Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Բանալիները իւրահատուկ եւ յաճախ թերագնահատուած նշանակութիւն ունին մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Անոնք այն համեստ, բայց կարեւոր գործիքներն են, որոնք կ՛ապահովեն մուտք, ապահովութիւն եւ վերահսկողութիւն մեզի համար ամէնէն կարեւոր տարածքներուն եւ սեփականութիւններուն նկատմամբ: Մեր տուներու, մեքենաներու եւ աշխատատեղերու բանալիներէն մինչեւ թուային բանալիներ, որոնք կը պաշտպանեն մեր զգայուն տեղեկատուութիւնը այլաշխարհի մէջ, այս փոքր, յաճախ աննկատ առարկաները առանցքային դեր խաղացած են պատմութեան ընթացքին եւ կը շարունակեն այդ մէկը ընել ցայսօր: Բանալիներու եւ անոնց կարեւորութեան մասին այս յօդուածով կը խորանանք անոնց բազմակողմանի դերերուն, ժամանակի ընթացքին անոնց զարգացման եւ մեր ապահովութեան, յարմարաւէտութեան եւ ժամանակակից հասարակութեան վրայ անոնց ունեցած խոր ազդեցութեան մէջ:
Ապահովութիւնը եւ մուտք գործելը երկար ժամանակ եղած են մարդկային հասարակութիւնը հետաքրքրող ազդակներէն մէկը, եւ այդուհանդերձ, բանալիներու եւ կղպանքներու գիւտը առիթ ընծայեց մեր կալուածներն ու գոյքերը վերահսկելու եւ այնտեղ մուտք գործելը կառավարելու: Թէեւ կղպանքներն ու բանալիները փոխուած են հազարաւոր տարիներու ընթացքին, անոնք սակայն տակաւին մեր առօրեայ կեանքի անբաժանելի մէկ մասը կը մնան: Այսօր կղպանքներ կարելի է գտնել մեր տան մուտքի դռներուն, դրամարկղերու եւ ինքնաշարժներու վրայ, ընդ որում` գրեթէ իւրաքանչիւր մարդ ունի բանալիներու հաւաքածոյ:
Կղպանքներու եւ բանալիներու հնագոյն դարաշրջան
Բանալիներն ու կղպանքները ունին աւելի քան վեց հազար տարուան անցեալ: Անոնց պատմութիւնը սկիզբ առաւ հին Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի աւերակներուն մէջ (ներկայիս Իրաք եւ Սուրիա): Այս կղպանքները փայտէ էին եւ սողնակ-արգելակի (pin-tumbler) կղպանքներու նախնական աշխատելաձեւը ունէին, ուր կղպանքի մէջ գտնուող սողնակները դուրս կու գային անցքերէն` օգտագործելով որոշ բանալի մը, որ կղպանքը տեղէն կը շարժէր, եւ դուռը կը բացուէր: Այս կղպանքներու բանալիները յաճախ նման էին մեծ փայտէ ակռայի խոզանակներու, որուն ցիցերը կը համապատասխանէին այն սողնակներուն, զորս պէտք էր բարձրացնել` կղպանքը բանալու համար:
Փայտէ կղպանքի այս ոճը սովորաբար կ՛օգտագործուէր Հին Եգիպտոսի մէջ` թանկարժէք իրերը եւ կրօնական նշանակութիւն ունեցող վայրերու դռները ապահով պահելու համար` վերացնելով դռներուն մօտ տեղակայուած պահակներու կարիքը: Նմանատիպ հնութիւններ յայտնաբերուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, ինչպէս` Ճափոնի եւ Նորվեկիոյ մէջ: Այնուամենայնիւ, այս նախնական կղպանքները կոտրելը շատ դիւրին էր. անոնք կրնային բացուիլ միայն դրան մէկ կողմէն եւ յաճախ կրնային բացուիլ այդ ժամանակի որեւէ սովորական բանալիով:
Հռոմէական կայսրութեան բարելաւումները եւ «խուցային կղպանք»¬ի ստեղծումը
