Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայաստանի Հանրապետութեան Ծնունդը. Արցախեան Շարժում» Նիւթով Քննարկում Մ. Մաշտոցի Անուան Գրադարանին Մէջ
Կիրակի, մայիս 29-ին Ստեփանակերտի Մ. Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան քննարկում` «Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը. արցախեան շարժում» նիւթով:
Քննարկման բանախօսներն էին Արցախի նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեանը եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, պատմաբան Վահրամ Բալայեանը:
Կլոր սեղանի բացման խօսքը արտասանեց գրադարանի տնօրէն Ալեոնա Գրիգորեանը: Ան նախ ողջունեց ներկաները, ապա շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան վերակերտման տօնը:
«28 մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժի եւ անկոտրում ոգիին շնորհիւ կրցանք վերականգնել դարաւոր մեր իղձը` պետականութիւնը: Ճիշդ է, որ կարճ կեանք ունեցաւ, սակայն անոր տուած դասերը, սերունդէ սերունդ փոխանցուելով, 1988-ականներուն ծնաւ արցախեան շարժումը եւ ապացուցեց, որ պատմական յաղթանակները հայ ժողովուրդը սերունդէ սերունդ փոխանցելու վճռականութիւնը միշտ ալ ունեցած է: Ինչո՞ւ կարեւոր է այսօրուան ձեռարկը: Կարեւոր է անով, որ մենք կրցանք ցոյց տալ, թէ որքան ալ դժուար ըլլայ, մենք հաւաքական ուժի եւ ամուր կամքի շնորհիւ կրնանք կերտել պետականութիւն», շեշտեց Ա. Գրիգորեան:
Արցախի նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ` վերլուծելով Հայաստանի պետականութեան կերտման գործընթացը, ինչպէս նաեւ` զուգահեռներ գծելով այն ժամանակ ստեղծուած իրավիճակին եւ ներկայ իրավիճակին միջեւ:
«Հիմա կարծես բոլորս կոտրուած ենք, ամէն բան փլուզուած է, աշխարհը մեր դէմ է, զիրար կը ջարդենք, իրարու դէմ աւելի շատ կը խօսինք, քան` թուրքին: Կը պատկերացնէ՞ք: 1915 թուականի Մեծ եղեռնէն ետք տարածքներ տրուեցան: Հայաստանի մէկ մասը Պարսկաստանի կազմին մէջ էր, միւս մասը` Ռուսիոյ, ուրիշ մը` Թուրքիոյ, եւ այս անձեւ ժողովուրդին մէջ պէտք էր սկսէր պայքար: Օրակարգին մէջ դրուած էր գոյութեան հարցը, բայց յստակացաւ, որ ո՛չ միայն կրնանք գոյատեւել, այլեւ` վերականգնել դարերով մեր երազած անկախութիւնը: Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանը ստացաւ անկախութիւն, եւ ցրուեցաւ Անդրֆետերացիան: Այս անկախութիւնը նուէր չէր, այս անկախութիւնը կերտուեցաւ», շեշտեց Ա. Սարգսեան:
Անոր խօսքով, այն ժամանակ ալ հայութեան մէկ մասը կը համարէր, որ մենք ի վիճակի չենք պայքարելու Թուրքիոյ դէմ, ինչպէս որ հիմա մարդոց մէկ մասը «խաղաղութեան» կողմնակից է, բայց այն ժամանակ հրաշք կատարուեցաւ, որովհետեւ իշխանութեան եկան հրաշք տղաները` Արամ Մանուկեանը` ներքին գործոց նախարարը, որ ամբողջ ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրան էր:
Պատմաբան, պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան նշեց, որ 1991-1994 թուականներուն յաղթանակները կերտուեցան այն գաղափարախօսութեամբ, որ մարդուն ներարկած է հայրենասիրութիւն, սէր` դէպի իր հողը, եւ այդ հայրենասիրութեամբ լեցուած կրկին յաջողեցանք վերակերտել մեր պետականութիւնը:
Իր խօսքին մէջ Վ. Բալայեան ներկայացուց արցախեան շարժման ու պատերազմի ուշագրաւ եւ շրջադարձային դէպքերը, մասնաւորապէս` Շուշիի եւ Բերձորի ազատագրման կարեւորութիւնը:
Ան վստահեցուց, որ թէեւ հիմա Շուշիի մէջ ազրպէյճանցիներն են, սակայն անպայմանօրէն մենք պիտի վերադառնանք հոն:
Աւարտին ներկաները բանախօսերուն ուղղեցին զիրենք մտահոգող նիւթերուն մասին հարցումներ:
Որպէսզի Կարենանք Այս Փորձութիիւններէն Պատուով Դուրս Գալ, Մեզի Պէտք Է Միասնութիւն. Կարէն Յովհաննիսեան
Մայիս 28-ին Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ կազմակերպուեցաւ «Յանուն ԱՐՑԱԽԻ` Զարթնի՛ր, Լաօ» խորագրով մեծ երթ, որուն մասնակցեցան հազարաւոր քաղաքացիներ: Երթը, որ սկսած էր Ս. Ներսէս եկեղեցւոյ մօտակայքէն, անցաւ քաղաքի կեդրոնական փողոցներով, Գարեգին Նժդեհի արձանի կողքով եւ յառաջացաւ դէպի Ազատութեան հրապարակ:
Մոնթէ Մելքոնեանի արձանին մօտ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որուն ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի Ազգային ժողովի Արցախի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Յովհաննիսեան.
«Ներկայ բարդագոյն ժամանակաշրջանին մէջ իրապէս Արցախը վտանգուած է, արցախահայութեան գոյապահպանման հարցն է դրուած, եւ որպէսզի կարենանք այս փորձութիւններէն պատուով դուրս գալու, մեզի պէտք է միասնութիւն:
Ես շիրակցի եմ, կը գտնուիմ Մարտունիի մէջ, Մոնթէն եկած էր Ամերիկայէն, եւ այս միասնութիւնն է, որ թոյլ կու տայ մեզի դիմակայելու այն սպառնալիքներուն, այն դաւաճանութիւններուն, որոնք պիտի վտանգեն մեր ազգի գոյութիւնը:
Իմ կոչն է համայն հայութեան` «Եղբայրնե՛ր, քոյրե՛ր, Արցախը վտանգուած է, Արցախի պետականութիւնը վտանգուած է, արցախահայութեան գոյութիւնը վտանգուած է: Որեմն միասնաբար, մէկ ազգի, մէկ բռունցքի շնորհիւ վստահաբար պիտի յաղթենք թշնամիին, պիտի յաղթենք բոլո՛ր թշնամիներուն:
Միասնութի՛ւն»:
Մենք Պէտք Է Որոշենք Մեր Ճակատագիրը. Հանրահաւաք Ասկերանի Մէջ
Մայիս 28-ին Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան քաղաքին մէջ կազմակերպուեցաւ հանրահաւաք, որուն ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները եւ ասկերանցիները: Անոնք հայոց պետականութեան վերականգնման օրը հաւաքուեցան` վերահաստատելու, որ արցախցիին կամքը անփոփոխ է, եւ Արցախը չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ:
Ասկերանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Համլեթ Ապրէսեան շնորհաւորելով մայիսեան յաղթանակներուն առիթը նշեց, որ դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ ճակատագիր կ՛ունենար հայ ժողովուրդը, եթէ Հայաստանը այդ օրերուն չհռչակէր իր պետական անկախութիւնը: «Հայոց պետականութեան անկասելի ուժին աջակցութեամբ Արցախը կրցաւ 1988 թուականին ազատութեան դրօշ բարձրացնել եւ վստահօրէն բռնել անկախութեան ուղին: Մեր յառաջիկայ յաղթանակները խարսխուած են այն արժէքներուն վրայ, որոնք նուաճուած են հայ քաջորդիներու նուիրական պայքարով, կը նշանակէ, որ Սարդարապատի ազգափրկիչ դերն ու ոգեշնչումի ուժը կ՛ամբողջացնեն հայ ժողովուրդի ազգային հպարտութիւնը: Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ համաժողովրդական համարտայայտութեամբ աւելի քան 3 տասնամեակ առաջ արդէն ընտրած ենք ապագայի մեր ուղին», յայտնեց Հ. Ապրէսեան:
Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունցը շնորհաւորելով Հանրապետութեան օրը` խօսեցաւ արցախեան հարցով ընթացող բանակցութիւններուն մասին. «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք փոխելու բանակցութիւններուն ձեւաչափը` նկատի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, յատկապէս` Ռուսիա-Ուքրանիա հակամարտութիւնը: Մենք պէտք է խուսափինք եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններէ, որովհետեւ Եւրոպան այսօր շահագրգռուած է Ազրպէյճանը ներքաշելու Ռուսիոյ դէմ հակամարտութեան մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է արտայայտեն Արցախի ժողովուրդին կամքը: Ոչ մէկ պարագայի պէտք չէ ստորագրուի փաստաթուղթ, որ Արցախը կրնայ գտնուիլ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, այս է մեր հիմնական պահանջը, եւ անկախ ամէն ինչէ` մեր կամքը այդ հարցին մէջ պիտի ըլլայ անկոտրում: Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է` կրնա՞նք մենք պահպանել հազարաւոր մեր հերոսներուն արեան գնով ձեռք բերուած անկախութիւնը, այդ հարցին մէջ մենք միակամ պիտի ըլլանք», ըսաւ Գագիկ Բաղունց:
Հանրահաւաքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ Միրա Հայրապետեանը, Կառլեն Մայիլեանը, Ալեոշա Գաբրիէլեանը:
«1988 թուականին բռնցքուեցանք, մէկ ընտանիք դարձանք, կրցանք մեր հակառակորդը ծունկի բերել, ստեղծեցինք երկու պետականութիւն: Բայց եկաւ 2018 թուականը, եւ ազգիս մէջ ճաք տուաւ միաբանութիւնը, դարձանք «նախկիններ», «ներկաներ», թշնամիներ, եւ այսօր եկած է պահը, որ մեզի պարտադրեն ստրուկի կարգավիճակի մէջ ապրելու: Ոչ ոք չի կրնար որոշել մեր ճակատագիրը, մենք արդէն մէկ անգամ 1991 թուականին մեր «Այո»-ն ըսած ենք: Մենք պէտք է որոշենք մեր ճակատագիրը. ոչ ոք իրաւունք ունի առանց մեզի մեր կարգավիճակը որոշելու, ոչ ոք իրենց իրաւասութիւն տուած է: Մենք նորէն պէտք է համախմբուինք, նորէն մէկ բռունցք դառնանք, մոռնանք մէկը միւսին հանդէպ վիրաւորանքները եւ սուրբ նպատակ ունենանք` ազատ, անկախ Արցախ»:
Արցախցիները Իրենց Ապագան Կը Տեսնեն Արցախի Մէջ. Ժողովրդագրութեան Նուիրուած Համաժողով Ստեփանակերտի Մէջ
22 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդագրութեան հարցերու նուիրուած համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր «The Future Armenian» հիմնադրամին կողմէ: Անիկա կատարուեցաւ հանրային քննարկումներու ձեւաչափով, քաղաքացիական հասարակութան եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Արցախեան համաժողովը առաջին քայլն էր, իսկ երկրորդը պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ:
Հիմնադրամը, որ կը վայելէ 108 երկիրներու հայրենակիցներու աջակցութիւնը, հայ ժողովուրդին համար կարեւոր 15 հարցեր կ՛առաջադրէ: Ժողովրդագրութեան հարցերը անոնցմէ են, իսկ երեք կարեւորագոյններու կարգին են Արցախի ապահովութիւնը եւ տնտեսութիւնը:
Արցախեան համաժողովին մասնակցողները ողջունեցին հիմնադրամի 6 համահիմնադիրներէն 4-ը, Արցախի պետական նախարարը եւ նախագահը:
Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան առանձնացուց հանրապետութեան զարգացման շարք մը հիմնական ուղղութիւններ, որոնց կարգին` կայուն անվտանգութիւնը, ժողովրդագրական աճող հարցերը, տնտեսութեան զարգացումը, որակեալ կրթութիւնը, արդիւնաւէտ կառավարումը: «Ժողովրդագրութիւնը շատ կարեւոր է Արցախի համար: Պատերազմէն ետք իրականացուեցան որոշ ծրագիրներ, բայց անոնք կրած են կարճաժամկէտ բնոյթ: Ուստի համաժողովի իրականացումը ճիշդ ժամանակին է», հաստատեց Բեգլարեան:
Համաժողովին նախորդեց մասնագէտներու խումբի աշխատանքը, եւ հանդիպման մասնակցողներու քննարկման ներկայացուեցան քանի մը բեմագրութիւններ: Կարեւոր է, որ համաժողովին մասնակցին բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները հաւասար համամասնութեամբ` նկատի ունենալով սեռը, տարիքը եւ կրթութիւնը: Համաժողովին նպատակն էր վեր առնել հարցերու շրջանակը եւ մշակել անոնց լուծման յստակ ծրագիրները:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արտակ Ապիտոնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կարողականութիւնը եւ ներուժը կայ, բայց կարեւորը զանոնք գործադրելն է:
