Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Ուղղութեամբ

Մայիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1915-էն հազիւ երեք տարի ետք, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ գոյութենական ճակատամարտերէ ետք, 28 մայիս 1918-ին յայտարարուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը: Շուրջ մէկ տարի ետք, 1919-ի աշնան Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»-ի գաղափարը` իբրեւ նպատակ: Նոյն Ընդհանուր ժողովը նաեւ բանաձեւեց, որ Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը «անբաժան մասն են Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան», եւ նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյին յանձնարարուեցաւ «բոլոր քայլերը առնելու Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը միացնելու հանրապետութեան»:

Միացեալ Հայաստանի գաղափարը իր միջազգային իրաւական ձեւակերպումը ստացաւ 10 օգոստոս 1920-ին, Սեւրի դաշնագրի մէջ, ապա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի 22 նոյեմբեր 1920-ի Իրաւարար վճիռով գծուեցաւ հայ-թրքական սահմանը: Ցաւօք, արտաքին ռազմաքաղաքական պայմաններու կտրուկ փոփոխութեամբ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»-ի նպատակի իրագործումը կարելի չեղաւ իր լրումին հասցնել:

1990-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումով, Արցախի անկախացումով եւ 1994-ին Արցախի մէջ արձանագրուած զինուորական յաղթանակով «Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան»-ի նպատակը վերստին դրուեցաւ դէպի իրագործում տանող ճիշդ հունին մէջ:

2020 թուականին, սակայն, 44-օրեայ պատերազմի եւ 2020-ի նոյեմբեր 9-ին եւ 2021-ի յունուար 11-ին ու նոյեմբեր 26-ին ստորագրուած անձնատուական եռակողմ համաձայնագիրի իբրեւ հետեւանք` այդ նպատակի իրագործումը դարձեալ խանգարուեցաւ:

Այսօր արդէն հարցականի տակ է «Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան»-ի ուղղութեամբ առաջին գործնական քայլը` Արցախի անկախութիւնը, եւ ան ու անոր բնակչութիւնը կը գտնուին գոյութենական վտանգի տակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 ապրիլ 2022-ին Ազգային ժողովին ամպիոնէն իր արտասանած ծաւալուն խօսքին մէջ նշեց. «Միջազգային ընտանիքը մեզի կ՛ըսէ` փոքր չափով իջեցուցէ՛ք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ համախմբում կ՛ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ», իմա` հրաժարեցէ՛ք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքէն ու Արցախի անկախութեան գաղափարէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն 10 ապրիլին Մարաղայի հայերու կոտորածի 30-ամեակի առթիւ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարած էր. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` ապահովելու Արցախի ժողովուրդի` իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը»: Այնտեղ աչք կը ծակէր «անկախ»-ի բացակայութիւնը: Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ իր արտասանած վերոնշեալ խօսքով հաստատեց այդ բացակայութեան յառաջացուցած կասկածներուն իրաւացիութիւնը: Հայաստանի իշխանութիւնները ընդառաջած են «Միջազգային ընտանիք»-ի` «նշաձողը իջեցնելու» յորդորին:

Վերոնշեալները եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու Սիւնիքի մարզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ զիջելու քայլերը ցոյց կու տան, որ 1919-ին ճշդուած եւ 1988-ին վերահաստատուած ուղղութիւնը շրջուած է, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ընթանան «Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան»-ի հակառակ ուղղութեամբ` «միացեալ»-ի կողքին մեծ հարցականի տակ դնելով նաեւ Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մտորումներ` Մայիս 28-ի Առթիւ

Յաջորդը

Փնտռուած Յաղթանակը (Մայիս 28-ի Առիթով)

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?