Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 29, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Դեսպան Նորա Արիսեանը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 27 յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեանը:

Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ շնորհաւորեց դեսպանը` նշանակման առիթով, ու մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակական ամրապնդման:  Վեհափառը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հայ-սուրիական պատմական կապերուն` ընդգծելով Սուրիոյ հայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը զանոնք զօրացնելու առումով:

Հանդիպման ընթացքին Գարեգին Բ. անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն, իսկ Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով արձանագրուած ցաւալի կորուստներուն եւ արձանագրուած աւերներուն` վստահութիւն յայտնելով, որ երկու բարեկամ ժողովուրդները լաւատեսութեան ոգիով ու զօրեղ հաւատքով պիտի յաղթահարեն իրենց դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները:

Կաթողիկոսը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն` հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքի համար:

Դեսպան Նորա Արիսեան իր հերթին կաթողիկոսին ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան պատճառով հայ համայնքին դիմաց ծառացած դժուարութիւնները` հաստատելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հայ համայնքին կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ:

«Ապրելու Ձայնը» Ծրագիրը Սկսաւ Ստեփանակերտի Մէջ

«Ապրելու ձայնը» ծրագիրին մեկնարկը տրուեցաւ յունիս 26-ին, Ստեփանակերտի մէջ:

«Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանին մօտ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան խումբ մը գրողներու եւ մտաւորականներու հետ դիմաւորեց Արցախ եկած հիւրերը` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:

Այնուհետեւ ծրագրի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցեցին Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ, ինչպէս նաեւ ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու շիրիմներուն:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց յատկապէս այն փաստը, որ ծրագրին մեկնարկը տրուած է յարգանքի տուրք մատուցելով. «Մեր իւրաքանչիւր ապրած օրուան համար մենք շնորհակալ ենք այն տղաներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով մեր այսօրը պարգեւեցին մեզի: Բոլոր անոնց, որոնք ննջած են Եղբայրական յուշահամալիրին, Եռաբլուրին մէջ. արցախեան բոլոր պատերազմներու հերոսներուն շնորհիւ է, որ այսօր մենք Արցախի մէջ նմանատիպ ձեռնարկներ կրնանք կազմակերպել, ուստի պատահական չէ, որ յարգանքի տուրքով սկսի «Ապրելու ձայնը» խորագիրը կրող գրական-մշակութային ձեռնարկներու շարքը», յայտնեց Հ. Աւագեան:

Յիշեցնենք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ յունիս 26-էն յուլիս 2 Արցախի մէջ պիտի իրականացուին գրական եւ մշակութային ձեռնարկներ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը տեղեկացուց, որ յունիս 30-ին, ժամը 11:00-ին Ստեփանակերտի «Պոլ Էլուարի Ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մանկութեան երանգներ» խորագրով ցուցահանդէս:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ կեանքի կոչուած նկարչութեան եւ «Հմուտ ձեռքեր» դասընթացներու մասնակից մանուկներուն աշխատանքները, նաեւ պիտի ներկայացուին երեխաներուն, ինչպէս` 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, այնպէս ալ պատերազմէն ետք կատարած աշխատանքները, եւ այս ցուցահանդէսը պիտի ըլլայ անոնց երրորդ ցուցահանդէսը:

«Մանկութեան երանգներ» ցուցահանդէսը պիտի կայանայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ` Արցախի մէջ կազմակերպուող «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերու ծիրին մէջ:

1733-ին Վենետիկի Մէջ Տպագրուած Մայր Աթոռի Մատենադարանին Աստուածաշունչը Վերականգնուած Է

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի համագործակցութեան ծիրին մէջ պարբերաբար կ՛իրականացուին վնասուած գիրքերու վերականգնման աշխատանքներ, որոնց շնորհիւ Սուրբ Էջմիածինի մատենադարանին հնատիպ գիրքերը կը փրկուին ֆիզիքական ոչնչացումէ:

Ըստ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, համապատասխան խնամքի եւ հոգատար վերաբերմունքի շնորհիւ` Մայր Աթոռի մատենադարանի, 1733 թուականին Վենետիկի մէջ տպագրուած Աստուածաշունչը փրկուած է եւ ստացած` նոր կեանք:

Երկու մատենադարաններուն երկարամեայ համագործակցութիւնը շարունակական է. յառաջիկային նոյնպէս կը նախատեսուին միացեալ այլ աշխատանքներ:

Երգիչ Հայկ Պետրոսեան Եւ Դաշնակահար Վահագն Հայրապետեան «Ճազնաւուր» Երգահանդէսով Նշեցին Անզուգական Շ. Ազնաւուրի 98-ամեակը

Երգիչ, դերասան Հայկ Պետրոսեան, համագործակցելով ճազ-երաժիշտ, դաշնակահար Վահագն Հայրապետեանի հետ, «Ճազնաւուր»  համերգի շրջանակի մէջ, Շարլ Ազնաւուրի երաժշտութեան երկրպագուներուն տօն նուիրեցին` հնչեցնելով անզուգական երգահանին լաւագոյն երգերը` ճազային մեկնաբանութեամբ:

Հաղորդենք, որ երգահանդէսը կայացաւ յունիս 21-ին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին մէջ:

Հայկ Պետրոսեան, որ բազմիցս կատարած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները եւ քանի մը անգամ ներկայ գտնուած է անոր համերգներուն, յիշեցուց, որ Ազնաւուր ծնած է 22 մայիսին, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով հեղինակին 98-ամեակին նուիրուած երգահանդէսը կեանքի կոչուեցաւ 21 յունիսին:

Երեկոյի ընթացքին Պետրոսեան պատմեց, որ առիթով մը լրագրողներէն մէկը Ազնաւուրին ըսած է, որ աշխարհի հանրայայտ երգիչներէն Սթինկը, Ռէյ Չարլզը, Էլթըն Ճոնը եւ Ֆրանսայի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող բազմաթիւ երգիչներ մեկնաբանած են իր երգերը, եւ շարունակած է հարցնելով, թէ որո՞ւ կատարումը ամէնէն շատը հաւնած է: Ազնաւուր պատասխանած է, որ ամէնէն շատը սիրած է հանճարեղ ճազ երաժիշտին Ռէյ Չարլզի կատարումը, իր «Լա մամա» (La Mamma) երգին անգլերէն տարբերակը:

Պատմութիւնը ներկայացնելէ ետք Հայկ Պետրոսեան սեփական մեկնաբանութեամբ երգեց «Լա մամա» ստեղծագործութիւնը:

Երեկոյին, Հայկ Պետրոսեանէն եւ Վահագն Հայրապետեանէն բացի, նուագախումբին մաս կը կազմէին Արման Մնացականեանը (հարուածային գործիքներ), Դանիէլ Մելքոնեանը (շեփոր) եւ Տէյվ Կէօտակեանը (քոնթրապաս):

Հայկ Պետրոսեանի հմայիչ կատարումները վայելեցին Ազնաւուրի հրապարակը լեցուցած ե՛ւ հայ, ե՛ւ օտարազգի երաժշտասէրները:

Պարոյր Սեւակի «Անմահութեան» Օրուան Նշում

Պարոյր Սեւակի «անմահութեան» օրուան նշումը կայացաւ յունիս 17-ին, Արարատ մարզի Զանգակատուն համայնքի մէջ գտնուող Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին մէջ: Այս վայրէն ոչ շատ հեռու ճանապարհին էր, որ Սեւակ եւ իր կինը զոհ գացած էին ինքնաշարժի արկածի, 17 յունիս 1971-ին:

Մարզի բնակիչներու եւ պատասխանատուներուն հետ ներկայ գտնուեցան Երեւանէն եկած մասնակիցներ, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ արտասահմանէն եկած հայրենակիցներ:

Շիրմաքարին վրայ ծաղիկներ զետեղելէ ետք արտասանուեցան պաշտօնական խօսքեր, ապա մասնակիցները բարձրացան թանգարանին կից գտնուող հանդիսահարթակը, ուր կը գտնուի յիշատակի խաչքար մը: Այնտեղ, թանգարանի տնօրէնին եւ բանաստեղծին թոռ Սեւակ Ղազարեանի, ինչպէս նաեւ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի ձեռամբ քողազերծուեցաւ Պարոյր Սեւակի պրոնզէ կիսանդրին, որ քանդակագործը բերած էր Քանատայէն:

Նշենք, որ անբաժան ծխախոտը ձեռքը եւ հայեացքը հեռու` Սեւակի քանդակը տեղադրուած է տուֆէ պատուանդանին վրայ:

Ներկաները այնուհետեւ մուտք գործեցին թանգարանի սրահ, ուր իրենց հեռախօսերուն յատուկ յաւելուածով կրցան նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի Սեւակի կեանքին հանգրուանները պատկերացնող հսկայ որմնանկարին դէմ բռնելով` Սեւակի կենդանացած կերպարի ասմունքելը լսել եւ դիտել:

Հանդիսութեան աւարտին մասնակիցները դարձեալ համախմբուեցան յուշարձանի բեմահարթակին շուրջ, ուր երգի-պարի համոյթը գեղեցիկ կատարողութեամբ մը խանդավառեց ներկաները` զիրենք ալ ներքաշելով շուրջպարերուն մէջ:

Միջնադարեան Վանական Համալիրին` Վահանավանքին 1111-ամեակի Տօնակատարութիւն

Յունիս 25-ին Կապանի մէջ ուխտագնացութեամբ եւ մեծ շուքով տօնեցին միջնադարեան վանական համալիրին` Վահանավանքի 1111-ամեակը:

Այս մասին յայտնեցին Կապանի համայնքապետարանէն: Համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւոր այրերը, հաւատաւոր ժողովուրդը  Կապանէն աւելի քան 8 քիլոմեթր քայլելով`  հասան 10-րդ դարու կառոյց:  Սիւնեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Մակար վրդ. Յակոբեան կատարեց տօնական սուրբ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ անդաստանի կարգ:

Վահանավանքի տօնական օրը  ներկայ էր մեծ բազմութիւն:  Վանական համալիրին հազարամեայ պատմութեան ծանօթանալու, հոգեւոր այս կարեւոր իրադարձութեան մասնակից ըլլալու համար  հանրապետութեան տարբեր վայրերէ քաղաքացիներ եկած էին Կապան:

Գէորգ Փարսեան ներկաները ողջունելէ ետք նշեց, որ Վահանավանքը թէ՛ համայնքային եւ թէ՛   Սիւնեաց աշխարհի կեանքին մէջ   կարեւոր դերակատարութիւն ունի:

«ժառանգած ենք այնպիսի հարստութիւն, որ մեր տարածաշրջանի հայկական կենսագրութեան պատմական փաստն  է: Թշնամին ակնյայտօրէն խեղաթիւրելով պատմական փաստերը`  չի դադրիր  կասկածի տակ դնելու նաեւ Սիւնիքի հայկական ըլլալը: Մէկ անգամ չէ, որ մեր հարեւանները կը յոխորտան այս նիւթով` մասնաւորապէս   օգտագործելով «Զանգեզուրը Ազրպէյճանի պատմական հողերն են» եզրոյթը: Այնինչ Վահանավանքի վանական համալիրը այն վառ ապացոյցներէն է, որ այս տարածաշրջանը   հնագոյն քաղաքակրթութեան օճախ է, ուր` «Հայերը պատմականօրէն ապրած են այն ժամանակներէն ի վեր, երբ ազրպէյճանցիները իբրեւ ազգ գոյութիւն չեն ունեցած», ընդգծեց Փարսեան:

Կապանի շրջանային կոմիտէի առաջին քարտուղար Ռոլանդ Ղոնեան նկատեց, որ ինքը Վահանավանքի վերականգնման աշխատանքներուն լաւատեղեակ է:

«Կը փափաքիմ խօսիլ այն մարդոց մասին, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին այդ սուրբ գործին:  1960-ական թուականներուն այստեղ սկսան իրականացուիլ պեղումներ. հնագիտական արշաւախումբի ղեկավարը   պատմական գիտութիւններու դոկտոր  փրոֆեսէօր  Գրիգոր Գրիգորեանն էր, որ  իր ամբողջ գործունէութիւնը նուիրեց Վահանավանքին:  Այդ ժամանակ  հողազանգուածի մէջ թաղուած  վանական համալիրի կամարները միայն  կը յուշէին, որ այստեղ պատմական յուշարձան  կայ», ըսաւ ան:

Պատմաբան Գրիշա Սմբատեան, որ ժամանակին մասնակցած էր Վահանավանքին մէջ կատարուած պեղումներուն, նշեց, որ պեղումները մեծցուցին Վահանավանքի խորհուրդը, ցրուեցաւ կասկածը, խորացաւ վստահութիւնը պատմիչներուն վկայութիւններուն հանդէպ: Յատկապէս` Ստեփանոս Օրբելեանի, որ գրած է` «Վանքի բակին մէջ թաղուած են Աղուանքի եւ Բաղքի շատ մը թագաւորներ եւ թագուհիներ»:

«Հիմա արդէն մենք կը տեսնենք` գաւիթին, սիւնասրահին եւ բակին մէջ ամփոփուած են հայոց հողին վրայ մեր թագաւորներուն, թագուհիներուն, իշխանազուններուն, Սիւնիքի հզօրագոյն նախարարական տան ժառանգները», ըսաւ Սմբատեան:

Երաժշտագէտ-միջնադարագէտ, արուեստագիտութեան դոկտոր, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Մհեր Նաւոյեան ընդգծեց, որ այսօր սոսկ յուշարձանի վերակերտման տարեդարձ չէ, այսօրինակ ձեռնարկները մեր օրերուն մէջ կը վերաիմաստաւորուին ամէնէն անսպասելի տեսանկիւններով:

«Այս ինքնութեան, նորոգութեան խորհրդանիշ է: Մեր հանրային կեանքը խարխլուած է, ցաւօք սրտի, ինքնութենական հարցերը ամէնէն սուր ձեւով կը կանգնին մեր առջեւ: Վահանավանքի 1111-ամեակը նորէն ազգ հաւաքելու, հանրութիւն հաւաքելու առիթ է»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ մատաղի հիւրասիրութեամբ: Տօնական օրը իր կատարումներով գեղեցկացուց  «Գեղարդ» երգչախումբը, ինչպէս նաեւ ազգային երգ ու պարով հանդէս եկան Կապանի մշակոյթի կեդրոնի ստեղծագործական խումբերը:

Յիշեցնենք, որ Վահանավանքը միջնադարեան վանական համալիր է:  Հիմնադրուած է  Բաղք գաւառի իշխան Ձագիկի որդիին` Վահանի կողմէ, որմէ ալ ստացած  է իր անունը: Վանական համալիրի առաջին կառոյցը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, կառուցուած է 911 թուականին, աւելի ուշ` 11-րդ դարու երկրորդ կիսուն, Վահանավանքի մօտ կատարուած են նոր կառուցումներ, մեծ եկեղեցիէն 25 մեթր հեռու կառուցուած է աւելի փոքր եկեղեցի` Սուրբ Աստուածածինը:

Վանքը ունեցած է մօտաւորապէս 100 միաբան, կից գործած է վանական դպրոցը: 10-րդ դարու կառոյցի տարածքին կը գտնուին` Վահան իշխանի, Սահակ Սեւադայ Բ.-ի, Սոփի թագուհիին, Սիւնիքի գահերէց իշխան Աշոտի, անոր թագակիր որդիներ` Սմբատ Բ.-ի եւ Գրիգոր Ա.-ի, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի թագաւորութեան մնացեալ չորս թագաւորներուն, Վաչագան իշխանի մայր Խաշուշի գերեզմանները:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան

Յաջորդը

Գարեգին Կաթողիկոսի Վախճանման 23-րդ Տարելիցի Առիթով

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 3, 2022
ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Յուլիս 29, 2022
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը

Յուլիս 29, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In