Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն. Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Յուլիս 5, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Մահը բան մըն է, որուն բոլորս, ուշ կամ կանուխ, ստիպուած ենք դէմ յանդիման գտնուելու: Բայց ինչպէ՞ս մենք կ՛արձագանգենք անոր: Ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք աւելի շատ կը վախնան, քան միւսները: Եւ ճշգրտօրէն ի՞նչն է, որ մեզ կը վախցնէ մահէն:

Ձեզի կը ներկայացնենք մահուան մտահոգութեան հետ կապուած տեսութիւններու ակնարկ մը, եւ թէ` ի՛նչ կրնաք ընել զայն թեթեւցնելու կամ ուղղելու համար:

Քիչ թէ շատ, հաւանական է, որ մենք բոլորս կը վախնանք մահէն, ըլլայ այդ մէկը մտածելով մեր սեփականութեան ոչնչանալու մասին, կամ այն վախը, որ մեր սիրելիներէն մէկը կրնայ մահանալ: Մահուան մասին մտածելը հաճելի բան մը չէ, եւ մեզմէ շատերը կը խուսափին նման հիւանդագին մտորումներէ, փոխարէնը, բնականաբար, կ՛ընտրեն կեդրոնանալ կեանքի ընձեռածին, ինչպէս նաեւ անձնական ցանկութիւններու եւ նպատակներու վրայ:

Այսուհանդերձ, ինչպէս Պենճամին Ֆրանքլին ժամանակին գրած էր` «Այս աշխարհին մէջ ոչինչ, կարելի է ըսել, ստոյգ է, բացի մահէն եւ տուրքերէն»: Ուստի զարմանալի չէ, որ մահուան հետ կապուած մտահոգութիւնները երբեմն մեզ կը փոթորկեն:

Մահուան վախը երբեմն կ՛անուանեն «թանաթոֆոպիա»` «thanatophobia», որ կը բխի հին յունարէն «Thanatos»` մահուան չաստուածի եւ «phobos»` «վախ» բառերէն:

Յատկանշական է, որ թանաթոֆոպիան, որ քլինիքական համաթեքսթի մէջ կը կոչուի «մահուան մտահոգութիւն», ինքնին որպէս խանգարում չէ նշուած Հոգեկան խանգարումներու ախտորոշիչ եւ վիճակագրական ձեռագիրքին մէջ (DSM): Այնուամենայնիւ, այս մտահոգութիւնը, որուն մասին հազուադէպօրէն կը խօսուի, կրնայ լրջօրէն ազդել մարդոց ապրելակերպին եւ հոգեկան առողջութեան վրայ:

Թանաթոֆոպիա. բնա՞կան,
թէ՞ հոգեխոցի պատճառ

Թանաթոֆոպիան առաջին անգամ ուսումնասիրած է Սիկմոնտ Ֆրոյտը, որ որպէս այդպիսին չէր համարեր մահուան` վախը: Ֆրոյտ կը կարծէր, որ մենք իսկապէս չենք կրնար հաւատալ մահուան որպէս իրական երեւոյթի, ուստի մահուան հետ կապուած որեւէ վախ պէտք է բխած ըլլայ մանկութեան հասցէ չունեցող հոգեխոցէ մը:

Նոյն այն տեսութիւնն էր, որ քիչ մը աւելի ուշ  զարգացուց Էռնըսթ Պեքըր անունով մարդաբան մը, որ ի վերջոյ հաստատեց «մահուան մտահոգութիւն»-ը եւ անոր պատճառներու ներկայի ըմբռնումներու մասին: Պեքըր կը հաւատար, որ մահուան մտահոգութիւնը բնականօրէն կը յայտնուի բոլոր այն մարդոց մօտ, որոնք անընդունելի կը համարեն մահուան եւ մահանալու մասին մտածելը:

Ահա թէ ինչո՛ւ ան կը պնդէր, որ իւրաքանչիւր անձի սահմանած նպատակները, կիրքերը, ձիրքերը եւ այն գործունէութիւնը, որով կը զբաղի, ըստ էութեան, յաղթահարման ռազմավարութիւն է, եւ այն բաները, որոնց վրայ կը կեդրոնանայ, ձեւ մըն է չմտահոգուելու իր վերջնական մահով:

Պեքըրի աշխատանքը սկիզբ դրած է «Ահաբեկչութեան կառավարման տեսութեան» (Terror Management Theory), որ կը պնդէ, թէ մարդիկ պէտք է մշտապէս զբաղին ներքին տագնապով` մահուան անորոշութեան դէմ ապրելու հիմնական ցանկութեամբ: TMT-ն կ՛ընդգծէ անհատներու ինքնագիտակցութիւնը եւ անձնական նպատակներուն հասնելու անոնց մղումը, որ կը դրդուի մահկանացու կեանքի մասին տեղեկացուածութենէն:

Նաեւ, ըստ TMT-ի, ինքնաճանաչումը կարեւոր է ճշդորոշելու համար անհատներու մահուան մտահոգութեան աստիճանը: Բարձր ինքնագնահատական ունեցող մարդիկ աւելի լաւ կը կառավարեն մահուան վախը, մինչդեռ ցած ինքնագնահատականով մարդիկ աւելի դիւրութեամբ կը վհատին մահուան հետ կապուած իրավիճակներէն:

Որոշ աւելի նոր մօտեցումներ կ՛առաջարկեն «միջին լուծում» մը TMT-ի եւ մէկ այլ տեսութեան միջեւ, որ կը կոչուի «տարանջատման տեսութիւն»` «separation theory», որ կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը կանուխ հոգեխոցերու, որոնք կ’ամրապնդուին աւելի ուշ` մահացութեան մասին իրազեկմամբ:

Մահուան մտահոգութիւնը հասկնալու եւ բացատրելու վերջերս որդեգրուած այլ մօտեցում մըն է «Յետհոգեխոցեան աճի տեսութիւնը» (Post-traumatic Growth Theory): Ըստ PGT-ի, ապրելով մտահոգութեան իրադարձութիւն մը, ինչպիսին է սիրելիի մը մահը կամ առողջական մտահոգող ախտորոշում մը, կրնայ խորքին մէջ դրական ազդեցութիւն ունենալ` ստիպելով անհատներուն աւելի շատ գնահատելու կեանքի փոքր բաները կամ դառնալ աւելի նպատակաուղղուած:

Մահուան մտահոգութիւնը`
որպէս խանգարում

Հակառակ անոր որ հաւանական է, որ մենք բոլորս մտահոգուած ըլլանք մահով կամ մահուան հետ կապուած իրավիճակով` մեր կեանքի որոշ ժամանակի մը ընթացքին, սակայն մահուան մտահոգութիւնը կը դառնայ ախտ միայն այն ատեն, երբ կը հասնի անտանելի մակարդակներու` խանգարելով անհատի բնականոն առօրեան:

Ահաւասիկ` մահուան մտահոգութեան մասին ակնարկ մը, ինչպէս կը հաղորդէ տղամարդու մը մտահոգուած կինը: Այդ մէկը կ՛ընդգծէ, թէ ինչպէս այս տեսակի վախը կրնայ դառնալ մոլուցք եւ վերահսկողութենէ դուրս գալ:

«Վախը յատկապէս մահէն է (ոչ ցաւէն կամ մահանալու գործընթացէն) եւ անոր դատարկութենէն (ան կրօնասէր չէ), եւ այն փաստը, որ ան այլեւս այստեղ պիտի չըլլայ: [®] Սա անտեղի, զգացմունքային վախ է, զոր կառավարելու դժուարութիւն կ՛ունենայ: Վերջերս այդ մէկը աւելի վատացած է, եւ ան վստահ չէ, թէ ինչո՛ւ. բայց այդ մէկը զինք խուճապի մատնած է, եւ այդ մտքերը շարունակուած են նոյնիսկ օրուան մէջ` ցերեկ ատեն»:

Ո՞վ կը վախնայ մահէն

Դոկտոր Ռոպերթ Քասթենպաում վերատեսութեան ենթարկած է մահուան հայեցակարգի հետ կապուած հոգեբանական տարբեր տեսութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները եւ, նշած, թէ ո՛ր զանգուածներն են, որ ամենայն հաւանականութեամբ կ՛արտայայտեն մահուան մշտական վախը: Դոկտորներ Փաթրիսիա Ֆիւրըր եւ Ճոն Ուոքըր կ՛ամփոփեն արդիւնքները «Cognitive Psychotherapy» ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածով.

–  Մարդոց մեծամասնութիւնը կը վախնայ մահէն: Մարդոց մեծամասնութիւնը հակուած է վախնալու մահէն, բայց անոնք սովորաբար կը ցուցաբերեն մտահոգութեան ցած կամ միջին մակարդակ:

– Կիները հակուած են աւելի շատ վախնալու մահէն, քան տղամարդիկ: Բացի անկէ` աւելի նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ թէեւ մահուան մտահոգութիւնը կարծես թէ ի յայտ կու գայ ինչպէս կանանց, այնպէս ալ տղամարդոց մօտ` 20 տարեկանին: Կիները յատկապէս 50 տարեկանին թանաթոֆոպիայի երկրորդ աճ մը կ՛ունենան:

– Նոյնքան հաւանական է, որ երիտասարդները զգան մահուան մտահոգութիւն, որքան` տարեցները:

– Ըստ երեւոյթին, որոշակի յարաբերակցութիւն կայ անձին կրթական եւ ընկերային-տնտեսական կարգավիճակի եւ մահուան մտահոգութեան նուազեցման միջեւ:

– Ոչ մէկ կապ յայտնաբերուած է կրօնական ներգրաւուածութեան եւ մահուան մտահոգութեան նուազեցման միջեւ:

Մասնագէտները կը պնդեն, որ յաճախ մահուան տագնապը ինքնին չի յառաջանար, եւ անոր փոխարէն` ան կ՛ուղեկցի հոգեկան առողջութեան այլ տեսակի խանգարումներով, օրինակ` ընդհանրացուած մտահոգութեան խանգարում (generalized anxiety disorder), խուճապի խանգարում (panic disorder), յետհոգեխոցեան սթրեսային խանգարում (post-traumatic stress disorder), ընկճուածութիւն (depression) ):

Այլ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ առողջութեան մտահոգութեան կամ hypochondriasis-ը (1) դրսեւորող մարդիկ նոյնպէս կ՛ունենան մահուան մտահոգութիւն:

CBT` մահուան անհանգստութեան համար

Ներկայիս մասնագէտները հակուած են ճանաչողական վարքային բուժում (Cognitive Behavioural Therapy) յանձնարարելու այն մարդոց, որոնք կը բախին մահուան մեծ մտահոգութեան: CBT-ն հիմնուած է քննարկումներու եւ ազդեցութեան վրայ, եւ ան յաճախ կ՛օգտագործուի ընկճուածութեան եւ շատ տարբեր տեսակի մտահոգութիւններու եւ ֆոպիաներու բուժման համար (օրինակ` թռիչքի վախը):

Դոկտորներ Ֆիւրըր եւ Ուոքըր կը յանձնարարեն վեց քայլէ բաղկացած «ճանաչողական-վարքային միջամտութիւն» մը:

1.- Վախերու ենթարկում

Այն անհատները, որոնք կը ձգտին նուազեցնելու իրենց մահուան մտահոգութիւնը, պէտք է համոզուին ո՛չ միայն իրենց վախը բացայայտօրէն արտայայտելու, այլեւ` պարզելու, թէ ճշգրտապէս մահէն ի՛նչն է, որ զիրենք կը վախցնէ, եւ արդեօ՞ք կան իրավիճակներ կամ վայրեր, ինչպիսիք են թաղումները կամ գերեզմանները, որոնք կը դրդեն այդ մէկը: Պէտք է խուսափիլ անոնցմէ, որպէսզի չյառաջացնէ անոնց վախը:

Դոկտորներ Ֆիւրըր եւ Ուոքըր կ՛առաջարկեն «մահուան հետ կապուած վախի թեմաներու ենթարկուիլ», որովհետեւ առճակատումը CBT-ի կարեւոր մէկ մասն է:

2.- Ստուգման վարքագիծի նուազեցում

Այս քայլը ուղղուած է ծայրայեղ հակումներ ունեցող անհատներուն, յատկապէս երբ ան մոլուցքով կը ստուգէ իր սեփական մարմինը` անոր տագնապալի փոփոխութիւններուն համար: Այնտեղ կ՛առաջարկուի խօսիլ խորհրդատուներու կամ յարգուած հասակակիցներու հետ` յուզական հանգստութիւն փնտռելու եւ իտէալականացուած առողջութիւն ունենալու անբնական կախուածութեան հետ կապուած իրենց մտահոգութիւնները փարատելու համար:

3.- Անձնական փորձառութիւններու վերանայում

Կարեւոր է նաեւ վերանայիլ անհատին «մահուան հետ կապուած անձնական փորձառութիւնները», ինչպէս օրինակ` ականատես ըլլալը սիրելիի մը մահուան կամ դէմ յանդիման գտնուելով սեփական կամ ուրիշի կեանքին սպառնացող հիւանդութեան:

«Օգնել իրենց ունենալու աւելի հաւասարակշռուած տեսակէտներ այս հարցին շուրջ. դոկտորներ Ֆիւրըր եւ Ուոքըր կը յայտնեն, որ այդ մէկը կրնայ նպաստել իրենց` աւելի հանգիստ յաղթահարելու մահուան հեռանկարը»:

4.- Ուշադրութիւնը շեղել կեանքը վայելելու կողմը

Անհատը պէտք է յստակօրէն բացայայտէ իր «կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նպատակները», որպէսզի կարենայ կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնց կ՛ուզէ հասնիլ իր կեանքին մէջ, եւ թէ` ինչպէ՛ս կրնայ լաւագոյնս վայելել իր կենսափորձը, եւ ոչ թէ մտահոգուիլ իր մահով:

5.- «Առողջ ապրելակերպի ձեւաւորում»

Բուժաշխատողը պէտք է նաեւ ախտորոշէ եւ անդրադառնայ, թէ մահուան մտահոգութիւն ունեցող անհատը ունի՞ սթրեսի այլ աղբիւրներ կամ ապրելակերպի որեւէ այլ «ապառողջ բնագաւառներ», որոնք ա՛լ աւելի կը մեծցնեն այդ վախը:

6.- Մտահոգութեան կրկնութեան կանխարգիլում

Վերջապէս, դոկտորներ Ֆիւրըր եւ Ուոքըր կ՛ընդունին, որ նոյնիսկ CBT-ի միջոցով մահուան մտահոգութիւնը նուազեցնելու սկզբնական յաջողութիւններէն ետք բազմաթիւ մարդոց մօտ եւս մէկ անգամ կը սկսի յայտնուիլ: Որպէսզի այդ մէկը տեղի չունենայ, անոնք կ՛ըսեն, որ շատ կարեւոր է օգնել իւրաքանչիւր անհատի` մշակելու «յաղթահարման ռազմավարութիւններ» դժուար իրավիճակներու համար, որոնք կրնան եւս մէկ անգամ յառաջացնել մահուան մտահոգութիւն, ինչպիսիք են յանկարծակի հիւանդութիւնը կամ յուզական ճգնաժամ մը:

Պայքար տունէն`
մահուան մտահոգութեան դէմ

Վերջերս յուղարկաւորութեան ոլորտի մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած են մահուան մտահոգութեան հետ կապուած խնդիրներով, մշակած են միջոցներ օգնելու այլ մարդոց` թանաթոֆոպիան յաղթահարելու:

Օրինակ` յուղարկաւորողութեան մասնագէտ Քէյթլին Տաութի հիմնած է The order of the good death-ը, որ կեանքի բոլոր բնագաւառներու մասնագէտներու համախմբում մըն է, որոնք նուիրուած են հանրութեան մահուան հետ կապուած փորձառութիւններուն մասին իրազեկելու եւ մարդիկը խրախուսելու:

Նմանատիպ նախաձեռնութիւն մըն ալ վերջին տարիներուն մեծ արձագանգ ձգած Death Cafռ-ն է: Նախագիծ մը, որ մարդոց առիթ կու տայ ամբողջ աշխարհի տարածքին կազմակերպել հանդիպումներ, ուր անոնք կ՛ուսումնասիրեն մահուան թեմաները: Death Cafռ-ի նպատակն է «բարձրացնել մահուան մասին իրազեկութիւնը` օգնելով մարդոց «սահմանափակ» կեանքը առաւելագոյնս օգտագործելու»:

Մահուան մտահոգութիւնը դիմակայելու համար, սակայն, նախ պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչն է ճշգրտապէս, որ անհատը կը վախցնէ մահէն: Թանաթոֆոպիայի մասին դասական աշխատութեան մը մէջ, որ նոյնպէս մեջբերած է Տաութի, նշուած են մահուան վախի եօթը հնարաւոր պատճառները:

– «Ես այլեւս փորձառութիւններ պիտի չունենամ»:
– «Ես շուարած եմ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ ինծի հետ, եթէ մահէն ետք կեանք ըլլայ»:
– «Ես կը վախնամ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ իմ մարմինին` մահէն ետք»:
– «Ես այլեւս չեմ կրնար իմ խնամքիս տակ գտնուողներուն  հոգ տանիլ»:
– «Մահս վիշտ պիտի պատճառէ հարազատներուս եւ ընկերներուս»:
– «Իմ բոլոր ծրագիրներս ու նախագիծներս վերջ կը գտնեն»:
– «Մահուան ընթացքը կրնայ ցաւոտ ըլլալ»:

Տաութի կ՛առաջարկէ ընտրել երկու պատճառ, որոնց նման է մահուան հետ կապուած մեր վախի հիմնաւորումը եւ գործնական քայլերու ձեռնարկել զանոնք լուծելու համար:

Եթէ մենք կը վախնանք, օրինակ, որ մեզմէ կախուած ոեւէ մէկը մեր մահէն ետք կրնայ յայտնուիլ դրամական ճգնաժամի մէջ, ապա մենք պէտք է քայլեր ձեռնարկենք, որպէսզի ապահովուինք այդ իրավիճակին պարագային:

Անոր կարծիքով, մեր մահուան մտահոգութեան տարրերը առանձնացնելը եւ զանոնք առանձին դիմակայելը կրնան օգնել մեզի` վերականգելու մեր առողջութիւնը եւ աւելի քիչ անհանգստանալու մեր վախերէն:

Դիմակայե՞լ զայն,
թէ՞ խուսափիլ անկէ

Մահը եւ մահուան վախը յաճախ դժուար քննարկուող թեմաներ են, յատկապէս երբ նոյնիսկ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները վստահ չեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խօսիլ անոր մասին, երբ նոյնիսկ իրենց վրայ կրնայ ազդել:

Որպէս հասարակութիւն` մենք այնքան կը ցանկանք խուսափիլ կեանքի վերջին մասին մտածելէ, որ սկսած ենք մոլեգնիլ` կեանքը արհեստականօրէն պահպանելու եղանակներով, ինչպէս` Cryonics-ը (2):

Մեր կամ ուրիշներու մահկանացու ըլլալու մասին միտքի հետ վարուելու յստակ ձեւ չկայ, եւ այնուամենայնիւ, մենք պէտք է այդ մէկը ընենք, եթէ կ՛ուզենք արդիւնաւէտ կեանք մը վարել: Ի՞նչ են ձեր մտածումները. արդեօ՞ք մահը լաւագոյնս կը դիմակայենք, երբ մեր աչքերը լայնօրէն բաց են:

————

(1) Hypochondriasis- Չափազանց մտահոգութիւն մը, որ անձը ապագային կրնայ լուրջ հիւանդութիւն մը ունենալ, ֆիզիքական որեւէ մէկ ախտանիշ չունենալով հանդերձ:

(2) Cryonics- Հիւանդութենէ մահացած մարդու մարմինը սառեցնելու գործարկումը` ապագային կեանքը վերականգնելու ակնկալիքով, այն ժամանակ, երբ հիւանդութեան բուժում մը կը մշակուի:

Աղբիւր «Medical News Today»

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը, Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը Բ. Պէտք Է Յիշենք 1998-ի Մեր Առաջին Յեղափոխութիւնը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?