1 յուլիսին իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքի հայ երգարուեստի հռչակաւոր անձնաւորութիւններէն Լեւոն Գաթրճեան:
Ան ծնած էր 10 յուլիս 1940-ին, Հալէպ: 1963-1966-ին իր ուսումը ստացած է Պէյրութի պետական երաժշտանոցին մէջ: Ան ճանչցուած է ժողովրդական եւ աշուղական, յատկապէս Սայաթ Նովայի երգերու կատարումներով: Ան հանդէս եկած է համերգներով Պէյրութի, Հալէպի, Եգիպտոսի, Քուէյթի, Իրանի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Հայկական երգացանկով ելոյթ ունեցած է նաեւ Փարիզի «Օլիմփիա» սրահին մէջ: 1971-էն սկսեալ երգած է նաեւ Հայաստանի մէջ, կատարած է ձայնագրութիւններ եւ մասնակցած է Սայաթ Նովայի նուիրուած փառատօնին, ինչպէս նաեւ համերգներ տուած է ի նպաստ Արցախի:
Ան հեղինակ է բազմաթիւ երգերու. 1975-ին հաստատուած է Քալիֆորնիա:
2010-ին համերգային ծրագիրով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին արժանացած է 2005-ին:
Շրջան մը, երբ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայ գաղութները մեծ ճիգեր կը գործադրէին դուրս գալու թրքական երգի ազդեցութենէն, Լեւոն Գաթրճեան եւ անոր սերնդակիցները դարձան իրական «առաքեալներ», որոնք մեծ աւանդ եւ ճիգ ներդրեցին հայերէն երգի տարածման մէջ:
Հայկական ժողովրդական երգի լաւագոյն մեկնաբաններէն Լեւոն Գաթրճեանի Դիմատետրի էջերէն հաղորդուած գուժը` որ մեզ կը վերադարձնէ վաթսունականներու կէսերէն մինչեւ ութսունականները երկարող ժամանակահատուածը, երբ հայկական երգարուեստը կ՛ապրէր ստեղծագործական իր հրաշալի վերելքը:
Հայրենի հողէն ծլարձակած այդ գեղարուեստական հզօր ալիքը կը հասնէր գաղթաշխարհի մինչեւ հեռաւոր ափերը, այնտեղ ալ սերմանելու իր հունտերը, որոնք պիտի ներկայանային յանձինս սփիւռքահայ տասնեակներով սերունդով մը, որ ձայնային հրաշալի կատարումներով պիտի մեկնաբանէր հայ երգի հրաշազարդ ոգին:
Լեւոնը մէկն էր անոնցմէ, ծնեալ սփիւռքի, այսպէս նկարագրուած, մայրը համարուող` Հալէպ, եւ ան վստահաբար առաջատարներէն մէկն է հայ արդի երգին, եւ որ` իր յուզական, հնչեղ ու զուլալ թենորով հայկական քնարական երգերը հայ ունկնդիրներուն հրամցուց նոր ոճով ու մեկնաբանութեամբ, գաղութաշխարհի եւ հայրենիքի տարածքին:
Լեւոն Գաթրճեանը առաջին անգամ լսած եմ 1970-ականներուն, Հալէպ, «Սեպիլ» ճաշասրահին մէջ, աւանդական պարահանդէսի մը ընթացքին:
Մայրս երկրպագու մըն էր գեղեցիկ ձայներու, որովհետեւ կը սերէր ձայնաւոր ընտանիքէ մը: Եւ կը յիշեմ ընտանեօք մեր հմայուած եւ կախարդանքի համազօր կլանուածութիւնը, երբ իրարու ետեւէ կ՛ունկնդրէինք գուսանական եւ ժողովրդական երգերու բարձրարուեստ այդ կատարումը Լեւոն Գաթրճեանին կողմէ:
Կ՛ըսուի, որ Գաթրճեան երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն մը չէր ստացած (վստահաբար այդ ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն պատճառով), սակայն ճշմարիտ երգիչները յաճախ կը ծնին իրենց էութեան մէջ կրելով բնազդական կատարումի ակադեմական մակարդակ մը, զոր կու գայ ազգային հոգեկան ակունքներու հանքային գոյութենէն, եւ Գաթրճեանը անոնցմէ մին էր:
Այնուհետեւ, Գաթրճեանին հետ կրկնուեցան հանդիպումները, որոնք հարստացուցին գեղարուեստական վայելքի յուշերս:
Այսօր Գաթրճեանին կորուստով տեսակ մը յետադարձ արժեւորումի առիթ կը ներկայանայ բոլորիս, յատկապէս մեր սերունդին` վերընթերցելու այն փառահեղ յուշամատեանը, որ կ՛ըդգրկէր եզակի ժամանակահատուածի մը ստեղծագործական արգասիքը:
Գեղարուեստական արտադրանքի բազմերես զարթօնք մը, ուր հայ գիրն ու գրականութիւնը, երգն ու երգարուեստը, նկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը ձեռք ձեռքի կը կերտէին ազգին հոգեւոր ողնասիւնը:
Այս առթիւ պարտինք իւրաքանչիւրս մոմ վառել եւ խունկ ծխել բոլոր այն արուեստագէտներու յիշատակին, որոնք սատարեցին այդ հոգեւոր զարթօնքի կայացման, ըլլան անոնք հայրենի հողին վրայ կամ գաղթաշխարհին մէջ:
Մշակոյթը մեր լինելութեան երկաթակուռ տաճարն է, իսկ զայն պահպանողները անոր երկնատուր սպասարկողներն են…
Միշտ վառ պիտի մնայ Լեւոն Գաթրճեանի յիշատակն ու իր աւանդը` տեւապէս մեծարելի հայ երգարուեստի զարգացման մէջ: