Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Անկախութեան Նորօրեայ Խորհուրդը

May 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի անկախութեան 104-րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք անկախութեան կորուստի վախերով. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կառավարուի իշխանութեան մը կողմէ, որ յայտնապէս անկախութիւնը պաշտպանելու համար կամք չի ցուցաբերեր: Իշխանութեան, աւելի ճիշդ` անոր միահեծան ներկայացուցիչ վարչապետին, կը թուի, որ զիջումներ կատարելով` կրնայ պահպանել իր երերացող իշխանութիւնը: Նպատակը ոչ թէ ամէն գնով պետութեան ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւնը պահպանելն է, այլ սեփական իշխանութեան պահպանումը` կորուստներու գնով: Այսինքն` թագաւորութիւնը… աւերակներու վրայ:

2018 թուականի կեղծ յեղափոխութենէն ետք, յաճախ հարիւրամեայ անցեալի հետ բաղդատութիւններ կատարուեցան: Անցեալի ձախողումները շեշտուեցան արդարացնելու համար ներկայի հրաժարումները: Այսպէս է, որ անցեալի պայքարներու պարտութիւնները դարձան ներկայի նահանջներու արդարացումներ: Մոռացութեան տրուեցաւ դէպքերու պատմականութեան սկզբունքը: Պատմական իրողութիւնները պէտք է դատել իրենց ժամանակի պայմաններուն նկատառումով: Տարբեր պայմաններու մէջ, քաղաքական տարբեր դասաւորումներու ենթակայ դէպքերը կարելի չէ հաւասարեցնել ու բաղդատել, 1920 թուականի հայ-թրքական պատերազմի պարտութիւնը չ՛արդարացներ 2020-ի պարտութիւնը: Արդիւնքը չէ, որ կ՛որոշէ կեցուածք մը, քաղաքական դիրքորոշման մը ճիշդ կամ սխալ ըլլալը: Արդարեւ, ազնուագոյն մղումներով առաջ տարուած պատերազմի մէջ կարելի է պարտուիլ, իսկ ամբողջական պարտութենէ խուսափելու համար ժամանակաւոր զիջումները նպատակէն հրաժարում չեն նշանակեր: Պարտուած ղեկավարութիւնը իշխանութիւնը կը զիջի այն յոյսով, որ նոր եկողը պիտի աշխատի կորսուածը վերադարձնել: Այդպէս վարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը` 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնելով համայնավարներուն:

Ինչո՞ւ նման հրաժարման չի դիմեր Նիկոլ Փաշինեանը: Ինչո՞ւ իրեն կը թուի, որ պարտուած ղեկավարի դիրքերէն կրնայ պաշտպանել Հայաստանի ու Արցախի իրաւունքները: Բացայայտօրէն ան իր իսկ ստորագրած յայտարարութիւններուն բերումով կը գտնուի ծանր ճնշումի տակ ու կը յամառի անցեալի ենթադրեալ սխալներու յիշեցումով արդարացնել իր յաջորդական նահանջները:

Որեւէ իշխանութիւն, որուն համար հայրենիքի ամբողջականութիւնը եւ անկախութիւնը բացարձակ արժէք չեն, չի կրնար օրինական համարուիլ, նոյնիսկ եթէ ընտրուած է մեծամասնութեան կողմէ: Քուէներու մեծամասնութիւնը ընթացիկ կառավարում իրագործելու իրաւունք կու տայ: Երկրին ամբողջականութեան ու անկախութեան պահպանումը կապ չունին ընթացիկ կառավարման հետ: Ազգին ու հայրենիքին ճակատագրի տնօրինումը ուրիշ որակի մեծամասնութիւն կ՛ենթադրէ, որ ազգային ուժերու ու հոսանքներու ջանքերուն համադրումով կրնայ ստեղծուիլ:

Վեց դարերու ստրկութենէն ետք, փիւնիկի նման յառնած հայկական պետականութիւնը 28 մայիս 1918-ին հռչակուած անկախ Հայաստանը արդիւնքն էր հայ ազատագրական պայքարին: Ազատագրական պայքարը կը շարունակուի, որովհետեւ ոսոխը կը շարունակէ սպառնալ նուաճուած անկախութեան: Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ոտքի կանգնած է պաշտպանելու համար իր առհաւական իրաւունքը` հայոց աշխարհի ամբողջականութիւնը եւ անկախութիւնը:

Այս է մայիսեան անկախութեան նորօրեայ խորհուրդը:

 

Նախորդը

Փնտռուած Յաղթանակը (Մայիս 28-ի Առիթով)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մայիս 28-ի Պատգամը. Մայիս 28-ն Հրաւէր Յանձնառութեան` Ի Խնդիր Հզօր Հայութեան Ու Հայաստանի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.