Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպինսոն Քրուզոն Այլեւս Մերժելի՞

Յունուար 28, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աւելի քան 300 տարի առաջ հրատարակուած այս գիրքը վերջին տարիներուն քննադատութեան կ՛ենթարկուի գաղութատիրական, գերիներու առեւտուրի տարրեր պարունակելուն եւ այլ թերութիւններու համար: «Կարտիըն» այս առնչութեամբ յօդուած հրատարակած է:

Ն.

Ժամանակն Է Ազատիլ
Այս Գաղութային Հեքիաթէն

Տ. Տեֆոյի գիրքը ներշնչած է վէպեր, հոլիվուտեան շարժապատկերներ, խաղեր, բայց ընկղմած նաւուն գերիներու վաճառականը բնաւ պէտք չէր տիպար օրինակ մը ըլլար:

Ֆիլմ  Տմարդի փիլիսոփայութիւն… Ռիչըրտ Ռաունտթրի (ձախին) գլխաւոր դերով Man Friday շարժապատկերին մէջ (1975), Փիթըր Օթուլի հետ, որպէս  Ռոպինսոն Քրուզօ

Փետրուար 1719-ին, Ռոպինսոն Քրուզօ գիրքին հրատարակութենէն երկու ամիս առաջ, հեղինակը` Տանիէլ Տեֆօ առաջարկեց «Ուիքլի Ժուռնալ»-ին, որ Հարաւային ծով ընկերութիւնը (Լատինական Ամերիկայի սպանական գաղութներուն տարեկան քանի մը հազար ափրիկեցի ստրուկ հայթայթող) պէտք է վերահսկէ բրիտանական գաղութի հիմնադրումը Օրինոկօ գետաբերանին, ներկայիս Վենեզուելայի ափին: Կառավարութենէն կը պահանջուի «կահաւորել վեց մարտանաւ եւ 4000 կանոնաւոր ուժեր` որոշ ճարտարագէտներով, 100 միաւոր թնդանօթներով եւ ռազմական պահեստներով` աջակցելու համար. եկամուտը, որ ան կը բերէ թագաւորութեան, ամբողջութեամբ կը փոխուի»: Տեֆօ որոշեց տեղադրել յօրինուած կղզին, ուր ապաստանած է Քրուզոն, Օրինոկոյի գետաբերանէն շուրջ 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ, եւ զայն ապահովել աւելի բարենպաստ կլիմայով, քան` իրական կղզին, ուր նաւաբեկումէն ետք հաստատուած էր Ալեքսանտր Սելկիրքը` Քրուզոյի ենթադրեալ նախատիպարը:

Տեֆոյի գիրքը (ոչ ոք այն ատեն վէպ կ՛անուանէր) հաւանական ներդրողներու համար ծանուցագիր էր, ուր միայն կը բացակայէին լողափներու եւ արմաւենիներու փայլուն լուսանկարները: Կաշառակերութիւնն ու ներքին գործարքները` միացած հանրային դիւրահաւատութեան, Հարաւային ծով ընկերութեան բաժնետոմսերու գինը անկայուն բարձրացուցին, եւ 1720 թուականին սնանկացում տեղի ունեցաւ:

Տեֆոյի գիրքը կը պատմէ կղզիին մէջ Քրուզոյի ջանասէր աշխատանքի, մարդակերներու եւ անգլիացի ապստամբներու անձնակազմին հետ բախումներու, անոր փրկութեան եւ ցամաքային վտանգաւոր ճամբորդութեան մասին Լիզպոնէն` տուն բերելու այն հարստութիւնը, որ կուտակուած էր անոր բացակայութեան ընթացքին:Ասոնք աւելի լաւ ներդրում կ՛ըլլային:

1719 թուականի ամրան գիրքը վերահրատարակուած էր երեք անգամ, եւ Տեֆօ հրատարակեց շարունակութիւնը` «Ռոպինսոն Քրուզոյի աւելի հեռու արկածները», որուն 1720-ին յաջորդեց երրորդ հատոր մը` «Լուրջ մտորումներ Ռոպինսոն Քրուզոյի կեանքի եւ զարմանալի արկածներու ընթացքին»:

Մինչեւ 19-րդ դարու վերջաւորութիւնը Քրուզոյի բնօրինակը վերատպուած էր քանի մը հարիւր հրատարակութիւններով, եւ գիրքը, ինչպէս գրած է Վիրճինիա Վուլֆ, նմանած էր «ցեղի անանուն արտադրութիւններէն մէկուն, այլ ոչ թէ` մէկ միտքի ջանքերուն»:

20-րդ դարուն Տեֆոյի բնօրինակը շրջուած է գլխիվայր եւ ներսէն դուրս (բազմաթիւ ուրիշներու շարքին` Հ. Ճ. Ուէյլզ,  Ժան Ժիրոտու, Ուիլ.Կոլտինկ), այնպիսի ձեւերով, որոնք կ՛արտացոլացնէին ցեղերու, սեռերու, կայսերապաշտութեան, բանականութեան, կլիմայի եւ բնութեան նկատմամբ վերաբերմունքը:

Նոյնպէս եղած են  պատշաճեցումներ` բեմի, շարժապատկերի, պատկերասփիւռի եւ առցանց խաղերու համար. սակայն անգլիական մշակոյթին մէջ Ռոպինսոն Քրուզոյի իւրայատուկ կարգավիճակը հիմնականին մէջ կը բխի երեխաներու համար անցեալին հրապարակուած ամփոփումներէն եւ վերապատմումներէն:

Էմիլի գիրքին մէջ (1762 թ.) Ժան-Ժաք Ռուսօ նկարագրած է Քրուզոն` որպէս «բնական կրթութեան մասին երբեւէ գրուած ամէնէն երջանիկ ճառը»: Այդուհանդերձ, բովանդակութիւնը, որ պիտի տրամադրէ «Էմիլիի խրատը եւ զուարճանքը», պէտք է «զերծ մնայ իր ամբողջ ոչնչաբանութենէն»: Քրուզոյի ասպարէզի` որպէս ստրկավաճառի, Պրազիլի մէջ հողատէրի եւ ագարակատէրի, զանց առնուած են:

Բազմաթիւ այլ մանկավարժներ համաձայն են, որ Քրուզոյի կղզիի պատմութիւնը իտէալական էր ինքնավստահութեան ապահովման, միջոցներու զգուշ կառավարման եւ ընդհանուրին նկատմամբ վստահութեան արժանիքները ուսուցանելու համար: Այն փաստը, որ վէպը կրնար օգտագործուիլ առեւտուրի կայսրութեան համար, հետագայ խորհուրդ էր:

1900 թուականին Քեմպրիճի համալսարանի հրատարակութեան ներածականը կը մղէր ընթերցողները հիանալու «հնարամտութեան, գործունակութեան եւ գործնական ողջախոհութեան այն յատկանիշներով, որոնք Մեծն Բրիտանիան դարձուցած  են աշխարհի ամէնէն մեծ գաղութարար ուժը»:

1903 թուականին վաստակաւոր կրթական մշակ Թոմաս Կոտոլֆին Ռուպեր յայտարարեց. «Անկլօ-սաքսոններու տիրապետութիւնը պահպանելու եւ ընդարձակելու համար նոյնիսկ ֆութպոլը այնքան չ՛ըներ, որքան Տեֆոյի Ռոպինսոն Քրուզոյի ոգին, որ կարելի է ամփոփել այս խորհուրդին մէջ. «Երբեք մի՛ նայիր, որ ուրիշները ընեն քեզի համար այն, որ դուն կրնաս ընել քեզի համար»:

Հետաքրքրական է, Ռուպեր ի՞նք լուացած է իր հագուստները, իր ուտելիքները ի՞նք պատրաստած է, սեփական տանիքը նորոգա՞ծ է:

Քրուզոյականութեան մասին անոր գրութիւնը ծաղրանք է այն բանին նկատմամբ, թէ ինչպէ՛ս Տեֆոյի վէպը իրականութեան մէջ  ներառուած է բրիտանական նախակրթարաններու ծրագիրին մէջ, ուր  վիքթորիանական ջանասիրութեամբ կրթական պատասխանատուները, որոնք Քրուզոյի աշխատանքը իր կղզիին մէջ որպէս ինքնավստահութեան օրինակելի ձեւ մը կը նկատէին, աշակերտներուն կը սորվեցնէին կարդալ լատիներէն եւ կախեալ ըլլալ ծառաներու եւ կիներու աշխատանքէն:

Հակառակ այն բանին, որ գործարար Քրուզոն կրնայ կառուցել իր սեփական կահ կարասին, ցանկապատները, կրթական համակարգի հետաքրքրութիւնը անոր  հանդէպ կապ չունէր ձեռային աշխատանքի հետ` հմուտ, թէ ոչ: Այդ կապուած էր դասակարգային նուիրապետութեան պահպանման եւ «անկլօ-սաքսոններու տիրապետութեան» ընդլայնման :

Քրուզօ իր նեղ, փոքր կղզիին մէջ միապետ դարձաւ.« Իմ կղզիս այժմ բնակեցուած էր, եւ ես ինքզինքս շատ հարուստ կը նկատէի հպատակներով. ես թագաւորի տեսք ունէի»:

Կը թուէր, որ պատմութեան բարոյականութիւնը հետեւեալն էր. «քրտնաջան աշխատէ՛, վստահէ՛ Աստուծոյ, եւ դուն կը տիրես ուրիշներուն վրայ»:

Բայց Ռոպինսոն Քրուզոյի տարածումը դպրոցներուն մէջ խաբէութիւն էր. չեն կրնար ըլլալ թագաւորներ` առանց հպատակներու, եւ անոնց մեծամասնութեան համար, որոնք  կը կատարեն գործը եւ կը վստահին Աստուծո յ(նոյնիսկ անոնց, որոնք բախտաւոր են սպիտակամորթ եւ հարուստ արեւմուտքին մէջ ծնելով), գերազանցութեան, գերիշխանութեան խոստումը չէ կատարուած եւ երբեք չէ եղած:

Տեֆոյի վէպին վերջաւորութեան Քրուզօ հարուստ է, բայց անոր հարստութիւնը կուտակուած է ոչ թէ իր աշխատանքով, այլ` Պրազիլի իր ագարակին մէջ գտնուող իր ստրուկներուն շնորհիւ:

Ռոպինսոն Քրուզոյի նկատմամբ ազգայնամոլ, շովինիստական մօտեցումը շատ ընտրողական մոլուցք է հին Յունաստանի եւ Հռոմի մշակոյթներով եւ լրիւ մեկուսացում` հակառակ սեռէն. կրթական համակարգի շքեղ վերջաւորութեան, աւարտ, որ սերունդներու համար վերապահուած էր բացառապէս տղաներուն. թունաւոր խառնուրդ: Բրիտանական կայսրութեան փլուզումէն երկար ժամանակ ետք անիկա միջոց մըն էր, որ նախատեսուած էր յաւերժացնել ցեղապաշտութիւնը, այրերու գերակայութիւնը եւ չշահուած իրաւունքը, որոնց հիման վրայ կայսրութիւնը կը գոյատեւէր:

Ռոպինսոն Քրուզոյի տեղը այս խառնուրդին մէջ պայմանաւորուած էր անոր կարգավիճակով` որպէս (հաւանաբար) անգլիական առաջին վէպի եւ մշակոյթի ծիրերուն մէջ գրականութեան տրուած կարգավիճակով: Պարզ ուրուագիծով, ուժեղ հակապատկեր գոյներով, որոնք կը գերակայեն որեւէ հոգեբանական նրբերանգ, Քրուզօ դարձաւ կայսրութեան դրօշ մը  եւ կը ճամբորդէր առեւտրականներու, միսիոնարներու եւ զօրավարներու պայուսակներուն մէջ:

Անգլիական վէպի վաղ պատմութիւնը զուգադիպած է Բրիտանական կայսրութեան ընդարձակման հետ, եւ գրականութիւնը դարձած է ակադեմական ուսումնասիրութեան առարկայ` փրոֆեսէօրական կոչումներու եւ վկայականներու ամբողջ գործիքակազմով, երբ կայսրութիւնը իր գագաթնակէտին էր:

Ուոլթըր Ռալէյ, որ 1904 թուականին նշանակուած է Օքսֆորտ համալսարանի անգլիական գրականութեան նորաստեղծ ամպիոնի վարիչ, հպարտութեամբ գրած է այս յղումներու մասին. «Մենք տարածուած ենք երկրագունդի բնակելի մակերեւոյթի վրայ եւ հաստատած` մեր կառավարման մեթոտները նոր երկիրներու մէջ: Բայց բանաստեղծները դեռ մեզմէ առաջ են` մատնանշելով ուղին: Անոնք էին, եւ ոչ ուրիշ մը, որոնք առաջինը ընկալեցին Անգլիոյ ճակատագիրներու մեծութիւնը եւ մատուցեցին վարդապետութիւնը, որ պիտի ոգեշնչէր զայն»:

Ակադեմիային մէջ այս յաղթական մտածելու սովորութիւնը վիճարկուեցաւ 1970-ականներու եւ 80-ականներու քննադատական տեսութեան կողմէ, որ կը պնդէր, թէ գրական ստեղծագործութիւնները չեն կրնար անկախ ըլլալ անոնց ստեղծման հասարակական եւ քաղաքական պայմաններէն, եւ թէ` անոնք կը տարածեն գերիշխող կարգավիճակի խումբերու ենթադրութիւնները:

Բայց ակադեմիայէն դուրս տակաւին անորոշ համոզում կայ, որ գրականութիւնը, բարոյական, եթէ ոչ բուժիչ առումով մը, լաւ է ձեզի համար, եւ անգլիական գրականութիւնը լաւագոյնն է շուկային մէջ. զգուշացէ՛ք նմանակումներէ:

Քրուզօ իր քարոզչութիւնը ընող հիանալի խումբ մը ունէր: Ան պիտակաւորուած է` որպէս «խորհրդանշական անգլիացի», թէեւ հազիւ թէ անգլիացի է («հայրս Պրեմենի օտարերկրացի է») եւ իր կղզիին մէջ նոյնքան գաղթական է, որքան սեւամորթը, որ իր ծառան կը դարձնէ: Ան նոյնպէս պիտակաւորուած է` որպէս «տուն կառուցող» մը, թէեւ Քրուզօ դժուար կը սպասէր իր տուները լքել` նախ իր ծնողքին, ապա իր սեփական ընտանիքին: Քրուզօ իր կղզիին մէջ չարքաշ աշխատող եւ աստուածավախ է, բայց յատկապէս լաւ անձ մը չէ: Նախքան կղզին` ան ստրուկներու վաճառական էր: Երբ ինք եւ տղեկ մը փախան զիրենք պատանդ բռնած թուրք ծովահէններէն եւ փորթուգալական նաւ մը փրկեց զիրենք, Քրուզօ  նաւապետին ծախեց տղեկը: Կղզիէն ետք իր վերաբերմունքը ոչ սպիտակամորթներու հանդէպ նոյնը մնաց(«Ռոպինսոն Քրուզոյի աւելի հեռու արկածները» գիրքին մէջ). «Ես այս վայրենիները ստրուկներ կը նկատէի եւ մարդոց հետ երբ աշխատանք ունենայինք, մենք այդ վայրենիները կ՛օգտագործէինք որպէս ստրուկներ, կամ ուրախ կ՛ըլլայինք, որ զանոնք կը տեղափոխէինք աշխարհի որեւէ այլ ծայր. որովհետեւ մեր գործը անոնցմէ ազատիլն էր, եւ մենք բոլորս գոհ կ՛ըլլայինք, եթէ զանոնք ուղարկէին որեւէ երկիր, այնպէս որ, անոնք երբեք իրենցը չտեսնէին»:

1719 թուականին Ռոպինսոն Քրուզոն իր ժամանակի որոշ ենթադրութիւնները բերաւ. ստրկութիւնը բնական է եւ կարելի է համեմատել քրիստոնէութեան հետ, թէ` հասարակութեան մէջ կիներու գործը այրերուն ծառայելն է, թէ` մարդիկ, որոնց մորթին գոյնը սպիտակ չէ, վայրենի են:

Գիրքին շարունակուող ժողովրդականութիւնը, յատկապէս` շրջանակին մէջ անոնց, որոնք կրնան որոշել, թէ ի՛նչ պէտք է յայտնի ըլլայ, որ երեխաներուն առաջարկեն որոշ գիրքեր, ուրիշներ` ոչ, հիմնականին մէջ կը բխի այս անյաջողութենէն եւ Ռոպինսոն Քրուզոյի բարձրացումէն անգլիական գրականութեան կանոնակարգին մէջ յաւերժացուցած է իր սեփական ենթադրութիւնները «բնական» բանի մասին, որ այնուհետեւ կը վիճարկուի որպէս իրերու «բնական» ձեւ:

Այստեղ վէճը Տեֆոյի հետ չէ, որ խելացի եւ յամառ մարդ էր: Անոր կողմէ ստրկութեան ընդունումը` որպէս շահութաբեր առեւտուրի համար անհրաժեշտ տարր, մէկ հարց է անոր համոզումը, թէ Բրիտանիան գաղթականներու ազգ է, իսկ կեներու կրթութեան իր պաշտպանութիւնը այլ հարցեր են: Ոչ ալ վէճը վէպին հետ է, որ պարզապէս ձանձրալի է. պատումը շատ քիչ է, եւ ամբողջ գրութիւնը` ձանձրալի: Իմ վէճս այն փաստին հետ է, թէ ինչպէ՛ս վէպը օգտագործուած է եւ  կը շարունակէ օգտագործուիլ` հիմք ընդունելու համար սպիտակ մարդու իրաւունքը, որ տակաւին ակներեւ է Բրիտանիոյ  առօրեայ բազմաթիւ գործարքներու մէջ. ո՞վ կը մաքրէ փողոցները, արտաքնոցները, ո՞վ կը ծառայէ, ո՞ր սեռը աւելի կը վարձատրուի եւ այլն: Ասոնք բացայայտ օրինակներ են: Կան ուրիշներ, որոնք անցեալ 300 տարիներու մտածելակերպի մէջ այնքան խոր թաղուած են, որ անոնք յաճախ անտեսանելի են: Ինքը` Քրուզոն, երկչափ է (two-dimensional), կերպար մը` խաւաքարտէ, որուն վրայ իւրաքանչիւր ընթերցող կրնայ ցուցադրել իր ինքնութիւնը: Ժխտելով անոր սեռական պատկանելիութիւն մը եւ նոյնպէս` ինքնավստահութիւն, Տեֆօ զայն մանկացուցած է: Քրուզօ իր կարգին կրնայ մանկացնել իր ընթերցողները: Քրուզօ ինքզինք փրկած է, բայց չէ կրցած ուրիշներ փրկել: Մարդը, որ 28 տարի խրուած էր անմարդաբնակ կղզիին մէջ եւ ստրուկներու առեւտուր կ՛ընէր եւ կը հաւատար, որ կիները այրերուն ծառայելու յարմար պէտք է ըլլան, չի կրնար կատարեալ օրինակ մը ըլլալ` ապրելու ուրիշների հետ, հասարակութեան մէջ: Ձգեցէ՛ք զայն, թող երթայ:

Նախորդը

Յարգանքի Երեկոյ` Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Լիբանանի Հարաւը, Մեր Սահմանները Եւ… Միակ Ճամբան

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?