Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Յուզական արհեստական բանականութեան արդիւնաբերութիւնը, դատարանները եւ երեխաներու մանկավարժները անգիտակցաբար կը հիմնաւորուին Տարուինի գաղափարներու թիւրիմացութեան վրայ:
Արդեօ՞ք դէմքի արտայայտութիւններն ու շարժումները կը փոխանցեն ձեր զգացմունքները այլ մարդոց: Եթէ կը կարծէք, որ պատասխանը «Այո» է, ապա պէտք է ձեր կարծիքը վերատեսութեան ենթարկել: Այս հարցը վիճելի քննարկման փուլի մէջ է: Որոշ փորձագէտներ կը պնդեն, որ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ ունին յատուկ, ճանաչելի դէմքի շարժումներ, որոնք կ՛արտայայտեն որոշակի զգացմունքներ, ինչպիսիք են` երջանկութեան ժամանակ ժպտիլը, զայրոյթի ժամանակ խոժոռիլը եւ վախէն լայն ու բաց աչքերով ապշահար նայուածքը: Անոնք կը մատնանշեն հարիւրաւոր հետազօտութիւններ, որոնք, ըստ երեւոյթին, ցոյց կու տան, որ ժպիտը, խոժոռած դէմքը եւ այլ արտայայտութիւններ զգացմունքներու դէմքի համընդհանուր արտայայտութիւններ են:
Անոնք նաեւ յաճախ կը մէջբերեն Չարլզ Տարուինի 1872 թուականի «Մարդոց եւ անասուններու յոյզերու արտայայտութիւնը» գիրքը` ամրապնդելու համար այն կարծիքը, որ ընդհանրական արտայայտութիւնները (universal expressions) յառաջացած են բնական ընտրութեան(1) (natural selection) պատճառով:
Այլ գիտնականներ կը մատնանշեն «հակաապացոյցներու» մեծ թիւ մը, որոնք ցոյց կու տան, որ զգացմունքներու ժամանակ դէմքի շարժումները թիւով չափազանց շատ են յոյզերու համընդհանուր ցուցանիշներ ըլլալու համար: Մարդիկ կրնան ատելութեամբ լեցուած ժպտիլ, երբ կը ծրագրեն իրենց թշնամին տապալելը, եւ խոժոռած ուրախանալ, երբ կը լսեն բռնածիծաղ մը: Մելանեզեան (Melanesian) մշակոյթի մէջ լայն աչքերով ապշահար դէմքը նախայարձակ (aggression) ըլլալու նշան է, ոչ թէ վախի: Փորձագէտները կ՛ըսեն, որ ենթադրեալ համընդհանուր արտայայտութիւնները պարզապէս մշակութային կարծրատիպեր կը ներկայացնեն: Յստակ ըլլալու համար բանավէճի երկու կողմերն ալ կ՛ընդունին, որ դէմքի շարժումները կը տարբերին զգացմունքի բերումով: Անհամաձայնութիւնը կը վերաբերի այն մասին, թէ արդեօ՞ք կայ այդ շարժումներուն մէջ բաւարար միատեսակութիւն` բացայայտելու, թէ ի՛նչ կը զգայ տուեալ անձը:

Այս բանավէճը միայն ակադեմական չէ. արդիւնքը լուրջ հետեւանքներ ունի: Այսօր ձեզ կրնան մերժել աշխատանքի մը համար, քանի որ «զգացմունքներու ընթերցման համակարգ» մը, որ կը դիտէ ձեզ տեսախցիկի միջոցով, կիրարկած է արհեստական բանականութիւն` հարցազրոյցի ժամանակ ձեր դէմքի շարժումները անբարենպաստ գնահատելու համար: Միացեալ Նահանգներու իրաւական դատարանին մէջ դատաւորը կամ երդուեալներու ատեանը` երբեմն կրնայ աւելի խիստ դատավճիռ կայացնել, նոյնիսկ մահ, եթէ կարծեն, որ մեղադրեալի դէմքին վրայ զղջումի նշաններ չկան: Երկրի բոլոր նախադպրոցական հաստատութիւններուն մէջ փոքրիկներուն կը սորվեցնեն ճանչնալ ժպիտը` որպէս երջանկութիւն, յօնքերու պռստումը` որպէս զայրոյթ, ինչպէս նաեւ այլ արտայայտիչ կարծրատիպեր` գիրքերէ, խաղերէ, պաստառներէ անմարմին դէմքերու ընդմէջէն: Իսկ մենախտի «Autism» շրջագիծի մէջ գտնուող երեխաներուն պարագային, անոնցմէ ոմանք դժուարութեամբ կ՛ընկալեն ուրիշներու զգացմունքները, այս տեսակի ուսուցումները աւելի լաւ հաղորդակցութիւն մը չեն ստեղծեր:
Այսպիսով, ո՞վ է ճիշդը: Պատասխանը կը ներառէ անտեղեակ բժիշկ, գիտական սխալ եւ Տարուինի գրածին դարաւոր սխալ մեկնաբանութիւնը: Ճակատագրի հեգնանքով անոր սեփական դիտարկումները կ՛առաջարկեն ազդու լուծում, որ կը կերպարանափոխէ զգացմունքներու ժամանակակից ըմբռնումը:
Դէմքի համընդհանուր արտայայտութիւններու ենթադրութիւնը կարելի է գտնել քանի մը աղբիւրներէ, յատկապէս` 19-րդ դարու ֆրանսացի բժիշկ Կիոմ-Պենժամին-Աման Տիուշենի լուսանկարներու հաւաքածոյէն: Լուսանկարչութեան առաջին օրերուն Տիուշեն ելեկտրականութեամբ կը խթանէր մարդոց դէմքի մկանները եւ կը լուսանկարէր յառաջացած կծկումները:
Անոր լուսանկարները ոգեշնչեցին Տարուինը` իր «Expression»-ին մէջ առաջարկելու, որ դէմքի որոշ շարժումներ զգացմունքներու համընդհանուր նշաններ են: Երջանկութեան ժամանակ, ըստ Տարուինի, մարդիկ կը ժպտին: Տխրութեան ժամանակ անոնք կը խոժոռին: Ինչպէս սովորաբար կը պատմուի պատմութիւնը, Տարուին բացայայտեց, որ զգացմունքներն ունին բնածին, կենսաբանօրէն հիմնուած արտայայտութիւններ, որոնք տեղի կ՛ունենան եւ կը ճանչցուին բոլորին կողմէ եւ կը կիսուին այլ կենդանիներու հետ: Այս պատմութիւնը կը ներկայացնէ դէմքի շարժումները` որպէս ազդանշանային համակարգի տեսակ, ուր անձը կրնայ նայիլ մարդու դէմքին, բացայայտել անոր յուզական վիճակը եւ ստանալ կարեւոր տեղեկութիւններ` ինքզինք ապահով եւ առողջ պահելու համար:
Կամ եղածը այդպէս կը թուի: Ապացոյցներու գերակշռութիւնը ցոյց կու տայ, որ Տարուին սխալ էր, եւ անոր սխալը սարսափելի էր: Իրական կեանքի մէջ մարդիկ կ՛արտայայտեն որոշ յոյզ մը կամ զգացում մը` հսկայական զանազանութեամբ: Զայրոյթի ժամանակ, օրինակ, քաղաքային մշակոյթներու մարդիկ կը խոժոռին (կամ խոժոռման դէմքի որոշ շարժումներ կ՛ընեն) միայն 35 տոկոսի պարագային, ըստ զգացմունքներու ժամանակ դէմքի շարժումները չափող հետազօտութիւններու վերլուծութեան: Խոժոռումները նաեւ յատուկ չեն զայրոյթին, որովհետեւ մարդիկ «խոժոռ դէմքեր» կ՛ունենան նաեւ այլ պատճառներով. օրինակ` երբ անոնք կը կեդրոնանան բանի մը վրայ կամ երբ կազ ունին: Նոյն ահռելի տատանումները տեղի կ՛ունենան ուսումնասիրուած իւրաքանչիւր յոյզերու եւ որեւէ այլ չափանիշի, որ ենթադրաբար դիտել կու տայ մեզի մէկու մը յուզական վիճակը` ըլլայ այդ մէկը անոր մարդակազմութիւնը, ձայնը կամ ուղեղի գործունէութիւնը:
Յոյզերու արհեստական բանականութեան համակարգերը հետեւաբար չեն յայտնաբերեր զգացմունքները: Անոնք կը յայտնաբերեն ֆիզիքական ազդանշաններ, ինչպիսիք են դէմքի մկաններու շարժումները, եւ ոչ թէ` այդ ազդանշաններու հոգեբանական նշանակութիւնը: Շարժումի եւ իմաստի միախառնումը խորապէս ներդրուած է արեւմտեան մշակոյթի եւ գիտութեան մէջ: Օրինակ մըն է վերջերս լայն ծաւալով տեղի ունեցած հետազօտութիւնը, որ կիրարկած է մեքենայական ուսուցում մը դէմքերու` աւելի քան վեց միլիոն համացանցային տեսերիզներու վրայ: Խումբ մը գնահատողներ զարգացուցած էին արհեստական բանականութեան համակարգ մը եւ անոնցմէ պահանջուած էր պիտակաւորել դէմքի շարժումները տեսերիզներուն մէջ, սակայն միակ պիտակները, որոնք անոնց տրուած էին օգտագործելու համար, զգացմունքային բառերն էին, օրինակ` «զայրացած», եւ ոչ թէ` ֆիզիքական նկարագրութիւնները, ինչպիսիք են «խոժոռած»: Աւելին, ոչ մէկ ենթակայական միջոց կար հաստատելու այն, թէ ինչ կը զգային տեսերիզի անյայտ այդ անձինք այդ պահերուն:
Կան նաեւ զգալի ապացոյցներ, որ դէմքի շարժումները շատերու ազդանշանն են համաթեքսթային (contextual) տեղեկատուութեան` շատ աւելի մեծ զանգուածի մը մէջ, որ մեր ուղեղը կ՛ընդունի: Ցոյց տուէք մարդոց առանձին ծամածռուած (grimacing) դէմք մը, եւ անոնք կրնան այնտեղ ցաւ կամ հիասթափութիւն տեսնել: Բայց ցոյց տուէք նոյն դէմքը մրցավազքի վերջնագիծը հատող վազորդին, եւ նոյն այդ ծամածռութիւնը յաղթանակ կը հաղորդէ: Դէմքը յաճախ մարդու ներքին վիճակի աւելի թոյլ ազդանշան է, քան` զանգուածի միւս ազդանշանները:
Տարուինի «Expression»-ը կ՛ենթադրէ, որ որոշակի յոյզերու պարագաները, ինչպիսին է զայրոյթը, ունին յստակ, անփոփոխ, ֆիզիքական պատճառ կամ վիճակ, էութիւն մը, որ կը նմանցնէ պարագաները, նոյնիսկ եթէ անոնք ունին մակերեսային տարբերութիւններ: Գիտնականները առաջարկած են շարք մը էութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը դիւրութեամբ կ՛երեւին, օրինակ` դէմքի շարժումները, ինչպէս նաեւ` այլ տեսակներ, ինչպիսիք են սրտի զարկերու, շնչառութեան եւ մարմնի ջերմաստիճանի բարդ, միահիւսուած օրինաչափութիւնները, որոնք կը դիտուին միայն մասնագիտացած գործիքներով: Էութիւններու նկատմամբ այս հաւատքը, որ կը կոչուի «էականութիւն» (Essentialism), պարտադիր ներըմբռնողական է (intuitive): Այդ մէկը, սակայն, նաեւ վնասակար է, որովհետեւ շօշափելի ձեւով անկարելի է ապացուցել, որ էութիւն գոյութիւն չունի: Մարդիկ, որոնք կը հաւատան էութիւններուն, բայց չեն «տեսներ» զանոնք` հակառակ կրկնուող բազմաթիւ փորձերուն, այնուամենայնիւ, կը շարունակեն հաւատալ անոնց: Հետազօտողները, մասնաւորապէս, հակուած են արդարացնելու իրենց համոզմունքը` առաջարկելով, որ գործիքներն ու մեթոտները տակաւին բաւարար չեն իրենց փնտռած էութիւնները գտնելու համար:

Այս հանելուկին լուծումը կարելի է գտնել Տարուինի «On the Origin of Species» գիրքին մէջ, որ գրուած է «Expression»-էն 13 տարի առաջ: Ճակատագրի հեգնանքով ան կը նշուի որպէս «օգնական» կենսաբանութիւնը «ձերբազատելու էականութեան շանթահարող ճիրաններէն»` ըստ կենսաբան Ըռնըսթ Մայըրի: Մինչեւ «Origin»-ի հրատարակումը` գիտնականները կը կարծէին, որ իւրաքանչիւր կենսաբանական էակ ունէր Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած իտէալական ձեւ, որ ունի որոշիչ յատկութիւններ` էութիւններ, որոնք կը զանազանէին զինք բոլոր միւս տեսակներէն: Ընդունեցէք այս մէկը որպէս կենսաբանութեան «շուներու ցուցադրութեան» տարբերակը: Շուներու ցուցադրութեան ժամանակ իւրաքանչիւր մրցակից կը գնահատուի ենթադրական իտէալական շունով մը: Իտէալականէն շեղումը թերութիւն կը համարուի: Տարուինի «Origin»-ը արմատապէս փոփոխութիւն մը առաջարկեց: Տեսակը բազմազան անհատներու հսկայական զանգուած է` առանց մասնաւոր հիմնական էութիւն մը ունենալու: Ուրեմն իտէալական շուն գոյութիւն չունի, այլ այդ մէկը բազմազան շուներու վիճակագրական ամփոփագիր է: Բազմազանութիւնը սխալ չէ, այլ ատիկա շրջակայ միջավայրի կողմէ բնական ընտրութեան համար անհրաժեշտ բաղադրիչ է: Ինչ կը վերաբերի զգացմունքներուն, սակայն, Տարուին «զոհ գնաց» էականութեան` անտեսելով իր ամենակարեւոր յայտնագործութիւնը:
Էականութեան զօրութիւնը Տարուինը առաջնորդեց զգացմունքներու մասին քանի մը գեղեցիկ ձեւով տարօրինակ գաղափարներու, ներառեալ այն, որ մարդոց մօտ յուզական անհաւասարակշռութիւնը կրնայ գանգուր մազեր յառաջացնել, կամ միջատներ իրենց վախն ու զայրոյթը կ՛արտայայտեն իրենց մարմնի մասերը խելայեղօրէն իրար քսելով:
Էականութիւնը նոյնպէս, ըստ երեւոյթին, կը հրապուրէ յուզական արհեստական բանականութեան համակարգերու ծրագրողները` հետեւելու Տարուինի այս «հանգստաւէտ» ճամբային, որ, իր ենթադրութեամբ, զգացմունքները զարգացած են բնական ընտրութեան միջոցով ծառայելու կարեւոր գործառոյթներու: Բայց եթէ դուք իսկապէս կարդաք «Expression»-ը, ապա կը տեսնէք, որ Տարուին հազիւ թէ խօսած ըլլայ բնական ընտրութեան մասին: Ան նաեւ չէ գրած, որ դէմքի արտայայտութիւնները բնաշրջման (evolution) արտադրանք են: Իրականութեան մէջ ան գրած է հակառակը. ժպիտը, խոժոռած դէմքը, աչքերու լայնացումը եւ այլ ֆիզիքական արտայայտութիւններ «աննպատակ» են` մնացական (vestigial) շարժումներ, որոնք այլեւս որեւէ գործառոյթ չեն կատարեր: Այս յայտարարութիւնը ան աւելի քան 10 անգամ ըրած է «Expression»-ի մէջ: Տարուինի համար զգացմունքային արտայայտութիւնները համոզիչ ապացոյցներ էին, որ մարդիկ կենդանիներ են (անասուններ), եւ որ անոնք բնաշրջած են: Անոր տրամաբանութեամբ, եթէ մենք նմանինք այլ կենդանիներու կարգ մը արտայայտութիւններով, բայց այդ արտայայտութիւնները մեզի համար գործառոյթի առումով ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, ապա անոնք շատոնց կորսնցուցած են այդ արժէքը, ընդհանուր այն նախնիներէն, որոնց համար այդ արտայայտութիւնները օգտակար եղած են նախապէս:
«Expression»-ը սխալ մէջբերուած է աւելի քան 100 տարի: Ինչպէ՞ս այդ տեղի ունեցաւ: Ես գտայ պատասխանը` թաքնուած 20-րդ դարասկիզբի հոգեբան Ֆլոյտ Ալփորթի մէկ աշխատանքին մէջ: 1924 թուականի իր «Social Psychology» գիրքին մէջ Ալփորթ Տարուինի գրածէն ամբողջական եզրակացութիւն մը ըրաւ` ըսելով, որ արտայայտութիւնները կը սկսին որպէս մնացական նորածիններու մօտ, բայց արագօրէն կը ստանան օգտակար ընկերային գործառոյթներ: Ան գրած է. «Փոխանակ կենսաբանօրէն օգտակար այս հակազդեցութիւնը ըլլալով առկայ նախահօր մօտ եւ «արտայայտիչ մնացորդ» ժառանգին մէջ` մենք այս երկու գործառոյթներն ալ ներկայ կը նկատենք ժառանգին մէջ: Որպէս հիմք կը ծառայէ առաջինը, որմէ կը զարգանայ երկրորդը»:
Ալփորթի գաղափարը թէեւ սխալ է, սակայն վերագրուեցաւ Տարուինին եւ հաստատուն ձեւով ընդունուեցաւ համախոհ գիտնականներու կողմէ: Անոնք այլեւս կրնային գրել դէմքի արտայայտութիւններուն մասին` որպէս համընդհանուր եւ յաւակնիլ ըլլալ անառարկելի Չարլզ Տարուինի ժառանգները: Մէկ նախադասութեամբ, Ալփորթ սխալ ուղղեց յոյզերու արեւմտեան ըմբռնումը ոչ միայն գիտութեան, այլեւ իրաւաբանութեան, բժշկութեան, հասարակութեան աչքերու եւ հիմա ալ յուզական արհեստական բանականութեան համակարգերուն մէջ:
Այնուամենայնիւ, այս գիտական հեքիաթը երջանիկ աւարտ ունի, որովհետեւ առօրեայ կեանքին մէջ մեր նկատած զգացմունքներու բազմազանութիւնը անուն ունի: Այդ մէկը նոյն փոփոխութիւնն է, որ Տարուին նկատեց անասուններու տեսակներուն մէջ: «Origin» գիրքին մէջ Տարուին նկարագրած է անասունին տեսակը` որպէս բազմազան անհատներու հաւաքածոյ, առանց կենսաբանական էութեան: Այս հիմնական դիտարկումը ընդհանուր առմամբ, աւելի յայտնի դարձաւ որպէս «բնակչութեան մտածողութիւն» (Population thinking), եւ ան կը հաստատուի ծինային ժամանակակից ուսումնասիրութեամբ:
Բնակչութեան մտածողութիւնը յեղաշրջում կը կատարէ կենսաբանութեան մէջ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, իսկ այժմ ան կը յեղափոխէ զգացմունքներու մասին գիտութիւնը: Մարդիկ կրնան իսկապէս լայնցնել իրենց աչքերը եւ վախէն շնչահեղձ ըլլալ, բայց կրնան նաեւ` վախէն մռայլիլ, վախէն լալ, վախի դիմաց ծիծաղիլ եւ որոշ մշակոյթներու մէջ նոյնիսկ վախէն քնանալ: Էութիւն չկայ: Բազմազանութիւնը կանոն է, եւ անիկա սերտօրէն կապուած է մարդակազմութեան եւ իրավիճակին հետ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս տեսակներու բազմազանութիւնը կապուած է այն միջավայրին հետ, ուր կ՛ապրին անոր անդամները:
Զգացմունքները հետազօտողներուն թիւը հետզհետէ աւելի լուրջ կը վերաբերի «բնակչութեան մտածողութեան» եւ դուրս կու գայ անցեալի էականութեան գաղափարներէն: Ժամանակն է, որ յոյզերու արհեստական բանականութեան կողմնակիցները եւ այն ընկերութիւնները, որոնք կ՛արտադրեն եւ շուկայ կը հանեն այս ապրանքները, կտրեն աղմուկը եւ ընդունին, որ դէմքի մկաններու շարժումները համընդհանուր կերպով չեն համընկնիր յատուկ զգացմունքներու հետ: Ակնյայտ է, որ միեւնոյն յոյզը կրնայ ուղեկցիլ դէմքի տարբեր շարժումներուն, եւ որ դէմքի նոյն շարժումները կրնան ունենալ տարբեր (կամ ոչ) զգացմունքային նշանակութիւն: Բազմազանութիւնը, եւ ոչ թէ` միօրինակութիւնը, կանոն է:
Տարուինի «Expression»-ը լաւագոյնս կը դիտուի որպէս պատմական բնագիր, եւ ոչ թէ` վերջնական գիտական ուղեցոյց: Ան այստեղ կու տայ աւելի խոր դաս մը. գիտութիւնը հեղինակութեամբ ճշմարտութիւն չէ (Science is not truth by authority): Գիտութիւնը կասկածի քանակականացումն է (quantification)` տարբեր համաթեքսթերու մէջ բազմակի դիտարկմամբ: Նոյնիսկ ամենաբացառիկ գիտնականները կրնան սխալիլ: Բարեբախտաբար սխալները գիտական գործընթացի մաս կը կազմեն: Անոնք բացայայտումներու հնարաւորութիւններ են:
Սա կարծիք է եւ վերլուծական յօդուած:
ԼԻԶԱ ՖԵԼՏՄԱՆ ՊԱՐԵԹ
(1) Բնական ընտրութիւն.- Բնական ընտրութիւնը այն գործընթացն է, որուն միջոցով կենդանիներու խմբակներ կը համակերպին եւ կը փոխուին: Խումբի մը անդամները բնականաբար կը զանազանուին իրարմէ, այսինքն անոնք բոլորն ալ այս կամ այն ձեւով տարբեր են իրարմէ, եւ այս զանազանութիւնը դիտել կու տայ, որ որոշ անհատներ ունին շրջակայ միջավայրին համակերպելու աւելի յարմար յատկութիւններ, քան` միւսները:
Աղբիւր` «Scientific American»