Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշաձող Եւ Կարմիր Գիծ

May 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ հակասութիւնը շատ յստակ է: Երեւանի իշխանութիւնները կը խօսին Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին նշաձողը իջեցնելու միջազգային ընտանիքին ակնկալութեան մասին, իսկ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կը շեշտեն կարմիր գիծը, որ կը տեսնեն Արցախի կարգավիճակին պարագային: Այլ խօսքով, Ստեփանակերտ Արցախի կարգավիճակը կը համարէ կարմիր գիծ, զոր կարելի չէ հատել: Իսկ Երեւան կը խօսի նշաձողի իջեցման հաւանականութեան մասին, որպէսզի ստանայ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը:

Արցախի կարգավիճակի որոշման խնդիրը արցախեան երկրորդ պատերազմէն առաջ կը կոչուէր Արցախի անկախ հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ապահովման խնդիր: Պատերազմէն ետք Արցախի պետութիւն հասկացողութիւնը փոխուեցաւ եւ ստացաւ «Արցախի կարգավիճակ» եզրը, որ ինքնին անկախ պետութեան գաղափարէն եւ նպատակէն յստակ նահանջ է: Հոս է, որ հարցին տարբեր երեսները երեւան կու գան: Ինչպիսի՞ կարգավիճակ պիտի ապահովուի Արցախի, որուն իշխանութիւնները յստակօրէն կը մերժեն Ազրպէյճանի կազմին վերադառնալու քաղաքական որեւէ որոշում եւ կարգադրութիւն: Այս կեցուածքը շեշտեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ ահազանգ հնչեցուց բնաջնջման իսկական վտանգին մասին, զոր արցախցիները պիտի դիմագրաւեն, եթէ քաղաքական սակարկութիւնները Արցախը վերադարձնեն Ազրպէյճանի իշխանութեան տակ: «Անշուշտ Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան երաշխաւորութիւնը եւ Արցախին կարգավիճակ մը տալը լաւ է: Բայց խնդիրը այն է, թէ ինչպիսի՞ ապահովութիւն եւ կարգավիճակ պիտի տրուի: Այսինքն Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի կարգավիճակը չի կրնար երաշխաւորել արցախցիներուն ապահովութիւնը: Ընդհակառակը, Արցախի եւ արցախցիներուն գոյութիւնը պիտի դրուի հարցականի տակ: Պատերազմ, կոտորած, հայաթափում եւ ցեղասպանութիւն», ահազանգեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը, որուն համաձայն, խաղաղութեան օրակարգին մասին խօսիլը չի նշանակեր ընդունիլ Արցախ մը Ազրպէյճանի իշխանութեան տակ:

Երեւանի իշխանութիւնները այսքան յստակ կեցուածք չունին կամ չեն ցուցաբերեր Արցախի կարգավիճակին մասին: Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի փոխանցուած հինգ առաջարկներուն տրուած վեց կէտերէ պատասխանին մէջ իսկ Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին Երեւանի իշխանութիւններուն կեցուածքն ու դիրքորոշումը անորոշ ձեւակերպում ունի, ինչ որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մղեց լուրջ կասկածի տակ առնելու Արցախի կարգավիճակին նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը: Վերջերս պաշտօնի կոչուած յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան, որ նախկին ընդդիմադիր մըն է, յայտարարեց, որ` «Հայկական կողմին համար հիմնարար է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ապահովութեան երաշխաւորումը, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգումը, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցը»:

Իրենց պատասխանին մէջ Երեւանի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն սկսելու բանակցութիւններու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին հիմամբ: Ըստ Մարուքեանի, այս կէտին մէջ ամրագրուած են ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ այլ կարեւոր իրաւունքներ ու ազատութիւններ:

Ընդդիմութիւնը, սակայն, այլ տպաւորութիւն ունի: Արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ Արցախի կարգավիճակին քննարկում կատարելու վերաբերեալ ոչինչ յստակացնելով` Երեւանի իշխանութիւնները, ըստ ընդդիմութեան, կը քողարկեն Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու իրենց միտումը: Իսկ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները յստակացուցած են իրենց կեցուածքը, որ բարեբախտաբար հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ որդեգրուած է:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նոր Ժամանակը Ե՞րբ Է…

Յաջորդը

Ապաքինման Յոյսով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.