ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ակնարկի առաջին մասը կը վերաբերէր գլխաւորաբար օտար արտադրութեան քաղաքական-քարոզչական բնոյթ ունեցող ժապաւէններու:
Բ.- Հայաստանեան-ընկերային
Բ1.- Հինգ երազողներ եւ ձին Բեմադրիչներ` Արէն Մալաքեան եւ Վահագն Խաչատրեան, 2022, 80 վ.: Բներգը փոքր մարդոց իրականանալու առիթ չստացող երազներն են: Բացման տեսարանին մէջ ձիւնապատ մաքուր անրջական դաշտի մը վրայ (ի հարկէ խորհրդանշական) ձիաւոր մը կ՛արշաւէ: Ձին յանկարծ կ՛իյնայ ձիւնածածկ անտեսանելի փոսի մը մէջ: Ձիաւորը եւ իր կաղացող ձին դանդաղ, գլխիկոր կը վերադառնան տուն:
Երազողներն են.- ա.- Ստալինական «բիծա» մը, որ կ՛ուզէ Փարիզը տեսնել եւ ապա … Այդ ի հարկէ անհնար է: բ.- Անշուք, չքաւոր երիտասարդ մը, որ կ՛ուզէ աննման կին մը ունենալ: Ամուսնանալէ ետք կը յայտնաբերէ, որ ինք անպտուղ է : գ.- Հիւանդանոցի վերելակավար տարեց կին մը, որ վերելակը
վերածած է իր բնակարանին, կ՛երազէ անդամակցիլ «տիեզերագնացութեան ակումբ»-ի մը: Ապահովութեան երկու պաշտօնեաներ զինք կը հեռացնեն աշխատանքէն: Դ. եւ Ե.- Միասեռական երկու աղջիկներ ահռելի տգեղ բնակարանային համալիրի մը կտուրին վրայ tarot խաղաթուղթով բախտագուշակութիւն կ՛ընեն եւ կը խաղան «թաքնուած իր գտնել»: Այդ պատրուակ է իրար մարմին շօշափելու: Կը պսակուին քահանայի փոխան խրտուիլակի մը կողմէ: Առաքելական եկեղեցին չ՛արտօներ նման միութիւն: Կը մասնակցին արտառոց տեսքով «փորձառական» երաժիշտներու փորձառական խումբի մը, բայց ոստիկանութիւնը կը միջամտէ: Կը միանան «թաւշեայ յեղափոխութեան»` հաւատալով, թէ այդպիսով պիտի կարենան իրենք զիրենք դրսեւորելու եւ ինքնորոյն ստեղծագործելու ազատութիւն ձեռք բերել: Իրենց ապահով ժամադրավայր կտուրին վրայ միասին կը դիտեն (թերեւս խորհրդանշական) մայրամուտը:
Բոլոր ձիերուն կը սպասեն դարանակալ փոսեր:
Երկխօսութիւնը անկեղծ է, բայց ոչ ուսանելի: Ժապաւէնի աւարտին մենք աւելի տխուր ենք, բայց ոչ աւելի բանիմաց:
Բ2.- Յաջորդ Կայարանը` Դրախտ.- Բեմ. Յարութ Մաքեան, 2022, 25 վ.: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Հայաստանի թշուառ գաւառներու ողբերգական վիճակը: Երիտասարդ բեմադրիչը, որ ծնած է Կապան, նամակագրութեամբ յայտնեց, թէ ժապաւէնը «կիսակենսագրական» է: Անհրապոյր, ամէն առումով գորշ միջավայրի մէջ փակուած անգործ, անհեռանկար երիտասարդը կը դառնայ փողոցային խուլիգան, թմրամոլ, կը դիմէ մանր յանցագործութիւններու եւ կամ մարմնավաճառութեան: Միտքն ու հոգին կը խամրին: Չեմ կրնար աւելի մանրամասնել, որովհետեւ վարչական պատճառով կարելի չեղաւ ժապաւէնը դիտել: Ժապաւէնը կ՛արտայայտէ այդ երիտասարդութեան զայրոյթը, որ զարմանալիօրէն շատ կոշտ կերպով կը դրսեւորուի: Կրկին ու կրկին կը լսենք ֆրանսական «rap» երգ մը .- «je veux te peter la rondelle mon ami, bouge, ton cul» (Կ՛ուզեմ ջարդել քո յետսամասը, բարեկա՛մ, շարժէ՛ յետսամասդ»: Ժապաւէնին մէջ թերեւս տեղ գտած է նաեւ համասեռամոլութիւնը: Մթին պատկեր:
«Կորեական Դելիկատես» (Korean Delicacy, Քորէական համադամ), 2022, 14 վ. բեմ.` Համբարձում Համբարձումեան: Բեմագրութիւնը գրեթէ տառացիօրէն հիմնուած է նոյնինքն բեմադրիչին հեղինակած նոյնանուն կարճ պատմուածքին վրայ: Մութ ու ցուրտ օրերուն չորս թմրամոլ տղամարդիկ, որոնցմէ երկուքը նոր էին արձակուած «ուղղիչ աշխատանքային» գաղութներէ, երրորդը, որ նոր էր վերադարձած «խոպան»-է, եւ «Գազան»-ը, որ Արցախեան առաջին պատերազմի վեթերան մըն է, կ՛որոշեն տօն սարքել: Այդ պայմաններու մէջ տօն էր, երբ սեղանին վրայ ծամելու եւ խմելու բան կար: «Գազան» լսած է, թէ Քորիոյ մէջ շան միսը համադամ կը սեպուի: Մենք ինչո՞վ ենք պակաս Քորիացիներէն Տղեկը մը, որ չունի հեծանիւ, չունի ոեւէ խաղալիք եւ չունի տաք ճտքակօշիկներ ու վերարկու, ձիւնածածկ բակին մէջ տնակ մը կը շինէ իր միակ ընկերոջ` Ջեկոյի համար: Տղեկին հայրը եւ «Գազան»-ը կը մօտենան: «Գազան»-ը պատրուակ մը կը հնարէ շունը իբր թէ մէկ օրուան համար փոխ առնելու: Շունը կատաղի կը դիմադրէ: Շունը քաշկռտելով հեռացած պահուն: հայրը տղուն` «Էդ գործով մի՛ զբաղուի, մի՛ տանջուի»: Շունը ետ պիտի չգար: Մրոտ լամբի կիսամութին մէջ տղամարդիկ կը ծամեն շան կարծր միսը: «Լաւ բան չարեցինք», կ՛ըսէ մին: Լուռ համաձայնութիւն: Ներս կը մտնէ տղեկը`
հարցնելու համար թէ ո՞ւր է Ջեկոն: «Կե՛ր, որսի միս է», կ՛ըսէ «Գազան»-ը եւ պատառ մը կու տայ տղեկին: Դուրսը գլխատման կոճղին վրայ կը տեսնենք արիւնոտ կացին մը:
Յաջորդ առաւօտ, երբ հայրն ու «Գազան»-ը կիսով ուշքի եկած են, տղեկը առած, անձրեւի տակ շան փնտռտուք կը բեմադրեն: Հայրը ստեպ կը յանդիմանէ «Գազան»-ը` Ջեկոն կորսնցուցած ըլլալու մեղադրանքով: Ձիւնածածկ ամայութեան մէջ կը լսենք անոնց կանչերը: «Ջեկօ՜… Ջեկօ՜… Ջե՜կ…»: «Անձրեւ է, ներս արի, կը մրսես», կ՛ըսէ տանջուող հայրը:
Փառատօնի ամէնէն ցնցող ժապաւէնն է: Թշուառութիւնն ու պատերազմը, հետեւաբար թոյն օղին եւ թմրանիւթը բթացուցած են տղամարդոց հոգին: Պահ մը յիշեցի Կորքիի անգործ, խման գազանացած տղամարդը, բայց այդտեղ կար նաեւ կին, որ պահպանած էր մարդկային զգացումները: Այստեղ տանտիկինը մեղսակից է ոճիրին: Անոր օճախին վրայ վաղուց համադամ չէր եփած …
Revolivetion (Յեղա-կենսա-փոխութիւ՞ն).- Բեմադրիչներ` Արա Ճաղարեան եւ Արտաշէս Մաթեւոսեան, 2022 73 վ.:
Ժապաւէնին ջախջախիչ մասը համադրումն (montage) է «թաւշեայ յեղափոխութեան» ընթացքին հեռախօսով հապճեպ նկարուած գեղագիտական առումով վատ որակի տեսարաններու: Հսկայ քանակի տեսանիւթէն պահուած է հազիւ թէ մէկ տոկոսը:
Բացման տեսարանը խորհրդանշական մկրտութենէ մը առնուած է: Նոր կեանք, նոր ուխտ: Քահանան կրկին ու կրկին կը հրահանգէ.- «Հրաժարիմք ի սատանայէ եւ յամենայն խաբէութենէ նորա… »: Անմիջական մոնթաժով կը լսենք ցուցարաներու առաջնորդ մը որ կրկին ու կրկին կը թելադրէ.- «Մերժի՛ր Սերժին, մերժի՛ր Սերժին…». բացատրելու կարիք կա՞յ: Կը տեսնենք ցուցարարներու համերաշխութիւնը եւ մօտիկութիւնը: Խճողուած մեթրոյի մէջ եւ այլուր մարդիկ կպած են իրար, չեն խորշիր ֆիզիքական հպումէ: Այդ խօսուն է, ցայտուն, նոյնիսկ աղաղակուն: Կը տեսնենք ոստիկանութեան գործադրած բռնութիւնը, վիրաւորներ: Կը տեսնենք յաղթանակի ցնծութիւն, խելակորոյս խանդավառութիւն. «Գնում ենք Թուրքիան վեկալելու», կ՛ըսէ երիտասարդ մը (1): Կը տեսնենք համատարած շփոթը: ՉԵՆՔ տեսներ Նիկոլի եւ կամ ոեւէ նիկոլականի ատենաբանական ելոյթ, այդ եւս խօսուն է:
Առերեւոյթ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ջատագովութիւն թուացող ժապաւէնին մէջ մերթ ընդ մերթ կը սպրդին յոյժ վրդովեցուցիչ պատկերներ.-
Անձրեւի ու մրրիկի գորշ խորապատկերին վրայ ծուարած կը տեսնենք թիթեղածածկ խեղճուկ գաւառական բնակարան մը: Տղամարդ մը դուրս կու գայ եւ կը փորձէ բան մը ընել: Ապա կը վերադառնայ փոթորիկին յանձնուած տնակ: Ինչո՞ւ կը հրաժարի փորձէն: Խորհրդանշակա՞ն:
Տղամարդ մը կրկին ու կրկին կը փորձէ եւ կը ձախողի բանալ ապակեայ դուռ մը, որուն ետին ոչինչ կը տեսնուի, բացի ամայի միջանցքէ մը: Անհեթեթի թա՞տր, սեաւ հումո՞ր …
Զանգուածային հաւաքի ընթացքին կը հնչեն Ս. Աննա ուխտավայր եկեղեցւոյ զանգերը: Հրաշագործ Աննա անկարելի ծննդաբերութիւններ կ՛իրականացնէ: Կրկին սեաւ հումո՞ր:
Արեւելեան եւրոպացիի արտաքինով բարեմիտ տղամարդ մը ցուցարարներուն ուղղուած թատերական բնոյթի անհասկնալի մենախօսութիւն մը կ՛ընէ: Ելոյթը կը կրկնուի: Ինչու կրկնուած է անհասկնալի ճառախօսութիւն մը, երբ հում տեսանիւթերու 99 տոկոսը զեղչուած էր… Ի՞նչ կը փորձէր հասկցնել մեզի բարեմիտ օտարականը… Ցուցարար երիտասարդներու երկխօսութիւնը ցաւոտ կերպով կը ցուցադրէ անոնց քաղաքական տհասութիւնը…
Աւարտական տեսարանին մէջ գորշ, ամայի երթուղիի մը վրայ խոշոր մաշած բեռնատար մը կը հեռանայ դէպի աղօտ անորոշ հորիզոն: Բացատրելու կարիք կա՞յ:
Յ. Գ. Սկզբնական շրջանին նոյն խանդավառութիւնը, եւ բան մը աւել, կը տիրէր սփիւռքի մէջ: Պահարանին մէջ ծալլած ունիմ «Դուխով» T-շապիկ մը: «Դուխ»-ը (ռուսերէնով` ոգի) կու գար այն յոյսէն, թէ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ: Սակայն չիք յեղափոխութիւն, առանց տեսլականի եւ այդ տեսլականը կրող դասակարգի: Յեղափոխութիւն կը նշանակէ ընկերային նոր յարաբերութիւններ, յատկապէս արտադրութեան մէջ: Նիկոլական թէ այլ ոեւէ կողմ առաջադրե՞ց նման տեսլական: Ցաւօք` ո՛չ: Բարոյախօսութիւնը ողբ մըն է, որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ հին կտակարանի բազմաթիւ մարգարէները եւ անդին: Իսկ հայրենասիրական ատենախօսութիւնները պարզապէս…
Գ.- Լուռ Ցաւեր.- Այս սեռի ժապաւէնները կ՛արտայայտեն իրենց հեղինակ-բեմադրիչներու անհատական տուայտանքները: Որոշ առումով նման են քնարերգակ (lyric) գրականութեան:
Գ1.- Կապոյտի միջով (Crossing The Blue).- Բեմ. Վիկտորիա Ալեքսանեան, 2022, 12վ. : Միակ ժապաւէնն է, ուր գլխաւոր հերոսուհիի անհատական ցաւը ձեւով մը առնչուած է ընդհանուրին: Մահամերձ կին մը, որ փախչած էր պատերազմներէ, կ՛որոշէ վերադառնալ Հայաստան, ի գին յաւելեալ տառապանքի եւ զոհողութեան: Կապոյտը խորհրդանշական ակնարկ է երկնքին, անդենականին:
Գ2.- Մենաւոր գիշեր (Seuls dans la nuit– Մինակ` գիշերուան մէջ).- Առնօ Խայաջանեան, Ֆրանսա, 2022, 15 վ.:
Անուղղակի պատկերաւոր ակնարկներէ կը հասկնանք, որ` իր ընկերոջ հանդէպ աններելի յանցանքի մը զգացումէն մղուած, երիտասարդ մը կը պատրաստուի անձնասպանութիւն գործել: Մեկնելէ առաջ կը ջրէ արհեստական լոյսի տակ աճեցուած բոյսեր: Անկեղծ ասած չփորձեցի իսկ վերծանել, թէ այդ ի՛նչ կը նշանակէ: Ներս կը մտնէ ընկերուհին, որ տեղեակ է կացութենէն: Աղջիկը, որ թերեւս դերասանուհի է, կը կարդայ (հաւանաբար ականաւոր Ժան Քօքթոյի հեղինակած) Օրֆէոսի թատերգութենէն իր բեմական հատուածը, որպէսզի տղան օգնէ աւելի լաւ արտասանելու: Օրֆէոս իր երաժշտական բացառիկ տաղանդին որպէս գնահատանք աստուածներէն արտօնութիւն ստացած էր իջնել Հադէս` խաւարի թագաւորութիւն, եւ դէպի լոյս աշխարհ վերադարձնել իր սիրեցեալը: Առասպելը յաճախ գործածուած է արուեստի զանազան ճիւղերուն մէջ: (Տես կողքի նկարը): Հերոսը եւս կը պատրաստուի իջնել խաւարի թագաւորութիւն: Աղջիկը նամակ մը կը ձգէ եւ կը հեռանայ: Տղան նամակը կ՛այրէ առանց բանալու:
Գ3.- Երբ ես տխուր եմ (When I am Sad).- Լիլիթ Ալթունեան, 6վ. սեւի վրայ սպիտակ, խիստ սղուած, խիստ կարճ գծագրային (animation) ժապաւէն: Ի տարբերութիւն նոյն սեռի նախորդ երկու (Գ1 եւ Գ2) գործերուն, տխրութիւնը վերացական է, անբացատրելի: Թերեւս իր արցունքի ծովուն մէջ ընկղմած միջին տարիքի կինը այս կամ այն պատճառով առանձին է եւ կը խորհի, թէ տխրութիւնը զինք աւելի գրաւիչ կրնայ դարձնել: Գործածուած են դիւրաւ ճանաչելի խորհրդանիշներ, ինչպէս` թռչուն, վանդակ եւ ճերմակ թուղթէ փոքրիկ նաւակ, որ այս պարագային չի լողար դէպի ծովը կապուտակ (2):
Դ.- Հայրենասիրական.- Շարժապատկերի մէջ Արցախեան աղէտի դրսեւորման անդրադարձած եմ նախապէս (3 Ա Բ):
Այս բաժնի ժապաւէնները ընկալման առումով ոչինչ կ’աւելցնեն: Նպատակը, ըստ երեւոյթին, եղած է աշխարհին ցոյց տալ, թէ ի՛նչ պատահած է մեզի: Բայց այդ կը կատարուի ճակատային, «կացնային ուղերձ»-ի ձեւաչափով: Նման մօտեցում արդիւնաւէտ չէ, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ:
Աւելցուած են քանի մը օտար, զօրակցական բնոյթի գործեր, որոնցմէ մէկուն («Եթէ Հողմը հանդարտի») նախապէս անդրադարձած եմ (4):
Ժապաւէններն են.-
«The Invisible Republic» Անտեսանելի Հանրապետութիւն (թարգմանուած` «Չտեսնուած Հանրապետութիւն».- Բեմադրիչն է ամերիկաբնակ ականաւոր գործիչ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի թոռ` Կարինը, իսկ արտադրիչը` Սերժ Թանկեան: Ընտրուած էր փակման հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուելու համար: Տարակուսելի «հուսկ բանք» մը:
«The Forgotten Homeland» «Մոռցուած հայրենիք», Իսսամ Նաժի: «Ազդակ» մօտիկ անցեալին անդրադարձած էր այս ժապաւէնին (5) : Եգիպտացի բեմադրիչին զօրակցութիւնը գնահատելի է, սակայն անոր կեցուածքը կը նմանի բարեմիտ մարդու մը, որ օտար երկրի մէջ պատշգամ ելած է եւ վարը, իր չիմացած լեզուով վիճող մարդկանց խորհուրդներ կու տայ:
«Մենք ենք մեր լեռները», Առնօ Խայաջանեան, Պապիկ ու Տատիկ յուշարձանին մասին
«Լեռնային Ղարաբաղի նռները» Թոմաս Սիտերիս – Յունաստան
«Եթէ Հողմը Հանդարտի»
«Դիմակայություն», «Resistance» Ոչ համոզիչ կերպով կը փորձէ համատեղել «Քորոնա»-յի եւ Արցախեան պատերազմի աղէտներու ընդդէմ դիմադրութիւնը:
«Ապրելու ցանկութիւն» (The Desire to live), Մարիամ Աւետիսեան: Այս բաժնի ամէնէն դառն ժապաւէնը: Կը խօսի Քաշաթաղի մէջ նորապսակ եւ բազմամարդ հայրենադարձներու համար 2014-ին կառուցուած բնակարաններու մասին: Այդ բնակարաններէն ոմանք արդէն հրկիզուած են իրենց տէրերուն կողմէ, որպէսզի բաժին չդառնան ազերիներու:
Վերակրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ շարժապատկերի մէջ (եւ այլուր) արցախեան աղէտի գեղագիտական դրսեւորումը տակաւին չէ իրագործուած: Պէտք է յուսալ, որ յաջորդ «Ոսկէ Ծիրան»-ը կը վերականգնէ իր «Հայկական համայնապատկեր» առանցքային բաժինը եւ բանիմաց կերպով ձեռք կ՛առնէ ցաւոտ նիւթը:
Սեաւ ծիրանը աւելի հիւթեղ չէ, երբ կը հրամցուի ոսկեզօծ սկուտեղի վրայ:
10 օգոստոս 2022
(1).- Վեկալել.- վերցնել, առնել:
(2).- Այո՛, Հախվերդեանի շատ ծանօթ երգը:
(3).- Արցախեան աղէտներու դրսեւորումը շարժապատկերի մէջ, Ա, եւ Բ, «Ազդակ», 6 եւ 7 յունիս 2022:
(4).- «Պատերազմի նամակաբեր», «Ազդակ» 24 նոյեմբեր 2020:
(5).- «Ֆիլմիս գլխաւոր պատգամը հայութիւնը միացած տեսնելն է», տեսակցութիւն, «Ազդակ» 19 յուլիս 2022: