Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի Անուան Լեզուի Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Վիքթոր Կատվալեանը

Հոկտեմբեր 24, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնին միաձայն վերընտրուեցաւ Վիքթոր Կատվալեանը:

Վիկտոր Կատվալեանը ծնած է 1961 թուականին, Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան գիւղը: 1984 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: 1984-1987 թուականներուն ուսանած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի ասպիրանտուրային մէջ, իսկ 1987 թուականին աշխատանքի  անցած է նոյն հիմնարկին մէջ: 1991 թուականին ան պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն` «Հնչիւնների համակցական փոփոխութիւնները ժամանակակից հայերէնում» նիւթով: 1993

թուականէն կը դասախօսէ Գաւառի պետական համալսարանին մէջ: 1998-2004 թուականներուն եղած է նոյն համալսարանի հասարակագիտական մասնագիտութիւններու բաժանմունքի տնօրէն, 2004-2012 թուականներուն` բանասիրական տնօրէն: 2011 թուականէն կը դասաւանդէ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ: 2012 թուականէն Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէնն է: 2017 թուականին ան պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն` «Բայազետի բարբառը եւ նրա լեզուական առնչութիւնները շրջակայ բարբառներուն հետ» նիւթով: Վիքթոր Կատվալեանի գիտական հետաքրքրութիւնները կը վերաբերին բարբառագիտութեան, հայոց լեզուի պատմութեան, ժամանակակից հայերէնին, ընդհանուր լեզուաբանութեան, բառարանագրութեան, արեւմտահայերէնի եւ արդի լեզուաքաղաքականութեան խնդիրներուն: Ան հեղինակ է 14 մենագրութիւններու եւ շուրջ 90 յօդուածներու:

Վիքթոր Կատվալեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին գործունէութիւնը:

«Վերջին տասնամեակին հիմնարկին մէջ հետազօտական աշխատանքները ընթացած են 4 ուղղութիւններով` արդի արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ուսումնասիրման եւ կանոնարկման խնդիրներ, հայոց լեզուի պատմական զարգացման հարցեր, հայ բարբառներու ուսումնասիրութիւն, ընդհանուր ու համեմատական լեզուաբանութիւն եւ կիրառական լեզուաբանութեան հարցեր: Կը զարգանայ նաեւ կիրառական լեզուաբանութիւնը: Այս ուղղութեամբ կատարուած են փորձառական հնչիւնաբանական հետազօտութիւններ, դիտարկուած են համաբարբառներու համակարգչային մշակման խնդիրներ, իրականացուած են շարք մը ծրագիրներ, որոնք միտուած են լեզուաբանական հետազօտութիւններու բնագաւառին մէջ նորագոյն արհեստագիտութեան, համացանցի կարելիութիւններու, համակարգչային արհեստագիտութեան կիրարկման եւ հայերէնի` իբրեւ համացանցային լեզուի յաջող գործառութեան: Նաեւ կ՛ընթանան հայ լեզուաբանական գրականութեան մատենագիտական ցանկերու կազմութեան աշխատանքներ, քայլեր կը ձեռնարկուին ժամանակակից համակարգչային լեզուաբանութեան նորագոյն գաղափարներու ու միջոցներու ներդրման ուղղութեամբ», ըսաւ Վիքթոր Կատվալեան:

Ան նշեց, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կ՛իրականացուին` ծաւալելու հետազօտութիւններ հոգելեզուաբանութեան, ջիղերու լեզուաբանութեան ուղղութիւններով: Վերջերս բացուած փորձառական հնչիւնաբանութեան գիտաշխատանոցը նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործման կարելիութիւններով լաւ հեռանկարներ կը բանայ հայերէնի բոլոր կարգի դրսեւորումներու փորձառական հետազօտութիւններու համար: Կարեւոր կը նկատուին հայերէնագիտութեան ոլորտին մէջ հիմնարկին ձեռքբերումները միջազգայնացնելու նպատակով օտարալեզու հրապարակումները աւելցնելը, հասարակութեան մէջ լեզուական ճիշդ պատկերացումներու ձեւաւորումը, երիտասարդ գիտնականներու պատրաստման  ուղղութեամբ աշխատանքներու աշխուժացումը:

Նախորդը

Երեւանեան Օրագրութիւն

Յաջորդը

Ապահովութիւնն Ու Արդարութիւնը Երկուորեակներ Են

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?