Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապաքինման Յոյսով

May 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Մեծ սպասումներ կային Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Չորս տարի առաջ, առաջին անգամ գործադրուելով, ընտրական վերջին օրէնքը ցոյց տուած էր իր անկատարութիւնը եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու իր անատակութիւնը: Նման բացայայտ թերութիւնները բառնալու համար, քաղաքական ուժեր ու կուսակցութիւններ ոչ բնական, նոյնիսկ հակասական համաձայնութիւններ գոյացուցին ու ընտրական դաշինքներ կազմեցին: Ժողովրդավարական բնականոն ընտրապայքարի մը ընթացքին, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հանգիտութիւնները կ՛առաջնորդեն ընտրական դաշինքի, այսինքն` նմաններու իրերօգնութեան: Պայքարը կը կատարուի քաղաքական կողմնորոշումներու միջեւ եւ ատով իսկ` ժողովրդավարական է: Լիբանանեան քաղաքական դաշտը ժողովրդավարական քաղաքական պայքարը կը խափանէ եւ զայն կ՛իջեցնէ մինչեւ ամբոխավարական մակարդակի:

Այսպէս ուրեմն, Լիբանանի մէջ, հակառակ ըսուածին ու կրկնուածին, քաղաքացին պետութեան ղեկավարման ուղղութիւն մը չէ որ կ՛ընտրէ, այլ կ՛ընտրէ անհատներ կամ անհատներու փոքրաթիւ խումբեր, որոնց վարելիք քաղաքականութեան մասին շատ անորոշ պատկերացում ունի:

2019-ի բողոքի շարժումներէն ետք, ապա Լիբանանը հարուածած իրերայաջորդ տագնապներու լոյսին տակ, համատարած աղքատացումի պայմաններուն տակ, կը սպասուէր, որ դասական ղեկավարներու միջեւ պայքարը փոխարինուէր, գէթ մասնակիօրէն, գաղափարներու պայքարով: Ճիշդ է, որ ընտրուած 128 երեսփոխաններուն նուազ քան 10 առ հարիւրը (13 երեսփոխան), դուրս կը համարուի դասական ղեկավարութեամբ գործող խմբաւորումներէն ու սկզբունքով անկախ է, սակայն պէտք է սպասել տեսնելու համար, թէ իրարու հակասող կեցուածքներ ունեցողներու այս խումբը պիտի կարենա՞յ նորութիւն առաջարկող միաձոյլ խմբաւորում մը դառնալ:

Ընտրուած երեսփոխանները առայժմ կարծէք սպասողական վիճակի մէջ են: Պէտք է ենթադրել, որ անոնցմէ շատերը մտահոգ են ի նախատեսութիւն անկարավարելի խորհրդարանի մը, անկարող` կատարելու օրէնսդիրի եւ գործադիրի կազմութեան եւ աշխատանքին հսկողի իր դերը:

Յառաջիկայ օրերուն եւ ամիսներուն բազմաթիւ փուլերու հետ ժամադրուած ենք: Խորհրդարանի նախագահ, փոխնախագահի ու դիւանի ընտրութիւն, նոր կառավարութեան կազմութիւն, հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն, առանց մոռնալու շրջանաւարտ խորհրդարանին կողմէ անդադար յետաձգուած ելեւմտական, տնտեսական, ուժանիւթի եւ ընկերային օրէնքները, որոնց ընդունումը պայման է արտաքին օժանդակութիւններու ստացման համար:

Երեսփոխանական ընտրութիւնը չյաջողեցաւ պայծառացնել լիբանանցիին ապրած դժխեմ առօրեան: Ընտրեալներէն կ՛ակնկալուի մէկ կողմ դնել սեփական փառասիրութիւնները եւ երկրին դիմագրաւած հարցերու լուծման համար, միասնաբար, ելքեր որոնել: Այսինքն, անձերէն անկախ, անոնցմէ վեր, գաղափարներ առաջադրել, լաւագոյնին ու յարմարին շուրջ համաձայնիլ եւ տագնապի լուծման ելքեր գտնել: Այլապէս, Լիբանան կրնայ վերածուիլ կոհակներու միջեւ խուսանաւող նաւու մը, որ ի վերջոյ դատապարտուած է խորտակման:

Մաղթենք, որ ազգային շահի գիտակցութիւնը եւ քաղաքական իմաստութիւնը կը յաղթանակեն, եւ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի ապաքինում: Լիբանանցի քաղաքացիին սպասումը այս չէ՞ միթէ:

 

 

 

Նախորդը

Նշաձող Եւ Կարմիր Գիծ

Յաջորդը

Համազգայինի Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինարը` Մայիսեան «Ապրիլեան Ոգեկոչում» Մը «Սփիւռքի Տարուան» Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.