Յօդուածներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շահամիրեան – Հերակլ Բ. Բանակցութիւններ Եւ Արցախցիները Լոռի Տեղափոխելու Ծրագիր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շահամիրեան – Հերակլ Բ. Բանակցութիւններ Եւ Արցախցիները Լոռի Տեղափոխելու Ծրագիր

Մելիք Շահնազարի Ժառանգորդներու Միջեւ Երկպառակութիւն Եւ Ջումշուդ` Վարանդայի Տիրակալ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Վաղուհաս գիւղը Թարթառ գետի աջ ափին: Մայրաքաղաք (Տիրամայր) վանքը եղած է եպիսկոպոսանիստ, իսկ Կարմիր վանքը` մանրանկարչութեան կեդրոն: Հայաստանի ազատագրութեան հարցով հնդկահայ մեծահարուստ վաճառական Շահամիր Շահամիրեան Մատրասէն կը շարունակէր նամակագրական կապ պահել Հերակլ թագաւորին հետ եւ կը հաստատէր, որ վրաց արքան կրնայ հայոց ազատարարը ըլլալ: Հերակլի Ռուսաստանի հովանաւորութեան տակ մտնելը...

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Անյետաձգելի Հրամայական Է»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Անյետաձգելի Հրամայական Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չէ, այլ` բնական, որովհետեւ սփիւռքը տագնապի մէջ է: Ինչո՞ւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակեց: Նման հռչակում կատարելու համար վստահաբար եւ բնականաբար վեհափառը լուրջ պատճառներ ունէր: Կաթողիկոսին բնորոշումով, սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Նախագահ Ա. Սարգսեանի Հրաժարականէն Ետք` Ի՞նչ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ      Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կիրակի, 23 յունուարի երեկոյեան քաղաքական ռումբ մը պայթեցուց` յայտարարելով, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Բնական հետեւանքը եղաւ այն, որ հայրենի քաղաքական շրջանակներ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններով անմիջական արձագանգներ արձակեցին, իսկ ամբողջական պատկերին եւ հրաժարականին խորքային` ներքին, շրջանային ու արտաքին պատճառներուն յստակացման համար կը սպասուին նոր մանրամասնութիւններ, մասնաւորաբար վարչապետ Ն. Փաշինեանի տալիք մամլոյ ասուլիսը` նախատեսուած երկուշաբթի,...

Ո՛չ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Անարժանապատիւ Խաղաղութիւն. Այլ Համազգային Դիմացկունութիւն

Առանց Ազգի Եւ Ժողովուրդի Միութեան` Անիմաստ Է Հայկական Բանակի (Եւ Ընդհանրապէս) Վերականգնումի Մասին Խօսիլը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Նկարը` ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆԻ Բագրատունեանց թագաւորութեան (1045) եւ Կիլիկեան իշխանութեան (1375) անկումէն ետք, հայերս դարեր շարունակ պետականազուրկ ապրած ենք, ուրիշներու երկիրները եւ կամ ուրիշ պետութիւններու լուծին տակ: Այս պատճառներուն նաեւ կրնանք գումարել այն իրողութիւնը, որ Հայկական Բարձրաւանդակի տեղագրութիւնը այնպէս եղած է, որ լեռնային շղթաներով «բաժնուած» մեր պատմական իշխանութիւնները միշտ «միութեան» հարց ունեցած են իրարու հետ, եւ այս` մեր ազգային...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Դեղորայքային Գերզգայնութիւն (Drug Allergy) - Անգլիական Աղի Պատմութիւն (Epsom Salt) - Դեռահասները Պէտք Եղածէն Աւելի՞ Ժամանակ Կ՛անցընեն Ընկերային Ցանցերու Վրայ Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Դեղորայքային Գերզգայնութիւն (Drug Allergy) Ձեր առողջութիւնը կառավարելու համար դեղերը շատ անգամ անհրաժեշտութիւն են: Անոնք կրնան հսկայական փոփոխութիւն բերել ձեր կեանքին մէջ: Բայց երբեմն մարդիկ ալերժիք հակազդեցութիւն կ՛ունենան դեղի նկատմամբ: Երբ դուք գերզգայնութիւն ունիք, ձեր դիմադրողական համակարգը անվնաս...

