Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանին Մէջ Ո՞ւր Են Լիբանանցի Կիները

May 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

Մայիս 15-ի պատմական ընտրութիւնները տեղի ունեցան, եւ Լիբանանը այսօր կը գտնուի նոր անկիւնադարձի մը դիմաց:

Այս տարի ընտրուեցան մեծ թիւով նոր դէմքեր, որոնք որոշած են նոր մտածելակերպով, շինիչ ռազմավարութեամբ եւ զարգացած միտքերով ծառայել իրենց երկրին:

Իսկապէս շատ գնահատելի է լիբանանցիներուն այս կեցուածքը, յատկապէս այս դժուար օրերուն` նաւահանգիստի պայթումէն ետք եւ նիւթական նուաստացուցիչ պայմաններու ներքեւ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Քորոնա» ժահրի գործած աւերները, որոնք մեծ վնաս հասցուցին թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ ժողովուրդին` երկրին նկատմամբ անոնց վստահութիւնը խախտելով:

Սակայն ներկայիս երիտասարդական նոր ուժ եւ կամք կը ցուցաբերուի նորընտիր երեսփոխաններուն հանդէպ:

Կը շնորհաւորենք բոլորը անխտիր եւ անշուշտ իրենց ընդմէջէն` Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները, որոնք անգամ մը եւս ընդգծեցին իրենց ներկայութիւնն ու աշխատանքը` կերտելու Լիբանան հայրենիքը:

Աշխատանքային առումով պէտք է գնահատել արտերկրի լիբանանցիները, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ քուէարկեցին ի սէր Լիբանան հայրենիքին:

Այս մէկը ցոյց կու տայ իրենց մեծ կարօտը եւ իղձը` Լիբանան վերադառնալու ու կերտելու ապագայի հայրենիքը: Պէտք է նշել, որ արտերկրի լիբանանցիները աւելի մեծ թիւով քուէարկեցին քան` տեղացի ժողովուրդը:

Բայց թէ ո՞ւր են կիները` կին երեսփոխանները, այս ընտրութիւններուն:

155 կիներու թեկնածութիւնը առաջադրուելէ ետք ընտրութեան մասնակցեցան 146 կիներ, որովհետեւ դժբախտաբար բոլորը չկրցան մաս կազմել ընտրական ցանկերու: Իսկ ի վերջոյ միայն 8 կիներ յաջողեցան մուտք գործել խորհրդարան:

Այս իրականութենէն մեկնելով` կ՛եզրակացնենք, որ Լիբանանի ժողովուրդին կէսը, որոնք կիներն են, խորհրդարանին մէջ կը ներկայացուին միայն 8 երեսփոխաններով, իսկ միւս կէսը, որոնք այրերն են, կը ներկայացուին 120 երեսփոխաններով:

Ո՞ւր է արդարութիւնը այս իրականութեան մէջ: Ըստ ՍԻՏԱՈՒ-ի, անոր բանաձեւերուն մէջ կը նշուի կիներու անպայման ներկայացուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կիներու գործունէութիւնը` որոշումի կայացումի դիրքերուն վրայ:

Դարձեալ ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ կնոջ մասնակցութիւնը` քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր ներկայութիւնը` քաղաքական ամպիոններուն վրայ:

Յիշենք, որ այս բոլորէն առաջ, 1995-ի Փեքինի Ընդհանուր ժողովին առաջնահերթ բանաձեւերէն մէկն էր կնոջ ներկայացուցչութիւնը յստակ մասնաբաժինով, որ 30 առ հարիւրի համեմատութեամբ ներկայացուցչութիւնն է:

Լիբանան իր կարգին որդեգրած է միջազգային այս բոլոր համաձայնագիրներն ու բանաձեւերը` զանոնք գործադրելու ամբողջական խոստումով, սակայն խոստումները մնացած են թուղթի վրայ` առանց գործի վերածուելու:

Մասնաբաժինի գործադրութիւնը այս հարցին միակ լուծումն է:

Նշենք, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը` նախագահութեամբ Քլոտին Աունի, նախորդ երկու տարիներուն  աշխատեցաւ այս առնչութեամբ:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելեց լիբանանեան բոլոր կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

Բոլոր կուսակցութիւնները անխտիր իրենց աջակցութիւնն ու դրական կեցուածքը յայտնեցին կնոջ ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի գործադրութեան վերաբերեալ, եւ այդ մէկը մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր:

Սակայն, հակառակ ցուցաբերուած համաձայնութեան եւ խոստումներուն, խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստի օրը այս նիւթը լրիւ ջնջուած էր օրակարգէն` պատճառաբանելով, որ` «Աւելի կարեւոր հարցեր կան լուծուելիք»:

Իսկապէս ծիծաղելի եւ անհեթեթ պատճառաբանութիւն մըն է այս մէկը, երբ պահ մը մտածենք, թէ հզօր կուսակցութիւնները ինչպէ՛ս այս մտայնութենէն կը տառապին:

Մայիս 15-ի երեսփոխանական ընտրութեան պատկերը կ՛ընդգրկէ 8 կիներ, որոնցմէ երկուքին երկրորդ երեսփոխանական նստաշրջանն է:

Դարձեալ յիշենք, որ Լիբանան 1952-էն ի վեր կնոջ մասնակցութիւնն ու քուէարկութիւնը արտօնած էր, սակայն այդ օրէն 70 տարիներ ետք պատկերը շատ չէ փոխուած:

Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայութեան համեմատութիւնը միշտ եղած է փոքր:

Հետեւեալ ցուցակը կ՛անդրադառնայ 1927-էն ի վեր Լիբանան խորհրդարանին մէջ կնոջ ներկայութեան պատկերին.

1927-1962 – ոչ մէկ կին երեսփոխան
1962-1964 – 1 կին երեսփոխան
1964-1991 – ոչ մէկ կին երեսփոխան
1991-1992 – 1 կին երեսփոխան
1995-2005 – 3 կին երեսփոխան
2005-2009 – 6 կին երեսփոխան
2009-2018 – 4 կին երեսփոխան
2018-2022 – 6 կին երեսփոխան
2022- …  – 8 կին երեսփոխան

 

2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայութեան համեմատութիւնն է 6,25 առ հարիւր: Այս թիւը ցուցանիշ է, որ Լիբանանի մէջ տակաւին ընկերային ըմբռնումները կը մերժեն կնոջ ներկայութիւնը քաղաքական մարզէն ներս:

Պէտք է յիշել, որ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի դրութիւնը որդեգրուած է աւելի քան 50 պետութիւններու կողմէ, իսկ Պանկլատէշը եղած է մասնաբաժինը ընդունող առաջին երկիրը:

Այսօր պահանջուածը այն է, որ որդեգրուին այնպիսի օրէնքներ, որոնք ոչ միայն կ՛ընդունին իգական եւ արական սեռին հաւասարութիւնը, այլ կը ձեռնարկեն այդ իրաւունքները գործադրելու փուլին` առիթ տալով, որ գործնական գետնի վրայ մեծ թիւով կիներ ներկայ ըլլան, որովհետեւ Լիբանանի տարբեր համալսարաններէն ներս իգական սեռի ուսանողներուն համեմատութիւնը 52 առ հարիւր է, մինչդեռ արական սեռի ուսանողները կը կազմեն 48 առ հարիւրի համեմատութիւն:

Քաջաբար պէտք է արտայայտուինք այս ուղղութեամբ եւ հարց տանք, թէ ո՞ւր են այդ զարգացած երիտասարդուհիները. անոնք է, որ պետական եւ կառավարական կառոյցներուն մէջ պիտի բարձրացնեն իգական սեռի ներկայութեան համեմատութիւնը:

Կիները իրենց քաջ կեցուածքով, հնարամիտ եւ արդար աշխատանքով կրնան օգնել Լիբանանի բարօրութեան եւ վերելքին` այս դժուար օրերուն եւ պայմաններուն մէջ:

Կիներն են, որ պիտի մշակեն շինիչ օրէնքներ: Անոնք իրենց գիտակցութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ կրնան կանխարգիլել պատերազմի որոշումները եւ իրենց դերակատարութեամբ առաջքը կ՛առնեն ճակատումներու:

Հետեւաբար լիբանանցի կինը պէտք չէ միայն ըլլայ ծրագրողը, աշխատողը եւ պատրաստողը` քուէարկութեան եւ ընտրութեան այս աշխատանքին մէջ, ու ապա անտեսուի եւ մնայ քուլիսներու ետին: Ընդհակառակն, ան պէտք է ներկայ ըլլայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային որոշումներ տալու սեղաններուն վրայ:

Եզրափակելով ըսենք, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի, մինչեւ իրագործուին մարդկային իրաւունքներու հաւասար բաժանումը այր եւ կնոջ միջեւ:

 

 

Նախորդը

Գարեգին Վեհափառի Ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած «Իննսուն Գործ, Իննսուն Խօսք» Գրքի Լոյս Ընծայման Առիթով

Յաջորդը

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիրներէն Լիբանան Թաղուածներուն Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.