Յօդուածներ

Ազգին ու Գաղափարին Անխոնջ Ծառայողը`  Վեհունի Մինասեան

Ազգին ու Գաղափարին Անխոնջ Ծառայողը` Վեհունի Մինասեան

Վեհունի Մինասեանի յուղարկաւորութենէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 18 յունիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ, Կլենտէյլ, Պարոյր Յակոբեան արտասանեց հետեւեալ խօսքը. Սգակի՛ր բարեկամներ, Ես սրտի խօսք չէ, որ պիտի ըսեմ, այլ եկած եմ իբրեւ ընկեր, իբրեւ գործընկեր` մեր հանգուցեալ ընկերոջ նուիրական գործը անգամ մը եւս գնահատելու, արժեւորելու ու մեր երախտապարտութեան խօսքը ըսելու: Յիշելու ու կարեւորելու այն ծաւալուն աշխատանքը, զոր մեր ընկերը կատարած է:...

Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները

Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Յուզական արհեստական բանականութեան արդիւնաբերութիւնը, դատարանները եւ երեխաներու մանկավարժները անգիտակցաբար կը հիմնաւորուին Տարուինի գաղափարներու թիւրիմացութեան վրայ: Արդեօ՞ք դէմքի արտայայտութիւններն ու շարժումները կը փոխանցեն ձեր զգացմունքները այլ մարդոց: Եթէ կը կարծէք, որ պատասխանը «Այո» է, ապա պէտք է ձեր կարծիքը վերատեսութեան ենթարկել: Այս հարցը վիճելի քննարկման փուլի մէջ է: Որոշ փորձագէտներ կը պնդեն, որ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ ունին յատուկ,...

Սրբալոյս Միւռոնը Հայ Եկեղեցւոյ Միութեան Խորհրդանիշ Է

Սրբալոյս Միւռոնը Հայ Եկեղեցւոյ Միութեան Խորհրդանիշ Է

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ Առաջնորդ Յունաստանի հայոց Կամօքն Աստուծոյ, 1 յուլիս 2022-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սրբազնագոյն կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ կանոնական աղօթքով եւ մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջով եւ այլ սուրբերու մասունքներով կաթողիկոսարանի մայրավանքին մէջ պիտի կատարէ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը: Միւռոնը ձիթաիւղի եւ դափնիի իւղի հետ միախառնուած անուշաբոյր բոյսերով պատրաստուած իւղ է, որ կը գործածուի սրբագործելու եւ...

Սրբալոյս Միւռոն` Անցեալի Հաւատք, Ներկայի Պատգամ Եւ Ապագայի Տեսիլք

Սրբալոյս Միւռոն` Անցեալի Հաւատք, Ներկայի Պատգամ Եւ Ապագայի Տեսիլք

ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Մասնակի ակնարկութիւններով ու ընդարձակ բացատրութիւններով օծման անուշաբոյր իւղին` երկնաբոյր միւռոնին, նախագործածութեան ձեւն ու պատրաստութեան մանրամասնութիւնները կը տեսնենք Հին կտակարանի էջերուն մէջ: Սակայն քայլ մը աւելի խորանալով` զայն կը գտնենք Հայր Աստուծոյ ստեղծագործ խօսքին մէջ, երբ Ան կ՛արարչագործէ լոյսը, որ ընդմիշտ բարի եւ սուրբ է: Ահաւասիկ սրբալոյս միւռոնին նախապատկերը` ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ: Հոն, տեսանելի ու շօշափելի իւղէ մը...

Հիմա՛ Հայացանք

Հիմա՛ Հայացանք

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Միւռոնօրհնէքի օրը արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէ Անթիլիասի մէջ: Անիկա հայութեան համար յուսապատճառ, սրտամօտ, ուրախառիթ եւ հոգեհարազատ օր մըն է: Այդ օրը Անթիլիասի մայրավանքը հայութիւն կը քաղցրաբուրէ: Ա՛յնքան տիրական կ՛ըլլայ հայութեան բոյրը, որ նոյնիսկ երջանկայիշատակ մեր հսկայ կաթողիկոսներուն շիրիմները կը պայծառափայլին, կը պայծառաշողան ու կը պայծառակերպուին: Յարութեան նախօրինակը կ՛ապրին կարծէք: Հայութեան բոյրին հետ հետզհետէ կը շաղախուի սրբալոյս...

Անձնատուր Ըլլալ Մերժողները

Անձնատուր Ըլլալ Մերժողները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ռամպոնի զինուորները կ՛երդնուն երբեք անձնատուր չըլլալ Խորքին մէջ մենք չենք գիտեր, թէ ներքնապէս որքան հզօր ենք` մինչեւ ողբերգութեան, պատերազմներու եւ արտակարգ իրավիճակներու ատեն մեր ներքին ուժին դրսեւորումը: Գոյատեւելու եւ ինքզինք նորացնելու մարդկային կարողութիւնները հիանալի են: Կեանքը բազմաթիւ անակնկալներ կրնայ մատուցել մեզի: Բայց խուճապի չմատնուելու ունակութիւնը, բաւարար գիտելիքներու գոյութիւնը մեզի կ՛օգնեն արագ լուծումներ գտնելու: Պատերազմի ամէնէն վտանգաւոր պահերու մինչ...

Համազգային երկրորդ հռչակագրին ընդառաջ

Խօսք. Խախտուած Չափանիշների Աղէտալի Հետեւանքները…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր 2018 թուականի ապրիլի թաւշեայ յեղաշրջումից ի վեր խախտուել են բոլոր կարգի ու բնագաւառների ազգային ու պետական չափանիշներն ու քիչ թէ շատ ընկալեալ ստանդարտները ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ աշխարհասփիւռ հայութեան համար... Ահաւասիկ խախտուած գլխաւոր չափանիշները` փաստերով. 1.- Յեղաշրջմանը յաջորդող ամիսներին (նոյնիսկ` շաբաթներին եւ օրերին) ի սկզբանէ խախտուեցին կենցաղային-հասարակական գէթ մինչ այդ ընդունուած չափանիշները. ա.- Փոխադարձ...

Իմ ու Լիլիթին Զրոյցը` «Մօր Զրոյցը» Գիրքին Մասին

Իմ ու Լիլիթին Զրոյցը` «Մօր Զրոյցը» Գիրքին Մասին

Լիլիթ եւ ես զրոյց մը ունեցանք: Որոշեցինք հարցազրոյց ընել, բայց որպէսզի պաշտօնականութենէ դուրս գանք եւ հարազատութիւն մը պահենք ընթերցողին հետ, միասնաբար որոշեցինք պատմողական ձեւով ներկայացնել մեր հարցազրոյցը ձեզի: Մեր զրոյցին նիւթը կը կեդրոնանար իր անձին եւ իր գործին շուրջ, եւ որովհետեւ այս յօդուածը այդ զրոյցին մասին է, ուրեմն պէտք է անդրադառնալ ի՛ր անձին եւ ի՛ր գործին: Լիլիթ Մովսիսեանը 2022 թուականիս...

Կեդրոնականցին Բարձրավանդակի Եւ Բարձրաւանդակի Մասին

Կեդրոնականցին Բարձրավանդակի Եւ Բարձրաւանդակի Մասին

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Կեդրոնականցին երբ այցի չի գար, միշտ կապ կը պահէ, չի լռեր, նամակ կը գրէ համացանցով: Կը լսէ եւ կը տեսնէ բաներ, որոնց հանդէպ խուլ եւ կոյր են մանրուք բաներով չզբաղող հանգամանաւորները. նախագահ, ատենապետ, խմբագրապետ, ղեկավարներ: Առաւօտեան սուրճէն ետք սեփական կապի նախարարիս` համակարգիչիս դիմեցի: Նամակներու մէջ էր Կեդրոնականցիին ել-նամակը: Թերթերու սովորական ըսած-գրածէն առաջ կարդացի Արմենակի նամակը: «Մակա՛րս, «Գարնան...

Ինքնութեանդ Միւռոնը

Ինքնութեանդ Միւռոնը

ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ Ինքնութի՜ւն... Վեհ անուն, արժէք եւ մարդուն դիմաց դրուած գիտակից պարտականութիւն: Ինքնութի՜ւն... Մարտահրաւէր, ճշմարտութիւն, յաւերժութեան հրամայական եւ երաշխիք: Ինքնութի՜ւն... Հայուն վայել, հայուն պատմութիւնը կերտող բառ եւ առաւել կեանք ապահովող հիմք: Յուլիս մէկին կրկին անգամ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատմութիւն պիտի կերտուի` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ Լիբանան երկրի մտահոգ կացութեան, Լոյսը` Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր ճառագայթները պիտի արձակէ: Յոյսը`...

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)

Գաղթականը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Ջարդին հարիւր տարին լրանալուն քանի մը տարի մնացեր էր, բայց մենք արդէն մոռցեր էինք արեան հետ մեզի հասած այդ ծանր ապրումը` շնորհիւ մեզ հիւրընկալած Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու պետութիւններուն, բայց մանաւանդ` անոնց բարի եւ հիւրընկալ ժողովուրդներուն ասպնջականութեան: Մեր հայրենիքը եւս, թօթափած լուծերուն ծանրագոյնը, սկսեր էր շնչել ու ապրիլ` փորձելով արժանապատիւ կեանքի մը պայմանները ստեղծել ժողովուրդին համար: Բայց ժամանակը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ռումանիա Հայկական Խաչքար-Յուշարձանի Բացում 10 յունիսին Ռումանիոյ Բակաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքար-յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութիւն` ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեանի եւ Բակաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէուի: Խաչքարը Հրազդան համայնքին կողմէ նուիրուած է Բակաուին: Բացման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ դեսպան Մինասեանի եւ Բակաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէուի հանդիպումը, որուն հեռակայ դրութեամբ միացան նաեւ Հրազդան համայնքի ներկայացուցիչները` ի...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Սրբալոյս Միւռոնով Կը Քրիստոնէանանք, Սրբալոյս Միւռոնով Զօրանանք…

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Միւռոն բառը կու գայ յունարէնէ (μύρον), որ կը նշանակէ  անուշաբոյր իւղ: Սուրբ միւռոնի գործածութիւնը հարիւրամեակներու պատմութիւն չէ՛ եւ ո՛չ ալ եկեղեցւոյ կողմէ աւելցուած իրականութիւն, ինչ որ շատեր սխալ կը կարծեն ու դժբախտաբար կը պնդեն: Եթէ Աստուածաշունչը լաւապէս ընթերցենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ սրբալոյս միւռոնի գործածութիւնը կու գայ Տիրոջ գիրքէն եւ Անոր պատուէրներէն. «Սուրբ օծման իւղ պիտի...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Երանգապնակ` Սեւ Երիզով

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Երէկուընէ ի վեր  սա հատորը ափերս կ՛այրէ:  «Ես եմ, ես կա՛մ» «Պատկերագիրքը ներառում է արցախեան 44-օրեայ պատերազմում նահատակուած քսանհինգ հերոս երիտասարդ արուեստագէտների ստեղծագործութիւնների ընտրանին»:  Նախաձեռնութիւն` Համազգային Հայ մշակութային ու կրթական միութեան: Քսանհինգ են անոնք. ինքնավստահ, ժպտուն, մտածկոտ, վճիտ նայուածքով տղաք, որ կեանքի անդաստանին մէջ իրենց օրերը կերտելու փոխարէն` հաւաքուեր են, Մահը զիրենք փոխադրեր է ալպոմի մը մէջ: Փոքր...

Գարեգին Կաթողիկոսի Վախճանման 23-րդ Տարելիցի Առիթով

Գարեգին Կաթողիկոսի Վախճանման 23-րդ Տարելիցի Առիթով

ԱՇՈՏ ՇԱՐՈՒՐԵԱՆ Արդէն քսաներեք տարիներ անցան 1999 թուականի յունիսի 29-ից, երբ Գարեգին վեհափառը (1977-1995 թուականներին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ 1995-1999 թուականներին` Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոս) հեռացաւ մեզանից: Ահա թէ ինչպիսի՛ գնահատանքի խօսքեր էին հնչում այն ժամանակ լուսահոգի հայրապետի հասցէին. «Գարեգին վեհափառը 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կեանքի ամէնէն շքեղ եւ փայլուն անձնաւորութիւններէն մէկն էր, իմաստուն, խոհեմ, զգաստ,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Դեսպան Նորա Արիսեանը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 27 յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեանը: Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ շնորհաւորեց դեսպանը` նշանակման առիթով, ու մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակական ամրապնդման:  Վեհափառը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հայ-սուրիական պատմական կապերուն` ընդգծելով...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան

Գէորգի Ժբ.` Վրաց Թագաւոր ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի բնակիչները Շուշիի մէջ Աղա Մոհամէտ շահին սպանութենէն (17 յունիս 1797) ետք ապստամբած եւ իշխանութենէն հեռացուցած էին Ալի Ղուլի խանը, որ Թեհրան վերադառնալէն ետք կուրացուած էր: Ֆաթհ Ալի շահ կալանքէ ազատեց Երեւանի Մոհամէտ խանը եւ Խոյի Ջաֆար Ղուլի խանը եւ վերականգնեց անոնց իշխանութիւնները: Մինչ այդ Մակուի տիրակալ Ահմէտ խան Պայաթի որդի Հասան խան, որ...

Ակնարկ.  6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Ակնարկ. 6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին` այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ...

Ակնարկ.  Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները  ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն: Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարելէ ետք, թէ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կը շեշտէր, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կը սպասեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման, որ կապ կ՛ապահովէ «Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն» հետ: Չաւուշօղլուն կը վերաշեշտէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի...

Ս. Միւռոնի «Յարութեան Գերեզմանին» Առջեւ

Ս. Միւռոնի «Յարութեան Գերեզմանին» Առջեւ

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Միայն քանի մը օրեր կը բաժնեն մեզ այն պատմական պահէն, որուն համար սպասած ենք եօթը տարիներ: Նոյնիսկ ս. միւռոնի կաթսան, հարսի մը պէս քողարկուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի խորանին վրայ կը սպասէ այդ երանելի պահուն, երբ ի տես բազմահարիւր ժողովուրդի` պիտի բանայ իր կափարիչը, պիտի «շողարձակէ» իր բուրումնաւէտ զօրութիւնը եւ լեցնէ մեր էութիւնը նոր շունչով մը:...

Page 331 of 1112 1 … 330 331 332 … 1,112

Արխիւներ