Հաղորդագրութիւն.  Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան

Հաղորդագրութիւն. Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան

Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) Հայագիտական բաժինը ուսանողներուն կ՛առաջարկէ պսակաւոր արուեստի (Bacherlor of Arts) եւ վարպետութեան արուեստից (Master of Arts) կրթական աստիճաններ, որոնք կ՛ընդգրկեն պատմութիւն եւ հայագիտութիւն ուղղութիւններ: Ծրագիրը կը ներառէ համաշխարհային, հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ գրականութեան, հայերէն եւ հունգարերէն լեզուներու, արուեստի եւ քննական տեսութեան դասեր` մանրամասնօրէն անդրադառնալով նաեւ հայկական սփիւռքին: Դասաւանդման լեզուն անգլերէն է: Ներկայիս...

Սթափելու Ժամանակը

Ամէն Փոփոխութիւն Անպայման Աւելի Լաւին Չ՛առաջնորդեր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկար ժամանակէ ի վեր չենք խօսած Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին: Ի՞նչ խօսէինք. անվերջ արժեզրկուող դրամանիշի, անոր հետեւանք` գիներու յարատեւ բարձրացման, աղքատութեան շատացման, յոռետեսութեան ու անելանելիութեան զգացումին տարածման պայմաններուն մէջ դժուար էր կատարուածը հասկնալ ու վերլուծումի փորձ կատարել: Պետական ղեկավարներու կողմէ կացութիւնը հակակշռելու նախաձեռնութիւններ ալ չկային, ու բոլորս անկարող ականատեսներ դարձած էինք պետական մեքենային ամլացման: Երբ շիի համայնքը...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Հայկական Ներկայութիւնը Յուշող Եւ Յիշեցնող Գիրք Մը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստան-Պրըթանեը. Պատումներ եւ հանդիպումներ                                                         Հեղինակը` Իվ Տըվուլֆ Գիրք մը, որ կը վկայէ Ֆրանսայի Պրըթանեը շրջանին մէջ հայկական ներկայութեան մասին: Պրըթանեը Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ յառաջացած թերակղզի մըն է` իր ուրոյն աշխարհագրութեամբ, լեզուով, աւանդութիւններով, պատմութեամբ, թագաւոր-թագուհիներով, առասպելներով: Երեք վարչական բաժանումներ ունի, ունի նաւահանգիստներ, ինչպէս` Պրեստը: Քարտէսի կարմիր շերտը Պրըթանեի շրջանն է Ֆրանսայի աշխարհագրութիւնը գրելու նպատակ չունիմ: Գիրքին...

«Սիրթաքի»-ի Անմահ  Յօրինողը

Պետրոս Հերեան. «Հմայքի Տղան»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ «Հմայքի տղան». այսպէս խորագրուած է յառաջաբանը վաղամեռիկ լիբանանահայ գրող Պետիկ Հերկելեանի (Պետրոս Հերեան) Երեւանի մէջ լոյս տեսած գիրքին: Հայրենի հանրածանօթ գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան Պետիկ Հերեանը նկատած է անոր մէկ քերթուածի վերնագրին նման եւ արժեւորած է 1987 թուականին կեանքէն հեռացած սփիւռքահայ գրողին գրական ուղին` քերթուածները, արձակը եւ մանաւանդ երգիծական գրութիւնները: Անոր «Եուհու» քաղաքական, երգիծական վիպակը գրականագէտը դասած է արեւմտահայ...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Ուրախ Լեր

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ «Իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ» (Յիսուս) Մարդը` կեանքին ծայրը հասած, չորցած պարտէզին մէջ, ամառուան հեղձուցիչ շոգին, թռչուններու դայլայլին տակ, շլմորուն, մեկուսի կը մտորէ... Անցա՞նք քորոնայի - կ՛ըսեն/կ՛ըսես - այս համաշխարհայնացած հանգրուանը: Քաոս: Պատուաստ: «Բնականոն» կեանքի վեր-ա-դարձ: Վազք: Հեւք: Նախաքորոնա: Յետքորոնա: (ՆՔ - ՅՔ) Ի՞նչ մնաց նախա-էն յետ-ին: Սէր` կոտորակուած սիրտերու մէջէն հոսող ... անսպառ սէր Հեռու, հեռացած,...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Կրածինի Կարեւորութիւնը Եւ Մարմնի Առողջութիւնը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Մեր մարմինը կը պարունակէ տեսակաւոր մետաղներ: Կրածինը (calcium) այդ մետաղներէն մէկն է, ամէնէն շատ քանակութեամբ գտնուող մետաղը: Անիկա շատ կարեւոր է մարմնի առողջութեան համար: Մարմնին մէջ գտնուած կրածինը առաւելապէս կը գտնուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն մէջ: Անիկա շատ քիչ քանակութեամբ կը գտնուի ջիղերուն, հիւսուածքներուն, արեան եւ այլ հեղուկներուն մէջ: Մարմնին մէջ կայ 1,2-1,4 քկ կրածին: Մարմնի կրածինին 99...

Ակնարկ.   Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

Ակնարկ. Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 3-րդ եւ 9-րդ կէտերու վերընթերցումը զուգահեռային գիծեր կը ներառէ եւ կ՛առնչուի այսօր ընթացող Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին: 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 3-րդ կէտը կ՛արձանագրէ. «Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայւում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ թւում` հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր աւտոմոպիլային եւ յատուկ տեխնիքա»: Իսկ 9-րդը` «Տարածաշրջանում բոլոր...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Մեզմէ իւրաքանչիւրս կեանքին մէջ կ՛ապրի պահ մը, որ լրիւ կը փոխէ իր ինքնութիւնը, ով ըլլալը: Հեռու չերթանք, այս վերջին երկու տարիներուն «Քորոնա» ժահրի հետքերով բոլորս անսպասելիօրէն կորսնցուցինք ծնողներ, հարազատներ, ընկերներ` երիտասարդ եւ երէց. յետոյ եկաւ նաեւ չարաբաստիկ 2020-ի պատերազմը ու մեզմէ տարաւ երիտասարդներու անթիւ հունձք մը, վերացուց ամբողջ սերունդ մը, ու մեր սարսափելի թուացող անձնական ողբերգութիւնները վերածուեցան անըմբռնելի...

Մէկ Զոհն Անգամ Շատ Է

Մակար ի Գաղիա Յունուարի ցուրտ հինգշաբթի: Համաճարակի զոհ ազգայինի մը թաղումն էր: Եկեղեցի գացեր էի: Հոն էր յարգանքի տուրքէ չխուսափող Կեդրոնականցին: Երեւելիներ չկային: «Ի վերին Երուսաղէմ»-էն եւ «Հայր մեր»-էն ետք ուղղուեցանք գետնուղի: Հանգուցեալի մասին Արմենակ հետեւեալը պատմեց. - Լաւ մարդ էր, ծառայասէր, իրատես եւ խօսքը ուղիղ ըսող էր: Քանի մը շաբաթ առաջ բուռն վէճ մը ունեցեր էր  իշխանասէր-հայաստանասէրի մը հետ:...

Տիգրան Գալայճեանի (1973-2021) Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

Տիգրան Գալայճեանի (1973-2021) Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

Տիգրան անդրանիկ զաւակն էր Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեաններու եւ յաջողակ գլխաւոր ֆինանսական տնօրէնը Wunderman Thompson ընկերութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու տարածքին: Իր ասպարէզին զուգահեռ, Տիգրան հայ կեանքի մէջ ներգրաւուած էր եւ լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամ էր:  Բազմաթիւ բարեգործական, մշակութային, ուսումնական եւ ընկերային ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած էր` կազմակերպչական եւ խորհրդատուական իր բացառիկ կարողութիւններով: Տիգրան Գալայճեանի Կեանքին Հետքերով Ժամանակը երբեք...

Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին Յիշատակին

Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի պետական թատրոնը չորեքշաբթի, 19 յունուար 2022-ին «Գինը» ներկայացումը (զոր ան առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ բեմադրեց` Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին հետ) նուիրեց Վիգէն Ստեփանեանի տարելիցին: Ներկայ էին Վիգէնին այրին` Նարինէ Յարութիւնեանը եւ դուստրը` Թամար Ստեփանեանը, ինչպէս նաեւ Վիգէնին բոլոր բարեկամները: Պէտք է ըսել, որ Վիգէն Համազգայինին մօտիկ եւ Համազգայինին ծառայած արուեստագէտներէն էր: Վիգէնը եւ Նարինէն իրենց կեանքի...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Տակաւին Վճռա՞ծ Ենք

ՀԱՅՐ ԱՒԵՏԻՔ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ վճռեցինք: Ո՞ր նիւթի շարունակութիւնն է: Այս գրութիւնը նիւթի մը շարունակութիւնը չէ՛, այլ` մեր կայացուցած որոշումներուն եւ տուած խոստումներուն յիշեցման նամակը: Ընդհանրապէս տօնական գեղեցիկ օրերուն կը սկսինք խորհիլ եւ որոշումներ տալ, այսպէս` «Այս տարի լաւ մարդ պիտի ըլլամ: Այս տարի շատերու պիտի օգնեմ: Բոլոր այն մարդոց հետ, որոնց հետ կապերս խզած եմ, զանոնք պիտի վերամշակեմ: Բարի...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Ինչո՞ւ Է Գոհունակ Ազրպէյճանը Հայ-Թուրքական Մոսկովեան Բանակցութիւններից…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր 2009 թ. ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած հայ-թուրքական հաշտեցման գործընթացի (ֆութպոլային դիւանագիտութիւն) վիժեցման գործում մեծ ու որոշիչ դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքը, որի քաղաքական ու հասարակական հատուածները միահամուռ ընդդիմացան ժամանակի ՀՀ իշխանութիւնների վարած քաղաքականութեանը: Հետագային էլ, երբ պարզուեց, որ Թուրքիան, հակառակ իր յայտարարութիւններին, այդ հաշտեցմանը վերաբերւում է լոկ նախապայմաններով, ինքն էլ «արդարացաւ» նրանով, որ իր կրտսեր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Համահայկակա՛ն Ցունամիի Մը Հրամայականը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի մեծ իրադարձութիւններէն մեկուսի ինկած արշիպեղագոսի մը մէջ, որ կը կոչուի Թոնկա, 14 եւ 15 յունուարին տեղի ունեցաւ բնական աղէտ մը, որ ահազանգի ալիքներ տարածեց մինչեւ հազարաւոր քիլոմեթ» հեռուները գտնուող ծովափերուն: Ընդծովեայ հրաբուխ մը, որ յաճախ «մանր» բորբոքումներ ունեցած է անցեալ տարիներուն, պայթեցաւ այնպիսի ուժգնութեամբ մը, որուն պատճառով ստեղծուած ցունամիի ալիքները հասան մէկ կողմէ մինչեւ Ճափոն ու Չինաստան,...

Պէտք

Պէտք

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Այս յօդուածս ուղղուած է քեզի՛, այնքան ատեն որ կրնաս զայն կարդալ: Վստահ եղիր` քարոզ մը պիտի չտամ ու պիտի չերկարեմ ըսելիքս: Ամպիոնի մը վրայ, գրակալի մը ետեւ կենալով ու փողկապս պինդ պահելով չէ, որ պիտի խօսիմ: Պիտի խօսիմ այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէիր լսել կամ կ՛ուզէիր կարդալ: Խօ՛սք. մեծ-մեծ պիտի փորձեմ չխօսիլ եւ արեգակնային դրութեան միւս մոլորակներու բնակիչներէն միտքեր պիտի...

Page 368 of 1112 1 … 367 368 369 … 1,112

Արխիւներ