ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Անարդար պիտի ըլլար բոլոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները` ՈԿԿ (NGO), Հայաստանի, կամ որեւէ երկրի մէջ օտարին գործակալներ նկատելը: Թիւով քիչ, սակայն կա՛ն զուտ հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք օտարներէն մնայուն կերպով նիւթական աջակցութիւն չեն ստանար, աւելի ճիշդը` օտարին պաշտօնեաները չեն, սակայն երբեմն իրենց հետապնդած նպատակը յաջողեցնելու համար օտարէն նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան, կամ` ոչ:
Կան նաեւ գրանցուած ու չգրանցուած օտար պետութեան մը շահերը հետապնդող գաղտնի կազմակերպութիւններ, որոնք այս կամ այն «բարեսիրական», «հանրային» եւ այլ կազմակերպութիւններու եւ մանաւանդ աղանդներու (միսիոնարներ, Եհովայի վկաներ եւ այլն) ետին, անոնց միջոցով կը գործեն: Ամէն պարագայի, Հայաստանի մէջ կան 5700 գրանցուած ՈԿԿ-ներ, սակայն կը խօսուի 12500-է աւելի չգրանցուած ՈԿԿ-ներու գոյութեան մասին, որ շատ հաւանական է… Անհաւատալի թիւ մըն է արդէ՛ն պաշտօնական 5700-ը, կամ` նո՛յնիսկ եթէ անոնց թիւը 100 ըլլար: Ինչո՞ւ:
- Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յանձնարարած կայուն զարգացման 17 ՈԿԿ-ներուն`NGO բնագաւառները (1): 2. Առաջինին` աղքատութեան դէմ պայքարող` ՄԱԿ-ին ճանչցած 8 ՈԿԿ-ները:
Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ ՈԿԿ-ներուն թիւով թերի բնագաւառներ, մարզեր, հարցեր կամ անարդարութիւններ կան, որոնցմով կառավարութիւնը չի զբաղիր, կը մերժէ, կը զլանայ, կամ կ՛անտեսէ եւ անոնց հետապնդումին, կամ բացը գոցելու եւ լուծումին համար այսքան թիւով կազմակերպութիւններ կ՛աշխատին… Սակայն այդպէս չէ:
Վրաստանը իր բնակչութեան համեմատած` կոտրած է մրցանիշը, ՈԿԿ-ներու աշխարհի ամենաբարձր թիւը ունի` 27157, այսինքն` շուրջ 150 վրացիի համար մէկ ՈԿԿ (2)… Ահաւասիկ Արեւմուտքին կողմէ երկրի մը մէջ թափանցումի յստակ մէկ նմուշը` Վրաստանը: Այնպէս որ, Հայաստանի ոչ պաշտօնական թիւը` 12500 ՈԿԿ-ներու, անհաւանական չէ: Օտարին համար երկիր մը ներսէն «գրաւելու» լաւագոյն գործիքներն ու միջոցներն են իրեն ծառայող վճարովի պաշտօնեաներով, ՈԿԿ-ները: Յառաջացած երկիրներու մէջ ալ մեծ թիւով ՈԿԿ-ներ կան, սակայն անոնց անդամները ընդհանրապէս կամաւոր կերպով կը գործեն, կամ իբրեւ ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւններ` ինչ-ինչ ձեւերով տուրքերէ զերծ մնալու կը ծառայեն:
Իսկական ու բնական ՈԿԿ-ներուն անդամները քով-քովի գալով, կամաւոր կերպով (առանց վճարում ստանալու) իրենց մտահոգութիւն պատճառող հանրային հարց մը կը հետապնդեն, մինչեւ որ անոր բարւոք լուծում ապահովեն: Սակայն շատ լաւ գիտենք, որ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ բառին բուն իմաստով «կամաւոր` ձրի աշխատանք» գոյութիւն ունեցած չէ, եւ այդպիսի մշակոյթ իրենց համար խորթ է: Սփիւռքի նման վարժուած չեն կամաւոր, ձրի հանրային ծառայութեան կամ աշխատանքի:
Հայաստանի պարագային, մենք ալ փորձառութեամբ կը վկայենք այս մէկը (բացառութիւնները շատ քիչ են): Հետեւաբար կարելի է ենթադրել, որ այս բոլոր ՈԿԿ-ներուն անդամներուն եւ աշխատողներուն մեծամասնութիւնը ամսական դրութեամբ հատուցում կը ստանայ: Արդէն պարզ է, որ իբրեւ ոչ կառավարական մարմիններ պետութենէն չէ որ կը ստանան իրենց նիւթական գումարները, այլ դուրսէն, օտարէն: Հետեւաբար կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի մէջ գործող ՈԿԿ-ներու անդամներուն եւ աշխատողներուն մեծամասնութիւնը օտարէն աշխատավարձ կամ յատկացում եւ ուրեմն նաեւ ցուցմունք կը ստանայ: Պարզ հաշուով, եթէ իւրաքանչիւր ՈԿԿ նուազագոյնը 2 անդամէ բաղկացած է, արդէն կ՛ունենանք 25 հազար օտարէն կախեալ, ընդհանրապէս բարձր ուսումի տէր պաշտօնեաներու փաղանգ մը:
Ուրեմն որքա՛ն շատ ՈԿԿ-ներ գոյութիւն ունենան, օտարին կողմէ այնքան շատ այդ երկրին ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու առիթներ եւ միջոցներ կը ստեղծուին` վերոնշեալ լոզունգ դարձած գեղեցիկ սկզբունքներով, մարդասիրական 17 «կայուն զարգացման» պատրուակներով:
Հայաստանի մէջ զանազան պատասխանատուներ շատ կը զարմանան, ու ոմանք չեն ալ հաւատար, որ սփիւռքի մէջ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն վարչութիւնները եւ անոնց անդամները 100 տարիէ աւելի կամաւոր, ոչ վճարովի դրութեամբ կը գործեն: Աւելի՛ն. անոնք անդամավճար կը վճարեն, նաեւ` ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը, կազմակերպութիւններուն եւ վարչութիւններուն անդամներն ու պատասխանատուները, տուեալ նպատակի մը համար, թէ՛ իրենց աշխատանքի եւ հանգիստի ժամերն ու արձակուրդները կը զոհեն, թէ՛ ալ շատեր նիւթական յատկացումներ կը կատարեն զանազան նպատակներու եւ ազգային այլ կազմակերպութիւններու:
Ի՞նչ է ՄԱԿ-ի տեսակէտը ՈԿԿ-ներու մասին (1): «ՄԱԿ-ի հիմնադրութենէն ի վեր ՈԿԿ-ները վճռորոշ անդամներ եղած են քաղաքականութեան ճշդումին եւ անոր գործադրութեան ընթացքին մէջ: ՈԿԿ-ները ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւններ են, որոնք աշխարհի տարածքին կ՛աշխատին մարդասիրական, մարդկային իրաւունքներու եւ կայուն զարգացման հարցերու լուծման համար»:
ՄԱԿ-ի ճշդած 17 բնագաւառներն են (վերջաւորութեան նշուած թիւը կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ին ճանչցած միջազգային այդ ՈԿԿ-ներուն թիւը, գումարը` 94).
1.- Վերջ տալ տեսակի աղքատութեան` ամէն տեղ – 8:
2.- Վերացնել անօթութիւնը, շնորհել ուտելիքի ապահովութիւն, բարելաւուած սնունդ եւ կայուն հողագործութիւն – 4:
3.- Ապահովել առողջ եւ հանգստաւէտ կեանք բոլոր տարիքներուն համար – 13:
4.- Ապահովել բոլորը պարփակող, արդար ու որակաւոր ուսում եւ քաջալերել ամբողջ կեանքի ընթացքին բոլորին ուսման կարելիութիւնը – 7:
5.- Ապահովել սեռերու հաւասարութիւնը եւ լիազօրել կիներն ու աղջիկները – 6:
6.- Ապահովել ջուր բոլորին` կայուն մատակարարումով եւ առողջապահութիւն ամէնուն – 5:
7.- Ապահովել մատչելի, վստահելի եւ կայուն արդիական ուժանիւթ բոլորին – 6:
8.- Յառաջացնել կայուն, պարփակող եւ վստահելի տնտեսական զարգացում, մնայուն եւ արժանապատիւ գործ հայթայթել բոլորին – 4:
9.- Ճկուն ենթակառոյցներ շինել, քաջալերել կայուն ճարտարարուեստը եւ քաջալերել նորարարութիւնները – 3:
10.- Նուազեցնել երկրին մէջ եւ երկիրներու միջեւ անհաւասարութիւնը – 5:
11.- Քաղաքները եւ ներառեալ համայնքները ապահով, ճկուն ու կայուն դարձնել – 3:
- Ապահովել կայուն սպառումի եւ արտադրութեան միջոցներ – 3:
13.- Անյետաձգելի միջամտութիւն կատարել` պայքարելու համար կլիմայի փոփոխութեան եւ անոր հետեւանքներուն դէմ – 5:
14.- Պահպանել ովկիանոսները, ծովերն ու ծովային պաշարները` կայուն զարգացման համար – 4:
- Պահպանել ու կայուն կերպով վերականգնել եւ բնապահպանական միջոցներով օգտագործել անտառները, անտառահատումի դէմ պայքարիլ, շրջել անապատացումը եւ կասեցնել կենսաբանական բազմակերպութեան կորուստը – 6:
- Համայնքներուն խաղաղ եւ կայուն զարգացման օժանդակել, բոլորին ապահովել արդարութիւն եւ յառաջացնել բոլոր մակարդակներու համարատու հաստատութիւններ – 9:
17.- Զօրացնել համաշխարհային գործընկերութեան զարգացումի գործադրութեան միջոցները – 3:
Ինչպէս կը տեսնենք, նախորդող Գ. մասին մէջ նշուած Փրակայի քաղաքացիական հասարակական կեդրոնին կողմէ Հայաստանի մէջ թէ այլուր կազմակերպած «Տապալէ կառավարութիւնդ» դասապահերուն վերոնշեալ 17 բնագաւառներուն մասին բացարձակապէս որեւէ նշում չկար: Զիրենք հետաքրքրողը միայն 17 ա՛յլ միջոցներու մասին է: Իրենց ծրագիրը եւ նպատակը առաւելագոյն թիւով հետեւորդ ժողովուրդ հաւաքելն է տապալելու համար վարչակարգեր, որպէսզի իրե՛նց ենթարկուող ապազգային իշխանութիւններ եւ բռնապետներ նշանակեն:
«Օսլոյի ազատութեան հաւաքը (The Oslo Freedom Forum) համաշխարհային խորհրդաժողով մըն է, որ Մարդու իրաւունքներու հիմնարկութիւնը (Human Rights Foundation) կը կազմակերպէ, քով-քովի կը բերէ աշխարհի ամէնէն նուիրեալ մարդկային իրաւանց ջատագովները, լրագրողները, արուեստագէտները, ճարտարագիտական նորարարութեան մասնագէտներ եւ աշխարհի ղեկավարներ` կիսելու համար իրենց պատմութիւնները եւ խորհրդակցելու աշխարհի տարածքին ազատութիւն տարածելու եւ ազատ արձակելու մարդկային կարողականութիւնը» (3) իրենց նպատակին մասին կը գրէ կայքէջը:
- Տը ֆրիտըմ ֆանտին (The Freedom Fund) դրամարկուները (investor) եւ նեցուկ կանգնող կառավարութիւններու ցանկին մէջ են Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները (6): 4. Անամօթաբար, Օսլօյի հաւաքին մասնակիցները սրահի մուտքին նախագահներ Փութինի, Մատուրօյի, Զի Ճինփինկի եւ Քիմ Ընի նկարներուն վրայ կոխելով ներս կը մտնեն…Նկարներուն վրայ գրուած է կոխեցէք բռնապետութեան վրայ (5): Ցուցարարներ փողոցին մէջ կրնան այսպիսի արարքներ գործել, սակայն պաշտօնական հաւաքի մը կազմակերպողներուն այս ըրածը ընդունելի չէ:
«Օսլոյի ազատութեան հաւաք»-ին էութեան մասին «Տը Կարտիըն» թերթը կը գրէ (4). «Յեղափոխականներու համար Տաւոս մը, ուր գործիչներ, որոնք տապալած են բռնապետութիւններ, կը հանդիպին գործիչներու, որոնք կ՛ուզեն տապալել բռնապետութիւններ»: Արդեօք ցարդ ո՞ր բռնապետութիւնները տապալած են անոնք եւ հաստատած` գեղեցիկ, արդար, օրինակելի ու բարգաւաճ երկիրներ… ԿԱՐԵԼԻ ՉԵՂԱՒ ԳՏՆԵԼ ՈՐԵՒԷ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅ: Իսկ օր ցերեկով, Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլօյի մէջ, թէ` այլուր, երկիրներու կառավարութիւններ տապալելու ծրագիրներ կը մշակեն, որուն համար այդ երկիրներէն մարդիկ կը մարզեն… Ո՞վ տուած է իրենց այդպիսի իրաւասութիւն…
«Տը Նիու Աթլաս» կայքէջը «Օսլոյի ազատութեան հաւաք` Միացեալ Նահանգներուն փոխարինողները կը մարզուին եւ կը ծրագրեն յաջորդ «Ուքրանիան»» («Oslo Freedom Forum: US Proxies Train and Plan for the Next «Ukraine»») խորագիրով տեսանիւթով մը նաեւ կը բացայայտէ այսպէս կոչուած «Գունաւոր յեղափոխութիւն»-ներուն ծրագրումի եւ պատրաստութեան եղանակը (5):
Այս հաւաքին գլխաւոր հովանաւորներէն է «Տը ֆրիտըմ ֆանտ»-ը, որ կարգ մը ընկերութիւններու շարքին կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ, որոնք ցանկին վերջաւորութեան, նշուած են իբրեւ The freedom fund-ը տնտեսող եւ անոր նեցուկ կանգնողներ (6) (տես` նկար 3): Թէեւ արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցներէն եւ քաղաքական գործիչներէն յայտնի են այս «Գունաւոր յեղափոխութիւն»-ները ծրագրողներն ու կազմակերպողները, սակայն այս կայքէջը կասկածի որեւէ առիթ չի տար:
Ուրեմն այս տեղեկութիւնները քով-քովի բերելով, յստակ կը դառնայ, որ Անգլիոյ եւ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնները, զանազան «մարդասիրական» ընկերութիւններու ետին, կամ` կողքին, կը կազմակերպեն իրենց ընտրած երկիրներուն մէջ «գունաւոր, կամ թաւշեայ յեղափոխութիւններ»:
Ահաւասիկ «Արեւմուտք»-ը, որ իրմէ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու երկիրներու մէջ յեղափոխութիւններ սարքող, դաւադրող կողմն է, 100 հազարաւոր զոհեր պատճառողը, այլոց երկիրները քարուքանդ ընողը եւ միլիոնաւոր գաղթականներ պատճառողը` հեգնօրէն, վերոնշեալ 17 մարդասիրական եւ կայուն զարգացման բնագաւառները աւելի՛ վատթարացնողը եւ ոտնակոխ ընողն է:
22 յուլիս 2022
(Շար. 4 եւ վերջ)
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին
- https://bestdelegate.com/ngoguide/
- https://www.globalgiving.org/atlas/country/georgia/
- https://oslofreedomforum.com/about/
- https://oslofreedomforum.com/
- https://www.youtube.com/watch?v=y6S_fHt5ndo
- https://freedomfund.org/about/investors/
Տես նաեւ`
https://www.globaltimes.cn/page/202112/1240435.shtml