Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Դասը Ներկայ Հայ Քաղաքական Միտքին. Իրապաշտ Արտաքին Քաղաքականութիւն

Յունիս 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Սահմաններու վերաբերմամբ հայ ժողովուրդը, յանձինս իր ղեկավար շրջանակներուն, մեծ սխալ գործեց չափազանց մեծ պահանջներ առաջադրելով, առանց հաշուի առնելու իր ուժերն ու միջազգային կարելիութիւնները»:

Ալեքսանդր Խատիսեան

Ամէն տարի կը տօնենք մայիս 28-ը` իբրեւ հայոց պետականութեան կերտման օր, իբրեւ 600-ամեայ օտար տիրապետութեան խաւարէն ազատագրութեան օր:

Կը տօնենք մայիս 28-ը` յիշելով սարդարապատներն ու բաշ ապարանները, յիշելով դրոներն ու նազարբէկեանները, սիլիկեաններն ու փիրումեանները:

Սակայն, կամայ թէ ակամայ, կը մոռնանք, կամ մոռացութեան կ՛ենթարկուին իւրաքանչիւր  քառակուսի մեթր հողը պաշտպանող դիւանագէտը կամ արտաքին գործոց նախարարը, որուն բանակցելուն կամ համաձայնագիր մը ստորագրելուն ընթացքին փրկուեցաւ հայ զինուորի մը կեանքը, հայ երեխայ մը դադրեցաւ որբ դառնալէ, հայ քոյր մը կամ հայ եղբայր մը մէկ հատիկ ըլլալէ եւ հայ կին մը` այրիացումէ:

Ինչպէս ռազմիկը ռազմադաշտի վրայ իր արեան գնով կը փրկէր ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը նոր ցեղասպանութենէն, նոյն համահաւասար հայրենասիրական ոգիով ու ճիգերով` դիւանագէտը կը փրկէր արիւնով շաղախուած հողն ու անոր վրայ ապրող ամբողջ ազգաբնակչութիւնը:

Ինչպէս որ հերոսամարտի ընթացքին հայ զինուորին սիրտը կը տրոփէր ձգանը սեղմելու ժամանակ` հարուածելու նախայարձակողը, նոյնպէս ալ դիւանագիտական պատուիրակութեան մէջ փաստաթուղթը ստորագրողին սիրտը կը տրոփէ հաւասարապէս` փրկելու իր հայրենիքի ու հայրենակիցներու գոյութիւնը:

Հերոսութիւն է դիւանագիտական ճկունութիւնն ու բանակցելու արուեստը` յանուն ազգաբնակչութեան ֆիզիքական փրկութեան, ինչպէս որ հերոսութիւն է արեան գնով փրկել հողատարածքը ցեղասպաններու արշաւանքներէն:

Թերեւս «Խաղաղութիւն` ուժի միջոցով»-ը ոչ պաշտօնական նշանաբան դարձած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութեան մօտ` Միացեալ Նահանգներու նախկին  նախագահներէն Ռոնալտ Ռիկընի կողմէ անոր որդեգրումէն տասնամեակներ առաջ:

Ալեքսանդր Խատիսեանի միջոցով Պաթումի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը համազօր եւ շարունակականութիւնը չէ՞ր Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի դաշտերուն վրայ իրենց քաջութիւնը ցուցաբերած թովմաս նազարբէկեաններուն եւ դրոներուն:

Պորիս Լեկրանի հետ Սիմոն Վրացեանի ստորագրած համաձայնագիրը (Հայաստանի խորհրդայնացում` իբրեւ չարեաց փոքրագոյն ընտրանք) թրքական սալէն փրկութիւն չէ՞ր, որքան Ռուբէն Տէր Մինասեանի կողմէ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած հակապետական վոհմակներու զսպումը:

Տիգրան Բէկզադեանի (Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ) ձեռամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պայմանագիրի կնքումը չէ՞ր հետապնդեր Զանգեզուրի ամբողջական ներառումը Հայաստանի հողային տարածքներէն ներս, որքան Գարեգին Նժդեհի սխրագործութիւնները` ընդդէմ Ազրպէյճանի հրահրած խռովութիւններուն:

Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրի ստորագրումը այնքան ռազմավարական նշանակութիւն ունէր` փրկելու արեւելահայութիւնը ջարդի ու տեղահանութեան վտանգէն, որքան հայ-վրացական պատերազմի ընթացքին հայ զինուորին խիզախութիւնը` Լոռիի մարզը պահելու համար հայկական գերիշխանութեան տակ:

Նոյնքան ազգային հերոսներ էին` Ալեքսանդր Խատիսեանը, Սիմոն Վրացեանը, Արշակ Ջամալեանն ու Տիգրան Բէկզադեանը իրենց հայանպաստ կնիքներով, որքան Դրոն, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Գարեգին Նժդեհն ու Քրիստափոր Արարատեանը` իրենց հայանպաստ գնդակներով:

Հայաստանը նոյնքան կարիքը ունի ուժ տալու, զարգացնելու եւ արհեստավարժ դարձնելու իր դիւանագիտական, միջազգային յարաբերական ու ապահովական քաղաքականութիւններուն վերաբերող ուսումնական ճիւղերն ու հետազօտական կեդրոնները, որքան կարիքը ունի` արդի զէնքերու, զօրանոցներու, բանակավայրերու եւ պահեստային ուժերու:

Հայաստանը նոյնքան կարիքը ունի` արհեստավարժ դիւանագէտներու, բանակցողներու, դեսպաններու, հիւպատոսներու, որքան կարիքը ունի արհեստավարժ  սպաներու, տեղակալներու, հրամանատարներու եւ  զօրավարներու:

Եզրակացութիւն. Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Թիֆլիսի եւ Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրներն էին, ինչպէս որ էին Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը:

Ահաւասիկ ղեկավարուած էինք այնպիսի անհատականութեանց կողմէ, որոնք կը գիտակցէին, թէ ե՛րբ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր, իսկ ե՛րբ երկիրը պատրաստ է յայտարարելու պատերազմ: Ունէինք ղեկավարութիւն մը, որ հարցերուն հետ կը վարուէր բանականօրէն, որ` աջ ու ձախ մեծ-մեծ խոստումներ չէր տար եւ հաշիւ կ՛ընէր շրջանային կացութիւնն ու ըստ այնմ կը խօսէր եւ կը գործէր:

Ուժի օրինականութիւնը պէտք չէ փնտռել հռետորաբանութիւններուն մէջ, այլ` իրապաշտ արտաքին քաղաքական քայլերու մէջ, որոնք կը նպաստեն պետականութեան ապահովման եւ ազգաբնակչութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան:

Այսօր մանաւանդ Հայաստանի մէջ ներկայ ներքաղաքական ճգնաժամային կացութիւնը եւ իր արեւելեան (որուն հետ երկու տարի առաջ պատերազմ ունեցաւ ու կրեց ծանր հարուած) եւ արեւմտեան դրացի պետութիւններուն հետ սկսած բանակցութիւններու հոլովոյթը կը մղեն հայկական կրթական ու բարձր ուսումնական հիմնարկներն ու քաղաքական կազմակերպութիւնները` լուսարձակի տակ առնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին ստորագրուած պայմանագիրները, անոնց ստորագրման առարկայական պատճառներն ու պատմական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ` հակապետական խռովութիւններն ու դրացի պետութիւններուն յարաբերութիւնները յիշեալ տարրերուն հետ, հաւասարապէս ինչպէս որ կ՛ուսումնասիրուին ու կը դասաւանդուին Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը :

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ կառավարութիւնը իր վարած բանակցային քաղաքականութեանց մէջ պէտք է նշէ կարմիր գիծեր, ինչպէս որ նշած էր Ա. հանրապետութիւնը: Այդ կարմիր գիծերը պէտք է դառնան` Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորումն ու հողային ամբողջականութիւնը, արցախեան հարցի լուծումը` հիմք ունենալով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան գծով պահանջատիրութեան որեւէ դադարեցման մերժում:

Ի վերջոյ, խաղաղութեան օրակարգ արծարծելը եւ բանակցութեան հոլովոյթի մասին խօսիլը ինքնին աւարտ է, որուն մասին պէտք է մտածէ ու քննարկէ հայկական քաղաքական միտքը, բայց կը մնայ ձեւաչափի ճշդումը:

Բարեբախտաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իր դիւանագիտական կազմով կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին հեռու էր ամբոխավարութենէ ու անոր եղանակին վրայ երգող իրաւահաւասարօրէն` խաղաղապաշտ ու ռազմապաշտ պոռոտախօսներէ, որոնք նոյնքան վտանգի կ՛ենթարկեն հայրենիքի գոյութիւնը, առաջինը իր ցնորամտութեամբ ու դիւրահաւատութեամբ, իսկ երկրորդը` իր ոչ իրապաշտ ու անգործնական երազանքներով:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին ստորագրուած պայմանագիրներու ժառանգութիւնը խրախուսական պէտք է դառնայ նորանոր սերունդներուն համար, մանաւանդ` անոնց համար, որոնք կը ղեկավարեն համայն հայութեան ճակատագիրը, դրսեւորելու արտաքին քաղաքականութեան մեկնակէտը` իրապաշտութեան հիման վրայ:

 

Նախորդը

Շողեր Մարկոսեան Կը Նշանակուի Օգնական Տնօրէն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ասպետի Կարգի Շքանշանով Պարգեւատրեց Վահէ Յովակիմեանը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?