«Մինչ հազար ծովեր դեռ այն կողմ ցրուած
Որքա՜ն Մասիսներ դեռ ունեմ գերուած,
Ես դարեր խաբուած դարերով զարկուած
Նոր եմ բռունցքւում լեռներում իմ լուրթ:
Ես որդեկորոյս, բայց յոյսով փրկուած
Ես մի Հայ, մի Հայր, մի Հայ ժողովուրդ…»
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Աւանդութիւնը պէտք է յարգել: Քանի մը օրէն մայիս 28 է: Այս առիթով պէտք է մտածել, խորհիլ եւ խօսիլ, բայց մանաւանդ` սեւեռել մեր ներկան եւ գալիքը:
Մայիսի առաջին օրերն էին: Երեւանի մէջ ցոյցը պիտի մեկնարկէր Արամ Մանուկեանի արձանի հրապարակէն: Քանի մը երէցներու հետ նստած էինք քարի մը վրայ, արձանին դիմաց: Կողքիս յայտնուած էր Պուրճ Համուտի Արագած թաղէն Երեւան հաստատուած եօթանասուն տարեկան ընկեր մը, զոր չէի ճանչնար, բայց ընկեր էր: Խօսեցանք Հայաստան եւ ցոյց, Լիբանան եւ Արցախ: Ֆեթիշիստ չեմ, բայց պահ մը շուրջի աղմուկէն եւ խճողումէն անջատուեցայ եւ ուզեցի լսել դիմացս կանգնած Արամը: Զրուցել` մեր նկրտումներուն, պարտութիւններուն եւ պառակտումներուն մասին: Նայիլ` ներկայի մշուշներէն անդին:
Ի՞նչ պիտի ըսէր Արամ իր պատուանդանը եզերելով անցնող ցուցարարներուն: Ի՞նչ պիտի յուշէր անոնց, որ ըսէին անոնց, որոնց դէմ բողոքի կ’երթային:
Արամ անկախութիւն կերտած էր յաղթանակով` Հայաստան եւ հայութիւն ոչնչացնելու նպատակով Երեւանի դռներուն կանգնած թշնամիին դէմ:
Մեր սերունդը սպասեց ու ունեցաւ միացում եւ անկախութիւն: Հասկցանք, որ ազգ էինք` համահաւասար ուրիշ ազգերու:
Այսօր միացումը չքացած է, դարձած է դառն յիշատակ, կտրատուող հողակտորի անկախութիւնը դեռ կը տեւէ հին եւ նոյն թշնամիի սպառնալիքին դէմ:
Արամ պատմութեան ճակատագրական ժամերուն մարտիրոսուած ժողովուրդի կամքերը գիտցաւ դարձնել մէկ բռունցք, երբ դեռ իրաւական գոյութիւն չունեցող Հայաստանէն քիչ հեռու` Ռուսիա յեղափոխութեան եռացող կաթսայ էր, եւ Համաշխարհայինը կը շարունակուէր, հայ ժողովուրդը կը մղէր օրհասական կռիւ: Անդրկովկասեան երեք հանրապետութիւններու միութիւնը` Սէյմը, լուծարքի ենթարկուած էր: Հայաստան առանձին մնացած էր թրքական զօրքին դէմ, ինչպէս այսօր: Արեւմտահայաստանէն, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած թշուառ գաղթականութիւնը, որբերը, համաճարակը, սովը անկարելի կը դարձնէին ժողովուրդի դիմադրականութիւնը:
Արամ կոչուեցաւ գերագոյն պետի` դիկտադորի դերին, շարունակեց ապրիլ իր համեստ տան մէջ, չունեցաւ առանձնատուն եւ թիկնազօր, բաժնեց ժողովուրդին տխուր առօրեան եւ համաճարակը, հակառակ թելադրութիւններու` չպաշտպանուեցաւ, գնաց հիւանդանոցներ, վարակուեցաւ եւ այդպէս ալ բաժնուեցաւ իր ժողովուրդէն ու կեանքէն:
Բարոյագիտութեան մէջ կ’ուսուցուի Օրինակի Արժէքը: Արամի օրինակը ղեկավարութիւնները ներշնչող պէտք է ըլլայ:
Արդէն հարիւրամեակ անցած է մայիս 28-ով յատկանշուած մեր պատմութեան ժամանակաշրջանէն: Պատմութիւնը շարունակութիւն է, բայց կրկնութիւն չէ, պատմութեան առանցքային իմաստները միշտ ներկայ կը մնան, կը ներշնչեն, կ’առաջնորդեն:
Ժողովուրդներ վերջնական պարտութեան եւ գերութեան կը դատապարտուին, եթէ օրհասական վիճակներու մէջ չյայտնուին կամքերը եւ յոյսերը միացնող եւ ջրդեղող արտակարգ մարդիկ, որոնք կը գիտնան ճիշդ ընտրութիւն կատարել, տարակարծութիւնները գերանցել` ընելով այնպէս, որ ժողովուրդը եւ մարդիկ նային մէկ ուղղութեամբ: Այդ մարդիկ ընթացիկ քուէարկութեան մը արդիւնքով առաջնորդ չեն ըլլար: Անոնք կը մարմնաւորեն տուեալ ժողովուրդի մը երազը, ոգին, ժողովուրդը ինքզինք կը տեսնէ անոնց մէջ: Այդպէս եղաւ Արամը, ինչպէս եղան` Կանտին, զօրավար տը Կոլը, Նելսըն Մանտելան:
Այս մասին պէտք է մտածել, երբ կը դիտենք մեր գորշացած ներկան:
Հայաստան եւ հայութիւն վերականգնելու եւ միացում իրականացնելու համար պէտք ունին գաղափարականութիւն կրող առաջնորդի` ընդդէմ մեզ տկարացուցած եւ տկարացնող ազդակներու` փառասիրութիւն, իշխանատենչութիւն, ես, նիւթապաշտութիւն, որոնց գլխաւորը անբովանդակ, անհեռանկար եւ ազգային աղէտ դարձած ամբոխահաճութիւնն է, պոպուլիզմը: Այս վտանգներուն համար իրատեսական դատում ունի ժամանակակից ֆրանսացի իմաստասէր Միշէլ Օնֆրէ, որ կ’ըսէ. «Ամբոխահաճութիւնը (պոպուլիզմ) թմրեցուցիչներու ամէնէն վտանգաւորն է, աֆիոնի ամէնէն զօրաւորը` քնացնելու եւ ոչնչացնելու համար ուշիմութիւնը, համբերութիւնը եւ ըմբռնումի ճիգը»:
Պարտուած, ոչնչացման եւ գոյութենական սպառնալիքի դիմաց գտնուող երկիր մը, անմիջականի տուրք տուող ամբոխահաճութեամբ, պարտութիւնը եւ նահանջները վաղուան լաւ ապրելու խոստումով ջնարակելով` չի ղեկավարուիր: Ուշադրութեամբ վերստին ընթերցել` ինչ որ կ’ըսէ Միշէլ Օնֆրէ, եւ հարց տալ, մենք մեզի եւ ամէն գոյնի ղեկավարութիւններուն, թէ` ո՞ւր ենք, ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին: Մի՞թէ արդէն ոչնչացած են իմաստասէրին նշած «ուշիմութիւնը, համբերութիւնը եւ ըմբռնումի ճիգը»:
Մեր պատմութեան անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող մայիս 28-ը, որ անկարելին կարելի դարձուցած էր, առաջնորդող գաղափարականութիւն պէտք է ըլլայ այսօր: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Այս մասին ամենայն յստակութեամբ պէտք է խօսին «ղեկավարութիւններ»-ը (ափսո՜ս` յոգնակի), խօսին ժողովուրդին` անոր տալով ազգային հեռանկար եւ զայն բերել յանձնառութեան` առանց բանտարկուած մնալու բաժակաճառային հայրենասիրութեան մէջ:
Յոյսը: Պէտք է ապրիլ եւ հաւատալ յոյսին, զայն իրականութիւն դարձնել:
Սարդարապատի ճակատամարտին նախորդող վհատեցնող օրերու մթնոլորտին մէջ Աւետիս Ահարոնեան ըսած էր, որ ԴԵՌ ԿԱՅ ՅՈ՛ՅՍ-Ը: Եւ այդ ՅՈՅՍ-ին մարմին տուաւ Արամ, որովհետեւ հաւատաց եւ ունեցաւ ժողովուրդին անսակարկ նեցուկը:
Այսօր կարծէք հայ մարդիկ դատարկուած են ազգային հեռանկարէ, արտագաղթ եւ հայրենադարձութիւն օրակարգ չեն: Երկուքի պարագային ալ պատասխանատու են ներսի եւ դուրսի, երէկուան եւ ներկայի ղեկավարութիւնները:
Հայաստանի անցեալի իշխանութիւնները անցեալ են:
Ներկայի իշխանութիւնները պատասխանատու են ազգի եւ հայրենիքի կացութեան:
Փաստ է, որ ներկայի իշխանութիւնները անկարող եւ անատակ եղան ազգը միաւորելու եւ պաշտպանելու, իրենց անկարողութիւնը արդարացուցին ընտրական մանդատ ունենալու իրաւունքով, որպէսզի իշխանութիւն պահեն, եւ որպէս օրակարգ չունեցան այնքա՜ն ջատագովուած եռամիասնութեան իրականացումը:
Ամբոխահաճական կրկներեւոյթի ալիքի վրայ խոստացուած յոյսերը եղան սիրողականի (ամաթէօր) փուչիկ:
Չեղան ԱՐԱՄ:
Ազգովին չհասկցանք, որ երկպառակութեան առաջնորդող քաղաքական ամբարտաւանութիւնը պերճանք էր եւ է մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար: Շարունակեցինք քաղաքական մրցակցութիւն խաղալ, զբաղիլ ներքին յաղթանակներով (պիւռոսեան) եւ պարտութիւններով: Այս բոլորը կ’երեւին հաշուեկշիռին մէջ. պարտութիւն` իր պատճառած հազարաւոր զոհերով եւ նոյնքան հաշմանդամներով, որոնք հարցական կը դարձնեն վերականգնումի յոյս եւ ծրագիր:
Քաղաքական ճառը շրջանցեց եւ կը շրջանցէ իրականութիւնները: Ի. դարու իմաստասէր, քաղաքագէտ եւ հրապարակագիր Հաննա Արենթ նման կացութիւններու մասին հատու խօսք ունի: Կ’ըսէ. «Ստուգութիւնը երբեք չէ ներկայացուած քաղաքական առաքինութիւններու ցանկին վրայ, եւ քաղաքական հարցերու մէջ սուտը միշտ համարուած է կատարելապէս արդարացուած միջոց»:
Անցեալի եւ անմիջական ներկայի պատկերը իրատեսութեամբ պէտք է դիմաւորեն հայը եւ իրենց կոչման արժանի ղեկավարութիւնները` գտնելու համար Հաննա Արենթի քաղաքական առաքինութիւններու ուղին:
Ա. Հանրապետութեան խորհրդանիշ ՄԱՅԻՍ 28-ը մեր երազներու յուշարարն է, որպէսզի գիտնանք, որ պատմութեան խառնակ եւ աննպաստ պայմաններուն մէջ գիտցանք ԱԶԳ ԸԼԼԱԼ` առանց հրէի եւ հեթանոսի, ռազմաճակատ գացինք եւ յաղթեցինք: Պիտի չմէջբերեմ Սարդարապատի ճակատամարտը նախորդող օրերու զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի կոչը: Բայց հպարտութեամբ պիտի արձանագրեմ այն փաստը, որ այդ կոչը լսող ժողովուրդ եղանք: Եթէ այսօր ալ իրաւ քաղաքական կամ իրաւ զինուորական Սիլիկեան մը նոյն կոչով դիմէ մեր ժողովուրդին, կոչ, որ չըլլայ նահանջի եւ սիրողականի խօսք, Արարատեան դաշտէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպաներ, Ամերիկաներ, Չինաստան եւ Ովկիանիա, մեր ժողովուրդը կ’արձագանգէ:
Ո՛չ ողբի յոռետեսութիւն, ո՛չ միամիտի լաւատեսութիւն, այլ եթէ ունենանք պճեղ մը իրատեսութիւն, սիրենք եւ յարգենք ներսի եւ դուրսի մեր ժողովուրդը, վստահինք անոր, ընենք այնպէս, որ ինքնավստահութիւն նուաճէ, ազգային իրաւ գիտակցութեամբ գտնէ իր ուղին եւ իր առաջնորդութիւնը, իր արժէքներու եւ իր իրաւունքներու գիտակցութեան ուղիղ գիծին վրայ, ըլլալու համար շարունակութիւն:
Մի՛շտ գիտակցելով, որ «Սալեմի վհուկներ»-ու խաղը միայն աւեր կը խոստանայ:
Վերականգնումը կ’ըլլայ գաղափարական կրող եւ ազգային հեռանկար ունեցող առաջնորդութեամբ:
19 մայիս 2022, Նուազի-լը-Կրան



