Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թուրքեւազրպէյճանական Շտապողականութիւնը Սանձող Դրսեւորումներ

Օգոստոս 30, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նախագահի նշանակումին առիթով տեղի տուած է Պաքուի սուր հակազդեցութեան: Պլինքըն գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են օգնել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին բանակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ: Դեսպան Ռիքըրը կ՛աշխատի նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ  կը նպաստէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան:

Բացի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի վերաշխուժացման առաջադրանքէն, այստեղ կան կարեւոր ուղերձներ, որոնք պէտք է լուսարձակի տակ բերել:

Ռիքըրը արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կովկասեան հարցերու բաժանմունքին պատասխանատուն է, լիազօրուած ներկայացուցիչը Կոկվասի եւ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն: Ընդամէնը երեք ամիս առաջ էր, որ Ուաշինկթընը համանախագահի նոր նշանակում կատարած էր. հիմա շատ արագ նոր նշանակում կատարելով եւ ամբողջ տարածաշրջանին պատասխանատուն համանախագահ դարձնելով Ուաշինկթընը կ՛ազդարարէ իր դիւանագիտական մուտքին նոր թափ հաղորդելու որոշումը: Պարզ է, որ արցախեան հակամարտութեան թղթածրարը տարածաշրջանային նշանակութիւն ունի եւ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան տարածման թիրախային գօտիի վերածուած է:

Երբ Պլինքըն կը խօսի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման մասին, ըսել կ՛ուզէ, որ կարգաւորման գործընթացին իր ներգրաւումը պայման է. այսպիսով կը ջրէ Պաքուի եւ Անգարայի յայտարարութիւնները, թէ` Արցախի հարցը անցեալ է:

Կարեւոր վերլուծելի բաժին կայ յայտարարութեան վերջնամասին մէջ: Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են համագործակցելու այս գործընթացին այլ համախոհ գործընկերներու հետ. այստեղ օրինակ տրուած է Եւրոպական Միութիւնը: Երբ Եւրոպական Միութիւնը միայն կ՛ընդգծուի, այդ ինքնին կը նշանակէ Մոսկուայի շրջանցում: Մէկ կողմէ ԵԱՀԿ-ի վերագործարկման առաջադրանք, միւս կողմէ` Մոսկուայի շրջանցում եւ Եւրոպական Միութեան ներառում: Աւելորդ չէ այստեղ մտաբերել Պրիւքսելի աշխուժացումը իբրեւ միջնորդ եւ այդ առումով եռակողմ հետեւողական հանդիպումներու ձեռնարկումը: Մոսկուայի նախաձեռնած եռակողմերուն առընթեր պրիւքսելեան եռակողմերը պէտք է ընկալել Միացեալ Նահանգներու նշած համախոհ գործընկերներու հասկացողութեան եւ ընդհանուր առումով Մոսկուայի շրջանցման քաղաքականութեան  մէջ:

Պատահական չէր ուրեմն Պաքուի  հակազդեցութիւնը. թէ` Ուաշինկթըն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը վերաշխուժացնելու իր փորձերով ինքզինք դուրս կը մղէ Ազրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն: Պաքուն ճիշդ ընկալած է նաեւ Ռիքըրի պաշտօններու համատեղումը, որովհետեւ հակազդած է` «միջազգային հանրութիւնն ու Ազրպէյճանի գործընկերները պէտք է հասկնան, որ Ազրպէյճան – Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները Ղարաբաղի խնդիրին հետ կապելը  ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ կարգաւորման»: Դեսպան Ռիքըրը ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանի թղթածրարի պատասխանատուն է, որուն լիազօրութիւններուն մէջ ներառուած են թէ՛ արցախեան հակամարտութիւնը եւ թէ՛ Հայաստան -Ազրպէյճան յարաբերութիւնները: Մինչդեռ Պաքուի ռազմավարութիւնը առաջնային օրակարգ բերել է ճանապարհներու բացումը, սահմանազատում- սահմանագծումը, Նախիջեւան – Ազրպէյճան ցամաքային կապը:

Ընդհանուր այս վարքագիծին մէջ պիտի ընկալել նաեւ արդէն քանիերորդ անգամ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն մերժումը Շուշի այցելելու հրաւէրին:

Եւ այս առումով օրինաչափ է ու տեղին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին յայտարարութիւնը. «Ողջունելով Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու դեսպաններուն բռնագրաւուած տարածք չայցելելը` անգամ մը եւս կը համոզուինք, որ տագնապը աւարտած չէ եւ բացառապէս քաղաքական լուծում կը պահանջէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին ներքեւ»:

Անցնող փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը յատուկ օրէնք կը քուէարկէր պատերազմի երեք արարներուն ընթացքին բռնագրաւուած տարածքներուն վերաբերեալ: Այդ առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ  կոչ կ՛ուղղէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու եւ ԵԱՀԿ-էն ստացուած լիազօրութեան համապատասխան ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ բանակցային գործընթացը վերսկսելու համար:

Այդ օրերուն Ուքրանիոյ պատերազմը չէր սկսած անշուշտ, եւ աւելի մեծ էր կարելիութիւնը, որ Ուաշինկթընն ու Մոսկուան  վերստին ներգրաւուէին նոյն ձեւաչափին մէջ: Հիմա դժուար է նման պատկերացում մը ունենալը, մանաւանդ որ պաշտօնական Մոսկուան եւս յայտարարեց ԵԱՀԿ-ին սպառած ըլլալուն մասին իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով:

Իրադրութիւնները վերստին կը յուշեն, որ կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ տարբեր են գլխաւոր խաղցողներուն պատկերացումները: Ինչ որ կը սանձէ Պաքուի եւ Անգարայի շտապողականութիւնը:

 «Ա.»

Նախորդը

Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Ընդլայնուած Նիստի Հրաւիրած Են

Յաջորդը

Անգարան ՕԹԱՆ-ին Պիտի Դիմէ Յունաստանի Կողմէ Թրքական «Էֆ-16»-ներու Դէմ «Էս-300»-ներու Կիրարկման Հարցով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?