Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 9-13 յունուար 2024-ին իր գրասենեակին մէջ (Պոսթըն, Միացեալ Նահանգներ) գումարեց իր 3-րդ լիագումար նիստը, որուն ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան միութեան քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական, հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները:
Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:
Հիմնուելով նաեւ ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական ժողովէն բխած արցախահայութեան առնչուող բանաձեւերուն վրայ եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը` Կեդրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:
Որոշում տրուեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորել ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրին երկրորդ փուլը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը լիագումարի ընթացքին առիթ ունեցաւ հանդիպելու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մկրտիչ Մկրտիչեանին եւ Խաժակ Մկրտիչեանին հետ` ներկայութեամբ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՕՄ-ի հետ կապ Րաֆֆի Տօնապետեանին:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր գործնական քննարկումներով ու որոշումներով, ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի միաւորներուն աշխուժ գործունէութեան վրայ իր ամբողջական վստահութիւնը ամրապնդելով, վերահաստատեց իր ապագայ քառամեայ գործունէութեան ուղեգիծը:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