«Անվտանգութիւն, տնտեսութիւն, ժողովրդագրութիւն` ահա Արցախի հիմնական հարցերը», հաստատեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Ան տեղեկացուց, որ հանրապետութեան կառավարութիւնը կը կատարէ բնակարանային շինարարութեան ծրագիրներ Ազրպէյճանի յարձակման իբրեւ արդիւնք բնակարան կորսնցուցածներուն համար` առաջնորդուելով «Իւրաքանչիւր ընտանիքի` բնակարան» կարգախօսով: «Արցախը կ՛ապրի: Այն, որ մենք կը քննարկենք այսպիսի հարցեր, կը նշանակէ, որ կը հաւատանք ապագային», հաստատեց Արցախի նախագահը:
Մասնակցողներու քուէարկութեան արդիւնքները բուռն քննարկումներէ ետք հաստատեցին նախագահին խօսքերը. ամէնէն աւելի ձայները` էական տարբերութեամբ, հաւաքեց «Մնում ենք Արցախում» շարժումը:
Հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան ընդգծեց, որ Արցախը չէ պարտուած, ոչինչ աւարտած է. «Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ այլ տխուր էջեր ալ եղած են: Գլխաւորը այն է, որ արցախցիները իրենց ապագան կը տեսնեն Արցախի մէջ»:
Արցախը Կ՛ապրի Նաեւ Թատրոնով
«Ճենեսիս Արմենիա» ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամին նախաձեռնած «Արցախն ապրում է» փառատօնի ծիրին մէջ Արցախի տարբեր քաղաքներու մէջ բեմադրուեցան Սօս Սարգսեանի անուան պետական Համազգային թատրոնի «44 աստիճանի վրայ», «Լոռեցի Սաքոն», «Գծաւորը» ներկայացումները:
Հերթական ներկայացումը մայիս 23-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի բեմին վրայ էր: «44 աստիճանի վրայ» ներկայացումը դարձած էր Արցախի մէջ փառատօն կազմակերպելու գաղափարին հիմքը: Անիկա մեծ տպաւորութիւն ձգած է «Ճենեսիս Արմենիա»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Վարդանեանի եւ անոր կնոջ` Աննա Դադասեանի վրայ:
Աննա Դադասեան ծնունդով Արցախի Մարտունի շրջանի Սօս գիւղէն է: Ան փափաքած է, որ Համազգային թատրոնի ներկայացումները անպայմանօրէն տեսնեն Արցախի բոլոր շրջաններու բնակիչները: «Ճիշդ այս լաւագոյն միջոցն է` յետպատերազմեան Արցախի մէջ մշակութային կեանքը աշխուժացնելու, վերելքի եւ զարթօնքի մեր կրակը մշտավառ պահելու, պատերազմի ցաւոտ վէրքերը ապրելով եւ արարելով ամոքելու, աշխարհին ըսելու, որ Արցախը կ՛ապրի, չի վհատիր, իր զաւակները կը մեծցնէ ու կը դաստիարակէ հայրենիքը շէնցնելու, ժամանակակից աշխարհին համընթաց քայլելու եւ իր խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալու վճռականութեամբ», ներկայացումէն առաջ ունեցած իր ելոյթին մէջ նշեց Սամուէլ Վարդանեան:
«Մեր մարտիրոսացած տղաներուն նպատակները մենք պիտի իրականացնենք, չկասկածիք, Արցախը պիտի ըլլայ ամուր, անվտանգ, զարգացած, ժամանակին համընթաց քալող, բարեկեցիկ պայմաններ առաջարկող պետութիւն, մենք այդ պիտի ընենք միասին», շեշտեց «Ճենեսիս Արմենիա»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդին նախագահը:
«44 աստիճանի վրայ» ներկայացումը կը պատմէ սփիւռքահայ հայրենադարձ զոյգի մասին, որոնք կը մնան օրէ օր դատարկուող գիւղին մէջ, եւ նոյնիսկ գիւղին վերջին բնակիչին հեռացումը չի փոխեր հայրենիքի մէջ ապրելու անոնց կամքը:
Համազգային թատրոնը Արցախի մէջ էր 2020 թուականի պատերազմէն անմիջապէս ետք, եւ դերասան Արման Նաւասարդեանի խօսքով, այն ժամանակ շատ պատճառաբանութիւններ կը հնչէին, թէ ո՛վ սիրտ ունի ներկայացում դիտելու, մարդ չի մասնակցիր, բայց անոնք 5000-է աւելի հանդիսատես ունեցած են:
«Ճարտար, Ասկերան, Մարտակերտ, Ստեփանակերտ քաղաքներու մէջ, ընդհանուր առմամբ, 16 մանկական ներկայացում խաղացած ենք: Մեզի համար կարեւոր է, որ առաջին հերթին երեխաներուն վերադարձնենք ժպիտը, աչքերուն փայլը, նորէն հեքիաթով զմայլելու կարողութիւնը: Կը հասկնա՞ք` ի՛նչ ապրումներ կ՛ունենանք, երբ կը տեսնենք, որ երեխաները կը ժպտին, կը ծիծաղին, իսկ ծնողները կու լան», նշած է դերասանը:
Անոր խօսքով, աւելի շատ խումբեր պիտի գան Արցախ, որովհետեւ մենք պէտք է մեր ողնաշարը շտկենք. ոչ ոք կու գայ մեզի օգնելու:
Արման Նաւասարդեան կը յիշէ Սօս Սարգսեանի խօսքը, երբ տարեվերջին կ՛ըսէր` «Այս տարի Արցախ չգացինք», ու անմիջապէս հիւրախաղեր կը կազմակերպէր: «Մենք միշտ այստեղ պիտի մնանք, մեզի համար Արցախը մեր սրբազօծ օրրանն է», նշած է Ա. Նաւասարդեան:
Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի կարծիքով ալ մշակոյթը լաւագոյն ձեւն է ցոյց տալու, որ Արցախը կ՛ապրի: «Մեր պարտականութիւնն է ապրիլ եւ ապրեցնել: Տուեալ մշակոյթը քու նկարագիրդ է, որով պէտք է ամուր կառչիս հողին եւ քու տեսակդ ցոյց տաս, որ հասկնան, թէ սա ապրելու արժանի ժողովուրդ է: Ինչո՞վ դուրսի մարդը պիտի հասկնայ, որ այս երկու ազգերը իրար հետ չեն կրնար ապրիլ: Մենք միայն մշակութային տարբերութեամբ կրնանք ցոյց տալ, որ անհնար է այդ մարդոց հետ ապրիլը», ըսած է դերասանուհին:
Կազմակերպիչները տեղեկացուցին, որ «Լոռեցի Սաքոն», «44 աստիճանի վրայ» ներկայացումներու տոմսերու վաճառքէն գոյացած ամբողջ գումարը պիտի փոխանցուի Ստեփանակերտ տեղափոխուած Շուշիի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին:
Հանրապետութեան Օրուան Առիթով Չինարի 800-ամեայ Խորանաշատին Մէջ Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Կրկին Մատուցուած Է Պատարագ
Շուրջ հինգ տարի առաջ, Խորանաշատի մէջ, հարիւրամեակներու ընդհատումէ ետք առաջին անգամ, եպիսկոպոսական սուրբ պատարագ մատուցուած է: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:
Հանրապետութեան օրուան թուականով` մայիս 28-ին, Խորանաշատի վարդապետարանը 800 տարեկան եղաւ: Նոյն օրը վանքի հանրահռչակման ձեռնարկներու շարքը սկսաւ մեծաթիւ ուխտաւորներով` ազրպէյճանական դիրքերէ քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ, զինուորականներու ուղեկցութեամբ եւ անոնց պահպանութեան ապաւինելով, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանը սուրբ պատարագ մատուցեց:
Հարիւրամեակներու բաժանումէ ետք Խորանաշատի վանքին մէջ գրուած Աւետարանը վերադարձաւ իր ծննդավայրը: Մաշտոցեան Մատենադարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Աւետարանը գիշերը չի վերադառնար Մատենադարան, այլ կը գիշերէ հայրենի տան` Խորանաշատի մէջ:
Պատարագին յաջորդած է անդաստանի արարողութիւնը` աշխարհի չորս կողմերու օրհնութեան կարգը, որ Չինարիի համայնքապետարանի յարակից տարածքին կատարուած է սուրբ խաչով եւ «Խորանաշատի Աւետարան»-ով:
Ի դէպ, «Խորանաշատի Աւետարան»-ը (1224 թ.) Չինարի բերուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանէն` յատուկ այս արարողակարգը իրականացնելու համար:
Արարողութիւնը ամփոփուած է հոգեւոր երաժշտութեամբ. ինչպէս նաեւ երեկոյեան Չինարի գիւղի Մշակոյթի տան ներկաները ունկնդրած են Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին հոգեթով կատարումները: