Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր

Յուլիս 6, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մելիք Բախտամի Վերադարձը
Արցախ Եւ Սպանութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի մէջ 1797-ին սկսած սովը, երաշտը եւ ժանտախտը աւեր կը գործէին, եւ արցախցիք զանգուածաբար կը հեռանային իրենց հայրենի բնօրրանէն, ապաստան գտնելով տարբեր երկիրներու եւ յատկապէս Վրաստանի մէջ: Ժողովուրդին հետ Վրաստան տեղափոխուած էին նաեւ մելիքները:

Նոյն ժամանակ Գանձակի մէջ կեդրոնացած Աղուանից Սարգիս կաթողիկոս Հասան Ջալալեան իր Դանիէլ բէկ եղբօր որդի Բաղդասար վարդապետին եւ այլ ազգականներու հետ 25 մարտ 1798-ին Թիֆլիս տեղափոխուեցաւ: Գէորգի ԺԲ. թագաւոր մեծ յարգանքով եւ պատիւներով ընդունեց Հասան Ջալալեանները:

Ժանտախտի համաճարակը, հետզհետէ տարածուելով հասաւ Թիֆլիս: Գէորգի թագաւոր վիրահայոց առաջնորդ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Ակնեցիի միջոցով Ղուկաս Ա. կաթողիկոսէն խնդրեց Սուրբ Գեղարդը Էջմիածինէն Թիֆլիս ուղարկել: Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը այն նիզակն է, որով հռոմէացի Ղունկիանոս հարիւրապետը խաչի վրայ խոցած է Քրիստոսի կողը, եւ իսկոյն արիւն եւ ջուր ելած է: Տէրունի այս սրբութիւնը Թադէոս առաքեալ հետը Հայաստան տարած է: Սուրբ Գեղարդի զօրութեան եւ հրաշագործութեան մասին բազում վկայութիւններ կան: Վրացիք հաւատացած էին, որ Սուրբ Գեղարդը վերջ կու տայ համաճարակին:

Ղուկաս կաթողիկոս մերժեց վրաց արքային խնդրանքը, որովհետեւ վստահութիւն չունէր վրան եւ կը կասկածէր, որ ան նուիրական սրբութիւնը յետոյ կը վերադարձնէ Էջմիածին: Նաեւ նոյն օրերուն Վաղարշապատի մէջ ալ ժանտախտ յայտնուած էր եւ իրենք նոյնպէս պէտք ունէին Սուրբ Գեղարդին:

Գէորգի թագաւոր կրկին ու կրկին թախանձեց եւ Ղուկաս կաթողիկոս Սուրբ Գեղարդը 3 նոյեմբեր 1798-ին Յովհաննէս արքեպիսկոպոսին հետ Թիֆլիս ուղարկեց: Յովհաննէս արքեպիսկոպոս այսպիսով ստացաւ Գեղարդակիր անունը:

Սուրբ Գեղարդին շնորհիւ ժանտախտը փարատեցաւ:

***

Աղուանից Սարգիս կաթողիկոսին Թիֆլիս հաստատուիլը եւ անոր նկատմամբ Գէորգի թագաւորին ջերմ վերաբերմունքն ու համակրանքը հաճելի չէր Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Ակնեցիի, մանաւանդ որ Սարգիս կ՛ուզէր Վրաստան հաստատուած արցախցիներուն հոգեւոր պետը ըլլալ:

Իրենց հնադարեան սուրբ աթոռը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ, գաղթական արցախցիք ալ կ՛ուզէին որ Սարգիս կաթողիկոս իրենց հոգեւոր պետը ըլլայ եւ Էջմիածինէն անկախ մնայ:

Գէորգի թագաւոր, վրացահայութիւնը պառակտելու եւ տկարացնելու, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի հեղինակութիւնը հակակշռելու մտադրութեամբ, քաջալերեց արցախցիները:

Հաղբատի վանքը Լոռիի մէջ, համանուն գիւղի հարաւ-արեւելեան անտառախիտ բարձունքին, Դեբեդ գետի աջ ափին. Սուրբ Նշան, Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցիներ, Համազասպի ժամատուն, գրատուն, զանգակատուն, սեղանատուն եւ խաչքարեր

Գէորգի թագաւոր Ղուկաս կաթողիկոսին առաջարկեց Սարգիսը Ղարաբաղի գաղթականներուն առաջնորդ նշանակել եւ Հաղբատի վանքը անոր տալ: Ղուկաս կաթողիկոս բացարձակապէս մերժեց, եւ արքունիքին ու Էջմիածնի միջեւ հակառակութիւնները սրեցան:

Գէորգի թագաւոր, վշտացած, յայտնեց, որ եթէ իր առաջարկը չկատարուի, ինք կ՛արգիլէ որ Էջմիածինէն ոեւէ հոգեւորական իրաւունք ունենայ Վրաստանի սահմաններէն անցնելու եւ տեղացի հայերէն տուրք հաւաքելու:

Ղուկաս կաթողիկոս, տեսնելով որ Վրաստանի հայերը բոլորովին կը կտրուին Էջմիածինէն, ստիպուած զիջեցաւ եւ խոստացաւ որ թագաւորին ցանկութիւնը կը կատարուի, բայց Սարգիս պէտք է անձամբ Էջմիածին գայ եւ իր հաւատարմութիւնը յայտնէ:

Սարգիս կաթողիկոս իր եղբօրորդի Բաղդասար վարդապետին հետ Էջմիածին գնաց, ուր սառն ընդունելութեան արժանացաւ:

Ղուկաս Ա. Սարգիսը չէր ճանչնար իբրեւ կաթողիկոս: Սարգիս ստիպուած հրաժարեցաւ իր կաթողիկոսական կոչումէն եւ մնաց եպիսկոպոս: Ղուկաս Ա. զայն Հաղբատի վանահայր եւ Ղարաբաղի գաղթականներու առաջնորդ նշանակեց:

Սարգիս խոստում տուաւ, որ ինք իրաւունք չունի կաթողիկոսական կնիք եւ տիտղոս գործածելու, այլ արքեպիսկոպոսի աստիճան պիտի կրէ եւ առաջնորդական կնիք պիտի գործածէ:

Գէորգի ԺԲ. թագաւոր երկու հրովարտակներով հաստատեց Սարգիս արքեպիսկոպոսը իբրեւ Հաղբատի վանահայր եւ Ղարաբաղի գաղթական հասարակութեան առաջնորդ:

***

Բովուրխանի վանքը Մարտունիի շրջանին մէջ, Ննգի եւ Քռասնի գիւղերուն միջեւ

Արցախի մէջ Գանձասարի հակաթոռ երկու կաթողիկոսներ կային. Իսրայէլ կաթողիկոս` Ամարասի վանքին եւ Սիմէոն Փոքր կաթողիկոս` Երից Մանկանց վանքին մէջ: Անոնք Իպրահիմ Խալիլ խանին հովանաւորութիւնը կը վայելէին:

Տակաւին նոր Սարգիս արքեպիսկոպոս Հաղբատի վանահայր եւ գաղթական արցախցիներու առաջնորդ նշանակուած էր, երբ Սիմէոն Փոքր կաթողիկոս Իպրահիմ Խալիլ խանին հակադրուելով փախուստ տուաւ Արցախէն եւ Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատեց:

***

Դիզակի մելիք Բախտամ Մելիք Եգանեան Իպրահիմ Խալիլ խանի մատնութեան վրայ` իբրեւ քաղաքական յանցագործ, Պարսկաստան տարուած եւ տարիներէ ի վեր Արտապիլի բերդին մէջ բանտարկուած մնացած էր:

Աղա Մոհամէտ շահ, երբ 1797-ի գարնան արշաւանքի սկսած էր դէպի Արցախ, անցաւ Արտապիլէն: Արտապիլի մէջ կը գտնուի Սաֆաուի տերվիշներու հիմնադիր շէյխ Սաֆիէտտին Արտապիլիի (1252/3-1334) դամբարանը, որ ուխտատեղի է: Աւանդութեան համաձայն, պարսից արքան իբրեւ ուխտաւոր այցելեց դամբարանը եւ յետոյ բերդ գնաց, բանտարկեալներուն մօտ, որ ով որ արժանի է, ներում շնորհէ անոր:

Արտապիլի բերդին մէջ միայն քաղաքական յանցաւորներ կը պահէին: Շահը անոնցմէ շատերուն ներում շնորհեց: Մելիք Բախտամ եւս ներման արժանացաւ, մանաւանդ երբ շահը իմացաւ որ անոր նախնիները մեծ ծառայութիւններ մատուցած են Պարսկաստանի:

Աղա Մոհամէտ շահ մելիք Բախտամի առաջարկած էր իր հետ Ղարաբաղ երթալ եւ ստանձնել հայրենի իշխանութիւնը: Բայց մելիքը, որ հաւատացեալ քրիստոնեայ էր եւ տարիներէ ի վեր իր կրօնական պարտաւորութիւնները չէր կատարած եւ պահք չէր պահած, ուզեց նախ Էջմիածին երթալ եւ մեղքերը քաւել:

Մելիք Բախտամ Էջմիածինէն Արցախ վերադարձաւ այն ժամանակ երբ Աղա Մոհամէտ շահ Շուշիի մէջ սպաննուած եւ Իպրահիմ Խալիլ խան վերադարձած էր:

Մելիք Բախտամ իր հայրենիքը գտաւ սոսկալի թշուառ վիճակին մէջ: Սովն ու համաճարակը աւեր կը գործէին, իսկ ժողովուրդը զանգուածաբար բռնած էր գաղթի ճամբան:

Իպրահիմ Խալիլ խան, իմանալով որ մելիք Բախտամ վերադարձած է, սկսաւ բարեկամութիւն կեղծել, զայն հրապուրելու եւ ծուղակը ձգելու համար:

Իպրահիմ Խալիլ խանի համար այժմ ամէնէն վտանգաւորը մելիք Բախտամն էր: Միակ հեղինակութիւնը, որ միւս մելիքներու հեռացումէն ետք մնացած էր Արցախի հայութեան մէջ: Տակաւին, մելիք Բախտամ ազատութիւն ստացած էր Աղա Մոհամէտ շահին շնորհիւ: Դիզակ սահմանակից էր Պարսկաստանի, եւ Դիզակի մելիքները աւանդականօրէն լաւ յարաբերութիւններ ունեցած են պարսկական արքունիքին հետ:

Իպրահիմ Խալիլ խան բարեկամաբար մելիք Բախտամը ճաշի հրաւիրեց եւ թունաւորելով սպաննեց զայն:

Մելիք Բախտամի գերեզմանին վրայ արձանագրուած է.

«Յայսմ տապանի հանգչի մարմին` քաջ եւ արի մելիք Բախտամին. սա էր որդի մելիք Աթամին. մահ եւ վախճան պատմեն սորին մահադեղով Իբրահիմ խանին. եւ որք հանդիպիք ի տապան սորին, միով բանիւ ողորմի ասէք, ամէն»:

Մելիք Բախտամի որդի մելիք Աբաս, որ հօր բանտարկութեան տարիներուն վարած էր Դիզակի մելիքութիւնը, կրկին ստանձնեց իշխանութիւնը:

***

Թալիշի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին Մարտակերտի շրջանին մէջ

Պարսկական իշխանութիւնները թշնամական վերաբերմունք ունէին Ռուսաստանի հետ համագործակցող ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի նկատմամբ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Թիֆլիս այցելելէ ետք, նախքան Ռուսաստան վերադառնալը, կը պատրաստուէր Էջմիածին մեկնելու, բայց մերձաւորներ զգուշացուցին զայն Ղուկաս կաթողիկոսին այցելելու վտանգաւոր հետեւանքներու մասին:

Իր կարգին Յովսէփ արքեպիսկոպոս նամակով մը Թադեւոս վարդապետին թելադրեց ձեռնպահ մնալ Էջմիածին այցելելու մտադրութենէն: Արքեպիսկոպոսը կը գրէր. «Վասն գնալոյդ ի սուրբ Աթոռն այնպէս գիտացիր, զի չեմ անհամաձայն, բայց յայսմ ժամանակի յինէն առաքեցեալ այրն եւ թուղթն կործանման պատճառ սուրբ Տանն»:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Յովհաննէս Լազարեանի շնորհիւ արժանացած էր Փաւէլ Ա. կայսեր բարեհաճութեան:

Յովսէփ արքեպիսկոպոսին հետ իբրեւ դեսպաններ Թիֆլիսէն Ռուսաստան ճամբայ ելան Վարանդայի մելիք Ջումշուդ եւ Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդուն: Արքեպիսկոպոսը խրախուսած էր զանոնք, իր միջնորդութիւնը խոստացած եւ վստահեցուցած որ կայսեր ընդունելութեան կ՛արժանանան:

Մելիքները ռուսական զօրքի առաքման պահանջ պիտի չդնէին, այլ խնդրագիրով պիտի դիմէին, ներկայացնելով քանի մը առաջարկ.

ա) Զինական օժանակութիւն Ղարաբաղի մէջ հայոց պետականութեան վերականգնման եւ իսլամական տիրապետութենէն ազատագրուելու համար:

բ) Եթէ օժանդակութիւնը անհնար է, ապա խնդրել վրաց թագաւորէն Վրաստանի մէջ ժամանակաւոր ապաստան տալու մելիքներուն:

գ) Եթէ ատիկա եւս անհնար է, ապա թոյլատրել փոխադրուելու Ռուսաստան` իրենց հպատակ ողջ բնակչութեամբ հանդերձ:

Մելիքները Աստրախան հասնելէ ետք հոն սպասեցին, իսկ Յովսէփ արքեպիսկոպոս ճամբան շարունակեց դէպի Պետերբուրգ: Ան Պետերբուրգէն լուր պիտի ղրկէր մելիքներուն, թէ երբ բարեհաճութիւն ստացուած է եւ անոնք կրնան արժանանալ կայսեր ընդունելութեան:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Պետերբուրգ հասնելէն ետք տեսաւ որ քաղաքական իրադրութիւնը բոլորովին փոխուած է: Այլեւս խօսք չկար Անդրկովկասի մէջ քրիստոնեայ պետութիւն ստեղծելու մասին: Մելիքները Ղարաբաղի մէջ իրենց իշխանութիւնները վերահաստատելու մասին չէին կրնար հարց բարձրացնել: Նախընտրելի էր աշխատիլ ժողովուրդը Ղարաբաղէն հանելու եւ Ռուսաստան գաղթեցնելու ուղղութեամբ:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս, Յովսէփ արքեպիսկոպոսի միջոցով շնորհաւորական ուղերձ ուղարկեց Փաւէլ Ա. կայսրին եւ երկու խնդրանք յղեց. նախ որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ խնամակալական վերաբերմունք դրսեւորուի, երկրորդ` ինչպէս Եկատերինա կայսրուհին շնորհած էր Սիմէոն կաթողիկոսին «զհրովարտակ ողորմութեան», նոյնպէս եւ Փաւէլ կայսրը իրեն շնորհէ:

Կաթողիկոսը կայսեր ուղարկած իր ուղերձին մասին տեղեակ պահեց Յովհաննէս Լազարեանը. «Դիմելոց է ի կայսերական դուռն, եւ մեք պատկան գիտելով ահա գրեցաք զթուղթ շնորհաւորութեան եւ աղերսանաց առ նորին կայսերական գերամերձ բարձրագահութիւնն»:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?