Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԵ. Հայկազեանի Հրթիռները

Յունուար 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս թիւով կ՛ամփոփեմ Հայկազեանի հրթիռներուն մասին յօդուածաշարքս:

Պէտք է նշել, որ 1968-ի ամրան Հրայր Սահակեանի մեկնումով էր, որ կը կորսնցնէինք Հայկազեանի հրթիռներուն պատրաստութեան, շինութեան եւ արձակման մասնակցած վերջին ուսանողը, որ դասախօս դարձած էր եւ նախագահած` Հայկազեանի եւ Լիբանանի հրթիռներու զոյգ ակումբներուն:    Դեկտեմբեր 1966-էն ետք, առանց հրթիռ արձակելու, հրթիռներու ակումբ ունենալը անիմաստ կրնայ թուիլ, սակայն, ինչպէս նշուած էր, իւրաքանչիւր արձակուող հրթիռ պէտք էր նախորդին վրայ գիտական նորութիւն մը առաւելութիւն մը, նուաճէր, կամ սխալ մը սրբագրէր եւ ո՛չ թէ հրավառութեան սիրոյն, զբաղումի համար կատարել. այդ փուլը արդէն 1960-ին աւարտած էր: Սակայն հիմնականը ուսանողներուն կողմէ անջրպետային  ուսումնասիրութիւններ կատարելը եւ գիտական վերջին նորութիւններուն հետեւիլն ու հասկնալն էր:

1. «Հայկազեան Հերըլտ» ուսանողական հանդէսին հարցազրոյցը Յարութ Չէքիճեանին հետ, 28-2-1969: 2. ՀԿԵՄ-ի կազմակերպած 28 մարտ 1969-ի «Հրթիռները» նիւթով Յարութ Չէքիճեանի դասախօսութեան հրաւէրը եւ «Ազդակ»-ին մէջ անոր ծանուցումը:

Հայկազեանի անգլերէն ուսանողական պարբերականներէն «Հայկազեան Հերըլտ»-ի խմբագրութիւնը 28 փետրուար 1969-ի համարին մէջ (1) «Հայկազեանի հրթիռներուն (ակումբին*) ի՛նչ պատահեցաւ» խորագիրով հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է վերջին նշանակեալ ղեկավար Յարութ Չէքիճեանին հետ.

«Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ընկերակցութիւնը (ՀԳՀԸ) կազմուած էր 1961-ին (նոյեմբեր 1960*) խումբ մը ուսանողներու կողմէ, հրթիռներ շինելու եւ փորձելու համար: Տարի մը յաջող գործունէութիւն ունենալէ ետք այլ ակումբներ, Ամերիկեան համալսարանի հրթիռներու ակումբին նման, նաեւ հետաքրքրուած մասնագէտներ եւ ուսանողներ միացան ՀԳՀԸ-ին` կազմելու համար Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութիւնը` ԼՀԸ-ն 1962-ին, որուն նախագահը Հայկազեանի ներկայացուցիչը կ՛ըլլար: Անոր պիւտճէն Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը կը հոգար:

3. Հայկազեանի արձակած 20 հրթիռները, հասակով ներկայացուած եւ 1960-1969 գործունէութիւնը. «Մայրի 9» եւ «Մայրի 10» ենթադրաբար «Մայրի 8»-ի հասակով ներկայացուցի:

«Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութիւնը յաջողութեամբ արձակած է «Մայրի» հրթիռներու շարքը` մէկէն տասը, «Մայրի 3»-ով նուաճելով 200 քմ առաւելագոյն բարձրութիւն եւ 600 (480*) քմ առաւելագոյն հեռաւորութիւն:

«Երկու տարի անցած է ԼՀԸ-ի կողմէ վերջին հրթիռին արձակումէն, եւ անկէ ետք շատ բան չենք լսած անոր գործունէութեան մասին:

«ԼՀԸ-ի գործունէութեան մասին լուսաբանութեան համար դիմեցինք այժմու նախագահ Յարութ Չէքիճեանին, որ ըսաւ. «Ընկերակցութեան բնոյթին պատճառով անդամներուն թիւը եւ ծանուցումը քիչ եղած է, սակայն անոր գործունէութիւնը` տեսակաւոր:

«Չեմ կրնար մանրամասնութիւններ յայտնել, սակայն մեր աշխատանքը մեծապէս հետազօտութիւն եղած է` նպատակ ունենալով կազմել հրթիռներու մասին տուեալներու համակարգչային դրութիւն մը (data base, հիմնուելով ցարդ մեր արձակած հրթիռներուն տուեալներուն վրայ*), որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ ծրագրել, օրինակ, հրթիռներուն անհրաժեշտ վառելանիւթին քանակը, փողածայրին տրամագիծը, շարժագիծը, արագութիւնը, բեռը եւ այլ յատկանիշներ: Այս նպատակով է, որ ապսպրած էինք մեծ ծաւալի, կապուած հրթիռ փորձելու սարք մը, որուն վրայ շարք մը հրթիռներ փորձեցինք վերոնշեալ նպատակին համար»:

«Հայկազեանի ուսանողները ինչպէ՞ս կրնան սատարել հրթիռներու ընկերակցութեան» հարցումին Չէքիճեան պատասխանեց. «Անոնք կրնան հրթիռներու մասին լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ կատարել, օդուժաբանական (aerodynamics), վառելանիւթի եւ կիրառական յարակից բնագաւառներու մէջ, օրինակ` ելեկտրոնային, օդերեւութաբանական, ուղղութեան կառավարման եւ այս մարզին վերջին զարգացումներուն իրազեկ դառնալ»:

4. 20 Հրթիռները եւ իւրաքանչիւրին նուաճած հեռաւորութիւնը` կարմիր եւ բարձրութիւնը` կապոյտ (քիլոմեթր):  7 հրթիռներու պարագային այս տուեալները կը պակսին:

«Ընդհանուր առմամբ, որո՞նք են ցարդ կատարուած նուաճումները» հարցումին ըսաւ. «Մինչեւ իսկ 2 թոն (մէկ թոն քառորդ, երեք յարկանի*) եւ հեռահաս հրթիռներ արձակելու փուլը նուաճած ենք: Այժմ մեր հրթիռներուն ուղղութիւնը կառավարող ելեկտրոնային եւ մեքենական սարքերու պէտք ունինք: Այս նպատակով գալիք վեց ամիսներուն շարք մը փորձեր պիտի կատարենք նոր ուրուագիծով, կառավարելի հրթիռներու վրայ:

«Ինչ կը վերաբերի ապագային, ան ըսաւ. «Լիբանանի հրթիռներու ընկերակցութեան ապագային մասին շատ լաւատես եմ. քանի մը տարի յարատեւ ծանր աշխատանքով կրնանք հրթիռային առաջնակարգ դիրքի հասնիլ, անշուշտ` գիտական նպատակներով»:

Այդ տարի համակարգիչի դասընթացի մը հետեւեցայ Ամերիկեան համալսարանին մէջ (միայն այնտեղ կարելի էր)` սորվելով համակարգչային նախնական Ֆորթրան լեզուն: Համակարգիչները գորշ սառնարաններու մեծութեամբ տասնեակներով սարքեր էին, որոնք հսկայ սրահ մը գրաւած էին,որոնց հետ հաղորդակցութիւնը ծակոտկէն քարտերով կ՛ըլլար: Վերոնշեալ հրթիռներու տուեալներուն վերաբերող համակարգչային  ծրագիր (data bank) մը կարելի չեղաւ պատրաստել, քանի որ բոլոր տուեալները մեր տրամադրութեան տակ չէին: Այս աշխատանքը դոկտ. Մանուկեանը լաւագոյնս կրնայ կատարել, քանի որ իր հարցազրոյցներուն մէջ կ՛ըսէ, որ ահագին արխիւ ունի:

28 մարտ 1969-ին Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան` ՀԿԵՄ-ի կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի իրենց սրահին մէջ «Հրթիռները» նիւթով դասախօսութիւն մը տուի, սկիզբէն մինչեւ այդ օրերու պատմականը, արհեստական արբանեակները եւ օգնական դասընկերներով հրթիռներուն մասին երկու ժապաւէններ ցուցադրեցի: Սրահը խուռներամ լեցուն էր, տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան:

5. 1960-ական թուականներու համակարգիչին հետ հաղորդակցելու քարտ ծակող Այ Պի Էմ գրամեքենայ մը:  6. Տուեալներով լեցուն ծակոտկէն քարտերու տրցակ մը:
Հայկազեանի հրթիռներու ակումբին եւ Լիբանանեան
հրթիռներու ընկերակցութեան գործունէութեան աւարտը:

Հաւանաբար «Հայկազեան Հերըլտ»-ի վերոնշեալ հարցազրոյցը դոկտ. Հարթին հետաքրքրութիւնը շարժեց եւ լուսաբանական զրոյց մը ունեցաւ հետս ապրիլ 1969-ին, հասկնալու համար, թէ Հայկազեանի հրթիռներու ակումբին եւ Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան կացութիւնը ի՛նչ էր: Ապա, 1969 մայիսի ընթացքին փափաք յայտնեց, որ այցելենք իրեն նախկին ծանօթ` հազարապետ Եուսեֆ Ուահպէին: Քանի մը օր ետք (թուականը չեմ յիշեր), Հարթը` ես եւ տեղացի ուսանող մը այցելեցինք Ուահպէին, Վերտէօն փողոցի իր գրասենեակին մէջ:

Տարօրինակ եւ արտառոց կացութիւն մը ստեղծուեցաւ այդ հանդիպումին ընթացքին: Առաջին` Ուահպէն ձեւացուց, որ կարծես «ծանօթ» էր ինծի, սակայն զիս չէր ճանչնար, երկրորդ` մեր նախորդող հանդիպումներուն եւ աշխատանքներուս մասին երբ յիշեցում կատարեցի, խուսափողական բաներ ըսաւ: Կարծելով, որ Հարթին` օտարի մը առջեւ չէր ուզեր խօսիլ, «զինուորական գաղտնիքներ» յայտնել, այնուհետեւ ես բոլորովին լուռ մնացի եւ հանդիպումը ձախորդ աւարտ մը ունեցաւ: Երբ գրասենեակէն դուրս ելանք, Հարթը շուարած էր ու կասկածով կը նայէր ինծի` Ուահպէին անճոռնի վարմունքին պատճառով: Այդ պահուն իսկ որոշեցի վերջ տալ հրթիռային աշխատանքներուս Ուահպէին այս անհասկնալի ընթացքին պատճառով, որ արդէն սկսած էր կուտակուիլ մեր առաջին հանդիպումէն ի վեր: Մի՛շտ` խորհրդաւոր, ոչ յստակ վերաբերում: Առաջին օրէն, Հրայր Սահակեանին հետ մեր հանդիպումին իսկ, անկեղծօրէն կացութիւնը չպարզեց մեզի, թէ` ինչո՞ւ գրասենեակ պիտի ունենայինք, ծախսերը ո՞վ պիտի հոգար, ո՞վ պիտի յաճախէր այնտեղ եւ այլն: Քանի մը «լիբանանեան գործելաձեւի» ենթադրութիւններ ունիմ, սակայն շօշափելի տուեալներ չունենալուս պատճառով չեմ կրնար արտայայտուիլ, մանաւանդ` յարգելով զինուորականի իր հանգամանքը:

Այսպիսով, մայիս 1969-ին դադրած կը համարուի ՀԳՀԸ-ի եւ ԼՀԸ-ի գործունէութիւնը` Եուսեֆ Ուահպէի անուղղակի եւ իմ ուղղակի որոշումովս: Սակայն անորոշ կը մնայ, թէ Ուահպէ այնուհետեւ շարունակե՞ց «հրթիռային» աշխատանքները,  թէ՞ ոչ…

7. Հայկազեանի 20 հրթիռներուն ընդհանուր ցուցակը, ոչ ամբողջական` մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տուեալներուն համաձայն:

Ամփոփում: 1. Նոյեմբեր 1960-ին կը սկսին 25-45 սմ երկայնքով արոյրէ եւ պաղլեղածինէ խողովակէ շինուած փոքր հրթիռներու փորձեր, Քէլէշեաններուն Մըրուժի ագարակին մէջ:

  1. 4 ապրիլ 1961-ին Հայկազեանի վաւերական առաջին հրթիռը` ՀԳՀԱ 1 – HCRS 1, կ՛արձակուի ՔՋԱԿ-էն, Այն Սաատէ:
  2. 15 մայիս 1961-ին առաջին անգամ լիբանանեան բանակին Սաննինի փորձի դաշտին մէջ եւ բանակի ներկայացուցիչին առջեւ կ՛արձակուի ՀԳՀԱ 2 հրթիռը:
  3. 7 յուլիս 1961-ին յաջողութեամբ կ՛արձակուի առաջին երկյարկանի հրթիռը, եւ կը սկսի լիբանանեան բանակին հետ աշխատանքային գործակցութիւնը` օգտագործելով նաեւ իրենց աշխատանոցները:

    8. Հրայր Քէլէշեան ձախին`  ընկերներով Մըրուժի իրենց ագարակին մէջ փոքր` 30 սմ հրթիռ մը արձակման կը պատրաստէ, 1960-ին: 9. Ամէնէն հասակաւոր` երեք յարկանի, 700 սմ «Մայրի 4» հրթիռը, նոյեմբեր 1963-ին:
  4. 25 մայիս 1962-ին մէկ անգամուան համար Տահր Պայտարէն կ՛արձակուի հրթիռ մը` ՀԳՀԱ 7 – HCRS 7 – CEDAR 2A-ը, որ նաեւ կ՛ըլլայ միայն Հայկազեանի անունով պատրաստուած վերջին հրթիռը:
  5. 25 յունիս 1962-ին, «Մայրի 2Բ -CEDAR 2B»-ով կը սկսի Լիբանանեան Հրթիռներու ընկերակցութեան անունով, նաեւ` Տըպպայէէն արձակուող առաջին հրթիռը:
  6. 21 նոյեմբեր 1962-ին կ՛արձակուի առաջին երեք յարկանի եւ ամէնէն ծանր` 1250 քկ, 7 փողածայրերով հրթիռը, որ թէ՛ կ՛անցնի անջրպետի Քարման գիծը, թէ՛ ալ կը հասնի Կիպրոսէն անդին` արեւմուտք: Իմ արժեւորումովս, կարեւորագոյն նուաճումը այս էր:
  7. 20-ի վրայ 3 հրթիռներ ձախող էին. ՀԳՀԱ 4-ը առաջին ձախողած հրթիռն էր, որ չի բարձրանար: Երկրորդը` բարձրանալէն ետք «Մայրի» 2Բ»-ին երկրորդ յարկը չ՛անջատուիր, իսկ երրորդը` «Մայրի 7 Ա.»-ը արձակիչին վրայ կը պայթի:
  8. 21 դեկտեմբեր 1965-ին կը սկսի գետնի վրայ, «կապուած» հրթիռներու փորձերը, հաւանաբար 3-4 հրթիռներ այս ձեւով կը փորձուին:
  9. 23 մայիս 1964-էն սկսեալ կ՛օգտագործուի նաեւ ֆրանսական վառելանիւթ:
  10. Զուգադիպութիւն չէ, որ հրթիռային այս աշխատանքներուն մասնակից բոլոր ուսանողները եւ պատասխանատու դասախօսը Ամերիկա հաստատուեցան, բարձր ուսում ստացան, եւ ոմանք գիտական նուաճումներ կատարեցին: Հաւանաբար նոյն նպատակով, Հայկազեանը աւարտելէս ետք, 1971-ին զիս ալ Միացեալ Նահանգներ գործուղեցին, սակայն վերադարձայ:

Առանց օտար մասնագէտներու, համալսարանական միայն պսակաւոր գիտութեան կրթութեամբ 24-25 տարեկան դասախօս եւ 18-20 տարեկան 7-8 հայ ուսանողներ եւ 750 լո (շուրջ` $300 տոլար) նախնական պիւտճէով, Լիբանանը բարձրացուցին 1960-ական տարիներու անջրպետային գիտական աշխարհին մէջ պատուաբեր դիրքի, Միջին Արեւելքի մէջ` առաջինը:

Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբը փաստեց, որ հնարամիտ հայ միտքին, կորովին, ոգիին եւ բազուկին առջեւ անկարելին եւ անյաղթահարելին գոյութիւն չունին:

29 նոյեմբեր 2021
Շար. 15 եւ վերջ

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին
(1)  «Haigazian Herald», February 28, 1969, page 3:

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շահամիրեան – Հերակլ Բ. Բանակցութիւններ Եւ Արցախցիները Լոռի Տեղափոխելու Ծրագիր

Յաջորդը

Հայ Անկախ Պետականութեան Ներկայ Փակուղին Եւ ՀՀ Նախագահին Վերջին Խաղաքարտը

RelatedPosts

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ
Անդրադարձ

Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

Օգոստոս 11, 2022
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In