Քաղաքակրթութիւնը հետզհետէ կը զարգանար: Հռոմէական կայսրութիւնը շրջան մը ետք նորամուծութիւններ կատարեց եգիպտական սկզբնական կղպանքին վրայ` զայն աւելի ապահով եւ ամուր դարձնելու համար: Անոնք փայտեայ այդ նիւթերը փոխարինեցին արոյրէ շինուած բանալիներով եւ երկաթէ կղպանքներով` զանոնք զգալիօրէն աւելի շատ դիմացկուն եւ աւելի քիչ խոցելի դարձնելով սպառնալիքներու դիմաց: Այս բոլորին հետ մէկտեղ հռոմէացիները մշակեցին խցիկներ (կղպանքի ներսը գտնուող արանքներ, որոնց ընդմէջէն որոշակի ձեւ մը ունեցող բանալիին ծայրը կ՛անցնէր:
Խուցային կղպանքը արհեստագիտական բեկումնային յառաջընթաց էր, որովհետեւ զայն բանալու համար անհրաժեշտ էր համապատասխան բանալին. այլեւս անկարելի էր կղպանք բանալ որեւէ բանալիով: Խուցային կղպանքներու ստեղծման զուգընթաց, փայտէ բանալիները վերածուեցան մեզի համար աւելի ճանաչելի «կմախքի բանալիներ»-ու (skeleton keys)(1), որոնք երբեմն կ՛օգտագործուին նաեւ այսօր:
Մինչ Հռոմէական կայսրութիւնը կործանեցաւ քանի մը հարիւր տարուան ընթացքին, խուցային կղպանքները մնացին չափանիշ` փականագործութեան համար յաջորդող հազար տարիներու ընթացքին: Հակառակ այս բոլորին, խուցային կղպանքները բանալը նաեւ դիւրին էր: Կար ձեւը: Եւ մութ ու միջին դարերուն, երկար տարիներ եղան փականագործներ, որոնք կը բարդացնէին այդ կղպանքներուն խուցերու ձեւերը եւ աւելի կը դժուարացնէին զանոնք` գողերու կողմէ բացուելու վտանգին առաջքը առնելու համար: Այս մեթոտները կը ներառէին բանալիի քանի մը մեքանիզմներ, աւելի բարդ բանալիներու ձեւաւորում եւ կեղծ բանալիներու անցքեր` անոնց ներսը ունենալով կեղծ մեքանիզմներ:
Կղպանքի յառաջխաղացման վերածնունդ
Թէեւ մութ եւ միջին դարերը քիչ նորութիւն բերին կղպանքներու աշխարհին մէջ, սակայն 18-րդ դարու աւարտին Ռոպերթ Պարրոն եւ Ճոզեֆ Պրամահ ստեղծեցին կղպանքի նոր մեքանիզմներ: Պարրոն արտօնագրեց երկակի գործողութեամբ սողնակի կղպանքը, որ իր մէջ կը պարունակէր երկու լծակ (lever), զորս պէտք էր բարձրացնել տարբեր բարձրութիւններու` նախքան կղպանքի պտուտակը հանելը:
Այդ մէկը աւելի ուշ, 1818-ին, բարելաւուեցաւ Ճերըմայա Չապի կողմէ, որ աւելցուց զսպանակ մը: Այդ զսպանակը կը սեղմուէր եւ կը պահէր չափազանց բարձրացուած սողնակները: Այս մեքանիզմը կը հանդիսանար ազդանշան այն արարքին, որ մէկնումէկը փորձած է սխալ բանալիով մը կոտրել այդ կղպանքը:
Պարրոնի սկզբնական կղպանքի ստեղծումէն քանի մը տարի անց Ճոզեֆ Պրամահ իր օգնական Հենրի Մոտսլէյի հետ ստեղծեց բոլորովին իւրայատուկ իր կղպանքը: Պրամահի կղպանքի մեքանիզմը կ՛օգտագործէր գլանաձեւ բանալի մը? յատուկ ծայրերով, որոնք կղպանքի մետաղէ սահնակները կը տեղափոխէին դէպի ճշգրիտ հարթութիւն` կղպանքը բանալու համար: Այս կղպանքները այսօր տակաւին կը վաճառուին եւ կ՛օգտագործուին Bramah ընկերութեան կողմէ եւ ճանչցուած են իբրեւ մեծապէս ապահով կղպման մեքանիզմ ունեցող բականքներ:
Ժամանակակից կղպանքի եւ բանալիի նախնական ձեւը
Որովհետեւ 19-րդ դարը տարբեր զարգացումներ եւ կրկնութիւններ բերաւ Պարրոնի եւ Պրամահի կղպանքներուն վրայ, 1848-ին Լայնըս Եէյլ Աւագը արտօնագրեց սողնակ-արգելակի կղպանքը, որ հին եգիպտացիներու կողմէ օգտագործուած առաջին կղպանքի յարմարեցումն ու ձեւափոխումն էր: Այս մեքանիզմը կ՛օգտագործէր տարբեր բարձրութիւններու գագաթներով բանալի` շարք մը առանցքային պտուտակներ ճիշդ դասաւորելու համար` այնուհետեւ կղպանքի տակառը դարձնելով եւ զայն բանալով: Մեքանիզմը կատարելագործուած է անոր որդիին` Լայնըս Եէյլի կողմէ, որ արտօնագրած է այնպիսի բարելաւումներ, ինչպիսիք են պտուտակներու տարբեր երկարութիւնները կղպանքներէն ներս եւ սուր եզրերը` փոքր ու հարթ բանալիներուն վրայ:
Եէյլի կղպանքները այսօր կ՛օգտագործուին ամբողջ աշխարհի մէջ, բաւականին պարզ կղպման մեքանիզմով, որ մեծապէս ապահով է բաղդատաբար նախորդներուն եւ միաժամանակ դիւրին է զայն սպասարկելը եւ փոխելը: Թէեւ ներկայիս մեքանիքական կղպանքներու որոշ յառաջընթացներ կատարուած են մագնիսական բանալիներու միջոցով, սակայն այսօր օգտագործուող կղպանքներու մեծ մասը Պարրոն, Պրամահ եւ Եէյլ կղպանքներու տարբերակներն են:
Կալուածներ մուտք գործելը այսօր
Միջավայրէն բանալիները հեռացնելու փորձերը սկսած են մօտ 50 տարի առաջ` կոճակներով կղպանքի յայտնագործումով: Այս կղպանքները կը պահանջեն կանխորոշուած համակցութիւն մը թիւերու կամ տառերու (նայած կղպանքին), որոնք մուտքագրելէ ետք կղպանքը կը բացուի: Թէեւ այս կղպանքը մարդիկը կը ձերբազատէ բանալիներու օգտագործումէ, սակայն անիկա օգտատէրերէն կը պահանջէ յիշել համադրութիւնը, գաղտնի պահել զայն եւ կանոնաւոր կերպով փոխել այդ մէկը` ապահովութեան նկատառումներով: Հակառակ անոր որ այս կղպանքները դեռ կ՛օգտագործուին ցայսօր, սակայն անոնք այնքան ալ տարածուած չեն տան կղպանքներու համար եւ աւելի յաճախ կ՛օգտագործուին անձնակազմի յատուկ մուտքը վերահսկելու համար մեծ շէնքերու մէջ, ինչպիսիք են հիւանդանոցները եւ օդակայանները:
Որովհետեւ տան խելացի համակարգերը եւ արհեստագիտութիւնը կը յառաջդիմեն, թուային կղպանքները դարձած են աւելի կենսունակ այլընտրանք` կալուածներու հասանելիութիւնը կառավարելու համար: Թէեւ շատ մը տուներու թուային կղպանքները տակաւին ունին զգայակներու վահանակ, խելացի հեռախօսները այսօր կղպանք արտադրողներուն առիթ տուած են ստեղծել թուային կղպանքներ, որոնք չեն պահանջեր լրացուցիչ իրեր, եւ փոխարէնը` լիովին կը կառավարուին այդ հեռախօսներու կիրարկիչներով: Հիւրերու մուտքը կարելի է դիւրութեամբ տրամադրել թուային եղանակով` դիւրացնելով անոնց մուտքը Airbnb-ի միջոցով, եւ տանտէրերն այլեւս ստիպուած չեն ըլլալ մտահոգուելու տան բանալիները մէկու մը տալով կամ կորսնցնելով:
(1) «Կմախքի բանալիները» այդպէս կոչուած են, որովհետեւ անոնք կրնան բանալ կղպանքներու լայն տեսականի, ինչպէս որ մարդու կմախքը կ՛ապահովէ մարմնի շարժումներու լայն շրջանակ մը: Այս բանալիները յաճախ ձեւաւորուած կ՛ըլլան պարզ, հիմնական ու տարրական իրենց ձեւով, որ կրնայ տեղաւորուիլ եւ յարմարիլ տարբեր կղպանքներու մեքանիզմներուն: