Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքիաւելլիի Ճարտասանական Խաղի Հարթակի Վրայ` Պատերազմ-Պարտութիւն-Անձնատուութիւն

Օգոստոս 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Տիտղոսը չէ, որ պատիւ կը բերէ մարդուն,
այլ մարդն է, որ կը պատուէ տիտղոսը»:
ՆԻՔՈԼԱ ՄԱՔԻԱՒԵԼԼԻ

Հանրապետութեան ՔՊ-ական իշխանութիւնները, դիրքապաշտութեամբ կը հետեւին, ի գին զիջումներու, խաղաղութեան հասնելու հակազգային արդիւնքին` խոստանալով տնտեսական աճ, բարեկեցութիւն, շրջապատին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում եւ® անձնատուութեամբ  խաղաղութիւն:

44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ ամէն օր գրաւուող տարածքներու մասին դադրած են խօսելէ Հայաստանի մէջ. արօտավայր, բարձունք, ճամբայ: Ընդդիմութիւնը պարտք պէտք է համարէ գրաւումներու ամբողջական պատկերը առարկայականօրէն ներկայացնելը, որպէսզի հանրութիւնը գիտնայ եւ ըստ այնմ դիրքորոշուի: Ըստ տուեալներու, արդէն գրաւուած է 800 հեկտար տարածք:

Թուրքիան կ՛ըսէ, որ Զանգեզուրի տարածքով Նախիջեւանը Ազրպէյճանին միջացող ճանապարհը պիտի կոչուի Թուրանի ճամբայ, այսինքն` համաթուրանականութեան սեղմումի օղակ:

Հակառակ ռուսական խաղաղապահ ուժի ներկայութեան` Ազրպէյճան տարածքներ կը պահանջէ կրակոցներով կամ ներխուժումներով, եւ հանրապետութեան իշխանութիւնները տեղի կու տան, կը նահանջեն: Հիմա, նախկին նախարար եւ Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեան աւետարանիչի տեսակէտներ կը յայտնէ, որոնց անդրադարձան, Օգոստոսի առաջին օրերուն, հանրապետութեան եւ սփիւռքի լրատուամիջոցները:

Կարծիքի ազատութիւնը իրաւունք է, նոյնքան իրաւունք է կարծիքներու քննադատութիւնը:

Արսէն Թորոսեան չի խօսիր ժողովուրդի ու ազգի իրաւունքի եւ այդ իրաւունքը պաշտպանելու մասին, այլ այդ իրաւունքէ հրաժարումը կը համարէ իմաստութիւն, իրաւունքի պաշտպանութիւնը` քաղաքական սխալ:

Այսպէս,

Սխալած ենք 1915-ին, եթէ ճիշդ վարքագիծ ունեցած ըլլայինք, ցեղասպանութիւն տեղի չէր ունենար:

Ի՞նչ կրնար ըլլալ այդ վարքագիծը փոխարինող տարբերակը, որ օսմանի կայսրութեան, երիտթուրքերու, համաթրքական եւ համաթուրականութեան տեսաբաններու եւ իշխանութիւններու կողմէ ընդունելի ըլլար, որպէսզի ԱՂԷՏ-ը չպատահէր: Այս մասին պէտք է խօսիլ, ինքնաքննադատութիւն ընելէ առաջ:

Յաղթական օսմանցիութիւնը պարտուածներուն պարտադրած էր ըլլալ երկրորդ դասակարգի հպատակ կամ քաղաքացի` ՏԻՄՄԻ, որուն գոյութիւնը կը հանդուրժուէր, եթէ տէր չըլլար իր հայրենիքին եւ ինքնութեան:

Եթէ օսմանի կայսրութեան մէջ հայը ունենար տիրողին համահաւասար իրաւունքներ, թիրախ եղած չըլլար չարաշահումներու, անարդարութեան, կեանքի սպառնալիքի եւ կորուստի, կողոպուտի ու ջարդի, իշխողի եւ ճնշողի դէմ պաշտպանուելու համար տարբեր դռներ չէր թակեր: Այդ պաշտպանութիւն գտնելու դիմումը այսօր յանցանք կը համարուի արդարացնելու համար կարծեցեալ խաղաղութիւնը եւ արժէք-կեանքի համար անձնատուութիւնը: Ճիշդ է, եթէ անձնատուր եղած ըլլայինք, ինքնութիւն եւ իրաւունք չպաշտպանէինք, կրօնափոխ եւ թրքացած ըլլայինք, ցեղասպանութիւն չէր գործուեր, քանի որ ցեղասպանուելիք ժողովուրդ չէր ըլլար:

Երբ պարտուած Ֆրանսան ենթարկուեցաւ նացի ուժերուն, գործակցողներ եղան, բայց անմիջականէն անդին նայող մարդիկ անսացին զօրավարի մը կոչին, պայքարեցան, գիտցան զոհուիլ, խոշտանգուիլ բանտերու մէջ, որպէսզի իրենց հայրենիքը չդառնայ նացիներու գաւառ:

Ի՞նչ ընենք, որ քաղաքական մեծ (չ)իմաստուններ չենք ունեցած այն օրերուն, ինչպէս այսօր ունինք, խաղաղութիւնը եւ կեանքը գերագոյն արժէք գեղեցիկ խօսքի ետին թաքնուող առաջնորդներ: 1915-ին եւ անկէ առաջ ունեցած ենք ժողովուրդ եւ հայրենիք պաշտպանողներ` ընդդէմ անարդարութիւններու եւ ճնշողներու:

Յաճախ կը յիշեմ Արփիարեանի զիջումներով գոյութիւն պահելու ջատագով «Հայրապետ էֆենտի»-ն, որ միշտ ունեցած է  մեծ եւ պզտիկ կրկնօրինակներ, որոնք երբ կանգնած են դառն իրականութեան առջեւ, «կարմիր ժամուց» տուած են: Կրկին կարդալ «Կարմիր ժամուցը»` ազգային-քաղաքական իմաստութիւն ունենալու համար:

Հայրենիք ու ժողովուրդ պաշտպանողներ եւ ազատութեան ձգտողներ դար մը կամ երեսուն տարի ետք դատել ու ըսել, որ սխալած են, պարտուած եւ պարտուող ժողովուրդի առաջնորդութեան կոչուածի ստրկամտութիւնն է, անհեթեթութիւնը, դատարկաբանութիւնը:

Պարտուածի եւ առաջնորդելու անկարողի ինքնարդարացման սովորական տրամաբանութեամբ, ձախողութիւնները հեռաւոր եւ մօտաւոր անցեալի նախկիններու վրայ բարդել, Հին Յունաստանի իմաստակներու (sophistes) թատրոն է, երբ անատակի եւ պարտուածի դիրքերէ մեկնելով` կ՛ըսուի. «…Ինչպէս նաեւ սխալուել ենք 1991 թուականին` պատերազմի մէջ մտնելով Ազրպէյճանի հետ:… Սխալուել ենք նաեւ 30 տարի առաջ, երբ քանդուող կայսրութեան հոգեվարքի ժամանակ կրկին ընտրեցինք մահն ու պատերազմը եւ «յաղթող» դարձանք, դարձանք ու հպարտութիւնից կուրացանք»:

Ինքնատիպ մտածող մըն է Արսէն Թորոսեան, եթէ մտածող է: Յաղթանակի հպարտութիւնը կը քննադատէ, կ՛երգիծէ, բայց չ՛ըսեր, թէ ինչպէ՞ս հպարտ քաղաքացի կ՛ըլլան ժողովուրդը եւ անոր պարտութիւն պարգեւած ղեկավարութիւնը, օրեր շարունակ զանգուածները օրօրելէ ետք «Յաղթելու ենք» երգելէ ետք:

Երեսուն տարի առաջ եղան Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը. բացորոշ ցեղասպանութիւն: Աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար, որ Արցախի հայ ազգաբնակչութիւնը անձնատուր ըլլար վասն խաղաղասիրութեան, բարի դրացնութեան եւ ռէալ փոլիթիքի, կանխաւ ընդունէր երկրորդ Նախիջեւան դառնալ, ընդունէր հայկական հետքի աւերումը: Պարտութեամբ հպարտ քաղաքացիութեան ջատագովները կրնա՞ն ըսել, թէ քանի՞ հայ մնացած է Նախիջեւան, չե՞ն տեսած, թէ ինչպէս քանդուած-ջարդուած են հայոց գերեզմանները եւ խաչքարերը:

«Յաղթելու ենք» յանկարգելու փոխարէն` մի՞թէ պէտք էր ըսել` սուր քո, պարանոց մեր: Տրամաբանութիւնը այն է,  որ արժէք-խաղաղութիւնը պէտք է պաշտպանել ընդառաջ երթալով ամէն պահանջի, արժէք-կեանքը պէտք է պաշտպանել ընդունելով ազատութեան, անկախութեան, ինքնութեան եւ հայրենիքի կորուստ: Քանի մը անգամ հնչեց վիլայէթ բառը:

Դեռ Հայաստանը վերացնելու եւ, Էրտողանի բնորոշումով. սուրի մնացորդ հայութիւնը վերջնականապէս բնաջնջելու միտող սկսած պատերազմը չէ աւարտած:

Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի չկուրանանք: Վերադառնա՞լ օսմանի օրերու ֆլային, անինքնութիւն աշխատող-արտադրողի վիճակին:

Ի՞նչ կ՛ուզեն Ռեճեփ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ: «Ժողովուրդի իշխանութիւն»-ը այս մասին յստակութեամբ պէտք է խօսի: Զանգեզուրի «Թուրանի ճանապարհ»-ը զիջելէ ետք դեռ ի՞նչ պահանջներ կան: Չեմ կրկներ ընդդիմութեան այն կարծիքը, թէ իշխանութիւնները կ՛ուզեն հաճոյանալ ասոր կամ անոր: Բայց ներսի եւ դուրսի հայերը պէտք է գիտնան, թէ ի՛նչ են պահանջները:

Ի՞նչ գին պէտք է վճարել «հայրենակիցների կեանքը» ընտրելու համար, եթէ պահանջեն Սեւանը, Մեղրին, Գիւմրին եւ Երեւանը:

Պիտի մնա՞նք պատմութեան բեմին վրայ որպէս ինքուրոյն ժողովուրդ, թէ, ինչպէս օսմանի կայսրութեան մէջ, բախտաւոր պարագային պիտի ըլլանք միլլեթ, չըսելու համար` ստրուկ:

Ի՞նչ կ՛ըսէ հայրենի մտաւորականութիւնը: Հայրենի ժողովուրդը, պահ մը մոռնալով նախկինները, կը տեսնէ՞, թէ ո՛ւր կը տանին զինք, եւ ի՛նչ է իր ազգի անդամի պարտականութիւնը: Ի՞նչ կ՛ըսեն սփիւռք(ներ)ի հրաշք սպասող եւ իրատեսութիւնը յանցանք համարող բերանաբաց հայրենասէրները:

Ոչ ոքի դէմ: Պուտ մը իրատեսութեամբ` մնալ ազգին եւ հայրենիքին հետ:

Ի դէպ, այսօր օգոստոս 10-ն է: Բան մը կը յիշեցնէ՞ թուականը: Մոռնա՞լ գերագոյն արժէքները` խաղաղութեան եւ կեանքի համար: Ո՞ր կեանքին համար:

Բարեկամ մը քանի մը անգամ կրկնեց, որ մտածումները պէտք է խտացնել:

Խտացնե՛նք:

Շեղբի վրայ կանգնած ենք: Մինչեւ ե՞րբ այդպէս կրնանք մնալ:

Ինչպէ՞ս իմաստաւորել դիրք ու տիտղոս:

10 օգոստոս 2022, Վիլլեր-սիւր-մեր

Նախորդը

Դաստիարակութիւն…

Յաջորդը

Ակնարկ. Հաւատա՛նք Մեր Բազկի Ու Մտքի Ուժին

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?