Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 6, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Կազմակերպութեամբ` Արցախի «Ապրելու Ձայնը« Մի՛շտ Պիտի Ղօղանջէ…

Յունիս 27-էն մինչեւ յուլիս 1 Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի կազմակերպութեամբ «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերու ծրագրի ծիրին մէջ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ կազմակերպուեցան` գրական մրցոյթներ, գրական երեկոներ, ասմունքի մրցոյթ, ցուցահանդէսներ ու համերգներ, Արցախի արդի գրականութեան վերաբերեալ զրոյցներ, հանդիպումներ, դասախօսութիւններ:

Մշակութային փառատօնի բացումը կայացաւ յունիս 27-ին Ստեփանակերտի «Եւրոպա» պանդոկի դահլիճին մէջ` Արցախի եւ Հայաստանի գրական-մշակութային, հասարակական գործիչներու, պետական պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ:

Բացման խօսքին մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան նշեց, որ գրական-մշակութային օրերու մեկնարկը տրուեցաւ  Ստեփանակերտի յուշահամալիր այցելութեամբ: Խօսելով նախաձեռնութեան մասին` Հերմինէ Աւագեան նշեց, որ անկախ ներկայ մարտահրաւէրներուն ունեցած անդառնալի կորուստներէն` Արցախի սիրտը կը բաբախէ,  Արցախի այս փոքր մասնիկը կը շարունակէ շնչել, ու այստեղ ապրողին փափաքը պատերազմ չէ, այլ` սեփական հողի վրայ ապրիլ, արարել եւ ստեղծագործել: Այս ձեռնարկներուն շարքը Արցախի ապրելու ձայնն է` գրականութեան եւ մշակոյթի լեզուով:

«Պատերազմը միայն սահմանին չէ, սահմանէն այս կողմ ուրիշ պատերազմ է` մշակոյթի, գրականութեան, ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման, ու այս ասպարէզներուն մէջ իւրաքանչիւր յաղթանակ մեր ինքնութեան պահպանման, արժանապատիւ ապագայ ունենալու գրաւականներէն է: Համազգայինի Արցախի գրասենեակը նշեալ ճանապարհի անխոնջ ուղեկիցն է, որովհետեւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցը եղած է ու կը մնայ հայկական մշակոյթի զարգացման եւ տարածման առաջամարտիկներէն մէկը», իր խօսքին մէջ շեշտեց Հ. Աւագեան:

Գրական-մշակութային օրերու կազմակերպման գաղափարը երիտասարդ գրող Սերգէյ Սաֆարեանինն էր: «Արցախը այսօր հարց ունի` ամէն ոլորտի մէջ ներկայացնելու Արցախի գոյատեւումը, Արցախի մէջ մեր ժողովուրդի ապրելու  կամքը եւ իրաւունքը: 7-օրեայ գրական-մշակութային օրերը նախաձեռնեցինք, որպէսզի ցոյց տանք, որ արցախցին կը շարունակէ ապրիլ այստեղ, արցախցին պիտի ապրի այստեղ, եւ որովհետեւ տակաւին այսպիսի նախաձեռնութիւններ կ՛իրագործուին, ուրեմն Արցախը կ՛ապրի», ըսաւ երիտասարդ գրողը:

Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շեշտեց յատկապէս պատերազմէն ետք այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպման կարեւորութիւնը: «Կը կարծեմ, որ մենք կը կարողանանք գրականութեան եւ մշակոյթի ճամբով գտնել ճշմարիտ ճանապարհ եւ առկայ դժուարութիւնները հետեւողականօրէն յաղթահարելով` հասնիլ համազգային նպատակներու իրագործման, ինչը սերունդներու առջեւ մեր պարտաւորութիւններուն մէկ մասն է», բացման խօսքին մէջ ըսաւ Արտակ Բեգլարեան` բարձր գնահատելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ջանքերը` ուղղուած Արցախի մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացման:

Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը, որ շեշտեց Արցախի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ ապրելով կ՛որոշուի ամէն ինչ, ապրելով սկիզբ կ՛առնէ իւրաքանչիւր կեանք:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի կարծիքով, զէնքէն ու զրահէն զատ, Հայաստանի ամէնէն մեծ հարցը թէ՛ պատերազմէն առաջ եւ թէ՛ պատերազմէն ետք մշակութային դիւանագիտութեան խեղճութիւնը եղած է: «Մենք չենք գնահատած այդ ասպարէզին կարեւորութիւնը, այսօր առաւել եւս կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ աշխարհը մեր ցաւին հանդէպ անտարբեր կը մնայ: Պատերազմէն ետք յատկապէս Արցախի մէջ այսպիսի ձեռնարկներ ամէնէն անհրաժեշտներէն են, որովհետեւ հոգեբանական հոգեխոցերը, բարոյական դաշտի եւ ընդհանրապէս մեր կեցութեան հարցերուն վերաբերեալ գրականութիւնը, լրագրութիւնը ունին հզօր դերակատարութիւն», նկատեց Է. Միլիտոնեան` հպարտօրէն մատնանշելով Արցախի երիտասարդներուն, երիտասարդ գրողներուն նախաձեռնողականութիւնը:

Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան, ողջունելով նախաձեռնութեան կազմակերպումը, շեշտեց այս դժուարին ժամանակներուն մէջ գրականութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը. «Ժողովուրդին ողնաշարը բոլոր ժամանակերու մէջ եղած է գրականութիւնը: Չեմ թերագնահատեր միւս ոլորտները, բայց գրականութիւնն է մեր ազգային ոգիին, արժեհամակարգին գլխաւոր կրողը»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը, Լիբանանի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի բազմամեայ եւ վաստակաւոր նախկին տնօրէն, հասարակական գործիչ, մտաւորական Տիգրան Ճինպաշեանը:

Վահագն Գարագաշեանի խօսքով մեծ ոգեւորութիւն է գրական-մշակութային ձեռնարկներուն մասնակցիլը, որովհետեւ ասոր միջոցով աւելի կ՛ամրանայ արցախցի գործընկերներու հետ բանաստեղծական ոգեղէն կապը:

Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ չկայ միասնական հայութիւն ո՛չ սփիւռքի, ո՛չ հայրենիքի մէջ, այլ կան ազգայինին նուիրուած անհատներ եւ կառոյցներ: «Եթէ կայ ստեղծագործութիւն, մշակոյթ, գրականութիւն, նոյնիսկ ամէնէն վատ քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններու մէջ ազգը կը շարունակէ ապրիլ եւ գոյատեւել: Ողջունելով Արցախի մէջ մշակութային սխրագործութեան բոլոր երախտաւորները` յատուկ յիշատակութեան արժանի են գրական մշակները, որոնց գրիչին վրայ կը ծանրանայ Արցախը պահպանելու, այն վերստին ամբողջական եւ հզօր դարձնելու պայքարի գաղափարական խմբագրումը, որուն արգասիքը պիտի ըլլայ անխուսափելի յաղթանակը», ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան:

«Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերու ծրագրի մասնակիցները հիւրընկալուած են Մարտունի շրջանի Աշան եւ Նորշէն համայքներու մէջ:

Ծրագրի ծիրին մէջ համայնքներ այցելեցին` Հերմինէ Աւագեանը, Տիգրան Ճինպաշեանը, դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանը, դոկտոր, փրոֆեսէօր Սոկրատ Խանեանը, բանաստեղծ Սերգէյ Սաֆարեանը, գրող, գրականագէտ Զարինէ Սառաջեանը, բանաստեղծ, գրականագէտ Տաթեւ Սողոմոնեանը, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արմէն Աւանեսեանը, նոյն հրատարակչութեան տնօրէն Արմինէ Քոչարեանը, գրականագէտ Միհրան Յովհաննիսեանը, դոկտոր, գրող, բանասէր, գրականագէտ Զինաիդա Բալայեանը, բանաստեղծներ Ալիսա Պաղտասարեանը, Նորեկ Գասպարեանն ու Վիթալի Պետրոսեանը:

Նորշէնի մէջ հիւրերը դիմաւորեցին դպրոցի «Զարթօնք» մանկապատանեկան խումբի աշակերտները` գեղեցիկ եւ յուզիչ մշակութային ձեռնարկով, իսկ հիւրերն ալ ձեռնունայն չէին այցելած դպրոց. «Արմաւ» հրատարակչութեան նուիրատուութեամբ դպրոցի գրադարանը համալրուեցաւ նոր եւ ժամանակակից գրողներու գիրքերով:

Հերմինէ Աւագեան ողջունելէ ետք դպրոցականները եւ ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ ձեռնարկին համար` նշելով, որ այս Համազգայինի առաջին ձեռնարկը չէ Նորշէնի մէջ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արմէն Աւանեսեան, որ նոյնպէս ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ մեր ձայնը պէտք է լսելի դառնայ առանց խօսափողի.

«Մեր ձայնը, որպէսզի անիմաստ չըլլայ, պէտք է բովանդակալից ըլլայ, որուն կապակցութեամբ «Արմաւ» հրատարակչութիւնը Նորշէնի դպրոցին կը նուիրէ նոր գիրքեր: Գիրքերուն մեծ մասը արցախցի գրողներու գիրքերն են Վիթալի Պետրոսեանի, Հերմինէ Աւագեանի, Նորեկ Գասպարեանի, Վարդան Յակոբեանի», նշեց Ա. Աւանեսեան:

Ըստ անոր, դպրոցէն կը սկսի մեր հզօրութիւնը, իսկ հզօրանալու ճանապարհը այսօր գրականութիւնն է:

Ա. Աւանեսեան ընդգծեց յատկապէս այն փաստը, որ սահմանային լարուած իրավիճակներու մէջ կը դժուարանայ յատկապէս ուսուցիչներու գործը, բայց ան աշակերտներուն հզօր աչքերը երբ տեսնէ, հաւատքով կը լեցուի.

«Կը հաւատամ այն գալիքին, որուն կը հաւատար Չարենցը: Ան չսխալեցաւ, հաւատաց այդ գալիքին, եւ եռագոյնը ծածանեցաւ Արցախ աշխարհին մէջ ու դեռ կը ծածանի: Այսօր քիչ մը բզկտուած, քիչ մը խոցուած, բայց կանգուն, իր ապրելու իրաւունքին տէր Արցախ աշխարհը` հայոց աշխարհի փոքրիկ դրախտային հատուածը, պէտք է հզօր ըլլայ, այլ տարբերակ չկայ», յայտնեց Ա. Աւանեսեան:

Գրականագէտ Միհրան Յովհաննիսեանն ալ իր խօսքին մէջ մէջբերեց Մոնթէ Մելքոնեանի` «Եթէ մենք կորսնցնենք Արցախը, մենք կը շրջենք հայոց պատմութեան վերջին էջը» խօսքերը` նշելով, որ մեր հայրենիքը թէեւ բզկտուած ու ծունկի եկած է, բայց մենք ծունկի եկած ենք մեր պատիւը բարձրացնելու համար.

«Եւ մենք կը բարձրացնենք այդ պատիւը, որովհետեւ եթէ չկայ Արցախ, Հայաստանը չունի պատիւ», հաղորդեց Միհրան Յովհաննիսեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թշնամիին նշանառութեան տակ ապրող արցախցիներուն` աւելցնելով, որ այստեղ ապրողները կը պահեն եւ կ՛ապրեցնեն մայր Հայաստանը, սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայը:

Նորշէնի ձեռնարկէն ետք մասնակիցները ժամանեցին Աշան, ուր մասնակցեցան հացթխման արարողութեան եւ համտեսեցին անուշաբոյր թոնիրի հացը:

Հիւրերը այցելեցին նաեւ բանահաւաք Լեւոն Յարութիւնեանի տուն, ծանօթացան անոր բացառիկ գրադարանին: Անոր կնոջ` վաստակաշատ մանկավարժ Էմմա Բալայեանի ներկայութեամբ գրականագէտ Տաթեւ Սողոմոնեանը ներկաներուն պատմեց Լեւոն Յարութիւնեանի գործունէութեան եւ իրեն հետ ունեցած յիշողութիւններուն մասին:

Հիւրերուն վերջին կանգառը Աշանի Անիթա Յովսէփեանի անուան միջնակարգ դպրոցն էր, ուր հիւրերուն եւս աշակերտներ դիմաւորեցին գեղեցիկ գեղարուեստական ձեռնարկով, բեմական ներկայացումներով: Պարային եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Համազգայինի «Մունք» պարի խումբի Աշանի սաները: Դպրոցականները արտասանեցին նաեւ Արցախի գրողներու ստեղծագործութիւններէն:

Ելոյթով հանդէս եկաւ դպրոցի ուսուցչուհի Մանուշակ Շինդեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը «Ապրելու ձայնը» խորագրով կ՛արժեւորէ մեր գրական, մշակութային ժառանգութիւնը, բոլորը կ՛ոգեւորէ եւ կը համախմբէ նոյն գաղափարին շուրջ` ապրիլ Արցախի մէջ, շէնցնել սրբացած հողի իւրաքանչիւր թիզը, հնչեցնել դպրոցներու եւ եկեղեցիներու զանգերը եւ հաւատալ վաղուան օրուան:

Հերմինէ Աւագեան ներկայացուց «Ապրելու ձայնը» խորագրով գրական-մշակութային ձեռնարկին էութիւնը եւ հիմնական ըսելիքը.

«Նախաձեռնութիւնը կոչուած է «Ապրելու ձայնը», որովհետեւ այս նախաձեռնութեան շեշտադրումը այն է, որ Արցախի մէջ, անկախ մեր առջեւ ծառացած բազում մարտահրաւէրներէն, անկախ այն հանգամանքէն, որ շատ անդառնալի կորուստներ ունեցած ենք, այս փոքրիկ հողակտորը կը շարունակէ շնչել, կը շարունակէ ապրիլ, եւ այստեղ ապրող հայ մարդը երազ ունի` իր սեփական հողին վրայ ազատօրէն ապրիլ, արարել, ստեղծագործել», յայտնեց Հ. Աւագեան:

Ըստ անոր, այս ձեռնարկներուն շարքով կ՛ուզեն շեշտել նաեւ, որ պատերազմը միայն սահմանին չէ, այլ սահմանէն այս կողմ եւս` մեր մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, մեր ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու պահպանման ոլորտին մէջ, եւ այդ ասպարէզներուն մէջ յաղթանակները նուազ կարեւոր չեն սահմանին ունեցած յաղթանակներէն:

Զարինէ Սառաջեան եւս իր խօսքը ըսաւ` նշելով, որ ապրելու ձայնը այսօր չէ, որ կը մեկնարկէ.

