ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը նոյնքան ապարդիւն է, որքան մարդու մը գլուխը անընդհատ պատին զարնելը` յուսալով, որ պատը պիտի փլի:
Աւելի քան մէկ դար շարունակ թրքական իշխանութիւնները ամէն կարելիութիւն գործի դրած են իրենց նախորդներուն իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի ոճրագործութիւնը կոծկելու համար: Մինչեւ այսօր ոչ մէկ թուրք ղեկավար քաջութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ունեցած է ընդունելու ճշմարտութիւնը: Փոխարէնը, Թուրքիա հսկայական գումարներ վատնած է անհերքելին հերքելու համար: Համայն աշխարհի մէջ ան կաշառած է կասկածելի գիտնականներ եւ քաղաքական խարդախ գործիչներ` խեղաթիւրելու համար պատմական իրողութիւնները: Անգարա հարիւրաւոր խաբուսիկ գիրքեր հրատարակած է եւ քանի մը ցածրորակ ժապաւէններ նկարահանած` իր ոճրագործութիւնները ծածկելու համար: Քանի մը տասնամեակներու ընթացքին Թուրքիա բազմամիլիոն տոլարներ ծախսած է ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններ վարձելու համար` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով, որպէսզի վերջինս չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս բոլոր ջանքերը խայտառակ կերպով ձախողած են: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 1975-ին, 1984-ին եւ 2019-ին: Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը միաձայնութեամբ ճանչցած է զայն 2019-ին: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու երկու նախագահները ընդունած են զայն. Ռոնըլտ Ռէյկըն` նախագահական հռչակագրին մէջ, 1981-ին եւ նախագահ Ճօ Պայտըն` 2021 եւ 2022-ի ապրիլ 24ին, իր ոգեկոչական յայտարարութիւններուն մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն հեղինակաւոր ճանաչումը տեղի ունեցած է 28 մայիս 1951-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական զեկոյց ներկայացուցած է Համաշխարհային դատարան` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը «ցեղասպանութեան յանցագործութեան ակնառու օրինակներէն է»:
Հակառակ թրքական բոլոր ճնշումներուն, սպառնալիքներուն եւ կաշառքներուն` աւելի քան 30 երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասիկա` ի լրումն 1948-ին ՄԱԿ-ի Պատերազմական յանցագործութիւններու յանձնախումբի, 1985-ին` ՄԱԿ-ի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի եւ 1987-էն ի վեր` Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ բազմիցս կատարուած ճանաչումներուն:
Այս ճանաչումներուն մեծ մասը տեղի ունեցած է այն ատեն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն գոյութիւն չունէր: Հայկական սփիւռքը «Դաւիթը ընդդէմ Գողիաթի ճակատամարտին» կրցաւ դիմակայել թրքական հզօր կառավարութեան ժխտողականութիւնը, որուն կ՛աջակցէին ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցները եւ իսլամական բազմաթիւ պետութիւններ:
Բոլոր այս ժխտողական ջանքերը հիմնուած են այն պարզ թիւրըմբռնման վրայ, որ եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա պարտաւոր կ՛ըլլայ հատուցում վճարելու ողջ մնացած հայերուն: Ցաւօք շատ հայեր ունին նոյն թիւրըմբռնումը: Փաստը այն է, որ թրքական իշխանութիւնը պարտաւոր է փոխհատուցում վճարելու եւ վերադարձնելու բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքն ու տարածքները, անկախ անկէ, թէ թուրք ղեկավարները կ՛ընդունի՞ն իրենց մեղքը, թէ՞ ոչ: Կառավարութեան ղեկավարներու քաղաքական յայտարարութիւնները դատարանին մէջ արժէք չունին: Դատարանները կը զբաղին փաստերով եւ փաստաթուղթերով: Անկախ անկէ, թէ Թուրքիա քանի՛ անգամ կը հերքէ Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւո՛ւնք ունի փոխհատուցման եւ տարածքներու վերադարձման պահանջներով դիմելու Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան), ուր նմանօրինակ իրաւասութիւն ունին միայն կառավարութիւնները:
Ամբողջ դար մը ժխտելէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ շաբաթ յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն հակազդելու իր վերջին յուսահատ փորձին մասին` ստեղծելով TEKAR հիմնադրամը (Հայկական հարցի թրքական հետազօտական հիմնադրամ): Այս մէկը թրքական երեք կազմակերպութիւններու համախմբում է` Կրթական ընկերներ հիմնադրամ, «Պասքենթ» (Մայրաքաղաք) ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոն եւ Հայկական ֆանաթիք սուտերու դէմ պայքարի կեդրոն: Նոր հիմնադրամին անդրանիկ համագումարը տեղի ունեցած է յունիս 25-ին:
TEKAR-ը կը նախատեսէ վերահրատարակել Էսաթ Ուրասի (1882-1957) գրած թրքական ժխտողական գիրքը` «Հայերը պատմութեան մէջ եւ Հայկական հարցը» վերնագրով: Իբրեւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի (երիտթուրքեր) անդամ` Ուրաս առանցքային դեր խաղցած է Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրման եւ իրականացման գործին մէջ: Անոր գիրքը լեցուն է կոպիտ խեղաթիւրումներով:
Թրքական հիմնադրամը նաեւ յայտարարած է, որ` «Պիտի հրատարակէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի տեսակէտները, միտքերն ու յայտարարութիւնները` հայերու, հայկական գործունէութեան եւ հայկական յարաբերութիւններու մասին»: Յոյսով եմ, որ հիմնադրամը չի մոռնար մէջբերելու 1 օգոստոս 1926-ին Լոս Անճելըսի «Examiner»-ի կողմէ հրապարակուած Աթաթուրքի հետ հարցազրոյցը, ուր ան ըսած է. «Նախկին երիտթրքական կուսակցութեան այս մնացորդները պէտք է պատասխան տան կեանքին համար միլիոնաւոր մեր քրիստոնեայ հպատակներուն, որոնք անխղճօրէն զանգուածաբար վտարուեցան իրենց տուներէն եւ կոտորուեցան® Անոնք մինչեւ հիմա ապրած են թալանով, կողոպուտով եւ կաշառակերութեամբ»:
TEKAR հիմնադրամը իր հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ ունի 23 անդամ: Խորհուրդին նախագահը Մեհմետ Արիֆ Տեմիրերն է, որ ոչ թէ պատմաբան է, այլ` ճարտարագէտ-քիմիագէտ: Անհասկնալի է, որ խորհուրդը կազմուած է վեց զինուորականէ, երեք ճարտարագէտէ, երկու տնտեսագէտէ, մէկ կենցաղասէրէ, մէկ ուսանողէ եւ տարբեր փորձառութիւն ունեցող քանի մը այլ մարդոցմէ: Կարծես թէ TEKAR հիմնադրամին իրական նպատակը Էրտողանի ընկեր-բարեկամները աշխատանքով ապահովելն է: Թէեւ լաւ է, որ այս թուրքերը կը փափաքին ուսումնասիրել Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն անոնց նպատակը ճշմարտութիւնը փնտռելը չէ…
Այնպէս կ՛երեւի, որ թուրք ժխտողականները երբեք չեն հասկցած, թէ որքան շատ ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ որքան երկար խօսին անոր մասին, այնքան աւելի աշխարհը իրազեկ կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան: Այլ կերպ ըսած, Թուրքիա յիմարաբար կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծանօթացնել նոր սերունդներուն, թէեւ` փորձելով ժխտել զայն:
Երկրորդ բանը, որ թուրք ղեկավարները երբեք չեն հասկցած, այն է, թէ անոնք որքան շուտ ընդունին իրենց նախորդներուն ոճրագործութիւնները, այնքան շուտ կ՛արժանանան միջազգային հանրային կարծիքի յարգանքին: Ի վերջոյ, եթէ թուրք ղեկավար մը ընդունի ճշմարտութիւնը, ան կը գովաբանուի ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կրնայ նոյնիսկ առաջադրուիլ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի: Թուրք ղեկավարները իրենց ժխտումներով մեծ վնաս կը հասցնեն իրենց իսկ հեղինակութեան, ա՛լ չեմ խօսիր հսկայական այն գումարներուն մասին, զորս անոնք կը վատնեն այն պահուն, երբ թրքական տնտեսութիւնը սնանկացած է…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