ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ
Կ՛ունկնդրենք «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի երեկոյեան ժամը 6:30-ի լուրերը: Ապա ժամ 7:00-8:00-ի միջեւ խօսնակուհիներէն մէկը կը թուէ գիշերային յայտագիրները` մինչեւ յաջորդ օրուան լուսաբացը, եւ կ՛ըսէ, որ մեղմ մեղեդիներով կ՛ընդունինք առաւօտը:
Շատ լաւ բան է կէս գիշերէն ետք ունկնդրել մեղմ, հանդարտ երաժշտութիւն, որ կը հանգչեցնէ անձի մը օրուան հեւիհեւ աշխատանքէն յոգնած մարմինը, կը հանդարտեցնէ անոր տանջուած ուղեղը:
Ես պիտի առաջարկեմ «Վանայ ձայն»-ի անձնակազմին` կէս գիշերուան մեղմ երաժշտութենէն քիչ մը կրճատել եւ անոր փոխարէն առաւօտը ընդունիլ մեր նախահայրերէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մեզի պարգեւած «Առաւօտ լուսոյ» շարական- աղօթքով:
Սփիւռքահայ շատ մը դպրոցներու աշակերտներ դասարան մտնելէ առաջ դպրոցի բակին մէջ խմբովին «Առաւօտ լուսոյ» շարական աղօթքը երգելէ ետք դասարան կը մտնեն իրենց առօրեայ դասերուն սկսելու համար:
Այս գրութիւնը դիտողութիւն չէ, այլ առաջարկ մըն է:
Յոյսով եմ, որ «Վանայ ձայն»-ը բաց սրտով կ՛ընդունի այս առաջարկը:
Վստահ եմ, որ «Վանայ ձայն» ունկնդրող հայորդիները շատ ուրախ պիտի ըլլան ամէն առաւօտ «Առաւօտ լուսոյ» շարական-աղօթքը ունկնդրելով, եթէ ոչ ամբողջը, գէթ` առաջին քանի մը տուները:
Կանխաւ շնորհակալութիւն:
* Այս առիթով կը հրատարակենք այս աղօթք- շարականին առաջին քանի մը տուները:
Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա:
Բըղխումն ի Հօրէ,
Բըղխեա ի հոգւոյս,
Բան քեզ ի հաճոյս:
Գանձդ ողորմութեան,
Գանձիդ ծածկելոյ
Գըտող զիս արա:
Դուռն ողորմութեան,
Դաւանողիս բաց,
Դասեցո վերնոցն:
Երրեակ միութիւն,
Եղելոց խնամող,
Եւ ինձ ողորմեա:
Զարթիր, Տէր, յօգնել,
Զարթո ըզթմրեալս,
Զուարթնոց նըմանիլ:
Էդ Հայր անսկիզբն,
Էակից Որդի,
Է միշտ սուրբ Հոգի:
Ընկալ զիս, գըթած,
Ընկալ, ողորմած,
Ընկալ, մարդասէր:
Թագաւոր փառաց,
Թողութեանց տուող,
Թող ինձ զյանցանս:
Ժողովող բարեաց,
Ժողովեա եւ զիս
Ժողովս անդրանկաց:
Ի քէն, Տէր, հայցեմ,
Ի մարդասիրէդ,
Ինձ բժշկութիւն:
Լեր կեանք մեռելոյս,
Լոյս խաւարելոյս,
Լուծանող ցաւոյս:
Խորհրդոց գիտող,
Խաւարիս շնորհեա
Խորհուրդ լուսաւոր:
Ծնունդ Հօր ծոցոյ,
Ծածկելոյս ստուերաւ
Ծագեա զլոյս փառաց:
Կենարար փրկիչ,
Կեցո զմեռեալս,
Կանգնեա զգլորեալս:
Հաստեա հաւատով,
Հաստատեա յուսով,
Հիմնեցո սիրով: