ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Շաբաթ, 21 մայիս 2022-ին Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար` նիւթ ունենալով «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութեան յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ», բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ըլլալով համահայկական մշակութային բուխ աւանդը յատկանշող հոսքը` սեմինարը պարզեց ներկայ երիտասարդական տուեալներ, որոնց անդրադարձը անցնող դարերու եւ ի մասնաւորի ազգասպանութեան ժամանակներէն ասդին ընդհանուր առմամբ ունեցած է շատ դանդաղ յառաջընթաց` նկատի առնելով ժխտողական դիրքորոշումներու որպէս արդիւնք, ինչպէս նաեւ քաղաքական պայմաններու բերումով միջազգային գիտակցութենէն հեռու մնացած բազմաթիւ երկիրներու հայեցողութիւնը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ու Համազգայինի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս մշակութային ձեռնարկին դասախօսութեան մասնակիցները համահայկական դատողութեամբ ներկայացուած էին: Անոնք մասնագիտական եւ յիշողութեան հետ առնչուող հանգամանքով օժտուած ամբողջական ամփոփ ներածականներ ներկայացուցին. իւրաքանչիւր նիստին հանդէս եկան երեք դասախօսներ, չորս մասերը այսպիսով ընդգրկեցին 12 դասախօսներ` հրաւիրելով յառաջացող սերունդներու ներկայացուցիչները արժեւորելու պարունակը այս սեմինարին:
– Երիտասարդական մօտեցումը եղաւ այն, որ ներկայի ընկերային գունաւորումին մէջ իրենց կազմած անհատականութեան եւ ձեռներէցութեան` պարզեց արագընթաց մը ի դէմ դանդաղ ընթացող մեր ազգային եւ համահայկական ըմբռնողութեան մէջ տեղ գրաւած մօտեցումին, ուր զգացական եւ յուզումնալից ազդեցութիւնը թմրեցուցած, մեկուսացուցած եւ լճացուցած է նոր քայլերու դրականութիւն ներշնչող ոգին, դանդաղեցնելով քաղաքականօրէն վերականգնումի պետականութեան միջազգային անհրաժեշտ հեռանկարային եւ դիւանագիտական նկարագիրը:
– Ցեղասպանութեան սերունդին յաջորդող ներկայի յառաջացած տարիքի – եօթանասունը թեւակոխած – երկրորդ սերունդին եւ այս սեմինարին ներկայ եղող ընդհանրապէս չորրորդ սերունդներու` նաեւ այլազան հպատակութիւններ ունեցող – քսանէ երեսուն տարիքի միջեւ տարուբերող – երիտասարդ/երիտասարդուհիներ, յիշողութեան հիմնական տուեալով եղող պահանջատիրութեան մղումին միջեւ զգալի տարբերութիւն պատկերացնող երեւոյթ պարզուեցաւ: Արդ, մինչ երկրորդ սերունդի յիշողութեան տարողութիւնը շեշտակի կերպով առկայ է անոնց կեանքի տեւողութեան ընթացքին, եւ առ այդ կը շարունակեն ապրիլ այդ յուշերով մինչեւ օրս` այս յիշողական ամբողջական իրականութեան դիմաց, հակադիր պատկեր կայ երիտասարդ ներկաներուն մօտ, որոնց համար յիշողութիւնը լսուած, կարդացուած, պատմական աղբիւրներէ քաղուած եւ չապրուած փորձառութիւն է, որ մարմնաւոր կերպով յիշողութեան հետ համեմատելի չէ անցեալին հետ: Աչքերէ արցունքներ հոսեցուցած այդ սերունդին մանկութիւն չապրած, սէր չտեսած եւ սարսափ ապրած ցնցիչ տեսարանները անհամեմատելի են նոյնանման յիշողութեան հետ առնչուած պիտակին զիրար շաղկապող նոր սերունդներուն համար: Արդ, սեմինարին ներկայ եղող չորրորդ սերունդին եւ անկէ անդին շաղկապող նոր սերունդներուն պարագային այդ մէկը բոլորովին տարբեր հոգեբանական ազդակներէ մղուած երեւոյթ կը պարզէր, եւ որ` յիշողութեան հիմնական տուեալներով դատած, բացակայ էր: Անոնք ընդհանրապէս` այդ երկրորդ սերունդին հետ բաղդատելով, իրենց ապրած կեանքին մէջ յիշողութեան տուեալներուն հետ համապատասխան չէին:
– Ներկայի երիտասարդներուն մղումին մէջ յատկանշական էր իրենց անորոշութիւնը պահանջատիրութեան սահմանները ճշդելու, հատուցումի, հողային պահանջի` դատելով պատմականօրէն հին ազգերու ներկայի քարտէսներու բացակայութեան, նոյնպէս իրենց պատմական իշխանութիւնները կորսնցուցած եւ անոնց պահանջատիրութիւնը բացարձակապէս բացակայած ներկայի քաղաքական բեմահարթակէն: Միւս կողմէն, քսաներորդ դարու քաղաքական եւ ներկայիս հետապնդուող տարբեր ազգայնական, ցեղային, կրօնական, յարանուանական պահանջատիրութեան եւ ինքնորոշման հետ առնչուող պայքարներու որպէս արդիւնք, եւրոպական, միջինարեւելեան, ափրիկեան եւ այլ տուեալներով լայնածաւալ փոփոխութիւններ կատարուած են եւ կը շարունակեն կատարուիլ` պայքարներու բոլոր երեւոյթները պարզելով:
– Միջազգային եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու վերլուծումներէն դատելով, Հայ դատի պատկերացումը չէ այն, ինչ որ էր երկրորդ սերունդին համար: Յառաջացող ժամանակի բերումով եւ դանդաղ յառաջընթացի պատկերացումը` միջազգային հարթակի քաղաքական ըմբռնումի պատկերացումով, երկրորդ սերունդին իրենց կեանքի յիշողութեան պատկերացումով ի դէմ ներկայի սեմինարին երիտասարդութեան մղումը կը բնորոշուի չապրուած` տխրութենէ անկախ, ուրախ ապրելու շունչով եւ կամքով: Կարելի չէ պատկերացնել իրենց կեանքին ընթացքին նոյն մղումով, տեսնել եւ մտածել տարագրութեան օրրաններուն եւ պատմական վայրերու վերատիրանալու այդ ոգին, որ ներկայի իրադարձութիւններու անկիւնէն դիտած զուրկ է իրականութիւն դառնալէ, երբ վերատիրացումի հիմնական մղիչ ուժը` հոն կրկին բնակութիւն հաստատելու մղումը, երեւութական է եւ կը կարօտի բազմաթիւ սերունդներու արմատացած ու սերունդներէ սերունդ երկարամեայ ծրագրային նկարագրի, եւ որ համոզումով եւ տարբեր տեսակի կեանքի ապրելաոճով կ՛արմատանայ: Պահանջատիրական նկարագիրը ոչ ազատ կամքով տարագրուած եւ ազատ կամքով արտագաղթով շեշտուած երեւոյթը բնականօրէն տիրող կը դառնայ ներկայի պայմաններուն մէջ: Հիւսիսային Սուրիոյ տարագիր հայութեան կենսունակ բնակչութիւնը, որ մօտաւորապէս եօթանասուն տարիներու դժուարին օրերու ազգային կենցաղ հաստատած էր դպրոցով, եկեղեցիով, աշխատանքային եւ ապրուստի հաստատուած կենսաոճով, այսօր չէզոքացուած է. ինչպէս նաեւ սփիւռքի անհամար քաղաքները, գիւղերը եւ երկիրները ընդելութիւն դարձած են: Պայքարը` Հայկական հարցին նկատմամբ, որեւէ ատենէ աւելի տկարացնելով, ինք իր ուժերու վրայ կեդրոնացումով չզբաղելով այլ անպատասխանատու հոգեբանութեամբ ուրիշներէ օգնութիւն սպասելով ինչպէս մուրացկաններու կենցաղը, կ՛արտագաղթեն դիւրին կեանք մը ապրելով աւելի կայուն եւ յարգուած քաղաքացիներ դառնալով եւ լքելով իրենց ներկայի հայկական պետական օրրանը պահող բնակիչները, դանդաղեցնելով եւ դանդաղ ու անորոշ զարգացումի ճակատագրին ձգելով պետականօրէն պաշտպանելու եւ նորանոր նուաճումներով մասնակից դառնալու համահայկական յառաջխաղացքը:
– Միջազգային քաղաքական ազդակները կը նպաստեն անկայունութիւններ ստեղծող մղումներու: Շրջանային օժանդակ եւ բարի տրամադրութեան վիճակները միշտ ալ իրենց ընկերային-տնտեսական յառաջացումին նպաստող շահերէն մղուած կ՛ըլլան, մանաւանդ որ մեր տարբեր հատուածներու զգացողական պահանջատիրութեան յիշողութեան ներկայ աշխարհացրիւ սերունդներու պարագային գործնականօրէն համոզիչ չէ եւ իրականալի չի թուիր եւ անորոշութեան առիթ կը ստեղծէ նոր սերունդին` իրենց կեանքի ընթացքին իրականացնելիք ուղիին մէջ:
– Ազգին գանձը շարունակական է իր մշակութային ժառանգութիւններով ու սխրանքներով եւ անոնց պահպանութեան մէջ. այդ ողջ աշխարհին դիմաց հողային բնակչութեամբ է միայն, որ կը շարունակէ մնալ տիրութիւն ընող կարելի եղած չափով: Գանգատող, մեղադրող եւ ուշ արթնցող կոչեր մշակութային ժառանգութեան անդարձ քանդումներուն վերականգնումին նպաստող կրնայ ըլլալ լոկ պատմական` ինչպէս թաղման արարողութեան անդարձ մեկնումը կեանքէն, երբ հանգուցեալին կեանքի ընթացքին իրականացուցած եւ որբ մնացած ու կամ գնահատական բարեմասնութիւնները կը յիշուին միայն:
– Համահայկական մղիչ ուժը կը մնայ վեհութեան տիպար եղող կարգ մը հաստատութիւններու ներդրումով, նաեւ անհատներու առաջնահերթ հեռանկարային տուեալներէն մղուած: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իր մօտ 10 տոկոս աշխարհասփիւռ աշխատանքով եւ նպաստով համահայկական տեսլականով, Հայկական բարեգործական (ոչ) ընդհանուր միութիւնը, հայկական (ոչ) Համազգային կառոյցը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (ոչ) ամենայն հայոց կրօնական օրրանը, այլեւ Ամենայն Հայոց Էջմիածնայ Կրօնական փառքը (Վատիկանի համապատասխան) համահայկական կրօնաբարոյական արմատաւոր հարուստ եւ դարերու անվեհեր ջիղը եւ ազգային կառոյցը` այլեւ հինգերորդ դարու մշակութային վերածնունդի եւ գոյատեւման համահայկական հասարակաց աղբիւրը, կը կազմեն ներկայի իրականութիւնը ապրող սերունդներուն հորիզոնը եւ անդին:
– Լեւոն Շանթերու նկատառելի օրինակով եւ քաղաքական եւ դիւանագիտական մտածողութեան կարելի վերլուծումներու տիպարներով խաղաղ ափի հետապնդումով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդումի տեսլականով այսինքն պետական սահմաններու հողային պաշտպանութեան առումով, լայնածաւալ հայադարձութեան եւ ներգաղթի կազմակերպչական կարելիութիւններու զոհաբերութեան ըմբռնումով եւ իրերայաջորդ սերունդներու պատրաստութեան հեռանկարով, դաստիարակութեան բարենպաստ ոգիով եւ ներկայի երիտասարդական ուժին ազգային գիտակից եւ պատրաստուած առաջնորդներով` շարունակական կերպով ուղղելով յառաջիկայի սերունդները, պէտք ըլլայ նոր սերունդներ եւ դարեր շարունակ, մշակութային պահպանումի եւ տարածման, մարդկային համակեցութեան մշակոյթի ստեղծագործական հովանիին նպաստելով, հայապահպանման ուղիի նոր կառուցողական մղումով կրնայ որդեգրել եւ հեռաւոր երկարաշունչ վճռականութիւն ներմուծել մեր համահայկական կեանքին մէջ:
– Հայու հոգին անվերջ վերելքի երկնային բուխ աղբիւր եւ մշակութային հարստութիւն է. զայն պահպանելու այդ հողէն ծնունդ առած տիտաններով եւ աւելի եւս գործնականացնելը գիտակցօրէն եւ գիտականօրէն մեթոտաբանութեան աշխատանքով եւ ղեկավարութեան երկարամեայ ծրագրային հետեւողական ըմբռնումով նոր աւիշ եւ մղիչ ուժ կրնայ դառնալ մէջտեղ եղող նոր սերունդին եւ գալիք նոր սերունդներուն գիտակցական աշխարհին մէջ: Իւրաքանչիւր նուաճում` մշակութային մարզին մէջ, մէկական պաշտպան բերդի վերածելու մղումով կենսաւորելու եւ մնայուն դարձնելու աշխատանքով ոգեւորելու է պահանջատիրութեան ընթացքը:
Ներկայի պատկերացումով առնչուած` համահայկական երկարամեայ հեռանկարային տեսութեամբ, անկիւնադարձի մը սկիզբը կեդրոնախոյս արտագաղթէ դէպի կեդրոնաձիգ հայրենադարձի աշխատանքն է, որ կրնայ իրականացնել համահայկական պատկերացումով հայրենիքի եւ սփիւռքեան կեանքի երկու հիմնական կեդրոններով` հիմնուելով Հայաստանի պետական կառոյցէն` Երեւան/Էջմիածին եւ պատկան Պոլսոյ, Երուսաղէմի եւ այլ թեմերէն առաւել Լիբանանի տարագրութեան կեդրոնէն` Պէյրութ/Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարագիր եւ պատկան Բերիոյ եւ այլ թեմերէն, պատշաճ եւ աներկբայ հասկացողութեամբ, այլ խօսքով` կեդրոնանալով Հայաստանի պետականութեան եւ Լիբանանի հայկական պետական ներկայութեան վրայ, մարտահրաւէր ուղղելով ազգային ոչ հեռանկարային եւ շարունակուող արտագաղթի ընթացքին:
Երիտասարդ սերունդին եւ իրերայաջորդ սերունդներուն մշակութային ոգիին պահպանումը ուղղելու աշխատանքը համայն սփիւռքեան տարագիր եւ տարաբնակ հայութեան` նոր արտագաղթներով նօսրացնող եւ նօսրացած մշակութային ժառանգութեան եւ սխրագործութիւններու իրականացման համար հայադարձութեան, ի հարկին կազմակերպուած ներգաղթի տեսլականով իրականանալի անժամանակ եւ շարունակական երթով, որ կը շաղկապէ այս նոր սերունդին եւ իրերայաջորդ սերունդներուն անորոշութեան եզրը` թիրախաւոր նպատակասլացով մը ամրապնդող յատկանիշը կրնայ դառնալ համահայկական պահանջատիրական ճանապարհին մէջ:
Իւրաքանչիւր արտագաղթողի մը բացը հայկական արմատական օրրաններէն, Հայաստանն ու Լիբանանը կը դարձնէ հակաազգային հրաւէր օտարամէտ մարմիններու, անկախ հետագային սպասուող սերունդներու չգոյութեան այս ափերուն մէջ:
Կարգախօս` հայադարձի հրաւէր, ապա կրկին շարունակական հայադարձութիւն եւ ներգաղթ` դիւանագիտական, ռազմավարական մեթոտաբանութեամբ եւ կարելի բոլոր ճանապարհներով, ուր երթը միանգամընդմիշտ բնական ու արմատական ուղեցոյց ըլլայ նորերու կենցաղային նկարագիրին մէջ: