Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ Անկախութեան Մասին

May 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Մայիս 28-ի առաւօտուն կը գրեմ հերթական յօդուածս: Տրամաբանօրէն, այս յօդուածը նուիրուած պէտք է ըլլայ սարդարապատեան յաղթանակներէն ետք Հայաստանի անկախութեան հռչակման: Յաղթանակ ոգեկոչող պէտք է ըլլայ, ապագայի յոյսերով առլցուն, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի տեսլականով ջրդեղուած: Սակայն հայաստանեան ներկայ իրականութիւնը թոյլ չի տար յաղթանակի բերկրանքով ոգեւորուելու: Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը նշանակելի քայլ մըն էր Միացեալ Հայաստանի ստեղծման ճամբուն վրայ: Այժմ կը բանակցինք Արցախի բնակիչ «էթնիք» հայերու իրաւունքներու ապահովման շուրջ, այսինքն` Հայաստանի իշխանութիւնը լռելեայն ընդունած է Արցախի` Ազրպէյճանի պատկանելիութիւնը: Պատերազմի դաշտին վրայ պարտութիւնը կը նուիրագործուի իրաւական պարտութեամբ: 1991-ի Հայաստանի անկախութեան հռչակումը եւ անոր նախորդած Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը մայիս 28-ի խորհուրդին լուսաւոր կիրարկումներն էին:

Այժմ, հայրենի իշխանութիւնը հետամուտ է հակառակին, զոյգ անկախութիւններէն հրաժարումին:

Թող չափազանցութիւն չթուի Հայաստանի անկախութենէն հրաժարելու մասին մեր մտավախութիւնը: Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հինգ պահանջները ընդունելով եւ անոնց վրայ ոչինչ աւելցնող, բայց թիւով վեց պայմաններ ձեւաւորելով, Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը ընդունեցին, այլ նաեւ համաձայն եղան զիջումներու բուն Հայաստանի տարածքէն, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի բացումով` հարաւը անջատեցին Հայաստանէն: Ինչ որ Գարեգին Նժդեհ թոյլ չէր տուած 1921-ին, այսօր կը կատարուի բանակցութիւններու ճամբով, սկիզբ դնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան կորուստի սողացող գործընթացին: Այս ընթացքով, օր մըն ալ Հայաստանի բնակիչները եւս կրնան վերածուիլ «էթնիք» հայերու, Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ տարտամ «իրաւունքներու» առկայութեամբ: Այդ իրաւունքներն ալ, ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, ժամանակի ընթացքին կրնան չքանալ, ինչպէս փաստօրէն չքացան Լոզանի դաշնագիրով նախատեսուած առանձնաշնորհումները Թուրքիոյ հայութեան մնացորդացին:

Ով չի պատկերացներ վտանգին ահաւորութիւնը, չի հասկնար շաբաթներէ ի վեր շարունակուող բողոքի շարժումը: Բանակցային գործընթացին մէջ բեկում մտցնելու, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն գործնապէս տէր կանգնելու, Արցախի ու Հայաստանի անկախութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը տակաւին չի այցելած ստուար բազմութիւններու գիտակցութեան: Գոյութենական պայքարը թարգմանելով իբրեւ իշխանափոխութեան համար արշաւ, հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուած մը բարեկեցիկ կեանքի հեռանկարը կը շփոթէ ազգային-ազատագրական պայքարին հետ: Երեւանի մայրուղիներուն ու Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կատարուածը ազգային-ազատագրական պայքար է, որ հետզհետէ իր շուրջ պիտի համախմբէ ամբողջ հայութիւնը: Շարժումը թափ պիտի առնէ, ազգային պահանջատիրութեան անյեղլի տրամաբանութեամբ: Մտաւորականութեան կոչը այդ կը թելադրէ, որովհետեւ մտաւորականութիւնն է, որ ժամանակաւոր ու առտնին մտահոգութիւնները շրջանցելով, ազգին ու հայրենիքին ներկան կը բնորոշէ ու ապագան կը նախանշէ:

Անցեալի յաղթանակները մերն են, մերն են նաեւ պարտութիւնները: Եթէ ազատ ու անկախ ապրիլ կ՛ուզենք, պէտք է պարտութիւնները դրժենք ու յաղթանակները շեփորենք: Այսինքն` վերադառնանք 28 մայիս 1918-ի անկախութեան եւ տարի մը ետք` 28 մայիս 1919-ի Միացեալ Հայաստանի հանգանակին: Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է, որմէ որեւէ նահանջ մահացու է ազգին ու հայրենիքին համար: Տէր կանգնինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հանգանակին:

 

 

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Իններորդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.