«Պատերազմէն ետք Հերմինէն ձեռնամուխ եղաւ արցախցին ապրեցնելու եւ իր շուրջը համախմբեց բոլոր-բոլոր մտաւորականները. այս եզակի երեւոյթ է», ըսաւ ան:

Դպրոցի տնօրէն Մխիթար Շինդեանն ալ նշեց, որ Համազգայինի ծրագիրներով տարիներ շարունակ դպրոցին մէջ տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպուին ո՛չ միայն Աշանի մէջ, այլ նաեւ` տարբեր գիւղերու մէջ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագրի կազմակերպիչներուն` շեշտելով, որ երեխաները առիթ ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր գրողներու  ստեղծագործութիւններուն:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ` Սոկրատ Խանեան, Սերգէյ Սաֆարեան եւ Արմէն Աւանեսեան:

Նկատելի էր գիւղերու բնակիչներու եւ աշակերտներու ոգեւորութիւնը, որովհետեւ պատերազմէն ետք նմանատիպ ձեռնարկներ հազուադէպ կազմակերպուած են:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի կողմէ կեանքի կոչուած «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերու ծիրին մէջ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կայացաւ արցախցի երիտասարդ քանդակագործներ Մուշեղ Մուսայէլեանի եւ Գոռ Իսրայէլեանի քանդակներու ցուցահանդէսը:

Ցուցասրահի տնօրէն Էլենա Տատայեան ողջունեց քանդակագործներուն առաջին միացեալ ցուցահանդէսին բացումը:

Բացման խօսքով քանդակագործները ներկայացնող ելոյթով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ` քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանը, Արցախի նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեանը, արուեստաբան Արման Գրիգորեանը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ Շուշիի «Կիւրճեան» կիրառական արուեստի հիմնարկի սաներու գեղանկարներէն:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակին կողմէ կեանքի կոչուած «Ապրելու ձայնը» խորագրով գրական-մշակութային օրերու ծիրին մէջ Ստեփանակերտի «Պոլ Էլուարի Ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ի զբօսայգիին մէջ կայացաւ գրական հանդիպում` բանաստեղծ Յուսիկ Արայի եւ բանաստեղծուհի Յասմիկ Սիմոնեանի հետ:

Իսկ նոյն ծրագրի ծիրին մէջ յունիս 29-ին Ճարտարի մէջ կայացաւ երգիչ, երգահան Արթուր Խաչենցի մենահամերգը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ Կաղարծի, Աշան, Մաճկալաշէն, Հաղորտի գիւղերուն մէջ կեանքի կոչուած «Մունք» ազգագրական պարի խումբերու մանուկները:

«Ապրելու ձայնը» խորագրով գրական-մշակութային օրերու շարքը նաեւ հասաւ Մարտակերտ, ուր իւրայատուկ մթնոլորտ կար, ջերմութիւն, սէր, որոնք բառերով կարելի չէ նկարագրել: Դահլիճը պարեց, երգեց, ուժ առաւ, ուժ տուաւ մեզի…

Համազգայինի կողմէ Մարտակերտի շրջանի Մաղաւուզ, Ղազարահողեր, Պօղոսագոմեր, Ճանկաթաղ գիւղերու դպրոցներու մէջ գործող «Մունք» պարախումբերու մանուկները ցուցադրեցին իրենց սորված ազգային պարերը, իսկ սիրուած երգիչին` Արթուր Խաչենցի երգերը հանդիսատեսը դիմաւորեց բուռն ծափերով:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի կողմէ կեանքի կոչուած «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային շաբաթը ամփոփուեցաւ Ստեփանակերտի «Ֆորեսթ հապ»-ի մէջ` գրական մրցանակաբաշխութեամբ եւ սիրուած երգչուհի Շուշան Պետրոսեանի երգերով:

Խօսքեր արտասանեցին` Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան, Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, երիտասարդ բանաստեղծ Սերգէյ Սաֆարեան, Երեւանէն Արցախ ժամանած բանաստեղծուհի Յասմիկ Սիմոնեան: «Արցախի ապրելու ձայնը պէտք է հնչէ ո՛չ միայն հայրենիքի մէջ, այլեւ` հայրենիքի սահմաններէն դուրս, եւ այդ ձայնի արձագանգը պէտք է ըլլայ այն, որ մեզ գնահատեն մեր գրականութեամբ, մեր մշակոյթով, մեր արժէքներով: Ես կը հաւատամ, որ «Ապրելու ձայնը» մեկնարկ է, որ դեռ ճանապարհ պիտի անցնի, կանչ է, որ դեռ արձագանգ պիտի ունենայ:

«Այս յետպատերազմեան Արցախի մէջ գրուած գրական նոր ստեղծագործութիւն է, որ մրցանակ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ դառնալ ապրելու մասին իբրեւ լաւագոյն ստեղծագործութիւն եւ թարգմանուիլ բոլոր լեզուներով», իր խօսքին մէջ նշեց Հերմինէ Աւագեան` շեշտելով, որ Համազգայինը կրցաւ իր շուրջը համախմբել մտաւորականներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ ցոյց տուաւ, որ նպատակի գիտակցումը խօսքը գործի վերածելու կարեւոր պայման է:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց գրական-մշակութային շաբթուան համար եւ շեշտեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակին դերը Արցախի գրական-մշակութային կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը միշտ պատրաստ է համագործակցելու Համազգայինի ծրագիրները իրականացնելու համար:

Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան պատուոյ գիրեր յանձնեց Հերմինէ Աւագեանին եւ Սերգէյ Սաֆարեանին, որոնք կարողացան յետպատերազմեան Արցախի մէջ այսպիսի շաբաթ կազմակերպել: Երիտասարդ բանաստեղծ Սերգէյ Սաֆարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ սիրով եւ պատրաստակամութեամբ համագործակցած է Համազգայինի Արցախի գրասենեակին հետ եւ ուրախ է, որ գրասենեակը իր շուրջը կը համախմբէ Արցախի ստեղծագործող երիտասարդները: Ան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինը այս նախաձեռնութիւնը ամէնամեայ կը դարձնէ, որովհետեւ յետպատերազմեան Արցախի մէջ այս առաջին կարեւոր եւ յաջողած գրական ձեռնարկներու շարքն էր: Հերմինէ Աւագեան ամփոփեց գրական մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները եւ պատուոյ գիրեր ու մրցանակներ յանձնեց յաղթողներուն: Ան նշեց, որ մրցոյթի դատական կազմը փորձած է ներկայացուած գրական գործերուն մէջ գտնել ժամանակի շունչը, նոր տող, նոր որակ, նոր ըսելիք եւ այս առումով սպասելիքները աւելին էին: Առանձին գրական գործեր արժանացան տարբեր անուանակարգերու եւ պատուոյ գիրերու:

Սիրուած երգչուհի Շուշան Պետրոսեան իր հոգեպարար երգերով ողջունեց գրական մրցոյթի յաղթողները եւ շեշտեց, որ Արցախի ապրելու ձայնը միշտ եւ միշտ պիտի հնչէ:

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդութեան Միութեան Նախաձեռնութեամբ` Արտակ Իշխանեանի Մասին Ժապաւէն

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ Արտակ Իշխանեանի մասին ժապաւէն նկարահանուած է ի խոնարհում ընկերոջ անմար յիշատակին: Այս մասին նշուած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան պաշտօնական էջին կատարած հրապարակման մէջ:

«3 յուլիսը ՀՅԴ Արցախի երտասարդական միութեան անդամ, Դաշնակցական Արտակ Իշխանեանի ծննդեան օրն է: Ան զոհուած է 44-օրեայ պատերազմի օրերուն` պաշտպանելով Մարտունին:

«Արտակի տեսակին մասին անընդհատ պիտի խօսուի, այս մէկը անոր համար կարեւոր չէ, այլ կարեւոր է մեզի` ապրողներուս, որպէսզի չմոռնանք, թէ ի՛նչ անգնահատելի զոհողութեան գնով կ՛ապրինք մեր բուռ մը դարձած Արցախին մէջ եւ փորձենք մեր կեանքին ու գործին մէջ քիչ մը Արտակ ըլլալ», գրուած է գրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր

Յաջորդը

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?