակարդակին, ատիկա իրականացած է շնորհիւ նուիրումի եւ անմնացորդ զոհողութեան:

Եւ, անտարակոյս, անսակարկ նուիրաբերումի միջավայր է հանդիսացեր հայոց բանակը, հազարամեակներու լայնքին ու երկայնքին, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, երբ իրերայաջորդ մարտնչումներու թէ պատերազմներու ընթացքին հայ զինուորը, կանգնելով  հայ սպայի կողքին, նետուած է մարտի դաշտ, զարկած ու զարնուած է` ցոյց տալով քաջութեան ամէնէն պատուաբեր օրինակները:

Արդ, մասնաւորելով արցախեան պատերազմի վերջին 30 տարիներու հայոց բանակի օրագրութիւնը, ամբողջ աշխարհ ականատեսի վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ հայ ֆետայական կերպարէն մինչեւ կանոնաւոր բանակի կազմաւորում, հայ տղան ու աղջիկը զինուորագրուելով`ցոյց տուած են իրենց ցեղային ունակութիւնն ու իրենց ազգին առհաւական ժառանգորդը ըլլալու պատիւը:

Հայոց բանակի վերստեղծման 30-ամեակ:

Եթէ երբեք հայ ազգը իր արդի պատմութեան մէջ ունեցած է հիմնական ու գերազանց ձեռքբերում` ատիկա հայոց բանակն է, հայոց պետականութեան առընթեր:

Փաստօրէն, հայութեան դարերու երազանքին տիրական արտայայտութիւնն է հայոց բանակի կազմաւորումը, որովհետեւ առանց անոր մենք կորսնցուցինք մեր ողջ գիտակցութիւնը`ազատ ու անկախ ապրելու, գերիշխան պետականութիւն ունենալու, պետական մտածողութիւն սնուցելու, ազգային արժէքներ, հայրենի հող ու ժողովուրդ պաշտպանելու:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն քայլափոխի կ՛արժեւորենք հայոց բանակը, վեր կ՛առնենք անոր ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները, լոյսին կը բերենք քաջարի տղոց արի կեցուածքն ու զոհողութիւնը:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն պատեհ առիթի կ՛ոգեկոչենք նահատակներու յիշատակը, հպարտութեամբ կը թուենք անոնց սխրանքն ու նուիրաբերումի մեծութիւնը:

Եռաբլուրը մեզի համար գերեզմանոց չէ, չի կրնար ըլլալ, անիկա պանթէոնն է հզօր կամքի տէր անհատներու, հաւաքավայրը` ընտիր քաջորդիներու, փարոսը` ազգին ու գալիք սերունդներու:

Ճիշդ է, որ 30 տարիներու ընթացքին կատարուած իրագործումները փոքր ոստում մըն են, բաղդատած կայացած բանակներու կեանքին ու գործունէութեան, այդուհանդերձ, հայոց բանակի ունեցած արհեստագիտական թէ ռազմական որոշակի յաջողութիւնները հիմք են աւելիին ձգտելու եւ առաւել հզօրանալու:

Ինչպէս պետականութեան կարգն ու սարքը, նոյնպէս ալ բանակը կ՛ապրի իր բարելաւումի թէ բարեկարգումի հոլովոյթը, եթէ երբեք անոր ետին կանգնած ըլլայ ազգ մը ամբողջ, որ մեծապէս կը գիտակցի անոր կարեւորութիւնը:

Մեր պարագային, ողբերգութիւն է ըսել, թէ 30 տարիներու ընթացքին եղած են պետական մակարդակի անձնաւորութիւններ, որոնք թալանի են ենթարկած իրենց սեփական բանակը, պարզապէս յագեցնելու իրենց վաշխառուի եւ ստրուկի հոգին: Ցաւ ի սիրտ, այսպիսիներ իրենց դաւաճանի հանդերձանքով արդէն իսկ տուած են այնպիսի հարուած, որ թշնամիին վերապահուած է միայն:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ բազմաթիւ քաղաքական թէ այլ շրջանակներ ինչ-ինչ պատճառներով միշտ ալ ուզած են նսեմացնել հայոց բանակին դերն ու կարողութիւնը, որպէսզի կարենան յագուրդ տալ իրենց քաղաքատնտեսական զազրելի եւ մութ հաշիւներուն ու ծրագիրներուն:

Եւ ահա 44-օրեայ վերջին պատերազմին, երբ ամբողջ հայութիւնը կ՛ապրէր  օրհասական օրեր, երբ արցախեան գոյամարտը կը մտնէր նոր փուլ եւ կը ստեղծուէր աննախատեսելի պայմաններ, հայոց բանակի տղաք ու աղջիկներ նետուեցան մարտի դաշտ` ոգի ի բռին կռուելով վայրագ թշնամիին դէմ:

Հայոց բանակի քսանամեայ աննման տղաներ ոչ միայն ցոյց տուին սխրանքի ու նուիրումի օրինակներ, այլ նաեւ իրենց կամքը պարտադրեցին թշնամի ուժերուն, երբ անոնք իրենց գերազանց ուժերով կ՛ուզէին բնաջինջ ընել Արցախն ու հայութիւնը:

Դժբախտաբար, հայոց բանակը միայնակ կռուեցաւ բոլորին դէմ, անոնք ըլլան թուրք-ազերի թշնամիներ, վարձկաններ թէ լռութեամբ մեղսակցութիւն ունեցող մեծ ու փոքր պետութիւններ: Անոնք առանց խպնանքի գերադասեցին իրենց շահերը եւ ոչ իսկ բարոյական աջակցութիւն յայտնեցին ի լուր աշխարհին:

Այո՛, հայոց բանակը կրեց պարտութիւն, ունեցաւ անգնահատելի կորուստ ու մահ, ունեցաւ նաեւ ընկրկումներ, ցաւ ի սիրտ, որովհետեւ եղան սպայական կազմի անհատներ, որոնք չկրցան ղեկավարել ռազմական դաշտը, չուզեցին իրենց կեանքը նուիրաբերել ազգին, անսացին քաղաքական դաշտը հունաւորող մարդոց, եւ ինկան պատրանքներու ու չքմեղանքներու քուրային մէջ` մոռնալով, որ ազգ մը ամբողջ իրենց թիկունքին էր, ժողովուրդ մը ամբողջ կը սպասէր քաջարի հրաշքներու:

Պահ մը զանց առնելով ներհայաստանեան կեանքի քաղաքական իրավիճակը, որ ինքնին պատուհաս հանդիսացաւ հայոց բանակի ընկրկումին, պարտութեան, պարտաւոր ենք լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ հայոց բանակը չկրցաւ օգտագործել իր ամբողջ զինանոցը, աւելի՛ն. հայոց բանակի սպայակոյտը չէր կրցած նախատեսել թշնամի ուժերու պատրաստութիւնն ու ռազմարուեստի ունակութիւնը:

Փաստօրէն, 30 տարիները ի զուր անցած էին, փոխանակ առաւել զինուելու եւ արհեստագիտութեամբ համալրելու հայոց բանակը, մենք կը գտնուէինք խորունկ քունի մէջ, գեղեցիկ պատրանքներով տարուած եւ գերակայութեան բարդոյթով հրապուրուած: Իսկ թշնամի ուժեր, իրենց պարտութեան օրէն ի վեր լուռ ու մունջ կը փորձէին քառապատկել իրենց բանակին ուժը:

Միւս կողմ, աշխարհաքաղաքական քարտէսներ գծող որոշումի կեդրոններ, ըստ երեւոյթին, կը սպասէին յարմար պահուն, որպէսզի ձերբազատէին, այսպէս ըսած, արցախեան դատէն եւ ծունկի բերէին հայոց պետականութիւնը:

Քաջութիւն է ընդունիլ` սխալ գործելակերպերու եւ անխոհեմ քաղաքական ապիկարութիւններու գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ իմաստութիւն է, իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, սորվիլ անցեալի տխուր էջերէն եւ նայիլ դէպի ապագայ:

Հրամայականը` որոշելն է, թէ հայութիւնը կ՛ուզէ՞ պատրաստուիլ յաջորդ երեսնամեակին, ուղղելով իր մէջքը եւ կռանելով իր կամքը, թէ՞ ոչ «որոշած» է մնալ անմիասնակամ, ընդարմացած, սփիւռքացած, հաճոյակատար, օտարամոլ, բարդոյթի մէջ ընկողմանած, քաղաքական տհասութեամբ շրջմոլոր, զիրար ատող եւ միամիտ:

Կը յուսանք, որ հետագայ տարիները փաստեն հակառակը եւ հայութիւնը բռնէ վերականգնումի ճանապարհը:

Միւս կողմէ, բիւր անգամ ամօթ է մեզի` իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, թոյլ տալ թշնամի ուժերու, որ ծիծաղին մեր վրայ եւ անարգանքի խօսքեր ըսեն թաքուն միջավայրերու թէ հրապարակներու վրայ:

Արդ, բոլորիս պարտքն է, ընդդիմութիւն թէ դիմութիւն, զերծ մնալ քաղաքական անիմաստ մտմտուքներէ ու անհանդուրժողի մօտեցումէ եւ լծուելու սրբազնագոյն գործին` հայոց տան պահպանումին:

Կարգախօսեր ու լղրճուն խօսքերը ա՛լ դարձած են շուկայական եւ անիմաստ:

Այո՛, «մեղադրանք»-ի խօսքերուն առընթեր, մենք բարձրաձայն եւ հպարտօրէն  ընդմիշտ պիտի գոչենք` հայոց բանակ, դուն մեր ազգին ու պետութեան անփոխարինելի արժէքն ու ապաւէնն ես, կը սիրե՛նք ու կը յարգե՛նք քեզ, բոլոր պայմաններու մէջ:

 

 

Նախորդը

Որպէս Անսպառ Աղբիւր Ներշնչման…

Յաջորդը

Դասեր Քաղելու Օրը (Հայկական Բանակի Հիմնադրութեան 30-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?