Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Հայոց Նորագոյն Պատմութեան Էջերէն (1915-2020)» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

Օգոստոս 30, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Երբ գնահատելի յօդուածներ թէ գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ լոյսին եկած են օրաթերթերու, պարբերականներու թէ տարեգիրքերու մէջ, մէկտեղուին հատորի մը ծածկին տակ, կարծես, անոնց կը տրուի նոր շունչ, վերստին «ապրելու» պատեհ առիթ եւ կրկին կարդացուելու կարելիութիւն:

Քանի մը ամիս առաջ, գիրքին հեղինակը` պատմաբան, վաստակաւոր տնօրէն եւ կրթական մշակ Զաւէն Մսըրլեան, նուիրած էր այս նոր հատորը: Ինչպէս միշտ, երբ գրասեղանիդ վրայ է նոր գիրք մը, հետաքրքրութիւնդ ինքզինք կը պարտադրէ, գէթ սապէս արագ ակնարկ մը նետելու հատորին, մօտէն առնչուելու բովանդակութեան եւ ի հարկին ընթերցելու քանի մը էջ կամ բաժին, հետագային ամբողջացնելու զայն:

Տարբեր առիթներով յայտնած ենք, որ Զաւէն Մսըրլեանի գիրքերը ունին տարբեր հնչեղութիւն, գրաւչութիւն, այն առումով, որ, երբ սկսիս թերթատել հատորը, ներքին մղում մը քեզ կը հրաւիրէ շարունակելու ընթերցանութիւնդ` պարզ այն բացատրութեամբ, որ հատորիին ընդգրկած նիւթերը` պատմագիտական թէ այլ, ունին մշակուած լեզու, ոճ եւ օժտուած են հարուստ աղբիւրագիտական տուեալներով:

Փաստօրէն, այս գիրքին մէջ հեղինակը, 16 ուսումնասիրութիւններ` տարբեր նիւթեր շօշափող, ի մի բերած է, պահելով իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնը, արժէքը, եւ սակայն կրցած է անոնց միջեւ առկայ բովանդակային կապն ու առնչութիւնը կենդանի պահել, պարզապէս դասաւորելով անոնց այլազան ու բազմակողմանի իմաստային նրբութիւնը:

Այլ խօսքով` իրերայաջորդած նիւթերը, կարծես, զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ մեզ կը փոխադրեն հայ թէ միջազգային կեանքի տարբեր ոլորտներ, դիպաշարեր ու մանաւանդ` բրիտանական Ֆորէյն Օֆիսի գաղտնի տեղեկագիրներու աշխարհը:

Ի դէպ, բոլոր նիւթերն ալ մեծապէս կ՛առնչուին հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան (1915-2020), ինչպէս որ կը նշէ ինք` հեղինակը: Միւս կողմէ, տեղին է  եզրակացնել, որ հատորը կը պարփակէ պատմագիտական հարուստ տեղեկութիւն եւ կը միտի` լոյսին բերելով տարբեր իրողութիւններ, առաւելագոյն չափով ուսանելի եւ թելադրական դարձնել պատմագրութիւնը, յանուն պայծառ ապագայի մը կերտումին:

Զաւէն Մսըրլեան գիրքի առաջին էջերուն կը հրամցնէ զեկուցում մը, որ  ներկայացուցած է 2015-ին, ուր շատ դիպուկ եւ նշանակելի մէջբերում մը կը կատարէ, առնուած Լոյտ Ճորճի (1916-1922) Մեծն Բրիտանիոյ երբեմնի վարչապետին «Ճշմարտութիւնը խաղաղութեան դաշնագիրներուն մասին» գիրքէն: Խորքին մէջ այս խոստովանութիւն մըն է, որուն արձագանգները ի զօրու են մինչեւ մեր օրերը: Լոյտ Ճորճ կը գրէ. «Եթէ մեր չարաշուք միջամտութիւնը կատարուած չըլլար, հայերու մեծամասնութիւնը 1878-ին Սան Ստեֆանոյի դաշինքով դրուած պիտի ըլլար ռուսական դրօշին տակ® Բրիտանական կառավարութեան արարքն էր, որ անխուսափելիօրէն առաջնորդեց 1895-1897-ի, 1909-ի սարսափելի ջարդերուն եւ յոռեգոյնը` 1915-ի ողջակիզումին»:

Եւ այսպէս, հատորի առաջին էջերէն իսկ եւ յաջորդաբար կը սկսին լոյսին գալ տարբեր նիւթեր շօշափող ուսումնասիրութիւններ-զեկուցումներ, որոնք մօտիկ անցեալին ներկայացուած են պատկառելի հարթակներէ եւ մամլոյ էջերէն:

«Քեմալական Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հայոց նկատմամբ (1919-1942)» հատուածին մէջ ընթերցողը դէմ յանդիման կը գտնուի, այսպէս ըսած, եւրոպամէտ Քեմալի հայատեաց ու ջարդարար վերաբերումին, երբ ան կ՛աջակցի եւ թիկունք կը կանգնի բարբարոսներու, որոնք մասնակից եղած են հայոց կոտորածին, տարբեր թուականներու եւ յատկապէս Եղեռնի տարիներուն:

Փաստօրէն, քեմալական Թուրքիա երբ ներխուժեց Հայաստանի տարածք 23 սեպտեմբեր 1920-ին, սպանդանոցի վերածեց գրաւած իւրաքանչիւր շրջան: Ապա յաջորդաբար կատարուեցան Իզմիրի աղէտը (1922), Արեւմտահայաստանէն եւ Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն հայոց վտարում-տեղահանումը: 1938-ի` Տերսիմի ցեղասպանութիւնը, Իսկանտերունի պարպումը (1937-39) եւ այլն:

Մէջբերում մը այս բաժինէն բաւարար է ըմբռնելու թուրքի զազրելի էութիւնը: «1924 դեկտեմբերին (օտար) թերթերը կը գրէին, թէ քեմալականներ 400 թոն մարդկային ոսկորներ տեղափոխած են Մուտանիայի նաւահանգիստէն «Զան» անունը կրող անգլիական բեռնանաւով մը Մարսէյլ, նշելով թէ ամենայն հաւանականութեամբ անոնք սպաննուած յոյներու եւ հայերու աճիւններն են: Թուրքիա ծախած էր ոսկորները»:

Այո՛, գազանաբարոյ թուրքին մէկ այլ դիմակը ճանչնալու հրաւէր մըն է այս:

«Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկումը» ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը հակիրճ, բայց ուշագրաւ տեղեկութիւն կը փոխանցէ 1920 թուականին տեղի ունեցած հիմնական իրադարձութիւններու մասին, ինչպէս` Կարսի անկում, Լեգրանի եւ օրուան հայ իշխանութեան միջեւ քաղաքական յարաբերութիւն, հայ-թուրք  ճգնաժամ, Ալեքսանդրապոլի նուաստացուցիչ դաշնագիր, Քեազիմ Գարապեքիրի սպառնալիքն ու մտադրութիւնը`բնաջինջ ընել հայն ու Հայաստան, դեկտեմբեր 2-ի իշխանութեան յանձնում, աւելի՛ն. օրուան հայ պետական գործիչներու` Դրօ, Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանտր Խատիսեան եւ այլոց դերակատարութիւնը, աշխատանքը:

Պատմաբան Զաւէն Մսըրլեան յաջորդ հատուածով մեզի կը ներկայացնէ շատ հետաքրքրական վաւերագիր մը, որ առնուած է անգլիական արխիւէն: Իրօք,  հեղինակին գրիչին քաջածանօթ ընթերցասէրը երբեք ալ պիտի չզարմանայ ի տես այս նուիրական աշխատանքին, որովհետեւ  պատմաբանի աչալուրջ մօտեցումն ու անաչառ դատողութիւնը արդէն առկայ են անոր հրատարակած գիրքերուն մէջ:

Այս վաւերագիրին մէջ հեղինակը լոյսին կը բերէ անգլիացի փոխգնդապետ Սթոքսի լրտեսած Բեկզատեան-Մռաւեան հեռաձայնային խօսակցութիւնը, որ տեղի ունեցած է 26-12-1920-ին: Գիրքին մէջ ներկայացուած է Սթոքսի նամակը Ֆորէյն Օֆիսին, լրտեսուած հեռաձայնային խօսակցութեան լրիւ պատճէն ու տուեալ կառոյցի եզրակացութիւնը:

«1937-ին Թուրքիոյ տրուած բրիտանական գաղտնի տեղեկագիր մը հայկական հարցերու մասին» բաժինին մէջ, Զաւէն Մսըրլեան կը յիշեցնէ հաստատում մը, զոր կատարած է իր այլ հատորի մը մէջ: Ան` ակնարկելով 1930-ական թուականներու հայ կեանքի ներքին հարցերուն եւ պառակտումներուն, կ՛ըսէ. «Առժամաբար հայ սփիւռքի տհաճ մթնոլորտին մէջ, մոռցուած էր հայոց ազգային դատը, բայց արթուն էր թուրքը®»:

Ու` ներկայացնելով շատ հետաքրքրական դիպաշար մը, որ կ՛առնչուի ուրիշ վաւերագրի մը (Ֆորէյն Օֆիսի), խորքին մէջ պատմաբանը մեզ կը հրաւիրէ զգաստ ու լուրջ մօտեցում ցուցաբերելու քաղաքական թէ այլ իրադարձութիւններու, որոնք կը վերաբերին Հայկական հարցին, դատին ու հայ կեանքին ընդհանրապէս:

Գիրքին տուեալ հատուածին մէջ կը կարդանք.- «2 նոյեմբեր 1937-ին, Լոնտոնի թրքական դեսպանատունէն Հիքմէթ Անլի անգլիական իշխանութիւններէն տեղեկութիւն կը խնդրէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ), Ռումանիոյ հայոց առաջնորդ Յուսիկ արք. Զօհրապեանի Մեծն Բրիտանիա կատարելիք այցելութեան եւ այլ յարակից հարցերով»: Իսկ Լոնտոն կ՛ընդառաջէր սոյն խնդրանքին` փոխանցելով տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, անշուշտ, որոշ յապաւումներով:

Տեղին է ընդգծել, որ երբ կ՛ընթերցես գաղտնի տեղեկագրի բովանդակութիւնը, արդէն յստակ կը դառնայ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ մեծ ուժեր թէ որոշումի կեդրոններ` իրենց շահերէն թելադրուած, որքան խոր հետաքրքրուածութիւն ցոյց տուած են ու տեղեկահաւաք կատարած, տակաւին այդ թուականներուն:

Միւս կողմէ, ինչպիսի՛ պատկերացում պէտք է ունենալ այսօր, նկատի առնելով արդի կեանքի արհեստագիտութեան նուաճումները, տեղեկահաւաքի, լրտեսութեան թէ այլ աշխատանքները, զորս ցարդ կը կատարեն հզօր երկիրներ:

Յայտնենք, որ վերեւ յիշուածի ամէնէն դիպուկ ապացոյցն է յաջորդող հատուածը`«Մեծն Բրիտանիա եւ խորհրդային Հայաստանի ու խորհրդային Վրաստանի անունով 1945-ին կատարուած հողային պահանջքը», ուր խոր եւ լիարժէք տեղեկութիւն կը փոխանցէ հեղինակը, յատկապէս հայութեան հետ կապ ունեցող իրադարձութիւններու մասին: Ուշագրաւ է այս բաժինի վաւերաթուղթը, ուր ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացուի հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, ցեղային, իրաւական, տնտեսական, իրաւական թէ քաղաքական ոլորտները:

Վաւերաթուղթի բովանդակութիւնը ուղղակի կը շշմեցնէ ընթերցողը, երբ հոն կը կարդայ Ֆորէյն Օֆիսի ուսումնասիրական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը: Հոս տեղին է նշել, որ գիրքին մէջ կայ նաեւ «ՌԱԿ-ի 1947-ի յուշագիրը` ուղղուած անգլիական վերոնշեալ կառոյցին:

«Հայաստանի միջազգային քաղաքական զարգացման փուլերը (1920-1992) հատուածին մէջ կը կարդանք այնքան մանրամասնութիւն` հայ պետական կեանքի ու քաղաքական իրադարձութիւններու մասին, որ քիչ անգամ կը հանդիպինք այլ հատորներու մէջ:

Ըստ իս, գիրքի ուշագրաւ բաժիններէն մէկն ալ «Հայ սփիւռքը (1921-2020)» ուսումնասիրութիւն է, որ ընդհանուր ակնարկ մը կը նետէ ազգային-քաղաքական եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ կեանքին վերաբերող նիւթերու: Աւելի քան 20 էջի մէջ հեղինակը գրեթէ ամբողջական տեղեկութիւն կը փոխանցէ յետեղեռնեան կեանքի հայ իրականութեան մասին, ինչպէս` դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, մամուլ, կեցուածքներ, ներքին պառակտեալ վիճակ, զինեալ պայքար, վերանկախ Հայաստան եւ այլն:

«Հայկական հարցի հոլովոյթը 2011 մինչեւ 2020» հատուածներուն մէջ կը հանդիպինք Զաւէն Մսըրլեանի մտքին, գրիչին ու մտաւորականի կոչումին ցայտուն մէկ յատկութեան` հայ յանձնառու պատմաբանի արժանիքին:

Փաստօրէն, ան երախտարժան աշխատանքի մը ընդմէջէն կը վաւերագրէ Հայկական հարցին առնչուող բոլոր ոլորտները` եզակի ներդրում ունենալով ամբողջական թղթածրարի պատրաստութեան մէջ:

Ան ամէնօրեայ դրութեամբ հետեւած է Հայկական հարցի վերաբերող գրեթէ բոլոր իրադարձութիւններուն, արձանագրած, դասաւորած ու վերլուծած է զանոնք, այլապէս ունենալով մէկ հիմնական մտասեւեռում`մոռացութենէ փրկել էական դէպքեր ու դէմքեր, թուականներ ու դիպաշարեր, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին Հայկական հարցի հոլովոյթին, զարգացման ու ապագայ սերունդներու յիշողութեան պահպանման համար:

 

 

Նախորդը

Խոհ, Խոհանոց, Խոհագիրք

Յաջորդը

Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Ժե. Աղաճանեանի Կիսանդրիի Բացում

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?